Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խօշմաթի Նախըրճին (Խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան


Գարնան լուսաշող առաւօտեան արշալոյսի ցօղերուն հետ, աքաղաղի կանչին ու եկեղեցւոյ զանգակի թաւ ղօղանջին հետ, գիւղին հասարակաց հովիւ Սըրգօն (Սարգիս) ալ կ՛աճապարէ դէպի գիւղի վերջածայրի հրապարակը Ակի ջրի եզերքին, կռնակը հսկայ քարի մը տալով, երկար ու կոր հաստկեկ ցուպը ձեռին, հացի ճերմակ տոպրակը վզէն ու ձախ ուսէն կախած, ուր առհասարակ քիչ մը շաճի հաց, պճեղ մը սխտոր, քիչ մը պանիր ու փոքր դոլ մը (փայտէ գաւաթ) զետեղած կ՛ըլլայ պայուսակին մէջ: Ապան (մազէ հիւսուած վերարկու) ալ գլուխէն վար երկարած առաւօտեան քամիէն, ցօղէն ու թերեւս անձրեւէն պատսպարուելու համար, խռպոտ ձայնով մը կը բացագանչէ. «Նախըրը կ՛երթայ, շո՛ւտ բերէք»: Ժամերով կը սպասէ խեղճ մարդը, որպէսզի կովերը, այծերն ու ոչխարները նախ կթուին ու ապա իրեն յանձնուին: Կիներ, աղջիկներ, պատանիներ գիւղին չորս կողմէն հետզհետէ իրենց կենդանիները բերելով կը յանձնեն նախըրճուն:

Թեթեւ հոգի եւ չարաճըճի այծեր հանդարտ պահել երկար ատեն մինչեւ որ մնացեալ կենդանիները բերուին մեծ գործ մը եւ մտահոգութիւն մը կ՛ըլլայ հովիւին համար, որովհետեւ այս անվախ ու յանդուգն այծերը շատ դիւրութեամբ կը ցատկեն քովի մեծ ժայռերուն վրայ եւ մագլցելով կը հասնին մինչեւ բարձրաբերձ կատարները, ի զուր է Սըրգոյին հէ՛, հէ՛ անպիտա՛ն ած, կանչել, պոռալը եւ կամ զանոնք քարոտելը (քար նետել). առանց անոր սպառնալիքներուն անսալու ժայռերու բարձունքէն կը կատակեն, կը մայեն եւ ոմանք ալ սարալանջի վրայ եղող բռընջի ծառերուն կը վազեն: Վերջապէս ամբողջացած համարելով կենդանիներու հաւաքումը, կը սկսի ձայնել հօ՛, եւ թողուլ որ յառաջապահ կովերն սկսին համրընթաց երթալ դէպի դաշտ եւ իր բոլոր ուժով քարի խիճեր նետել բարձրաբերձ քարերու վրայ թառող այծերուն եւ երբեմն ալ իր պարսէթը գործածել քարերը նպատակին հասցնելու համար. շատ դժուարութեամբ կը յաջողի խենթ ու խելառ այծերը վար բերելով նախիրին խառնել: Կովերու բառաչը, ոչխարներուն մայելը, շուներուն հաջումը, նախըրճուն հօ, հօ՛ն ու հէյ, հէ¯յը [էջ 5] կու գան ամբողջացնելու թռչուններու ճռուողիւններուն ու երգերուն հետ, Խօշմաթի առաւօտեան գարնան համապատկերը:

Նախըրճի Սըրգօն (Սարգիս Շահրիկեան) մեծ տունի շառաւիղներէն էր, իր ծնողաց միակ տղայ զաւակը հինգ քոյրերով: Ճիւալակ դասակարգին ամենահարուստն էր իր հայրը Պր. Շահին, որ քանիցս Պօլիս գացած եկած էր եւ մեծ դրամագլուխ շահած էր աւելի վաճառականութեան մէջ եւ իր երկյարկանի գեղեցիկ տունը արեւելեան գորգրերով զարդարած էր, թէեւ քիւրտ ու թուրք աւազակներ շատ անգամ փորձած էին կողոպտել գիշեր ատեն, սակայն միշտ ալ ի դերեւ ելած էին իրենց ջանքերը: 1895ի արհաւրալից ջարդի օրերուն, Շահրիկեանի տունն ալ կողոպտուած եւ ճարճատուն բոցերուն յանձուելով մոխրակոյտի մը վերածուած էր, ամէն ինչ թալլուած ու կորսուած էր: Սարգիս ստիպուած էր իր զաւակները կերակրելու համար գիւղին նախիրն արածել, որովհետեւ իրենց այգիներուն ու պարտէզին պտղատու ծառերն անգամ թշնամիները կտրած ձգած էին:

Հազիւ կարողացած էր քանի մը կցակ (երկար ու հաստ փայտ) շարել երկու գերաններու վրայ եւ մէկ սենեակնոց տուն մը շինել իրենց մոխիրի վերածուած տան գետնին վրայ եւ իր երկու տղայ զաւակներով մէջը քաշուիլ: (Շահին, որը Փրավիտէնս կը մնայ եւ Վարդան, որը Մարսիլիա է իր զաւակներով): Այս պարզուկ ու համեստ նախըրճի Սարգիսը տասնեակ տարիներով ծառայած է Խօշմաթի եւ գնահատուած իր հաւատարմութեան եւ աշխուժութեան համար, արածելով կենդանիները  յաճախ զովասուն ու կանաչ հովիտներու մէջ, պաշտպանելով զանոնք անօթի գայլերուն դէմ, քիւրտ ու թուրք աւազակներու, շատ անգամ դիմադրելով մէկ ոչխար մը, այծ մը կամ կով մը կորուստի մատնած չէ: Շատ հետաքրքրական է տեսնել երեկոյեան նախիրին վերադարձը, առողջ, հպարտ կովեր, ծիծերնին լեցուն կաթով կախած, գլուխնին վեր բռնած դէպի տուն կը քալեն արագ, արագ բառաչելով: Ոչխարներ դմակնին կախած, փորերնին կուշտ կ՛աճապարեն դիմել դէպի իրենց գառնուկները:

Այծեր, մը¯, մը¯, մը¯ ձայներ հանելով, ամէնէն առաջ կը վազեն ծըսցնելու իրենց սիրական ուլերը եւ որպէսզի այս իրարանցումի, եռուզերի պահուն ուլն ու գառը, ինչպէս նաեւ հորթը իրենց հարազատ մայրերուն չի կարենան խառնուիլ, կենդանիենրու կթումէն առաջ, առհասարակ գիւղացիներ նախիրը դիմաւորել կու գան եւ իւրաքանիւր ոք իր կենդանիները ապահով կերպով տուն կը տանի:
Երբեմն մեծ կիներ գթալով նախըրճուն վրայ, քիչ մը թացան կը ղրկեն, սեր, թորախ, թան եւ թոնիրի հաց եւ կամ անձամբ տանելով կ՛ըսեն. «Սըրգաբար, հա¯, քեզի քիչ մը բան եմ բերեր, օր մեր կովերուն աղէկ նայիս»: Նախըրճին գլուխն երերցնելով շնորհակալութեան ի նշան կը յարէ. «Լա՛ւ, լաւ, Եղսօ՛ հաչուկ (Եղսաքոյր), ձեր կովերը աչքիս վրայ. հոգ մի՛ըներ»: Անդիէն ուրիշ մը. «Է¯, Սըրգաբար, առ քիզի ուսքուրայով մածուն իմ բերեր, մեր մաքիներուն աղէկ աչքով նայիր»: Նախըրճին. «թող ըլլի, Սըռօ (Սառա) հաչուկ (մեծ կին), հըպը ես ձեր մաքիներուն չի նայիմ, որո՞ւ նայիմ»: