Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խօշմաթեաններ եւ Պէյեր


Աւանդութեան համեմատ բնիկ Խօշմաթլեաններ հայ իշխանազուներ եղած են, որոնք դարերով բնակած են իրենց ապարանքին մէջ, որը հաստատուած էր Ակի ջրին վերեւի սալայատակներուն վրայ, որոնց մնացորդները մինչեւ մեր օրերուն տակաւին կը մնային…: Այս տոհմին տիրապետութիւնը շատ մեծ էր եւ հարստութիւնը անհամար ամբողջ Բալահովիտի մէջ: 365 խառնացեղ գիւղերէ զատ, 48 հատ ալ զուտ հայաբնակ գիւղեր ունէին իրենց իբր սեփականացում:

1835ին իրենք նոր ապարանք մը շինելով Խօշմաթի հեռաւոր դաշտին մէջ Տան Պալուի (Տան-Բալու) Կորեկ աղբիւրի եզերքը, հոն կը փոխադրուին՝ լքելով Խօշմաթի դարաւոր ապարանքը: Այս սխալին հետեւանքը դառն ու կսկծալի կ՛ըլլայ, որովհետեւ հազիւ 12 տարուան խաղաղ կեանք մը կ՛ունենան հոն:

Քէօռ Ապտուլլա Պէյ իր փոքր ապարանքը մի քիչ հեռաւորութեան վրայ հաստատած ըլլալով խօշմաթցիներու հրապուրիչ ու պերճ ապարանքէն, անոնց հարստութիւնն ու վայելքը տեղի կու տայ իր չար նախանձին: Ամէն չարանենգ միջոցի կը դիմէ վախ ու երկիւղ ստեղծելու Խօշմաթլեաններու մէջ, նոյնիսկ գիշեր մը կը յանդգնի ողջ սագ մը փետտելով անոնց ապարանքի պատուհանէն ներս նետելու, անոնց հսկիչ շուներուն սպաննման պատճառ դառնալ թունաւորելով զանոնք…: Անոնց ծառաները քիւրտերու ահաբեկումէն շատ անգամ խոշտանգուելով, հազիւ տուն կը հասնին պատմելու ահազդեցիկ իրողութիւններ…: Յովհ. էֆ. Խօշմաթլեան իր կրտսեր եղբօր հետ խորհրդակցելով այն եզրակացութեան կը յանգին, որ լքեն իրենց ապարանքը եւ տեղափոխուին Բալու քաղաքը: Եւ այդպէս ալ կ՛ընեն, բացի իրենց երկու հօրեղբայրները, որոնք փոխանակ անոնց հետեւելու, կ՛երթան ու կը հաստատուին Քղիի մէջ:

Յովհ. իր ընտանեօք կը հաստատուի Ամարաթ ըսուած բարձրավանդակին վրայ քաղաքէն կէս ժամ հեռու, Գրգուռ լեռնաշղթային վրայ: Թուրք եւ հայ Պէյերու (Խօշմաթլեաններու) յարաբերութիւնը բարւօք վիճակ մը ունէր: Յաճախ զիրար կը հիւրասիրէին: Երբ Քէօռ Ապտուլլա Պէյին որդիքն ամուսնացան, Խօշմաթլեանները պատւոյ հիւրեր եղան: Երբ Յովհ. Էֆ.ի միակ որդին Մկրտիչ Էֆ. իր արաբական նժոյգով ձիարշաւի առաջնորդութիւնը շահեցաւ, մեծապէս գնահատուեցաւ Պէյերէն մեծամեծ պարգեւներով:

1895ի ջարդին, երբ Խօշմաթլեաններու դղեակը պաշարուեցաւ, Սագրաթէն Իպրահիմ եւ Ռուշտի Պէյեր կայծակի արագութեամբ հասնելով, ստոյգ մահէ փրկեցին Խօշմաթլեաններն ու իրենց ոստանը: Խաղաղութեան օրերուն տրուած մուրհակ մը 1000 օսմ. ոսկիի, որ Պէյերու կողմէ ստորագրուած էր, Մկրտիչ Էֆ. կը պատռէ ի գնահատանք իրենց ասպնջականութեան: Խօշմաթլեաններու մնացորդները մինչեւ 1915ի տաղահանութեանց, կ՛ապրէին Ամարաթ եւ Քղիի մէջ, թէեւ իրենց հարստութեանց ու ազդեցութեանց թափը պատմութեան անցած էր…