Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Պէյերու Դատավարութիւնը


Ռուշտի եւ Իպրահիմ Պէյեր  պարտութենէն մոլեգնած, կը դիմեն Բալուի դատարանը, այն յոյսով որ այս անգամ իրենց ծանօթ թուրք դատաւորները մեծաքանակ կաշառքներով պիտի կարենան դատը ի նպաստ իրենց վճռեն եւ Խօշմաթն իրենց ոտնձգութեան տակ առնեն ազատ, համարձակ: Խօշմաթցիներ կանխահաս վտանգը տեսնելով, քառասուն ստորագրութեամբ կը պահանջեն որպէսզի դատը Տիգրանակերտ փոխադրուի. եւ կը յաջողին այդպէս ալ ընել:
Միեւնոյն ատեն խօշմաթցիներ պատրաստելով բողոքագիր մը, կը դիմեն բոլոր Բալահովիտի վերին գիւղերուն, որոնք հարստահարուած էին այս չարանենգ երկու եղբայրներու կողմէ…:

Ցաւալի է ըսել որ բոլորն ալ կը մերժեն ստորագրելու, որովհետեւ կը վախնան մի գուցէ պատճառ ըլլան իրենց ընտանեաց ոչնչացման: Միայն Սագրատ գիւղէն Պր. Աւետիս Մըխսիեան քաջութիւնը կ՛ուենանայ ստորագրել խօշմաթցիներու կարգին:

Շնորհիւ խօշմաթցիներուն, իր հարազատ զաւակներու Պետրոս էՖ. Ֆէրմանեանի (կառվրկ. պաշտօնեայ), Պր. Մանուկ Վարդեանի, Պր. Մարտիրոս Ծաղիկեանի, Պր. Մելտոսեանի ձեռք առած խոհական միջոցներուն, կը յաջողին այս դատն ալ շահիլ եւ Պէյերը 15 տարուան դատապարտութեան կ՛ենթարկուին Պօլսոյ մէջ:

Սակայն Հալէպի Ճէմալ Պէյի միջնորդութեան շնորհիւ, փոխանակ մինչեւ Պօլիս տանելու, ՈւրՖայի բանտը կ՛առաջնորդուին, ուր չորս տարի բանտ մնալէ վերջ, Սահմանադրութիւն հռչակուելէ յետոյ, Իթթիհատի օգնութեամբ ազատ կ՛արձակուին՝ կրկին վերադառնալով Սագրեթ, ուր իրենց դղեակները շինած էին: Այս անգամ Խօշմաթն ազատ կը ձգեն մինչեւ 1915ի կոտորածը:

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին, այս վրէժխնդիր Պէյերը պատեհութենէն օգտուելով՝ կը փութան Խօշմաթ, հաւաքելով մնացած մեծ ու փոքր խօշմաթցիներ, որոնք կը պատրաստուէին հետեւիլ քիւրտ գիւղեր ապաստանողներուն, կը տանին Բալու քաղաքի սպանդանոցը, գետին եզրը եւ կացինահար ընելով Արածանիի մէջ կը նետեն…:

Ու դեռ ասով ալ չի գոհանալով, կրկին կու գան Խօշմաթ, կրկին կը հաւաքեն պահուըտած գիւղացիները, ինչպէս նաեւ տխրութեամբ համակուած փախստական զինուորներ (Ամալիա թապուրի), ճանապարհի աշխատող հայ զինուորներ, ինչպէս նաեւ Մշոյ աքսորեալներէն մօտաւոարպէս 3000 անձեր եւ լեցնելով Միլիտոսեաններու հսկայ տունը կրակի կու տան…:

Բարբարոսութեան, վայրագութեան այս եղեռնագործութիւնը իր սարսափելի նախճիրով, պիտի կազմեն «Խօշմաթի պատմականին» արիւնոտ էջերը եւ պիտի յիշուին սերունդէ սերունդ…: 1500 խօշմաթցիներէն հրաշքով ազատողներու թիւը հազիւ 100ի կը հասնի…: