Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Եօթ Երտիսարդներու Բաժանումը


1907 Մայիս 14ի առաւօտեան աստղը դեռ կը պլպլար իր նիհար ու ճղճիմ լոյսով, լուսինն ալ ամպի քուլաներուն հետ կարծես աչք կապուկ կը խաղար, մտնելով անոնց խորը երբեմն ու պարբերական յամրընթաց շարժումով մը կը պրծէր անոնցմէ՝ լուսաշաղելու բարձրավանդակին վրայ թառող Խօշմաթն իր համակ երեւոյթով:

Այդ գիշեր բնաւ քնացած չէին ճամբորդները. նախօրեակ դէպքը բովանդակ գիւղն ահ ու դողի մատնած էր: Խորոզ կանչէն շատ առաջ մըղարացի քիւրտ Խուպօն գաղտագողի մտած էր Խօշմաթ իր պարթեւ հասակով ու կ՛աճապարէր ճամբայ հանել իրեն յանձնուելիք եօթ երիտասարդները, որոնց պիտի առաջնորդէր մինչեւ Հալէպ: Տղաքը նոյնիսկ առանց կարճ մրափ մը առնելու, գիրկընդխառն իրենց վերջին մնաս բարեաւն կ՛ըսէին իրենց սիրակարօտներուն ու արցունքոտ աչքերով մէկին ու միւսին կը վազէին տաք տաք համբոյրներ փոխանակելով:

Մորմոքումի, օրհնէքի ու սիրոյ այս բաժանման վայրկեաններէն յետոյ, խումբն սկսած էր համրաքայլ յառաջանալ  [էջ 244]  դէպի Ղազարեաններու կալերը, ուր պիտի հաւաքուէին բոլորը: Առաջնորդող քիւրտը որ հազիւ երեսուն տարիքը թեւակոխած էր, ճարպիկ ու քաջ առաջնորդի մը բոլոր յատկութիւններով լեցուն կ՛ըսէ. «լօ՛, վըլէ», տղա՛ք, երթանք:

Տղաք հացի, հագուստեղէններու պայուսակները շալկած, մէյ մէկ հաստատուն փայտ ձեռքերնին՝ կը յառաջանան, յետադարձ ակնարկ մը ձգելով գիւղին վրայ: Կէս ժամէն կը հասնին Ներխի գիւղի Խըլ աղբիւր ըսուած վայրը, որը եկեղեցական ընդարձակ կալուածի մը մէջ ապառաժներէն ծագում առած գըլ, գըլ կը վազէր, առջեւն ունենալով փոքրիկ քարերէ շինուած աւազանի մը մէջ: Խըլ աղբիւր սրբավայր մ՛է, որ շրջակայ գիւղերէն ուխտագնացութեան կ՛երթան. մանաւանդ ծանր եւ հիւանդոտ ականջ ունեցողներ այս ջրէն լուացուողներ առ հասարակ կը բժշկուին իրենց հաւատքին համեմատ: Նախապէս կարգադրութեան համաձայն, հոն տղոցմէ առաջ հասած էին Տէր Միրաք Քհ. Նորիկեան եւ կարգ մը ծանօթ Ներխի գիւղացիներ վերջին երթաք բարովնին ըսելու:

Արժ. Տէր Միրաք Քհ. Նորիկեան, որուն քաջութեան եւ ազգ. զգացումներն ամէն կողմ տարածուած էր, մանաւանդ իր ընծայացումէն առաջ ահ ու սարսափ տարածած էր թուրք ու քիւրտ տարրին վրայ եւ իր քահանայութեան սքեմը կրելու պահուն այդ բնակչութեանց հիացումին արժանացած էր, որ այլեւ դառնալով Ածոյ. պաշտօնեան ազատ պիտի թողուր շրջակայ զոհերը… (թուրք տարրը): Կանգնելով տափակ ու կոշտ քարի մը վրայ կը խօսի ողջերթի իր խրատականը. յուզումի, զգացումի եւ ազգային ստեղծագործ ոգւոյն վսեմ ժեստով կը քաջալերէ մեկնող երիտասարդները, այպանելով բռնապետութեան տիրական թաթը եւ անագորոյն ընթացքը հանդէպ հայ ժողովուրդին: Վերջին անգամ կ՛ըսէ. «Տղա՛ք, մի վհատիք, եթէ որեւիցէ տեղ բռնուելու ըլլաք, քաջ եղէք եւ համարձակ խօսեցէք, իսկ եթէ յարձակում կրէք, մի ընկրկիք ու մի նահանջէք, այլ քաջաբար ու խօշմաթցու պէս կռուեցէ՛ք»: Եւ ողջերթի պահպանիչով մը բարի ճանապարհ կը մաղթէ:

Ինչպէս նախապէս յիշած ենք, Տէր Նորիկեան քահանան իր հաւատարմութեան ու գիտակցութեան շնորհիւ հաւաւցի Տէր Սուրէն Քհ. Տէրոյեանի հետ փոխն ի փոխ վարած է Բալուի առաջնորդարանի գործերը:

Հրաժեշտ տալով Խըլ աղբիւրի մարդոց ու սեւ քարերուն, աղօթքի, մրմունջի եւ յուսոյ նշոյլի մը, ինչպէս նաեւ հաստատակամ հաւատքի մը սիրով լեցուած կը մեկնի խումբը դէպի Բալու գիշերային մթութեան մէջ, որպէսզի կանուխէն առանց արգելքի Բալուի ութն աչքով կամուրջէն կարենայ անցնիլ: Ներխի, Նպըշի եւ Ամարաթի սարալանջերու կատարներէն անցնելու պահուն, վարպետ քիւրտ Խուպօն տղոց հագուստները ձեւափոխելով՝ քիրտերու կը վերածէ, առանց որեւէ մէկէն իբր հայ ճանչցուիլնին վստահ ըլլալով իւրաքանչիւրին քանի մը բառ ալ քիւրտերէն կը սորվեցնէ, յետոյ խստիւ կը պատուիրէ, որ ինք պիտ՛ ըլլայ միայն խօսողը երբ պէտք ըլլայ:

Գիշերային զով զեփիւռին շոյանքով, արագաքայլ ահա կը հասնին Բալուի բերդին ստորոտի ծակ քարը, որուն մէջէն անցնելով ուղղակի քաղաքի կեդրոնը կը տանի այդ ճանապարհը, սակայն իրենք շեղակի կ՛իջնեն վարի Զովիան որ հաստատուած է գետափը:
Նեղ, զիկ զակ ու քարոտ ուղիին վրայ կը հանդիպին Կարապետ Աղա Թագագճեանի, որ կը սպասէր իրենց անհամբերօրէն: Տասնհինգական հնչուն ոսկի դրամները կը վճարեն, մարդը երկտող մը գրելով քիւրտ առաջնորդին կու տայ, որն իր կարգին ոտքի տրեխները բուճերը (գուլպան) հանելով՝ անոնց մէջ կը տեղաւորէ ու կրկին կը հագնի: Կարապետ աղան քանի մը խրախուսիչ խօսքերով կը բաժնուի, իսկ խումբը կ՛ուղղուի դէպի կամուրջը:

Գարնան անձրեւներու պատճառաւ Արածանին յորդառատ էր իր պղտոր ու արագահոս վազքով. ահագնագոչ ու խլացուցիչ ձայնէն հազիւ հազ կարելի էր բառեր փոխանակել:  Թրքոց բարձր աշտարակէն տակաւին մոլլան կը ձայնէր իր ազանը (աղօթքը), որ հազիւ լսելի էր: Խումբը կ՛անցնի կամուրջը…:

Իրենք զիրենք կը գտնեն Սեւերեկի ընդարձակ ու տափարակ դաշտերը, յաճախ խուսափելով քաղաքներէ ու մարդոցմէ: Խաշնարած քիւրտ հովիւներու օգնութեամբ ու թելադրութեամբ կը յառաջանան դէպի Ճէրապոլիս անցնելու Եփրատը, սակայն ահ ու վախի, կասկածի ու երկիւղի մտահոգութիւնը կը խանգարէ ամէն ինչ, մի գուցէ եթէ բռնուին կամուրջին վրայ այլեւս ամէն ինչ տակն ու վրայ կ՛ըլլայ: Խուպօն կանխահաս զգացումներով լեցուած կը խորտակէ այդ ծրագիրը եւ կ՛ուղղուի դէպի Սուրիոյ սահմանագիծն անցնելու եւ թերեւս կարելի ըլլայ լաստանաւով կտրել Եփրատը: Յաջորդ առաւօտ շատ կանուխ կ՛երթայ գետեզերք, խումբը պահելով թաքստոցի մը մէջ:

Ձկնորսներուն հետ համաձայնութեան գալով, լիովին կաշառելով, խումբը կը բերէ եւ լաստանաւերով, մեծ եւ արկածալից վտանգներու մէջէն, կ՛անցնէ գետին հանդիպակաց եզրը, Հալէպի դաշտերուն մէջ: Գիշերով կը տանէ բաղնիք մը Հալէպի մէջ. տղաքը երբ լոգնալով կը զբաղին, Խուպօն դուրս կը ցատկէ երթալ գտնելու հայ վաճառականը, տալու համար ոտքին տակ պահած թուղթը, որպէսզի [էջ 249]  կարենայ գանձել մնացեալ ոսկիներն ըստ համաձայնութեան: Քիչ յետոյ հայ վաճառականն ալ բաղնիք գալով կը տեսնէ փախստական տղաքը եւ Խուպոյին վճարելով, վերջինը շնորհակալութեամբ ու մաղթանքներով կը հեռանայ ուրախ զուարթ:

Հայ վաճառականին ճարպիկութեան շնորհիւ տղաքը նաւ դրուելով Կիպրոս կը ղրկուին: Ամերիկայի մէջ գտնուող խօշմաթցիներու դրամական օժանդակութեամբ բոլորն ալ կը յաջողին տեսնել ազատութեան արձանը: Նիւեօրք ելնելով սարքուած խրախճանքներուն կը մասնակցին: Շրջապատելով տղաքը, ամէն ոք հարցում մը ունի, հետաքրքրութեամբ կ՛ուզէ գիտնալ իր տան, ընտանեաց մասին, գիւղին ու երկրի քաղաղքականութեան մասին…: Տղաքը կը փորձեն բոլորին ալ գոհացում տալ: