Տէր Մկրտիչեան հաւաքածոյ – Ֆրեզնօ
Հեղինակ՝ Զարուհի Տէր Մկրտիչեան, թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 18/10/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/10/2023)
Տէր Մկրտիչեան ընտանիքը կրնայ իր ծագումը առած ըլլալ Աղա Յովհաննէս Արծրունեանէն կամ Արծրունիէն (18-րդ դար): Վանեցի հարուստ գործարար եւ վաճառական, Աղա Յովհաննէս մկնդեղի հանքեր ունէր Ճուլամերիկի շրջանին մէջ: Ան մկնդեղը կ’արտահանէր Պոլիս, ուր կը վաճառէր տեղի վարպետ նկարիչներուն եւ պալատ կառուցողներուն: Ընտանիքը կը պնդէ, որ ծագում առած է Արծրունիներու տոհմէն, որ միջնադարուն կ’իշխէր Վանի շրջանին մէջ:
Սուլթան Սելիմ Գ.ի (1761-1808) օրօք խումբ մը ենիչէրիներ կ’ապստամբին Վանի շրջանին մէջ: Ապստամբութիւնը ճնշելու համար Բարձր Դուռը բանակ մը կը տեղակայէ շրջանին մէջ: Այդ ժամանակ Յովհաննէս Աղա Արծրունեան Պոլիս կը գտնուէր: Կ’ըսեն, թէ ան իշխանութիւնները համոզած է, որ իր բարեկամը՝ Սատիք փաշան ղրկեն Վան՝ ղեկավարելու ապստամբութիւնը ճնշելու յանձնարարուած բանակը: Սատիք փաշա Վան կը ժամանէ 1801 թուականին: Յովհաննէս Աղա կը դառնայ անոր մերձաւոր խորհրդականը: Սատիք կը յաջողի խաղաղեցնել շրջանը եւ խիստ միջոցներ կը ձեռնարկէ ապստամբներու առաջնորդներուն դէմ: Սակայն Վանի ենիչէրիները դեռ չէին ըսած իրենց վերջին խօսքը: Անոնք կը վերակազմակերպուին, եւ օր մը ամբոխին աջակցութեամբ կը յարձակին Սատիքի առանձնատան վրայ: Սատիք փաշա կը յանձնուի եւ անմիջապէս կը սպաննուի: Այնուհետեւ ամբոխը կը բռնէ Յովհաննէս Արծրունեանը եւ կը հրամայէ իսլամութիւն ընդունիլ: Յովհաննէս Աղա կը հրաժարի եւ տեղւոյն վրայ կը սպաննուի: Ապա ամբոխը կը յարձակի Արարք թաղամասին մէջ գտնուող անոր տան վրայ: Ընտանիքին բոլոր անդամները կը սպաննուին, բացի որդիէն՝ Տեւլէթ Տեւլէթեանէն, Տեւլէթի կնոջմէ եւ անոնց մանկահասակ որդիէն՝ ապագայ Տէր Կարապետէն՝ Տէր Մկրտիչեան տոհմի անմիջական նախահայրէն:
Տէր Կարապետ Այգեստանէն հարաւ՝ Արարքի հրապարակին վրայ գտնուող Արարուց Սուրբ Աստուածածին (Արարքի Սուրբ Աստուածածին) կամ Այրհարուց եկեղեցւոյ ծխական քահանան էր: Ունեցած է որդի մը, որ հետագային քահանայ ձեռնադրուած է Տէր Մկրտիչ անունով: Տէր Մկրտիչ ամուսնացած է Մուղսի Մարիամի հետ: Կ’ունենան հինգ զաւակ՝ Անթառամ, Սրբուհի, Աւետիս, Կարապետ եւ Մարտիրոս:
Մարտիրոս ծնած է 1843 թուականին Արարքի Խանիկեան թաղամասին մէջ, Այգեստան, Վան: 1877-ին ամուսնացած է Յակոբ Պասեանի դստեր՝ Հռիփսիմէ Ոսպնեպասեանի (կամ Պասեանի) հետ: Ունեցած են տասը զաւակ, որոնցմէ ողջ մնացած են հինգը՝ Անուշաւան, Նուարդ, Անահիտ, Հրանոյշ եւ Մարինա:
Մարտիրոսի ընտանիքն ունէր երկյարկանի, չորս սենեականոց աղիւսաշէն տուն մը Վանի առեւտրական թաղամասէն մօտ վեց մղոն հեռու՝ Խաչ Փողանի եւ Սանտէ Փողանի վրայ: Ընտանիքն ունէր նաեւ արօտավայր մը եւ պտղատու այգի մը Ուրբաթ Արուին մէջ, եւ աւելի քան 20 խանութ Արարուց թաղամասին մէջ: Մարտիրոս 16 տարեկանին մեկնած է Շահպաղ գիւղ՝ որպէս ուսուցիչ աշխատելու: 1888 թուականին իր տան մէջ բացած է մանկապարտէզ մը Հռիփսիմեան վարժարան անունով: Սա Վանի մէջ օրիորդաց առաջին դպրոցն էր:
1910-ին Մարտիրոս քահանայ կը ձեռնադրուի Կտուց վանքին մէջ եւ կ’անուանուի Մելքիսեդեկ (կամ Մելքիսէթ): Հեղինակած է մանկական բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ, նաեւ յօրինած է բազմաթիւ երգերու երաժշտութիւնը:
1915-ի Վանի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ Տէր Մելքիսեդեկ իր ընտանիքը կը տանի Վանի միսիոնարական համալիր՝ ապահովութեան համար: Երբ քաղաք մտած ռուսական բանակը կը նահանջէ յուլիսին, տեղացիները չէին կասկածեր, թէ քաղաքին բոլոր հայերը պիտի սպաննուին: Տէր Մկրտիչի ամբողջ ընտանիքը կը պատրաստուի հեռանալու: Վանի տասնեակ հազարաւոր հայեր յուլիս-օգոստոսին փախուստ կու տան դէպի ապահով Ռուսահայաստան: Ճամբուն վրայ շատեր կը մահանան սովէն, հիւծուածութենէն եւ հիւանդութիւններէն: Այս տարագրութեան ժամանակ, Դիլիջանի մէջ տիֆէն կը մահանայ Տէր Մելքիսեդեկի եւ Հռիփսիմէի դուստրերէն Անահիտը:
Քայքայուած ու հիւանդ հասնելով Աշտարակ՝ ընտանիքը կը մնայ այս քաղաքին մէջ, մինչեւ որ Տէր Մելքիսեդեկի՝ Ամերիկա գտնուող որդին՝ Անուշաւանը որպէս կամաւոր կը վերադառնայ Հայաստան: Անուշաւան կը գտնէ իր ընտանիքը եւ զայն կը փոխադրէ Թիֆլիս: Տէր Մելքիսեդեկին կ’առաջարկուի Ռուսիոյ հարաւի Եքաթերինոտար (ներկայիս՝ Քրասնոտար) քաղաքի հայոց ծխական քահանայի օգնականի պաշտօնը: Ան կ’ընդունի, եւ ընտանիքը մէկուկէս տարի հոն կ’ապրի:
Անուշաւան այնուհետեւ Ճաբոնի վրայով կը վերադառնայ Ամերիկա: Եոքոհամայի մէջ կը հանդիպի Ճաբոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Տիանա Աբգարին, որ անոր կ’՚օգնէ՝ Ամերիկա մեկնելու վարկ տրամադրելով: Գալիֆորնիոյ մէջ Անուշաւանի ընկերը կը դասաւորէ, որ Տէր Մելքիսեդեկ ծառայէ որպէս Գալիֆորնիոյ Ֆաուլեր քաղաքի Սուրբ Գրիգոր հայառաքելական եկեղեցւոյ ծխական քահանայ: Տէր Մելքիսեդեկ, երէցկին Հռիփսիմէ, Անուշաւանի կինը՝ Ռաքէլ եւ իրենց երեխաները՝ Լիւսի եւ Աննա/Էնն, կը մեկնին Ամերիկա: Անդրսիպերիական երկաթուղիով անոնք կը հասնին 6000 մղոն հեռու գտնուող Վլատիվոսթոք, ուր նաւ կը նստին դէպի Եոքոհամա: Ճաբոնի մէջ քառասուն օր կանգառէ յետոյ ճաբոնական Tenyo նաւով կը հատեն Խաղաղական ովկիանոսը եւ կը հասնին Սան Ֆրանսիսքօ, Գալիֆորնիա, ուրկէ երկաթուղիով կը մեկնին նոյն նահանգի Ֆաուլեր քաղաք:
Տէր Մելքիսեդեկ 1918-ի մարտին կը ստանձնէ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ հովւութիւնը եւ կը ծառայէ մինչեւ վախճանումը 19 մարտ 1919-ին: Ան կը մահանայ «սպանական կրիփ» կոչուած համաշխարհային համաճարակին ժամանակ: Ընտանիքին անդամներն ալ կը վարակուին. հիւանդ ըլլալով՝ չեն կրցած մասնակցիլ քահանային յուղարկաւորութեան: Հռիփսիմէ ընտանիքին հետ կ’ապրի մինչեւ իր մահը 1947-ին:
Ի վերջոյ, Տէր Մելքիսեդեկի Նուարդ ու Մարինա դուստրերն ալ իրենց ընտանիքներուն հետ ճամբայ կ’ելլեն դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Անուշաւան Տէր Մկրտիչեան
Անուշաւան ծնած է 15 յուլիս 1879-ին: Ան Տէր Մելքիսեդեկ եւ Հռիփսիմէ Տէր Մկրտիչեաններու միակ որդին ու աւագ զաւակն էր: Կրթութիւնն ստացած է Վանի Սրբոց Թարգմանչաց դպրոցին մէջ: Երկուշաբթի, 3 յունիս 1896-ին, Անուշաւան կ’օգնէ փրկելու դասընկերներուն կեանքը, երբ ամբոխը կը յարձակի քաղաքին վրայ: Վեց օր հայերը դէմ կը դնեն խուժանի յարձակումներուն: Ի վերջոյ, բոլոր հայերուն կը յանձնարարուի տարհանուիլ՝ նախքան թուրքերու կողմէ քաղաքին գրաւումը: Ի վերջոյ, հայերը կը վերադառնան եւ կը սկսին վերակառուցել իրենց թաղերն ու կեանքը՝ հակառակ իրենց առջեւ ծառացած հսկայական դժուարութիւններուն:
Անուշաւան կը դառնայ Օսմանեան տէրութեան հայկական ամենահին քաղաքական կուսակցութեան՝ 1885-ին Վանի մէջ հիմնուած Արմենական կուսակցութեան կարեւոր անդամ: Իշխանութիւնները քանի մը անգամ կը ձերբակալեն եւ կը բանտարկեն զայն: Իր յեղափոխական ասպարէզին ընթացքին ան յաճախ հակադրուած է հակառակորդ կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Անուշաւան ի վերջոյ կը ձգէ Վանը եւ կը տեղափոխուի Ուրմիա (Պարսկաստան), ուր ինքզինք աւելի ապահով կը զգար: Հոն կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ՝ Հաճի Աղա Օհաննէս Սահակեանի եւ Զարուհի Սահակեանի (ծնեալ Պէյլերեան) դուստր Ռաքէլ Սահակեանին: Ռաքէլ 15 տարեկանին կը նշանուի Անուշաւանի հետ: Մէկ տարի ետք` 6 դեկտեմբեր 1908-ին անոնք կ’ամուսնանան:
Զոյգը կը վերադառնայ Վան, ուր Անուշաւան կ’աշխատէր փայտամշակման ոլորտին մէջ: Սակայն օսմանեան իշխանութիւնները կեղծ մեղադրանքով զայն կը ձերբակալեն երրորդ անգամ ու կը բանտարկեն: 1911 թուականի աշնան ազատ արձակուելէ ետք Անուշաւան կ’որոշէ վերջնականապէս հեռանալ Վանէն եւ գաղթել Ամերիկա՝ լայն աշխարհին տեղեկացնելու Վանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Ամերիկայի մէջ ան կը դառնայ Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան (Հ. Ս. Ռ. Կ.) անդամ, որ 1 հոկտեմբեր 1921 թուականին գոյառած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գլխաւոր բաղադրիչներէն է:
Բազմաթիւ արկածներէ ետք, Անուշաւան վերջապէս կը հասնի Լոնտոն, ապա՝ Լիվըրփուլ: Ան կը հատէ Ատլանտեան ովկիանոսը ու կը հասնի Մասաչուսեց նահանգի Չելսի քաղաքը, ուր կ’ապրէին իր աներն ու զոքանչը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբին Անուշաւան կը մեկնի Կովկաս՝ Թիֆլիս, ուր կը դառնայ հայ կամաւորական գումարտակներու ղեկավարներէն: Թիֆլիսէն կը հասնի Էջմիածին, ուր կը սկսի փնտռել իր ընտանիքը՝ լսած ըլլալով, որ Վանի հայերը նահանջած են այդ ուղղութեամբ: Ան կը գտնէ իր ծնողները, քոյրերն ու կինը: Ռաքէլ մահուան շեմին էր: Անուշաւան կը գտնէ բժիշկներ, որոնք կը փրկեն կնոջ կեանքը: Երբ Հ. Ս. Ռ. Կ.ը կը համոզուի, որ չի կրնար փոխել իրադարձութիւններուն ընթացքը Հայաստանի մէջ, Անուշաւան ետ կը կանչուի Ամերիկա:
1916 թուականին Անուշաւան կը ճամբորդէ Անդրսիպերիական երկաթուղիով՝ վերադառնալու Ա. Մ. Ն.: Ան կանգ կ’առնէ Գալիֆորնիոյ Ֆաուլեր քաղաքին մէջ՝ ընկերներուն այցելելու համար: Այնտեղ գտնուելու ընթացքին անոնք իր հօր՝ Տէր Մելքիսեդեկի համար կ’առաջարկեն Ֆաուլերի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ ծխական քահանայի պաշտօնը: Հայրը կ’ընդունի առաջարկը, եւ 1917 թուականին ամբողջ ընտանիքը կը վերամիաւորուի Ֆաուլերի մէջ:
Անուշաւան ու Ռաքէլ արդէն ունէին երկու դուստր (Լիւսի եւ Անահիտ/Էնն), որոնք ծնած էին մինչեւ Ամերիկա տեղափոխուիլը: Ամերիկայի մէջ կ’ունենան եւս մէկ դուստր` Արմենուհի (բոլորին ծանօթ է Արմէն անունով) եւ երեք որդի՝ Մելքիսեդեկ (Պապիկ, կրճատ՝ Պոպ), Վահագ[ն] եւ Պարոյր:1930-ական թուականներուն անոնք կ’ապրէին պարզ կեանքով՝ որպէս ագարակապան աշխատելով շարք մը փոքր ռանչոներու մէջ:
Անուշաւան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ. Բ. Ը. Մ.) Պոուլզ-Օլէանտըրի մասնաճիւղի, Ֆաուլերի Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ (ուր ան ծառայած է որպէս Ծխական Խորհուրդի անդամ), հայկական դպրոցին, Վասպուրական Ընկերութեան (որու ատենապետն էր) եւ Հայկական Բարեկամութեան Ընկերութեան երեւելի դէմքերէն էր: Ան պատկառազդու բանախօս էր եւ բազմաթիւ նախագիծերու համար միջոցներ հայթայթելու գործին մէջ շատ յաջողակ: Կինը՝ Ռաքէլը, Սուրբ Գրիգոր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, Հ. Բ. Ը. Մ.ի, Ռ. Ա. Կ.ի եւ Վասպուրական Ընկերութեան աշխոյժ անդամներէն էր: Անուշաւան եւ Ռաքէլ որպէս լաւ ամերիկացի դաստիարակած են իրենց զաւակները, որոնք գործունեայ էին իրենց գաղութներուն մէջ: Ունէին 16 թոռներ:
Անուշաւան մահացաւ 1 նոյեմբեր 1966-ին, իսկ Ռաքէլ՝ 19 ապրիլ 1997-ին: