Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Խօշմաթցի Հին Զինուորականներ


Խօշմաթն ալ ունեցած է փոքր թուով զինուորականներ, որոնք պատիւ բերած են իրենց ծառայած երկրին ու համայնքին:

ՍԱՀԱԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆ (ԲԱԿԵՆՑ)

Իր նախնական կրթութիւնն առնելով Խօշմաթի մէջ կ՛անցնի Պօլիս, մտնելով Կայսերական դպրոցը յաջող կերպով կ՛աւարտէ Մաքթիպ Հարպի զինուորական դպրոցը եւ կը պաշտօնավարէ բանակին մէջ:

ՊԵՏՐՈՍ ԷՖ. ՖԷՐՄԱՆԵԱՆ

Թողելով Խօշմաթի դպրոցին տեսչութիւնը, կ՛երթայ Բալու քաղաք կառավարութեան գործերով զբաղելու: Իր արդարակորովութեան եւ անձնուրաց գործունէութեանց համար կը բարձրանայ դատական պաշտօնական աթոռին եւ կը պարգեւատրուի սուրով մը, որը յաճախ կը կրէր իր պաշտօնին բերումով:

ՍԱՐԳԻՍ ԷՖ. ԾԱՂԻԿԵԱՆ

Ինչպէս նախապէս գրած ենք իր մասին, կը կրէր թագաւորական նշան մը եւ սուր մը իր քաջագործութեանց համար, որը կը կրէր իր համազգեստին վրայ:

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՅԱԿՈԲ ՉԱԳՈՅԵԱՆ

Քանի որ պատմութեան վերաբերեալ ակնյայտ ճշմարտութիւնները պիտ՛ արձանագրուին, ի հարկէ համեստութիւնը պիտի ներէր եթէ ըսէինք որ այս տողերը գրող Խօշմաթցին ալ, զինուորական տեսակէտէ, փոքր ինչ ծառայութիւն մը մատուցած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն:

Իր զինուորական կրթութիւնն առնելով Այովայի համալսարանին մէջ 1911ին եւ իր ատամնաբուժական դասընթացքն ալ լրացնելով 1914ին, կը հաստատուի Շիքակոյի մէջ: Ցիր ու ցան երիտասարդութիւնն հաւաքելո.վ անոնց զին. մարզանք կու տայ անոնց: Իլինոյիզի նահանգապետէն մասնաւոր արտօնաթուղթ ձեռք ձգելով կը կազմէ «Հայ զինուորական խումբ» մը, ամերիկեան տարազներով ու հրացաններով եւ ամերիկեան աստեղազարդ դրօշին կողքին բարձրացնելով հայ իսկակակն եռագոյնը (մարզանքի պահերուն) իր զինանշանով ու Մայր Հայաստանով, որուն պատճէնը բերել կու տայ ուղղակի Վենետիկի Սբ. Ղազարէն, որը տակաւին կը պահէ իր քով մասունքի նման: Թերեւս օր մը դրուելու թանգարանի մը մէջ…:

Շիքակոյի կազմած խումբը 1915ին յանձնելով տեղակալ Աւետիս Մուրատեանի (Իլինոյի նէյշընըլ կարտի սպահ), նոյնանման խումբեր կը կազմէ Ուէսթ Փուլմընի, Ոքէկընի մէջ, նոյն իսկ կը յաջողի խումբ մ՛ալ կազմել Տիթրոիթի մէջ, յանձնելով Ամերիկեան բանակի յիսնապետի մը, մարզելու համար հայ տղաքը: Հայկական անողոք ջարդերու ստոյգ լուրն արդէն իսկ սկսած էր տարածուիլ Ամերիկայի մէջ, ուր փոխ վրէժի արդար զգացումն ու հատուցման ոգին թափանցուած էր հայ երիտասարդական սրտերուն մէջ: Միջին Արեւմտեան զինուորական խումբերն օր ըստ օրէ կը ստուարանային եւ ընդարձակ դաշտերու մէջ ռազմափորձեր կ՛ունենային: Մեծ էր նաեւ ոգեւորութիւնը հանդիսատես հայերու մէջ, որոնք խուռներամ ներկայ կ՛ըլլային դաշտի մարզանքներուն եւ սրահներու մէջ կատարուած զին. հանդէսներուն:

Նիւեօրքի հայ Ազգ. Զին. Խորհուրդը լսելով Միջին Արեւմուտքի այս եռանդուն բացառիկ շարժման մասին, մասնաւոր զին. ներկայացուցիչ կը ղրկէ անձամբ քննելու, յանձին հանգուցեալ Բալուցի գնդապետ Յակոբ Թագագճեանի, որն իր քննիչի հանգամանքով ներկայ ըլլալով մարզանքներուն,  կ՛այցելէ բոլոր խումբերուն, տողանցքներ կատարելով կը խօսի ու կը գնահատէ հայ մարզիկները, շնորհաւորելով անոնց առաջնորդները:

Քիչ յետոյ հանգուցեալ Քէփ. Ճիմ Չագալեանն ալ ներկայ ըլլալով այս մարզական խումբերու փորձերուն, հիանալով անոնց կանոնաւոր մարզանքին, կ՛առաջարկէ միացնել բոլոր խումբերը Հայ Ազգային Խորհուրդին: Տղաք ուրախութեամբ ընդառաջ կ՛երթան Քէփթինին բաղձանքը: Այս մարզուած, պատրաստ խումբերէն շատեր իբր կամաւոր մեկնեցան Կովկասեան ու Կիլիկեան ռազմադաշտերը:

Հայ կամաւորներ, որոնք որ Ազգ. Զին. Խորհուրդի դրօշին տակն էին, շնորհիւ իրենց ստացած զինուորական մարզանքներուն, եղան մեծ թէ փոքր պաշտօնեաներ հայկ. լէգէօնին մէջ եւ ուրախ ենք որ ամէնքն ալ Արարայի ճակատամարտով նուիրագործեցին հայ ազգային պատիւը դարձնելով պատերազմի դաձարձիկ անիւը ն նպաստ դաշնակից տէրութեանց ու յետոյ լսել հրամանատար Ալէնպայի հպարտ գովասանքը: Այս կամաւորները լիովին կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիւնը…: