Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Զատիկ


Զատիկը տօներու ամէնէն ուրախառիթ, ամէնէն զուարճալի ու խորհրդաւորը կը համարուի: Քրիստոսի հրաշափառ Սբ. Յարութեան հետ, կարծես բնութիւնն համօրէն կը խայտայ, համակ խինդ ու ծիծաղ կը բերէ: Ապրիլեան մշտադող փայլուն արեւն առաւօտ կանուխ, Տաւրոսի շղթաներէն հետզհետէ վեր կը բարձրանայ եւ իր կիզիչ ճառագայթներով կը հալեցնէ ձմրան կուտակուած ձիւնի սաւանը:

Լեռներէն հալած ձիւնի հետեւանքով, կը հոսի Սաղին գետակն իր պղտոր ու փրփրադէզ ալիքներով, որը շատ անգամ գիւղացիներուն պատուհաս կը դառնայ իր յորդումներով դառնալով անանցանելի: Գարնան առաջին ծաղիկն եղող բամպոսն ալ իր գլուխը վեր բռնած Ճղլեսարի սարավանդին վրայ, կարծես կ՛աւետէ գեղածիծաղ գարնանային առաջին օրերը:

Ձիւներուն տակէն կը բողբոջին նաեւ անուշահոտ գունաւոր մանիշակն ու դեղնագոյն կորիզով շրջապատուած ճերմակ թերթիկներով ապրիմ-չապրիմը: Ահա այս սրտբաց ու գեղածիծաղ օրերուն կը հանդիպի Զատիկը:

Զատկի զուարթուն լուսաբացին, եկեղեցւոյ ղօղանջէն ալ առաջ, ժողովուրդը կը շտապէ դէպի եկեղեցին, Մարիամ Մագթաղէնացիէն ալ աւելի կանուխ ելն[ող]եր կ՛ըլլան: Անոնք կ՛աճապարեն տեսնելու Քրիստոսի փառաւոր, բայց թափուր գերեզմանը, որ առհասարակ պատրաստ կ՛ըլլայ Ուրբաթ երեկոյեան տաճարին ճիշդ առջեւը: Հրաշափառ Սբ. Յարութեան պատարագին վերջանալէն յետոյ, Քրիստոս Յարեաւի ողջոյնն առած, զիրար շնորհաւորելէ վերջ, տուն կ՛երթան տօնելու Սբ. Զատիկը: Զատկուան յատուկ կերակուրներէն, մատաղէն ու հերիսայի բաշխումէն յետոյ՝ կը սկսին ուրախութեան:

Հերիսային (քէշկէկ) պատրաստութիւնը:

 Ըստ աւանդութեան,, երբ հայոց Տրդատ թագաւորն ընդունեց քրիստոնէութիւնը, հրաման տուաւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի, որ Տարօնի Աշտիշատ քաղաքին մէջ գտնուող Անահիտի, Աստղիկի ու Վահագնի հոյակապ մեհեանները կործանէ եւ անոնց փոխարէն Մայր եկեղեցի մը կանգնէ Էջմիածնայ մէջ, եւ այդպէս ալ եղաւ:

Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ  երբ Էջմիածնայ լուսավառ հոյակապ տաճարը կանգնեցուց 303 Ք.Ե.ին գիւղացիներու օգնութեամբ եւ ճարտարապետներու հմտութեամբ, մեծ ու վայելուչ տօնակատարութեան հրաւիրեց շրջակայ հայ ժողովուրդը: Մեծաքանակ ոչխարներ մատաղ ընելով, խոշոր բազմաթիւ կաթսաներու մէջ լեցնել տուաւ մանրուած միսը, վրան ալ ծեծած ձգելով կտրիճներուն հրամայեց որ կրակին վրայ դնեն, միսն ու ծեծածը փայտէ շերեփներով խառնեն. յաճախ մեծ կաթսայէն միւսին այցելելով կ՛ըսէր անոնց. «Հարէ՛ք, զ՛սա», որուն անունը մնաց «հերիսայ» եւ որը ցարդ հայ կերակուրներուն ամէնէն սննդարար, համեղ ու պատուական կերակուրը նկատուած է:

Հայ գեղջուկը հաւատարմօրէն պահած է հերիսային աւանդական պատրաստութիւնը: Խորտիկն ու ձուածեղը, մալէզն ու թանձր մածունը, մանր գնդիկն ու սոխրածը, ինչպէս նաեւ բաղարջն ու «կոման», որոնք լրացուցիչ կերակուրներն են։ Կոման կը պատրաստեն բացուած խմորէն, մէջը լեցնելով աղցուած ընկոյզ, նուշ, մզեղ խաւուրմայ, ինչպէս նաեւ արդար իւղ գոցելով թանձր [էջ 139] խմորը մարած կրակին տաք մոխիրին մէջ կը թաղեն իրիկունը, որը ինքնին կամաց, կամաց կ՛եփի. առաւօտուն հանելով մասերու կը բաժնեն եւ կը բաշխեն սեղանին վրայ, համով կերպով կը ճաշակեն: 

Այս ճաշակաւոր եւ համադամ կերակուրներէն յետոյ, երիտասարդ տարրը կը հաւաքուի եկեղեցւոյ դուռը եւ անոր յարակից գերեզմանի քարերուն վրայ եւ տանելով իրենց հետ սոխի կեղեւով կարմրցուած հաւկիթները կը շարեն խաշուած գունաւոր հաւկիթները գերեզմանի քարերուն վրայ: Այս շարքերու երկու կողմէն իւրաքանչիւր մարդ մէկ, մէկ հատ առնելով նախ ատամներուն կամացուկ մը կը զարնէ զօրաւորութիւնն հասկնալու համար, յետոյ եթէ ձայնը թրթռացող է, տկար է, իսկ եթէ ամուր ու յստակ է, զօրաւոր եւ աներկիւղ աճապարանքով կը  դիմէ հակառակորդին հաւկիթին զարնել կոտրելու համար. «պառկի՛ր», «ո՛չ, դո՛ւն պառկիր», կը համաձայնին, չը՛թ, չըթ. ահա կարգը կու գայ միւսներուն. ամէնէն վերջի ախոյեանը կը հաւաքէ կոտորուած բոլոր հաւկիթները: Անդին տարբեր խումբեր միւնոյն հաւկթախաղն է որ կը խաղան միեւնոյն յանկերգով:

Հետեւեալ օրը մեռելոց է. մարդիկ իրենց հոգեհատորներուն գերեզմանները կ՛այցելեն, գերեզմանաքարերու վրայի գոցուած գրերը կը մաքրեն ու կը սպասեն գիւղի քահանային, որն իր կարգին մօտենալով իրենց սիրելիներուն շիրիմներն ալ օրհնէ, որոնք զետեղուած են ընտանեկան յատուկ գերեզմանատան մէջ: Մինչ այդ, երիտասարդներն ու միջին տարիքով մարդիկ հաւաքուած են տանիքներու վրայ, լողուած ու մաքրուած, մեծ հրապարկին մէջ կը սկսին պարել ժամերով:

Անոնք հագուած ամենալաւ զգեստնին. կարմիր եամանիկ (սրածայր կօշիկ), կարմիր սալթայ (բաճկոն) ու տիչլիկը (կիսաբաճկոն) վրանին, նաշխուն հաստ գօտին մէջքերնին, գլուխնին հիւսուած գունաւոր հլլուններով գտակ (թալլիկ) եւ ոմանք ալ ֆէս երկար եւ օրօրուն ծոպերով: Հարսներն ու աղջիկներն ալ պակաս չեն մնար խրախճանքէն եւ արդ ու զարդէ. անոնք ալ իրենց կարգին կարմիր չարիկ (կօշիկ)նին, կապոյտ (ձեռագործ) բանուածքով գոգնոցնին առջեւնին կապած, փոքրիկ գրպանով մը որը բանուած է գունաւոր երիզներով, որոնք կը միանան մարդոց: Երեք օր կը տօնուի Զատիկը: