Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը 5

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

 ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա — Բալուն եւ բերդը

Եթէ ուզէինք բնութեան եօթը հրաշալիքներուն վրայ ուրիշ մ՛ալ աւելցնել, այդ ալ պէտք է ըլլայ Բալուի վիթխարի բերդը։ Հայկական Տաւրոսի ճիւղաւորուած լեռնաշղթան հիւսիսային կողմէն կը բոլորէ Բալահովիտը, որուն բարձրավանդակին վրայ շինուած է Զովիա թրքաբնակ քաղաքը, այս սարավանդակէն կը բարձրանայ դէպի ամպերը սէգ բերդն իր դարերու ոտից կոխան եղող աւերակներով, որոնց հասնելու համար հարիւրաւոր փլփլկած քարասանդուխներէ հեւ ի հեւ վեր ելնել անհրաժեշտ է, ուր կը պարզուի հովիտն իր զմայլելի եւ գեղատեսիլ տեսարաններով, գետին երկու կողմի երկայնքին։

Իսկ բերդին հարաւային անմիջական կողքին զառիվարին վրայ շինուած է բուն Բալու քաղաքը, որուն գետեզերեայ տուներուն փէշերը կը ծեծուին Արածանիի ջուրերէն։
Գետէն անմիջապէս անդին դէպ հարաւ հետզհետէ կը բարձրանայ բուն Տորոսի աղեղնաւոր լեռնաշղթան, երկարելով դէպ արեւելք, կազմելով Սասնայ եւ Գուրգուռ լեռներու բարձրաբերձ լեռները, իսկ արեւուտքէն գետին ուղղութեամբ երկարելով կը հասնի Խարբերդի դաշտերը, միանալով Մաստառի եւ Հազար Պապայի լեռնաշղթաներուն մէջ առնելով Մաստառն իր կապուտակ ծովքով (Կէօլճուկ) կտրելով Եփրատ գետը բաժնուելով ճիւղաւորումներու։

Բալուի ճիշդ արեւելեան կողմին, հին ժամանակներէ մնացած ութ աչքէ հինաւորց, փայտէ կամուրջ մը կը միացնէ Տորոսի հիւս. եւ հարւ. լեռնաշղթաներն իրարու Արածանիի վրայով։ Դէպի հարաւ այս ճանապարհը կը տանի Ալմուշատի գիւղերուն ու Պտղնիի միջոցաւ դէպի Հայնի, Արղընի, Մատէն եւ Տիգրանակերտ։

Այս ճամբան կը թուի ըլլալ բաբելական միահեծան կայսրութեան արշաւանքներու ուղիներէն մին դէպի Ուրարտուի երկիրն ու Հայկական Բարձրավանդակը։ Այս փայտէ կամուրջը գէթ մեր օրերուն կը պարփակէ արհաւիրքի, ջարդի սեւ օրերն, իր ծոցին մէջ արթնցնելով դառն ու մահաբեր յիշատակներ 1895ի ապրող բալուցիներու սրտին մէջ, ինչպէս նաեւ 1915ի ահազդեցիկ եղեռնի վերյիշումին զարկ կու տայ։

ՓրոՖ.Հէնրի Թորզէն խօսելով Բալուի բերդին մասին, իբր ականատես, հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ զայն։ Բալու քաղաղքը 1500 տուներէ կը բաղկանայ, ինը հարիւր ոտք գետէն բարձր ուղղահայեաց։ Գետը (Մուրատ) Արածանին կանաչ ծփանքներով, հոլանի կերպուվ կ՛անցնի դէպի արեւմուտք։ Կիսաբոլորակ նեղ արահետով մը կը բարձրանանք հսկայ բերդին դուռը, որը կը միացնէ երկու քաղաքները։ Բուն Բալու քաղաքը եւ Զովիան ըսել կ՛ուզէ։

Բերդին գագաթէն հիանալի տեսարան մը կը պարզուի. գետին հարւ. կողմը կանաչազարդ պարտէզներու եւ ածուներու համայնական պատկեր մը։ Բերդին բարձրագոյն գագաթը տափարակ է, սակայն հոն տուներ չկան եւ ոչ ալ թնդանօթներ։ Հոս էր որ 25 խաչակիրներ բանտարկուեցան։

1122ին խաչակիրներու եւ մահմետականներու կռւոյն մէջ կարգ մը երեւելի գերիներ Խարբերդի բերդին մէջ բանտարկուեցան, տեղի անձկութեան պատճառաւ 25 անձիք ալ Բալուի բերդը բերուեցան։

Կրկին փրօֆ. Թորզէն կ՛ըսէ, որ բերդի պատերուն վրայ, գագաթէն քիչ մը վար, շատ մը արձանագրութիւններ կան, որոնք սեպաձեւ են, 12 X 6 ոտք սահուն քար երեսի վրայ փորագրուած։ Դժբախտաբար օդի աննպաստ փոփոխութեանց պատճառաւ ոմանք անընթեռնելի դարձած են։

Այս արձանագրուած հսկայ քարին տակէն նեղ արահետ մը կ՛առաջնորդէ դէպի քարին ծայրը, ուր կամարի մը տակէն անցնելով, կը մտնես քառակուսի 20 X 12 ոտք նոր սենեակ մը, անպաճոյճ ու մութ, տափարակ, քարէ առաստաղով մը, որուն լուսամուտը միայն դուռն է։ Կան երկու սենեակներ եւս, մէջէ մէջ, երկրորդին պատերուն վրայ ալ կան մամռապատ, անընթեռնելի գրեր ու գրութիւններ։

Գիտնական Թորզէնի կ՛առաջնորդէ եղեր թուրք զինուոր մը, որն այլապէս յայտնած է իրեն թէ, այս սենեակները ժամանակին գործածուած են հայոց Սբ. Մեսրոպի կողմէ իբր բնակավայր. անիկա հոս գտած է հայոց Ա. Բ. Գ.-ը։ Փրօֆ. Թորզէն այցելած է Բալու 1874ին։

Նոյն գիտնականը խօսելով Սբ. Մեսրոպի մասին, կ՛ըսէ թէ Մեսրոպի գրութիւնները թարգմանուած են Եւրոպայի մէջ, թէեւ ինք քիչերուն ծանօթ էր, սակայն անիկա իր ազգին հերոսն էր առաջին անգամ յօրինելով հայ գրերն ու Սբ. Գիրքը թարգմանել հայերէնի։ Ինչպէս Ըլֆիլաս կոթերուն, Սիրիլ եւ Մէթէտիըս սլաւներուն, այնպէս ալ Մեսրոպ հայերուն առաքեալն էր։

Թորզէն կ՛աւելցնէ՝ հայկական գրերուն Բալուի բերդին մէջ գտնուիլը առասպել մը չէ։ Եւ թէ Սբ. Մեսրոպ մեծ համբաւ ունի հայոց մէջ։ Այս բերդը հայոց մէջ եղած է ուխտատեղի մը։
Հոս տեղին է աւելցնել մեր կողմէն թէ Սբ. Մեսրոպի համբաւը Ամերիկայի մէջ ալ տարածուած է։

Շատ անգամ այցելած եւ տեսած եմ հայ գիտնականին իւղաներկ մեծադիր նկարը կախուած Շիքակոյի Նիւ Պէրրի գրադարանին առաջի յարկին վրայ սա տառերով «Հայոց Մեսրոպը»։

Փրօֆ. Թորզէն վերջին յատկանշական բան մը եւս կ՛արձանագրէ իր Turkish Armeniaի մէջ, որը յոյժ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ապագայ պատմիչին համար։ Ան կ՛ըսէ որ երրորդ ու ամենավերջի սենեակին մէջ, տեղ, տեղ սալայատակներ կան մարդահասակի չափ երկար ու լայն, որոնց վրայ թէեւ գրութիւններ կան, սակայն անկարելի է կարդալ զանոնք։

Ինչ որ կը նշանակէ թագաւորներու կամ իշխաններու գերեզմանի մը երեւոյթը, եւ գրութիւններն ի հարկէ անոնց յիշատակութիւնը կը խորհրդանշեն։ Բուն բերդի արձանագրութիւններէն ոմանք թարգմանուած են, որոնց բնագիրը կը տեսնուի այս գրքի էջերուն մէջ։ Բերդի ապառաժին վրայ եղող սեպագիր արձանագրութիւնները Վանիկ թագաւորութեան «Մենէասի» յաղթութիւններն են նուիրուած «Խալտիս» ամենամեծ չաստծոյն։ Կան նաեւ անէծքի, լուտանքի խօսքեր եւ սպառնալիքներ այն ձեռքերուն, որոնք թերեւս օր մը քանդել փորձեն։ Պատմական այս տուեալներէն կը հետեւի որ Մեծ Հայքը եղած է քաղաքակրթութեան կեդրոն մը հայերէն շատ առաջ։

Յովսէփ Սանտալճեան որ մեռած է 1916ին իր «Հայոց պատմութիւն» սկսած գիրքը վերջէն, այսինքն իր մահէն վերջ հրատարակուեցաւ Պելճիգայի մէջ ֆրանսերէնով. կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ նախահայոց մասին։ Ներկայիս այդ գրքէն միայն երկու օրինակ կայ, մին Վենետիկի Մխիթարեաններուն քով կը մնայ իսկ միւսն ալ Շիքակոյի մէջ հայոց փեսայ ուղեղի մասնագէտ G. P. Bailey-ին քով։

Խանտալճեան յոյն Ստրաբոն պատմիչէն առնելով կ՛ըսէ, որ 1115 B. C. Tiglad Palasar, Մանազկերտէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ կռուեցաւ 23 Միացեալ հայոց թագաւորութեանց դէմ (Ուրարտուի ըսել կ՛ուզէ) Արածանիի ափերուն վրայ Բալահովիտի մէջ (in Balahovid)։ Մեզի համար կարեւոր կէտն այն է թէ հայկական թագաւորութիւն ալ կը կոչուէր այդ Ուրարտուի միացեալ թագաւորութիւնը եւ թէ Բալահովիտ բառը Ն. Ք. 1115ին կը գործածուէր. հետեւաբար նոր բառ մը չէ, ինչպէս նաեւ ... եւ Arazani բառերը, ըստ Սանտալճեանի։

Սանտալճեան կրկին յառաջ երթալով կը փաստէ թէ Menia (Մանուա) թագաւոր յաղթելով Khuzanais (Բալահովիտի գաւառներէն մին) որուն կը տիրապետէր Սուլի անուն թագաւոր մը, որը Մալաթիա ըրած էր մայրաքաղաքը։ Մանուա կոչեց այդ գաւառը «Բերդի գաւառ» եւ իր յաղթութեան պատգամը փորագրել տուաւ բերդի ժայռին վրայ, որը մինչեւ այսօր կը մնայ։  Սանտալճեանի «Հայոց պատմութիւն» էջ 199։