Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Հարսանիք


Գիւղական հարսանիքը շատ փառաւոր ու շքեղ կ՛ըլլայ եւ առ հասարակ կը տեւէ լման շաբաթ մը: Գրեթէ բոլոր Բալահովիտի հարսանիքներն ալ միեւնոյն ձեւով եւ ձմեռ ատեն տեղի կ՛ունենան, երբ ամէն մարդ դաշտի աշխատանքէն քաշուած, ընտանեկան գործերով կը զբաղի:

Ոմանք խճէճ կը քաշեն, ոմանք բամպակ կը գզեն, չագն ու աղեղն իրար խառնած, ոմանք բամպակի կուտերը կը զտեն, ոմանք մասուրայ կը լեցնեն, մաքոք կը նետեն շտապով, ջայր կը մանեն, հենք կ՛ընեն, կտաւ կը գործեն, փայտէ դգալներ ու ամաններ կը շինեն եւ ոմանք ալ կենդանիները խուզելու, պատրաստելու գործերով կը զբաղին:

Տարեց մարդիկ առհասարակ տաքուկ ձիթհանք(՞) մը հաւաքուելով խօսակցութեանց կը բռնուին, միեւնոյն ատեն քարիման (միաձիգ կապի մեծկակ կոյտեր կը հիւսեն ճիւղուած փայտէ գունդի մը վրայ) կը մանեն: Կիներ ու աղջիկներ տաքուկ ախոռի մը անկիւնն հաւաքուած, ձեռագործերով կը զբաղին եւ ականջնին ալ տնկած պառաւի մը կ՛ունկնդրեն, [էջ 142] որը հետաքրքիրօրէն կը պատմէ ճիներու, դեւերու, սատանաներու եւ դժոխքին մասին:

Երբ կարգը կու գայ երկու ամոլներու, սիրահարուած սրտերու, անոնց դժբախտութեանց, թուք ու արիւն կլլող ամոլներու հետաքրքիր պատմութեանց, չկայ ունկնդիր աղջիկ մը, հարսնուկ մը, որ սրտէն ախ չի քաշէ …: Ահա այս է գիւղացւոյ ձմեռնային կեանքը. եւ առ հասարակ զոյգերու հարսանիքները տեղի կ՛ունենան Բարեկենդանէն առաջ եւ հազուագիւտ պարագաներու տակ Զատիկէն վերջ:

Շաբաթներ առաջ, երկու կողմէն մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնուին. հարսանեաց օրուան լուրը գիւղին մէկ կողմէն միւսը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Երբեմն ալ քահանան եկեղեցիի տաճարէն կը ծանուցանէ, որը հրաւէրի հանգամանք ունի: Հարսանիքի եօթն օրերուն ամէն տունէ գէթ մէկ կամ երկու անձիք ներկայ պէտք է ըլլան ի յարգանս տղուն ծնողաց. բացակայու[թիւ]նն ի հարկէ անարգանք կը համարուի:

 Հարսանիքի նախօրեակին, աղջիկներ ու հարսներ աղջկան քով հաւաքուելով, անոր ձեռները հիննա կը դնեն (կարմրուկ տիլմէ) ինչպէս նաեւ իրենց մատներն ու մազերը եւ ճակատնին հիննայով կը գունաւորեն: Հարսնցուին ճէյիզի սնտուկը կը կարգադրեն, որը լեցուն կ՛ըլլայ իր մատներով հիւսուած թալլիկներ (գտակ), շրջազգեստներ, գունաւոր խայթաններով եզերուած գոգնոցներ, գուլպաներ, մետաքսէ շղարշ եւ այլն: Ազգականներու եւ բարեկամներու կողմէն եկած նուէրներն ալ այդ սնտուկին մէջ տեղաւորելով կափարիչը կը դնեն: Յետոյ հարսնցուին ընկերները հարսը կը լոգցնեն եւ տարոս առնելու մտադրութեամբ երբեմն շատ տաք եւ պաղ ջուր կը սրսրկեն (թափել) հարսնցուին վրայ, երբեմն ալ քամոքոլ (գաղջ) ջուրի կուժեր ու քառազ(պզտիկ կուժ)ներ կը պարպեն վրան, ըսելով. «Թող օր վախը փորէն հեղ մը էլլէ»: Յետոյ իւրաքանչիւր աղջիկ հարսնցուին մազերէն փունջ մը բռնած կը հիւսէ, վերէն վար. ծայրերը մէկ մէկ հատ դեղին ոսկի կը կապեն, իսկ եթէ չքաւոր է աղջիկը, գունաւոր ժապաւէն մը կապելով կը գոհանան: Ուրախութիւնը կը տեւէ մինչեւ առաւօտ:

Կնքամայրը պատեհութենէն օգտուելով, հարսնցուն կ՛առանձնացնէ, հարկ եղած սովորութիւններն, օրէնքներն ու գիտելիքները բացատրելէ վերջ կ՛ըսէ.

- Աղջի՛կս Վարդօ (Վարդուհի), բախտաւոր ես որ վաղը պիտի ծաղկիս օղուլ, շատ աղջիկներ կ՛ուզեն այս քու բաց բախտը, բայց ձեռքերնին չիյնար: Ա՛լ հիմա պզտիկ չես, մեծցեր, ելեր կ՛երթաս. վաղը հարս պիտի ըլլիս, ընցէ ինես օր հօրդ ու մօրդ պատիւը բարսը պէյես (պահես):

Ինչ կ՛ընես ըրը՝ ըսել չի տաս թէ ճուռը կոյր էր օր մեր տունը, մեր բըրըշակը չի գար  բարով:

Կէսուր, կերսարոջ, տագր ու տագերոջ, հարսներուն ու տալոջ խօսքէն չելլաս, բոլորին առջեւ ալ խոնարհիր. հէ՛չ մէկին հետ ալ մի՛ խօսիր մինչեւ որ հարսնութենէ ելլէս երբ օր օրդ գայ:

Առաւօտէն (առտուընէ) սկսելով ալ դու մինակ քու գլխաւորիդ հետ պիտի խօսիս, ըն ըլ մինակ գիշերները, ցած ձայնով, մէկ մ՛ալ քեզնէ շատ պզտիկներուն հետ՝ ցած ձայնով պիտի կրնաս խօսիլ քօղիդ տակէն՝ լաչաքիդ ծարէն, որոնք վրայէդ պիտի հանես մինակ գիշերները երբ պառկիս:   

Մէկ մըլ, երբ վաղը Տէրը խսմաթ ընը երբ ձիուն նստիս, մէջքդ քիչ մը ծըռը, փէճերդ (ուս) ցածցո՛ւր: Հա՛, չի մոռնամ ըսելու որ պսակուած ատենդ կամաց մը փէսին մատը կսմըթը ու ըկր կրնաս նը ոտքիդ մէկն ալ ընոր ոտքին մատներուն վրայ դիր ու որու որ ոտք վրան դրուի՝ ընի շատ կ՛ապրի… Ըսի մենծունաց մնացած խօսքը՝ օղուլ ըկրքի կ՛ուզես օր դուն իրմէ առաջ մեռնիս՝ մի՛ դներ, ալ դուն գիտես»:

«Օղուլ Վարդօ՛, ինչպէս առաջ ըսի, հարսնից վերջը ա՛լ քեզի խօսիլ չկայ գործէն զատ, ի՛նչ ընենք, աշխարքիս օրէնքն է ատիկա: Ըկըր օր անպատճառ բան մը պէտք ըսես՝ օր շատ պէտքի բան է, գնա՛ պատին, փեթակին, սիւնին ըսէ՝ ընոնք կը հասկնան…: Մեծերը երբ քեզի բան մը հարցնեն, գլուխդ չանչելով (երերցնելով) հասկցուր, ակռաներդ իրար բեր, լեզուդ ալ անոնց ետեւ պահելով ձըդ-ձըդ ըրէ, ատիկա ո՛չ ըսել է: Իրիկունը մեծէն մինչեւ պզտիկը հանուեցուր, պառկեցուր, դուրսի հիւրերուն ոտնամաններուն սըրըմները (կապերը) քակէ, հանէ ոտքերնին տակ ջրով լուայ՝ եթէ կերսարդ այդպէս կամենայ: Գիշերը վերջին ճրագը մարողը դուն եղիր, առտուն ալ խորոզը կանչածին պէս թռիր էլիր, ճրագները վառը, կպցանքով կրակը վառը:

Կէսըրոջդ ջայրը (մանեակ) սկսիր, երբ որ ժամուն զանկը զարնը՝ գնա՛ քուլի (ամէնքը) մխթէ օր արթննան՝ ետքէն ալ հագուեցուր, մեծերուն ձեռքին զատ զատ ջուր լեցուր օր լուացուին եւ քեզ օրհնեն: Ըկըր նեղութիւն մ՛ալ ունենաս նը մարդու մի՛ ըսեր, պահը, ես ատեն ատեն կու գամ ինծի ըսը, քեզ կը հովահարեմ, անհոգ եղիր, ուրախ եղիր, հիմա էրթանք ծնողացդ օրհնէքն ալ առ»:

Վարդուհին գլուխը կախ, մաքուր հագուած, կու գայ հօրը քով վաղուան հրաժեշտը տալու եւ օժիտն առնելու. հօրը ոտքն ինկած, ձեռքերը կը համբուրէ, հայրն ալ իր ձեռքերը դրած աղջկան գլխուն՝ վարսերը շոյելով իր օրհնութիւնը կու տայ եւ կ՛ըսէ.

- Վարդուհի՛ս, քեզ տեսնամ, աղջիկս, լաւ հարս եղիր, մեզի պատիւ բեր, չըլլայ թէ մեր թշնամիները խնդացնես, մեծ ու պզտիկ յարգել գիտցիր, պատուել սորվիր: Առսուզութիւն չընես, քաշած նեղութիւնդ քեզի պահէ, ըկըր օր լացը պուկդ (կոկորդ), արցունքը երեսիդ ելլես, հոս գանգատիլ գաս՝ գիտցած եղիր որ քեզ խախք կ՛ընեմ, կը ծեծեմ (յանդիմանել), կը քըշփեմ ու թեւէդ բռնելով կերսարանցդ տունը կը տանիմ (առնանց) ասոր վստահ եղիր, հա՛:

Ահա ընտանիքի գաղտնեաց օրհնեալ կապը , որը անպատում կերպով կը կապէ ու կը կամրջէ մեծը պզտիկին, հինը նորին եւ կը դնէ երանաւէտ ընտանիքի մը զմայլելի հիմը…:

Ծնողաց այս խրախուսիչ խրատականը երջանիկ ընտանեաց հիմնաքարն է, որուն վրայ կը հիմնուի հայ գիւղացուն մաքուր, անբասիր ընտանեկան նախանձելի յարկը, հնազանդութեան, անձնուրաց վսեմ ոգւոյն վրայ: Եւ ահա այս ոգիով տոգորուած, փառապանծ ամուսնութիւնն է, որ տեւական մնացած է եւ պահած ընտանեկան սրբութիւնը:

Փեսային տանը տեսարանը բոլորովին տարբեր է, ուրախութեամբ արբշիռ տղան պաշարուած է փեսամանուկներով, ընկերներով ու դրացիներով, կնքահօրը քով: Փեսին «հալաՖը» նոր հագուստները պիտ՛ օրհնուի. ծրարը մէջտեղն է, քահանան տիրացուներով շրջապատուած, անուշահոտ խունկով ու երգեցողութեամբ կ՛օրհնէ «հալաՖը» խաչը ձեռին, Տէր Ողորմիան շրթներուն:

Այս արարողութենէն վերջ, ամէնէն հետաքրքրական եւ զուարճալի տեսարանը կը պարզուի:

Փեսան իր տեղը կը կանգնեցնեն, յատուկ խաղի ու երգի եղանակներով գովասանքներ կը շռայլեն մէկիկ, մէկիկ իր հագուստներն հագցնելով: Փեսան հագցնելու պատիւը կը տրուի կնքահօրը, որն իր կարգին ծրարը բանալով, նախ շապիկէն կը սկսի մինչեւ ամենայետին կտորը, իւրաքանչիւր հագուստին իր յարմար երգն երգելով եւ հագուեցնելով:

(փեսին մականուան ուղղելով):

Օրինակ.
Ասէք շնաուոր, փեսան շնաուոր,
Գլանենց ծառն է ծաղկեր շնաուոր,
Տէ հագցուցէք շապիկ շնաուոր,
Ասէք շնաուոր, բաճկոն շնաուոր,
Թալլիկը (գլխարկ) գլխուն դրէք շնաուոր:

Երկար ժամանակ սնտուկն սպասած,
Հագցուցէք գուլպան քոյրիկէն հիւսուած,
Թող հագնի գուլպան, փեսան շնաուոր:

Քաղքէն է բերուած, եամանիկն (կօշիկ) աղուոր,
Պապուն (հօր) դրամով հագնի շնաուոր:

Առէք շնաուոր ապըրշուն գօտին,
Պըլլեցէք մէջքը պապա կըտրիճին:
Դրէք գդակը, նաշխուն հըլունով,
Հիւսուած է հարսին բարակ մատներով:

Տուէք այլախը, կարմիր կապուտիկ,
Փեսին կը վայլէ հագնիլ խատուտիկ,
Կախեցէք թուրը մէջքէն քաջ փեսին,
Թող պահպան կանգնի ա՛ս տան նամուսին:
Փեսան շնաուոր, թուրը շնաուոր:

Թագը մեծ թագաւորին,
Աստղը պայծառ թագաւորին,
Ձիը վաղուկ թագաւորին,
Սուրը կտրուկ թագաւորին,
Երկնից անձրեւ, գետնի պտուղ, լոշ, լոշ, լոշ, լոշ:

Սոյն երկար ու փայլուն սուրը, որ փեսին մէջքէն կը կախուի, ձախ ազդրին երկայնքին ու պատրաստ ձեռք մը միշտ երեխակալին վրայ իր որոշ ու ազդեցիկ նշանակութիւնն ու իմաստն ունի մասնայատուկ պատմութեան մը հետեւանօք:

Ըստ աւանդութեան, Խօշմաթի քահանայ մը Պօլսոյ սուլթաններէն մէկէն մասնաւոր հրովարտակով մը ձեռք ձգելով, Բալու կը բերէ արտօնագրով մը միասին գործածելու համար ամէն հարսանեաց ժամանակ: Նոր փեսան այդ թուրը մինչեւ ութ օր իր վրայ կրելու իրաւասութիւն ունի, պահելու եւ պաշտպանելու իր եւ իր տան պատիւը եւ եթէ որեւէ մէկը չարամտօրէն փորձէ հարսին մօտենալ փեսան զայն սպաննելու իրաւունք ունի: Ասոր համար հին դարերէ ի վեր մինչեւ մեր օրերը երգուած է վերոյիշեալ թագաւորին նշանակալից երգը:

Միւս կողմէն, տիկիններ ու օրիորդներ հարսնցուն շրջապատած, հարսանեկան հագուստներ կը հագցնեն: Դուրսը ուրախութեան աղաղակները, զաւեշտական խաղերն ու «հարսը կ՛ուզենք»ի բացագանչութիւններն, տաւուլին ու զուրնային հետ օդը կը թնդացնեն: Տրոփումը հէգ աղջկան, որուն մարգարտանման արցունքի կայլակներն անընդհատ վար կը գլորուին կարմիր երեսներէն…:

Մայրն աղջկան պարանոցին փաթթուած, կը մղմղայ ըսելով. «եաման շատ դիժար է (դժուար) աղջիկ տալը, ի՞նչ մեծ տարտ է եղեր աղջիկէն բաժնուիլը. աս ի՞նչ բան էր գլխուս եկաւ, ընդի՛ն կեցէք, թո՛ղ տուէք, հեղ մը տահա պագնիմ Վարդոս»: Կրկին կը փաթթուին մայր ու աղջիկ ու օքիւր, օքիւր կը սկսին լալ ու արտասուել: Աղջիկը, լացը պուկը (կոկորդը) հեկեկալէն, բառերը կտոր, կտոր հազիւ կրնայ արտասանել ըսելով. «Մայրի՛կ, ախ անուշ մայր իմ, կաթդ եմ կերեր, հալալ ըրէ: Հայրի՛կ, վաստակ եմ կերեր, հալալ ըրէ» ու հօրը ձեռքը կը համբուրէ. «Հայ օղուլ, հայ, հալալ թող ըլլի». լեռնական հօր խրոխտ ձայնն ալ հազիւ կը լսուի ու կը փղձկի:

Էկուր հեղ մըն ալ էրէսդ պագնիմ, հոգիս, գիտեմ, ըկըր օր իմն ու մօրդ աղջիկն ես, դու շատ լաւ հարս պիտի ըլլես, էրէսնիս ճերմակ կը պէհէս, դուն հալալ կաթ ես կերեր: Աղջի՛կս, կեանքիդ օրերուն մէջ ա¯խ ու վա¯խ չի քաշես, Տէրը միշտ հետդ ըլլի», ըսելով ոսկիներու շարոցն հանելով, աղջկան վզէն կը կախէ, «Բարով վայլես զաւակս»: Աղջիկն ալ հազար շնորհակալութիւններով  ու տաք, տաք համբոյրներուվ հօրը երեսներն ու ձեռները  կ՛ողողէ, խոստանալով լիովին պահել հօրը խրատները:

Մայրը եւս կը խրատէ աղջիկն ըսելով. «Ձա՛գս Վարդօ (Վարդանուշ), առանց հրամանի սընկայ-հունայ (ասկից-անդին) չերթաս. միշտ գլուխդ ցած բռնէ, բերանդ խուբ, գլխուդ քար ալ սողան, կրակ ալ մաղեն, (չարչարելու տեսակներ) սուս կեցիր, ձան չի հանես, տունեցիներուն քույունուն (ամբողջին) հետ լաւ եղիր, անօթի կեցիր ու քէնցութիւն (ագահութիւն) մի ըներ, տնեցիներուն պասը չընես (պակասին վրայ խօսիլ) ոեւէ մէկուն, ինծի ըլ մի ըսեր»:

Այս փափուկ պարագային ազգականներ ու դրացիներ դժուարաւ կը յաջողին աղջիկը զատել իր ծնողաց թեւերէն, քաշքշելով դուրս կը տանին: Կը նայիս դրացի տարեց կիներէն մին կը բացագանչէ.

«Քա՛, ձեզի ի՞նչ եղաւ որ չաղայի (տղու) պէս կու լաք, խօշ մեռնելու չերթա՞ր եա. կտրեցէք ատ հեծկռտուքնիդ. դուռն ու ցուիքը կեցող մարդիկ քուլի (բոլորը) ի՞նչ կ՛ըսեն. ամօթ չը՞, մեղա¯յ: Ուրախ եղէք օր ըսօր տովլաթն (բախտ) եկեր է ձեր դուռն է կայներ, քըշկէր (երանի) մեր տունը գար». աղջկան թեւէն բռնելով՝ «հատէ՛ օղուլ, Վարդօ՛, հատէ, հըմ լանք, հըմ էրթանք», ըսելով դուրս կը տանի:

Հարսը ճերմակ ձիուն վրայ նստեցնելով, թափօրը կ՛ուղղուի դէպի եկեղեցի, ուր փեսացուն արդէն կը սպասէ անձկանօք: Քահանան կ՛անցնի պսակի արարողութեան. երկուքին գլուխներն իրարու փակցնելով, կարմիր խայթանով կը կապէ, աջ ձեռքերնին մէջէ մէջ. փեսան սուրին ծայրը կը դնէ հարսին աջ ոտքի մատներուն, որպէս տրապետութեան, առնականութեան նշան:

Աղջիկը չի մոռնար կնքամօրը տուած խարտը, կը փութայ ոտքին մէկը տղուն ոտքին վրայ դնել՝ շատ ու երկար ապրելու մտօք…: Պսակելէն, քահանային խրատականներէն ու շնորհաւորումներէն յետոյ պսակի արարողութիւնը վերջացած կը համարուի:

Շատ անգամ քանի մը զոյգերու պսակադրութեան արարողութիւնը միասին տեղի կ՛ունենայ եկեղեցւոյ մէջ: Կնքահայրը խաչը ձեռին, դպիրներն ու սարկաւագները ծնծղաներով, քշոցներով, խունկով ու բուրվառով պսակի արարողութենէն յետոյ զոյգերը կ՛առաջնորդէ եկեեղեցւոյ դուրսի դուռը, ուր հարսն ու փեսան ձիերու վրայ նստեցնելով, թափօրը կը շարժի…:

(Աղքատ դասակարգի զոյգերը հետիոտն կը քալեն):
Հարսանեաց ստուար թափօրը կը յառաջանայ Խօշմաթի կարեւոր փողոցներէն, ազգականներուն, հարուստներու դուռներուն առջեւէն մինչեւ կնքահօրը դուռը. բացառիկ պատիւ մը նկատելով ո՛ր դրան առջեւ որ կանգնին հոն խոնչայ (սեղան) կը հանուի, գինիի քառազները (կուժ) լեցուն դուրս կը բերուին, ինչպէս նաեւ զանազան աղանդներ, իրենց կարգին՝ շաքար, ընկոյզ, նուշ, չոր թութ, պաստեղ, թուզ եւ այլն:
Հարսին ու փեսին առջեւ թեւ խաղ խաղցողներ յաճախ կը փոխուին երգելով թագաւորին երգը: Երկար ժամերով փողոցները դեգերելէ յետոյ, վերջապէս կը հասնին փեսին հօրը տունը: Հոս հարսն ու փեսան ձիերէն վար կ՛առնուին. ամբոխը երկուքի կը բաժնուի՝ ճանապարհ տալու հարսին ու փեսին համընթաց քայլերուն, կնքահայրն ու կնքամայրը փեսամանուկներն ու նաժիշտները կը հետեւին:

Եթէ փեսին հայրը հարուստ է, պատշգամէն մանր դրամ կը նետէ զոյգերուն վրայ. փոքր տղաք զիրար հըրմշտկելով կը սկսին հաւաքել վար ինկած դրամները: Երբ հարսն ու փեսան դրան սեմին կը մօտենան, վայրկեան մը կանգ կ՛առնեն, ուր նոխազ մը (գառնուկ մը) կը մորթուի ի պատիւ իրենց. իսկ աղքատներն ալ աքաղաղ մը կը մորթեն: Հարսն ու փեսան թափած արիւնին վրայ կոխելով ներս կը մտնեն, կը յառաջանան տան մեծ սրահը, ուր նախապէս շարուած կ՛ըլլան սեղաննները, լիք ամէն տեսակ ուտելիքներով, խմիչքներով եւ մրգեղէններով: Փեսան սրահին մեծ սիւնին տակ կը կանգնի, սուրը աջ ձեռին երկարած եւ դրած աջ ոտքին վրայ, իսկ ձախ ձեռաց բթամատն ու ցուցամատը ամուր բացած, ճերմակ մետաքսէ թաշկինակով մը այդ մատներու բացուածքին մէջ դրուած, կը տանի դէպի շրթունքներն ու բերանը, գլուխը բարձր առնական կեցուածքով կը կանգնի ժամերով ու օրերով, մինչեւ որ գործած յանցանքները քաւէ հարսանիքին լրանալովը:

Հարսն ալ կիներու յարկաբաժնին մէջ, պատի մը կռթնած, քօղը երեսին, իր հարսանեկան հագուստով ու զարդարանքներով կը կանգնի: Երբեմն ալ իր ընկերուհիները կը նստեցնեն ճէհիզի (իրեն նուէր եղած հագուստներու) սնտուկին վրայ: Խեղճ հարսնուկը հոս կը սորվի համբերութեան ու հնազանդութեան առաջին դասը…: Զինք շրջապատող կիներն ու աղջիկները կը քաւեն, կը պարեն, ուրախութեան մէջ են: Աղջիկներ իրմէ տարոս կ՛ուզեն: Հարսը լուռ ու մունջ յաջորդ պատահարին կը սպասէ…: Մեծ ու հարուստ տուներու հարսանիքն առհասարակ կը տեւէ եօթը օր, ուր շեփորը կը փչէ եւ թմբուկը կը զարնէ: Խաղցողներու շարքը կը փոխուի, իսկ աղքատ կամ միջին դասակարգի հարսանիքները միայն երեք օր կը տեւեն: Հարսը շաբաթ մը կնքամօրը տունը պահելէ յետոյ կրկին կը բերեն փեսին տունը:

Այսպէս, հարսանիքէն յետոյ, տան անդամներուն վրայ հատ մը եւս կ՛աւելնայ, այն է նոր հարսը, ամէնուն սպասուհին…: