Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Երկու խօսք


Խօշմաթի Դպրոցասիրաց Միութիւնը 1939ին գովելի գաղափարը յղացաւ հրատարակելու«Խօշմաթի Պատմականը», նպատակ ունենալով երեւան բերել այն փառաւոր դերը, որ Խօշմաթն ու խօշմաթցին խաղացին պատմութեան անցեալ եւ ժամանակակից շրջաններուն մէջ:

Այս գեղեցիկ գործը իրականացնելու պատասխանատուութիւնը մեզի յանձնուեցաւ 1946ին եւ մենք անցանք գործի, Միութեան հանդէպ շնորհակալութեան խորունկ զգացումներով: Անհրաժեշտ կը նկատենք հոս յիշել` գրական ասպարէզին մէջ ո՛չ բանասէրի եւ ո՛չ ալ բանահաւաքի յաւակնութիւնը ունինք, բայց գիտակցութիւնն ու նուիրումը չի պակսիր մեզի գլուխ հանելու համար պատմական այս աշխատասիրութիւնը:

Մեր գործը որոշ չափով դիւրացած կը նկատենք, որովհետեւ Միութիւնը մեր տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր տեղեկութիւններ եւ վաւերագրեր, որոնք ապահովուած են Վենետիկի Մխիթարեաններէն, ինչպէս նաեւ Հալէպի, Մարսէյլի, Պօլսոյ, Եգիպտոսի, Քանատայի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ բնակող մազմաթիւ խօշմաթցիներէն:

Այս առթիւ կը փափաքինք մեր խորունկ գնահատութիւնն յայտնել այն հեղինակաւոր անձերուն, որոնք իրենց նամակներով, լուսաբանութիւններով, ծանօթութիւններով, լուսանկարներով ու կարեւոր տեղեկութիւններով մեծապէս դիւրացուցին մեր ծանր գործը:Մենք ուրախութեամբ պիտի յիշենք անոնց անունները յիշատակուած նիւթերուն հետ:

Հոս պատշաճ կը համարենք մեր մասնաւոր շնորհակալութիւնները յայտնելու Պր. Սարգիս Գլանեանի, իր հաւաքած վաւերական, արժէքաւոր տեղեկութիւններուն համար, որոնք իբրեւ հիմ ծառայեցին այս գրքին. մեզի խթան հանդիսացան իր քաջալերական նամակները: Մեծ գնահատութեան արժանի են նաեւ հրատարակչական յանձնախումբին ատենապետ Պր.Կարապետ Յ. Գլանեանին մեզի ընծայած դիւրութիւնները, անխոնջ ջանքերն ու խրախուսական խօսքերը:

Չենք ուզեր մոռացութեան տալ նաեւ բոլոր անոնք,, որոնք որ ամէն կերպով իրենց օժանդակութիւնները բերին մեզի այս գործին իրականացման համար: Հոս պարտք կը զգամ գնահատման երկու խօսքով շնորհակալ ըլլալ Գեր. Սիոն Եպիսկոպոս Մանուկեանին՝ իր հմտալից թելադրութեանց համար, ինչպէս նաեւ հայ գրական ասպարէզին վրայ լուսաշող աստղի մը նման փայլող բարեկամիս Տիար Յակոբ Գույումճեանի իր քաջալերական նամակներուն եւ մանաւանդ գեղեցիկ յառաջաբանին համար:

Հոս պէտք է նշել, որ մեր աշխատասիրութիւնը աւելի լիակատար պիտի ըլլար, եթէ կարողանայինք ապահովել կարգ մը արձանագրութիւններ, քանդակներ եւ աւելի կարեւոր նկարներ: Տրուած պայմաններուն բերումով այսքան միայն հնարաւոր եղաւ մեզի:

Մեր մանուկ հասակէն բաժնուած ըլլալով Խօշմաթէն, դժուար էր մեզի յիշել ամէն ինչ,հետեւաբար մեր յուշերուն կարգին դիմեցինք նաեւ ականատեսներու, անոնցմէ քաղելու համար ճշգրիտ տեղեկութիւններ. կատարեցինք նաեւ տքնաջան ուսումնասիրութիւններ,մանաւանդ Բալուի վրայ, որուն մասին թէեւ յանձնախումբը տեղեկութիւն տուած էր, սակայն մենք անհրաժեշտ գիտելիքները քաղեցինք հայ եւ օտար հրատարակութիւններէ, որոնց ցանկը առանձինն էջով մը պիտի գտնուի գրքին վերջը:

Այս յոգնաջան ծանր աշխատանքն ուրախութեամբ տարինք, որպէսզի Բալահովիտի ու Խօշմաթի պատմականը հնարաւոր չափով տայ պատմութիւնը մեր ծննդավայրին եւ յաւերժացնէ անոր փառքը: