Խօշմաթի պատմականը - Տոքթ. Մարտիրոս Յ. Չագոյեան

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Երկու Խօսք

Վարդան Վարդանեան

ՄԱՍ 1

Գլուխ Ա. — Բալուն եւ բերդը

Գլուխ Բ. — Վանքեր եւ սրբավայրեր

ՄԱՍ 2

Գլուխ Ա. — Բալահովիտի կրթական կեանքը

Գլուխ Բ. — Հայոց միացեալ ընկերութիւնը բալահովիտի մէջ

• Հաւաւ

• Ներխի

Գլուխ Գ.

• Բալահովիտի գիւղերը

• Վիճակագիր Բալուի – հայաբնակ գիւղօրէից

• Բալահովիտի մեծ երկրաշարժը

ՄԱՍ 3

Գլուխ Ա.

• Խօշմաթ

• Եկեղեցին (Սբ. Աստուածածին)

• Խօշմաթի եկեղեցին

• Կղերականներ

Գլուխ Բ.- Սրբավայրեր

• Ապտըլ - Մըսէհ (Տօնակ)

• Սուրբ Խաչ

• Սբ. Կաթողիկէ

• Սբ. Կիրակոս

• Սբ. Մանկիկ

Գլուխ Գ.

• Աղբիւրներ

• Դաշտային աղբիւրներ

• Մարդակերպ քարեր

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթի դպրոցասիրաց միութիւնը եւ դպրոցը

• Ուսուցիչներ (1880-96)

• Խօշմաթի բարձրագոյն դպրոցի անդրանիկ շրջանավարտները

• Խօշմաթի արձրագոյն դպրոցի վերջին շրջանավարտները (1913 - 1914)

• Խօշմաթը՝ ինչպէս տեսայ

Գլուխ Ե. — Խօշմաթի մտաւորականները

• Առաքել Պապաճանեան

• Պետրոս Էֆենտի Ֆէրմանեան

• Համբարձում Ուլուսեան

• Վահան Ուլուսեան

• Վարդան Տիրատ

• Կարապետ Յ. Գլանեան

• Սարգիս Պ. Գլանեան

• Թորոս Գլանեան

• Պետրոս Փափազեան

• Պօղոս Յակոբ Չագոյեան

• Յարութիւն Վարդանեան

• Մանուկ Ծաղիկեան

• Գաբրիէլ Ֆրանկեան

• Տիգրան Ղազարոս Պետիկեան

• Յակոբ Ղազարոս Պէտիկեան

• Միքայէլ Խօճօյեան

• Պօղոս Տէրատուրեան

• Համբարձում Յարութիւնեան (Պուրնուսուզեան)

• Բեդլեհէմ Մարգարեան (Շաղուկեան)

• Մկրտիչ Մալեան

• Պօղոս Փափազեան

• Գարեգին Կարապետեան

• Տէր Մանուկ Քահ. Խոճայեան

• Յովհաննէս Գլանեան

Գլուխ Զ. — Խօշմաթի դպրց. կարեւոր ձեռնարկները

Գլուխ Է. — Խօշմաթի տիկնանց բարեխնամ (կարօտելոց) միութիւնը

Գլուխ Ը. — Ճարտարապետներ

• Ազնաւուր Էֆենտի Խօճայեան

• Թորոս խալիֆա Մալեան (Ղազարեան) Գարա Թորոս

• Մարտիրոս Ղազարեան

• Սիմոն Խալիֆա Պէտիկեան կամ Մելքոնեան

• Առաքել Միլիտոսեան

• Կարապետ Միլիտոսեան

• Սահակ Ուլուսեան

• Հաճի Գրիգոր Միլիտոսեան

• Տօնապետ Խաբլոյեան (Արղընցոնց)

• Մարգար Շաղուկեան

• Գօգոնա Վարդան (Փառահեղ ճարտարապետ)

Գլուխ Թ. — Զանազան արհեստներ

• Հիւսնութիւն

• Որմնադրութիւն

• Կտաւագործութիւն

• Բրուտութիւն

Գլուխ Ժ. — Գործարաններ

• Խօշմաթի ձէթի հանքերը

• Երկնաքար

• Մրգեղէններ

• Բանջարեղէններ

ՄԱՍ 4

Գլուխ Ա. — Աւանդական սովորութիւններ

• Կաղանդ

• Սբ. Ծնունդ

• Բարեկենդան

• Զատիկ

• Հարսանիք

• Հարսին կեանքը

• Երգերու նմուշներէն

• Ընտանեկան բժշկութիւններ ու դեղեր

• Մաղթանքի օրհնութիւններ

• Անէծքներ

• Չարագուշակութիւն

• Երազահանութիւն

• Հանելուկներ

• Առակներ

• Գեղջական ասացուածքներ (ասուլիսներ)

• Գործածական ոճեր

• Զանազան խաղեր (Արանց)

• Մեծերու խրատականները

Գլուխ Բ. — Պատմական դէմքեր ու դէպքեր

• Արժ. Տէր Խաչատուր Քհ. Շիրոյեան

• Արժ. Տէր Ռէթէոս Սիմոնեան

• Մարտիրոս Շահին Չագոյեանի քաջագործութիւնը

• Սարգիս ԷՖ. Ծաղիկեանի թագաւորական նշանը

• Պօղոս Յարութիւնեան

• Նազար Նազարեան

• Երկ-փայտին կրկնակ զօրութիւնը եւ Խաչիկ Չագոյեան ձեռաց մէջ

• Սարգիս Վարդանեանի խեղդուիլը

• Դրուագ մը Սուքիաս Տեփոյեանի քաջութենէն

• Մեր բաժանումը Խօշմաթէն եւ Սբ. Մանկիկի բարեխօսութիւնը 1896-ին

• Եօթ երտիսարդներու բաժանումը

• Փոքր դրուագներ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքէն

• Փարոյի արեւանգումը

• Հարկահաւաքները

• Պերտրոս Սիմոնեանի միջադէպը

• Հետաքրքրական «յուշեր» Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանի կեանքէն (Գօգօն)

• Մարտիրոս Չաղուկեանի (Գալոյեան) դրուագներէն մին

• Դրուագ մը Սարգիս Շահին Շագոյեանի կեանքէն

• Յակոբ Թաթիկեան (Ալի Պապա)

• Բարդ մը հաւկիթին պատմութիւնը՝ Յարութիւն Տէրատուրեանի միջադէպը

• Խօշմաթի նախըրճին (խաշնարածը), Սարգիս Շահրիկեան

• Նախըրճուն միջադէպը

ՄԱՍ 5

Գլուխ Ա. — Բալուի տխրահրչակ պէտերը

• Քէօր Ապտուլլա Պէյ

• Խօշմաթեաններ եւ պէյեր

Գլուխ Բ.

• Խօշմաթի հերոսամարտը - 1897

• Արիւնահեղ ընդհարումը

• Պէյերու դատավարութիւնը

• Պէյերու վախճանը

• Խօշմաթ գիւղի մելիքները

Գլուխ Գ. – Ջարդի հրամանը – Սբ. Աստուածածնայ ժողովը

• Կարապետ Գլանեանի եւ Միսաք Շաղուկեանի (Գալոյեան) դիրքը (Կարապետ Գլանեանէն)

• Խաչատուր Շիրոյեանի Յուշերէն (Քանատայէն)

• Մկրտիչ Թարայեանի (Մարսէյէն) - արիւնոտ յուշերէն նօթագրուած

• Աբգար Սիմոնեան

• Պաղտասար Տէրատուրեանի (Մարսէյէն) ականատեսութիւնը

Գլուխ Դ.

• Խօշմաթցի հին զինուորականներ

• Խօշմաթի կամաւորները

• Դրուագ մը կամաւորական կեանքէ

• Դրուագ մը Բենիամին Շաղուկեանի կեանքէն (կամաւոր)

• Խօշմաթցի այլ զինուորներ

Գլուխ Ե. – Ծագումով խօշմաթցիներու պատկերներ

Գլուխ Զ. – Գլուխ Զ.- Պօլսոյ խօշմաթցիներու գործունէութիւնը (քաղուած՝ լուսահոգի Թորոս Գլանեանի գրութենէն)

Գլուխ Է. – Սփիւռքի խօշմաթցիներ

• Ֆրանսաբնակ խօշմաթցիներ

• Խ. Հայաստան եղած խօշմաթցիներ

• Սուրիաբնակ խօշմաթցիներ

• Քանատայի մէջ սեփական գործ ունեցողներ

• Ամերիկաբնակ խօշմաթցիներ

Մարտիրոս Ղազարեան

   
 Խօշմաթի ամէնէն ցայտուն եւ աչքառու ճարտարապետն եղած է. իր շատ երիտասարդ օրերուն գիւղին հրաժեշտ տալով՝ Պօլիս գացած եւ իր բնածին կարողութեանց եւ իրեն ծանօթ տարեց ճարտարապետներու շնորհիւ տիրացած է գեղարուեստի այս նրբաճաշակ ճիւղին: Եւրոպական կրթեալ ճարտարապետներու թեւին տակ հաւաքելով իր հմտութիւնն ու փորձառութիւնը, մեծ համբաւ մը կը շինէ իր անուան շուրջ: «Գամ չի բռնող, գամ զարնող խոշմաթցին» տիտղոսը կը տրուի իրեն:

Անգամ մը, երբ Սուլթանն իր կիսաշէն պալատին մէջ ման կու գայ ծպտուած, յանկարծ մեր Մարտիրոսը ետին կը դառնայ, որ մէկը կանգնած ապշահար զինքը կը դիտէ. «Ի՛նչ կը նայիս, կ՛ըսէ, հոս ծոյլերու տեղ չէ. ա՛ռ այս մուրճը եւ օգնէ ինծի, որ շուտով լրացնենք մեր վեհափառ թագաւորին պալատը»: Թագաւորը հիացած, մասնայատուկ նշան մը կը պարգեւէ Մարտիրոսին՝ տեսնելով երիտասարդին տաղանդը, աշխուժութիւնը, եռանդն ու հաւատարմութիւնը:

Սարալանջի այս ազատ զաւակը, բռնակալութեան ստուերին տակ իր բովանդակ էութեամբ կը ցնցուէր, երբ կը լսէր գաւառի իր հայրենակիցներուն մղձաւանջն ու անլուր տառապանքներուն մասին: Յեղափոխութեան կը մասնակցի առողջ թելադրութիւններով ու գաղտնի տեղեկութիւններ հայթայթելով հայ յեղափոխականներուն: Պապ-Ալիի ցոյցէն յետոյ, կասկածելիներուն հետ կ՛աքսորուի իր ծննդավայրը՝ Խօշմաթ: Իր կարողութեան չափանիշը երեւան կու գայ հետեւեալ դէպքէն, որուն շատ շատեր  ականատես վկաներն են եղած:

Կը պատմուի թէ իր օրերուն, երբ Տիգրանակերտի մեծ մզկիթին աշտարակը ծռած էր, ի զուր Պօլսէն եկող ճարտարապետներ կը փորձէին շտկելու, առանց համարձակութեան: Լուսնակ գիշեր մը, երկու ոստիկաններ 80 ամեայ ծերունի Ղազարեանը քունէն արթնցնելով, հապճեպով Տիգրանակերտ կ՛ուզեն տանիլ: Ղազարեան այլայլած մի գուցէ սադրանք մը սարքուած ըլլայ, անմիջապէս ներսէն իր թագ. նշանը բերել[ով] ցոյց կու տայ: Զինուորները խոնարհելով նշան[ին] առջեւ կ՛ըսեն. «Ճիշդ մեր փնտռած մարդը դուն ես: Տիգրանակերտի հոյակապ մզկիթին աշտարակը այնքան ծռած է, որ փլչելու վերահաս վտանգին մէջ է եւ Պօլսէն գալող բոլոր ճարտարապետներն ալ յուսահատ ետ վերադարձած են: Փաշային հրամանն է ձեզ տանիլ նայելու ու ճար մը գտնելու ծռած աշտարակին…»։

Մասնաւոր ձիու մը նստեցուցած երբ Տիգրանակերտ կը հասնին, հեռուէն կը նշմարէ կոր աշտարակը: Մօտեցած լաւ մը քննելէ յետոյ, կը հրամայէ իրեն օգնական հասցնել՝ Յովակիմ Թաթիկեան, Պօղոս Գլանեան Խօշմաթէն, ինչպէս նաեւ Պետրոս Արղընցեան…Երկու շաբաթ վերջ ծռած աշտարակը շիփ-շիտակ դէպ երկինք կը նայի, կարծես Ալլային փառք տալու: Փաշան երախտագիտութեան ի նշան 90 ոսկի նուէր կու տայ Ղազարեանին: Վերջինը համեստօրէն կը մերժէ ընդունիլ նուէրը: