Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Երկ-Փայտին Կրկնակ Զօրութիւնը եւ  Խաչիկ Չագոյեան Ձեռաց Մէջ


Երկփայտին (չաթալ) զօրութիւնը հետաքրքրական դրուագ մը կ՛ամբողջացնէ Խաչիկ Չագոյեանի կեանքին մէջ:

Օր մը հինգ «Հըսոցի» քիւրտեր աւազակութեան ելած պահերուն Խօշմաթ հասնելով կը դիմեն «Նէճիպ» աղայի ապարանքը կերակուր ուտելու համար: Աղան վեհանձնօրէն ներս հրամցնելով կը կերակրէ զիրենք լաւ մը: Ճաշի ժամանակ աւազակներն իրենց քաջագործութեանց դէպքերը կը պատմեն աղային եւ հպարտօրէն կը պարծենան անոնցմով: Նէճիպ աղան, որ երկար ժամանակէ ի վեր փոխ վրէժի մը հատուցման առիթը կը փնտռէր առնելու Չագոյեան մեծ ընտանիքէն, յարմար կը նկատէ պատեհութենէն օգտուի: Կը յարէ. «Ես ձեզ այսօր փորձի մը պիտի ենթարկեմ, եթէ յաջողիք ոչ միայն պիտի հիանամ ձեր քաջագործութեան վրայ, այլ իւրաքանչիւրիդ ալ մէկ մէկ ոսկի նուէր պիտի տամ»:

Քիւրտերն ուրախացած, անսպասելիօրէն առաջարկին կը սպասէին, երբ Նէճիպ աղան յարելով ըսաւ. «Չագոյեան Խաչիկը ասկից քանի մը փարսախ հեռաւորութեան վրայ Սաղին եւ գիւղի պարտէզներուն միջեւ առանձինն ջրտուք կ՛ընէ, եթէ կարողանաք զայն կողոպտելով՝ բերել իր գլխարկն ու ապան (վերարկուն), ձեռքի բահն ու ոտքին կօշիկները, խոստումս պիտի յարգեմ, պայմանաւ որ հեռուէն զինք չի գնդակահարէք, այլ իրեն մօտենալով լաւ ծեծի մը ենթարկէք զինք»: Քիւրտերը խոստումէն շլացած, ճամբայ ելնելով, մայրամուտին կը հասնին մատնանշուած վայրը, ուր Խաչիկ առանձինն կ՛աշխատէր: Քիւրտեր անվայել խօսքերով կը յարձակին Խաչիկի վրայ պահպանելով իր ապան ու երկփայտը: Խաչիկ թքնելով ձեռքին մէջ եւ «Եա՛ Սուլթան Սբ. Մուսեղ» ըսելով իր երկմատնի լախտով հարուած մը տալով դէպ իրեն երկարող երկսայրի սուրին, զայն երկու կտոր կ՛ընէ: Քիչ մը ետ երթալով, կողմնակի եղող միւս քիւրտին ալ դաստակին հարուած մը տալով, զայն խանտակին(10) մէջ կը գլորէ:

Միւս քիւրտերը բաւական հեռուն կեցած կը սպառնան սպաննել Խաչիկը եթէ անձնատուր չըլլայ, եւ կը խոստանան խնայել իր կեանքին, եթէ միայն իր ապան, երկփայտն ու կօշիկները իրենց տայ, որոնց շատ կարօտ են: Մեր քաջը կը պատասխանէ. «Արդէն արեւը մայրը մտած է, եթէ կ՛ուզէք որ ձեր ալ արեւը չի խաւարի, զիս ազատ ձգեցէք եւ հեռացէք այստեղէն»: Աւազակները երբ կը տեսնեն որ Խաչիկ անդրդուելի կը մնայ իր որոշման վրայ, կոտորած սուրի կտորներն ալ թողելով կը հեռանան: Յաջորդ օր Նէճիպ աղան հինգ աւազակներուն հետ գիւղին ստորոտը կը սպասէ Խաչիկին տուն վերադարձին:

Երբ Խաչիկ աղային բարեւ կու տայ, աղան առաջ անցնելով Խաչիկին ճակատը կը համբուրէ եւ հինգ ոսկին փոխան քիւրտ աւազակներուն տալու, Խաչիկին կ՛երկարէ ու կը պատմէ իսկական եղելութիւնը:

Քիւրտերն ալ հիացմամբ կը հաստատեն եւ կը գովեն իր եւ երկփայտին զօրութիւնը: Խաչիկ վեհանձնութեամբ մերժելով նուէրը երկփայտն համբուրելով տուն կ՛երթայ…: