Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի Թագաւորական Նշանը


Պր. Սարգիս Ծաղիկեան երբ օր մը Կ. Պօլսոյ հրապարակին վրայ իր առօրեայ գործով կը զբաղէր, յանկարծ իրարանցում մը նշմարելով, ինք ալ բազմութեան խառնուելով, իր երկու ընկերներուն հետ ինքզինք կը գտնէ թագաւորական պալատին առջեւ, ուր պալատը բոցերու, ճարճատումներու մէջ էր եւ կը սպառնար կանանոցի շէնքն ալ լափել: Ջրկիրներն յուսահատ կը թողուն կրակն իր բախտին, արդի հրշէջի մեքենաներ չունենալնուն համար:

Սուլթան Մէճիտ իր կանանոցի շէնքին վերահաս վտանգը տեսնելով, մունետիկի միջոցաւ մեծ պարգեւներ կը խոստանայ զայն ազատողին: Սարգիս, մունետիկը լսելէ յետոյ, մահը աչք առած, իր երկու ընկերներուն հետ կը խուժէ նախ՝ կանանոցին կից սենեակներուն վրայ. իր ընկերները կրակի լափող բոցերէն խանձուելով, կը փախչին վար, սակայն Սարգիս վտանգն արհամարհելով՝ քաջաբար կը կռուի վեր ու վար ցատկող բոցերուն դէմ:

Վերջապէս ան կը յաջողի երկու պատերը քակել, որով կ՛արգիլէ շէնքին հրաճարակ ըլլալը: Կրակը հետզհետէ կը մարի, որով ամբողջ կանանոցը կ՛ազատէ: Մեծ թագուհին, որ իր դստեր եւ նաժիշտներուն հետ հանդիսատես եղած էր Սարգիսի քաջութեան ու յանդգնութեան, իր հիացումն յայտնելով այդ կայտառ երիտասարդին, կը թելադրէ Սուլթան Մէճիտին, որպէսզի իր միակ աղջիկը այսպիսի քաջի մը կնութեան տալու շնորհքն ընէ:

Այս թելադրութիւնը թէեւ Սուլթան Մէճիտ կը հաւանի, սակայն թուրք մեծամեծներ, իմամներ ու խորհրդականներ երբ կը լսեն, կը պահանջեն որ նախ տղան ճշմարիտ կրօնքը՝ իսլամութիւնն ընդունի հանդիսաւորապէս: Երբ Սարգիս թագաւորին առջեւ կանչուելով եղելութիւնն ու որոշումը կը յայտնեն, Սարգիս համեստօրէն խոնարհելով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած թագաւորս իր ընտանեօք ո՛ղջ պահէ. բան մը չեմ ուզեր»:

Սուլթան Մէճիտ կը պնդէ, որ գէթ անպատճառ նուէր մը ընդունի: Սարգիս թագաւորին հաստատակամութիւնը տեսնելով կ՛ըսէ. «Տէ՛ր Արքայ, քանի որ այդ է ձեր կամքը, հաճեցէք մեզի շնորհել հրովարտակ մը, որուն միջոցաւ իմ խօսքս Թուրքիոյ մէջ յարգուի եւ ես կառավարական տուրքէն ազատ մնամ»: Թագաւորը հիացած, հրովարտակին գրութիւնը եւ շնորհելը կը հրամայէ, որը յետագային պատճառ կը դառնայ Մելիք Պօղոսին եւ իր ընկերներուն ստոյգ մահուընէ ազատման:

ԴԷՊԻ ԿԱԽԱՂԱՆ

1853ի Ռուս Թրքական Պատերազմի ժամանակ, թրքական Խարբերդ երրորդ զօրաբանակը ռուսական ճակատ երթալու համար, անհրաժեշտ էր Խօշմաթի մեծ պողոտայէն անցնիլ եւ բռնել Բալու-Կարին բռնող ճամբան:

Զօրքերը մեղուի նման երբ կը տարածուին ածուներն ու պարտէզները, բնական է քար ու քանդ կ՛ընեն: Գիւղի տուներու դռներն ամուր փակուած, սողնակներէն ալ բանալիները վերցուած, ամէն ոք ներս քաշուած էր:

Հազարապետն իր սպայակոյտի վրաններն հաստատած էր մեր համբաւաւոր «Ակի» ջուրին եզերքը, լերան ստորոտը, բարտիի, շոճիի, ուռենիներու երկայնքին: Այն ատենուան գիւղին Մելիքը(10) Պօղոս Չագոյեան, կարգ մը երեւելի խօշմաթցիներու հետ թուրք հազարապետին բարի գալուստ մաղթելու կ՛երթայ նուէրներով:

Սակայն ծեր Մելիքն «Ակի» ջրանցքէն ցատկելու պահուն, դժբախտաբար իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով կը տարուբերուի եւ վար չիյնալու համար ձեռքը կ՛երկարէ առուակի եզերքին խախուտ կերպով զարնուած թրքական դրօշի ձողին, որ Մելիք Պօղոսին հետ վար կ՛իյնայ…

Այս դէպքը զօրապետին կը հաղորդուի եւ ան ալ իր կարգին կը հրամայէ Մելիք Պօղոս Չագոյեան իր ընկերներով կախաղան հանելը եւ կ՛աւելցնէ. «Այդ դրօշակը պէտք չէ բարձրացուի, մինչեւ որ այդ եօթ անձիքը կախաղան չելլեն, առաւօտեան արեւածագէն առաջ»: Այս չարաղէտ լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Կիներ, մանուկներ, ծերեր ծնկաչոք վրանին առջեւ կը պաղատին, որ զօրավարը ներէ եւ մեծ նուէրներ կ՛առաջարկեն: Սակայն ի զուր, անխիղճ զօրավարն անրդրուելի կը մնայ իր արձակած հրամանին վրայ…:

Գիւղացիներ ճարահատ ձիաւոր մը կը ղրկեն քաղաք գիշերով, հաղորդելու եղելութիւնը Սարգիս էֆ. Ծաղիկեանի, որը տակաւին նոր վերադարձած էր Կ. Պօլսէն: Այս վերջինը ցատկելով ձիուն վրայ, մէկ ժամէն կը հասնի Խօշմաթ եւ ուղղակի հրամանատարին վրանին դիմելով՝ կ՛ուզէ անոր հետ տեսնուիլ, բայց կ՛արգիլուի պահակներէն: Այս իրարանցումի ձայներէն անհանգիստ, հրամանատարը լուր կը ղրկէ վրանէն դուրս, որ զինքն անհանգիստ չընեն: Իր տուած վճիռն անդառնալի է եւ չ՛ուզեր որեւէ մէկին հետ տեսնուիլ: Սարգիս էֆ. մէկ կողմ հրելով պահակներն, ներս կը յառաջանայ ըսելով.

- Տէ՛ր զօրավար, շնորհազարդ թագաւորին անունով կը խնդրեմ որ ներես այդ անմեղներուն: Պատահաածը արկած մըն էր…:

Քնաթաթախ հրամանատարը կը պատրաստուի կրկին անկողին երթալու, երբ պահակները կը փորձեն ձերբակաել Պր. Ծաղիկեանը, անմիջապէս կ՛երկարէ իր թագաւորական նշանը հրամանատարին: Զօրավարն ապշած կը համբուրէ նշանը եւ կը բացագանչէ. «Փատիշահը՛մ, չոք եաշա» եւ կը յարէ. «Ազատութիւն կը շնորհեմ ձեզի յանուն փառապանծ Տիրոջս՝ Սուլթան Մէճիտի»:

Մելիք Պօղոս շնորհակալութիւն կը յայտնէ նախ Ածոյ. յետոյ գերաշնորհ թագաւորին, ինչպէս նաեւ զօրավարին եւ անմիջապէս կը հրամայէ խօշմաթցիներուն, որ տասն եւ երկու ընտիր գառներ մորթեն բանակը կերակրելու համար: Եւ իրօք խրախճանքը կը սկսի այդ վայրկեանէն: Թէ՛ բանակը եւ թէ՛ զօրավարը գոհ սրտով շնորհակալութեամբ կը մեկնին Խօշմաթէն դէպի Կարնոյ սահմանագլուխը: