Մերսին: Առջեւի շարքին նստած ֆէսով անձը Աւետիս Տէր Աւետիսեանն է։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։

Տէր Աւետիսեան եւ Տինքճեան հաւաքածոյ – Լոս Անճելըս, Նիկոսիա

Հեղինակ՝ Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեան, 10/04/24 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 10/04/24)

Նախնիներու պատմութեան մէջ կան անթիւ յուշեր ընտանիքներու մասին, որոնց կեանքը ձեւաւորուած է փոթորկալից ժամանակներու, գաղթի պայմաններու տակ եւ աւելի լաւ ապագայի ձգտումի նպատակով: Տէր Աւետիսեան եւ Տինքճեան ընտանիքներու պատմութիւնը նման ճանապարհորդութիւն մըն է. պատմութիւն մը, որ կ’անցնի սերունդներու ընդմէջէն եւ կ՚ընդգրկէ աշխարհի տարբեր անկիւնները: 

Այս յօդուածը մեծ մասամբ հիմնուած է Սարգիս Տէր Աւետիսեանի` անգլերէնով գրած ընտանեկան պատմութեան վրայ: Սարգիս մահացած է 2017-ին, այնուհետեւ իր կինը՝ Հայկուհի (ծնեալ Ասիլեան) նոր տեղեկութիւններով թարմացուցած է այս պատմութիւնը: Հայկուհի կը մահանայ 2023-ին: Անոր փափաքն էր, որ այս պատմութիւնը լոյս տեսնէ Յուշամատեան կայքէջին մէջ:

Սարգիսին գրութիւնը տոկունութեան, վճռականութեան եւ աւելի լաւ կեանքի ձգտումի ընտանեկան պատմութիւն մըն է: Հոն յիշատակուած անձերուն կեանքի ճանապարհորդութիւնը կը վկայէ դժբախտութիւնները յաղթահարելու եւ հնարաւորութիւններէն օգտուելու կարողութեան մասին:

Տէր Աւետիսեան ճիւղը (Ատանա, Մերսին)

Աւետիս Տէր Աւետիսեան (1863–1942)

Աւետիսին հօրական մեծ հայրը կապոյտ աչքերով ու միջին հասակով, բազմակողմանիօրէն զարգացած անձ մըն էր: Կ’ենթադրենք թէ ան ծնած էր Ատանա: Աւետիսի ծնողներն էին Յովհաննէսը եւ Հռիփսիմէն, որոնք ունէին չորս զաւակ. Խաչատուր, Մարիամ (1865–1937), Աննուք եւ Աւետիս: Ցեղասպանութեան տարիներուն կը սպաննուին Աննուքը, ամուսինը եւ երկու զաւակները՝ Պօղոսը եւ Հայկանուշը: 

Աւետիս եղած է հայերէնի ուսուցիչ եւ ծառայած է որպէս երկաթուղային կայարանի վարպետ Օսմանեան տէրութեան Ատանա-Մերսին երկաթուղագիծին վրայ: Աւետիս մեծ յարգանք վայելող անձնաւորութիւն էր Նիկոսիոյ համայնքին մէջ: Ան եկեղեցւոյ ժամկոչն էր, աշխուժօրէն կը մասնակցէր եկեղեցական արարողութիւններուն եւ հաւատացեալները կը հրապուրէր իր գեղեցիկ երգեցողութեամբ: Ան նաեւ սայլապան էր, երկար ճանապարհներ կը կտրէր՝ զբաղելով առեւտուրով: Աւետիսին համար շատ թանկարժէք ու առանձնայատուկ էին իրեն հպարտութիւն պարգեւող երկու ունեցուածք՝ փողային երգեհոն մը ոտնակներով եւ գրպանի ոսկեայ ժամացոյցը:

Մերսին: Ըստ լուսանկարին վրայի գրութեան՝ թուականը 1 յունուար 1889-ն է: Նկարին կեդրոնը նստած ֆէսով անձը Աւետիս Տէր Աւետիսեանն է, որ շրջապատուած է Մերսինի հայկական եկեղեցիի երգեցողութեան դասին հետեւող աշակերտուհիներով:
Մերսին: Առջեւի շարքին նստած ֆէսով անձը Աւետիս Տէր Աւետիսեանն է, որ շրջապատուած է Մերսինի հայկական եկեղեցիի երգեցողութեան դասին հետեւող աշակերտներով: Աւետիսին առջեւ կ’երեւի իր սիրելի երգեհոնը, որ հետագային յաջողեցաւ իրեն հետ փոխադրել Կիպրոս եւ մինչեւ այսօր կը պահուի իր շառաւիղներուն քով: Աւետիս եկեղեցիին ժամկոչն էր, կը նուագէր երգեհոն եւ կ’երգէր եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ:

Փաստաթուղթերուն հիմնական տեղեկութիւնները վերծանեց եւ թարգմանեց Գէորգ Եազըճեան։​​​​​​​

Նարին Ճազմատարեան (1882–1956)

Սարգիսի հօրական մեծ մայրն էր Նարին Տէր Աւետիսեանը (ծնեալ Ճազմատարեան): Ան ծագումով Օսմանեան տէրութեան Կեսարիա (Քայսերի) քաղաքէն էր: Հօր անունն էր Ահարոն, մօրը՝ Մարիցա (ծնեալ Զելվէեան, 1862–1932): 1899-ին, երբ Նարին 17 տարեկան էր, կ’ամուսնանայ դպրոցի իր ուսուցիչին՝ Աւետիս Տէր Աւետիսեանին հետ, Մերսինի մէջ: Ունեցած են երեք որդի, որոնցմէ մէկն է Սարգիսին հայրը՝ Օննիկը (1900–1980), որ ծնած է Մերսինի մէջ: Միւս որդիներն են՝ Ժիրայրը (1909–1986, ծնած Մերսին) եւ Տիրանը (1916–2009, ծնած Տարսոն): Նարին յայտնի էր իր բարի եւ հոգատար բնաւորութեամբ, մասնաւորապէս՝ իր աննկուն աղօթքներով: Ան ունէր երկու եղբայր՝ Սարգիս (ծնած է 1893-ին) եւ Տիրան (ծնած է 1895-ին): Վերջինը զոհ կ’երթայ ցեղասպանութեան, մինչ Սարգիս կը մահանայ 1924-ին:

Նարին Տէր Աւետիսեանի (ծնեալ Ճազմատարեան), Մարի Տէր Աւետիսեանի (ծնեալ Տինքճեան) եւ Հայկուհի Տէր Աւետիսեանի (ծնեալ Ասիլեան) ասեղնագործութիւններէն: Լուսանկարեց՝ Այլին Տէր Աւետիսեան:

Օննիկ Տէր Աւետիսեան (1900–1980)

Ծնած է Օսմանեան տէրութեան Մերսին քաղաքը, 1900-ին: Հայկական տարրական կրթութիւն ստանալէ ետք, բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Տարսոն քաղաքի ֆրանսական գոլէճին մէջ:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, երբ ֆրանսական բանակներ կը գրաւեն Կիլիկիան, Օննիկ կը դառնայ սիւվարի (süvarı)՝ ձիաւոր ոստիկան Մերսինի մէջ: Սակայն կարճ ժամանակ ետք կը պարզուի որ Ֆրանսա մտադիր չէ Կիլիկիոյ մէջ երկար մնալու եւ դէմ դնելու Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած թրքական ազգայնական ուժերու յարձակումներուն: Օննիկ Կիպրոս կը գաղթէ 1920-ին եւ կը սկսի աշխատիլ Ամիանթոսի մէջ գտնուող ասբեստոսի հանքի ընկերութեան (Asbestos Mining Company) մէջ որպէս հանքափոր: Օննիկի ծնողներն ու եղբայրները անոր կը միանան մէկ տարի ետք՝ 1921-ին:

1926-ին, 26 տարեկան Օննիկ կը մեկնի Պէյրութ: Հոն կ’այցելէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Քելեկեան» որբանոցը, որ կը քաջալերէր հայ երիտասարդները, որպէսզի դիմեն դատարան եւ ամուսնանան որբ երիտասարդուհիներու հետ: Օննիկ կը սիրահարի 18-ամեայ Մարի Տինքճեանին եւ կը պսակուի անոր հետ՝ դպրոցի տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդին օրհնութեամբ: Ան աշխատանքի կ’անցնի Պէյրութի մէջ գործող Հողատարածքներու ուսումնասիրութեան ծառայութեան մէջ (Land Survey Service – Cadastre)՝ օրական ութը մղոն ճանապարհ անցնելով: Օննիկի եւ Մարիի առաջին զաւակը՝ Սարգիս, կը ծնի Պէյրութի մէջ, 1930-ին:

Սակայն, ապրուստի պայմանները կը բարդանան 1933 թուականին իրենց երկրորդ զաւակին՝ Տիգրանի ծնունդէն ետք: Առանց բաւարար օգնութեան, երկու որդիներու խնամքի դժուարութիւններուն հանդիպելով, ընտանիքը կ’որոշէ 1934 թուականին տեղափոխուիլ Կիպրոս: Նախ կը մեկնին Մարին եւ զաւակները, մէկ տարի անց Օննիկ կը միանայ անոնց: Կիպրոսի մէջ հաստատուած էին արդէն Օննիկի ծնողքն ու եղբայրները՝ Ժիրայրն ու Տիրանը: 1942-ին Նիկոսիոյ մէջ կը ծնի Օննիկի եւ Մարիի երրորդ որդին՝ Սեպուհը:

Օննիկին կեանքը Կիպրոսի մէջ լեցուն էր մարտահրաւէրներով, որովհետեւ ան յունարէնի ու անգլերէնի չէր տիրապետեր եւ չունէր յատուկ արհեստ մը: Բարեբախտաբար, իր հնարամտութեան շնորհիւ Կիպրոսի մէջ կը ներկայացնէ կանանց մազերը մնայուն գանգուր պահելու նոր ձեւ մը՝ “Perm”, հակառակ 1930–1940-ականներու զուսպ հասարակութեան նախնական վերապահումներուն: Աւելի ուշ, կը միանայ Կիպրոսի մէջ երկրորդ օդակայան մը կառուցելու աշխատուժին, որմէ ետք կ’աշխատի բրիտանական բանակին՝ NAAFI-ին (Navy, Army and Air Force Institutes) հետ: NAAFI-ի մէջ կը ստանայ քսանապետի աստիճան, որ զինք կը տանի Պաղեստին եւ Փոր Սայիտ (Եգիպտոս), ուր ան կը հանդիպի ծանր պայմաններու, մասնաւորաբար, երբ քոլերայի տարածման ժամանակ կը մեկուսացուին արգելանոցներու մէջ (quarantine):

1940-ականներու վերջաւորութեան կամ 1950-ականներու սկիզբին Կիպրոս վերադառնալէ ետք, Օննիկ կ’անցնի համայնքային գործունէութեան՝ շարունակելով ամուր պահել ընտանեկան պարտաւորութիւնները: Իր կեանքի վերջին տարիներուն կ’աշխատի Մելիք եւ Հայրապետ Մելիքեան ընտանիքի հաստատութեան մէջ` թոշակի անցնելով 1970-ականներու կէսին:

Սարգիս Տէր Աւետիսեան (1930–2017)

Ծնած է 21 դեկտեմբեր 1930-ին, Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնն սկսած է Կիպրոսի «Մելիքեան-Ուզունեան» նախակրթարանէն ներս: 1944-ին կը յաճախէ Նիկոսիոյ Անգլիական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ վեց տարի ետք: Որպէս վարժարանի ֆութպոլի խումբի պետ, վեց տարի շարունակ ուշագրաւ նուաճումներով վաստակած է բաղձալի բաժակներ:

1950-ին, Սարգիս մասնագիտական ասպարէզ կը մտնէ Cable & Wireless հաստատութեան մէջ: Ան կը շարունակէր ֆութպոլ խաղալ՝ մաս կազմելով Հայ երիտասարդաց միութեան (AYMA) Կիպրոսի առաջին դասակարգի խումբին: 1950-ականներու կիսուն Cable & Wireless հաստատութեան միջոցներով կը ղրկուի Անգլիա՝ մասնագիտանալու համար ընկերութեան Քորնուոլի (Cornwall) գոլէճին մէջ: Հոս կը մասնագիտանայ ձայնասփիւռի արհեստագիտութեան մէջ: 1960-ին Կիպրոս վերադառնալէ ետք՝ կը սկսի աշխատիլ ձայնասփիւռի ոլորտին մէջ:

Սարգիս 1964-ին կ’ամուսնանայ Հայկուհի Ասիլեանի (1944–2023) հետ: Կ’ունենան երեք որդի. Օննիկ (ծնած է 1965-ին), Յակոբ եւ Հրաչ (երկուորեակներ, ծնած են 1969-ին): Հայկուհի պաշտօնեայ էր Բրիտանական բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակին մէջ: Ան եւ քոյրերը մաս կը կազմէին նաեւ Հայ եկեղեցւոյ երգչախումբին:

«Մելիքեան-Ուզունեան» նախակրթարանի շրջանաւարտներու խմբանկար, Նիկոսիա, 1943: Սարգիս Տէր Աւետիսեան ամենէն վերի շարքին, աջէն առաջին աշակերտն է:
Կիպրոսի Հայ Երիտասարդաց Միութեան (AYMA) ֆութպոլի խումբը մետալ կը ստանայ երկրին վարչապետէն: Սարգիս Տէր Աւետիսեան վարի շարքին, ծունկի եկածներէն աջէն առաջինն է:
Հայ Երիտասարդաց Միութեան (AYMA) ֆութպոլի խումբը, 1953–1954: Ոտքի, աջէն ձախ երկրորդ անձը Տիգրան Տէր Աւետիսեանն է: Կեդրոնը նստածը Սարգիս Տէր Աւետիսեանն է:
Հայ Երիտասարդաց Միութեան (AYMA) ֆութպոլի խումբը, 1952–1953: Ոտքի, ձախէն առաջինը Տիգրան Տէր Աւետիսեանն է: Նստած, ձախէն երրորդը Սարգիս Տէր Աւետիսեանն է:
Կիպրոսի առաջին դասակարգի ֆութպոլի խումբերէն՝ Հայ Երիտասարդաց Միութեան (AYMA) խումբին Իսրայէլ այցելութիւնը:
Հայ Երիտասարդաց Միութեան (AYMA) ֆութպոլի խումբը, 1944–1945, Կիպրոս:
Կիպրոսի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Ռամաթ Կան մարզադաշտ, Թել Աւիւ, Իսրայէլ: Տարին անյայտ է: Ձախէն աջ, կանգնած երրորդ մարզիկը Արամ Թերզեանն է: Ամենէն աջին նստածը Սարգիս Տէր Աւետիսեանն է:

Ժիրայր Տէր Աւետիսեան (1909–1986)

Աւետիսի եւ Նարինի միւս որդին (Սարգիսին եղբայրը) Ժիրայրն էր: Ան ծնած է Մերսին, 1909-ին: Յաճախած է Նիկոսիոյ «Մելիքեան» վարժարանը եւ նոյն հաստատութեան փողային նուագախումբին մէջ թիուպան (tuba) նուագած է: Աւելի բարձր կրթութիւնն ստացած է Նիկոսիոյ Անգլիական վարժարանին մէջ: Այդ ժամանակ «Մելիքեան» նուագախումբը միակն էր Կիպրոսի մէջ. ելոյթ կ’ունենար տարբեր միջոցառումներու ընթացքին, ըլլան անոնք հայ համայնքին մէջ, Կիպրոսի ոստիկանութեան զօրահանդէսներուն եւ այլ առիթներով:

Ժիրայր նպարավաճառի խանութ մը կը բանայ Նիկոսիոյ Վիքթորիա փողոցին վրայ: Տնտեսական տագնապին հետեւանքով կը ստիպուի փակել խանութը եւ 1939-ին կը միանայ Բրիտանական բանակի «Կիպրոս» զօրագունդին (Cyprus Regiment): Կը ղրկուի Եգիպտոս, Լիպիա եւ Իտալիա: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կը վերադառնայ Կիպրոս եւ պաշտօն կը ստանձնէ օդերեւութաբանութեան ծառայութեան մէջ: Ան նաեւ Նիկոսիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան պատասխանատուներէն էր:

Ժիրայր Տէր Աւետիսեան կ’ամուսնանայ Մարի Իսքeնտէրեանի հետ, 1950-ին: Կ’ունենան երկու զաւակ` Հրայր եւ Աւօ: Ժիրայր կը մահանայ 1986-ին:

Տիրան Տէր Աւետիսեան (1916–2009)

Աւետիսի եւ Նարինի երրորդ որդին էր Տիրանը: Ան ծնած է 31 հոկտեմբեր 1916-ին, Տարսոն/Թարսուս քաղաքին մէջ: Հինգ տարեկան էր երբ ընտանիքը 1921-ին կը տեղափոխուի Կիպրոս: Կրթութիւնն սկսած է Նիկոսիոյ «Մելիքեան» դպրոցին մէջ՝ աւարտելով տարրական ուսումը: Ապա զայն կը ղրկեն Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով: Սակայն մայրը՝ Նարինը, չդիմանալով կարօտին, զայն ետ Կիպրոս կը կանչէ 1933 թուականին: Հոս Տիրան կը հետեւի Բրիտանական Խորհուրդի (British Council) անգլերէն գրականութեան դասընթացքներուն: Երեք տարի ջանասիրաբար շարունակելով ուսումը՝ կը ստանայ համապատասխան վկայական: 1937 թուականին կը սկսի անոր մասնագիտական ճանապարհը, երբ աշխատանքի կ’անցնի «Cable & Wireless» ընկերութեան մէջ:

Տիրան եղած է «Մելիքեան» վարժարանի՝ Վահան Պետէլեանի ղեկավարած փողային նուագախումբի անդամ եւ նուագած է պարիթոն սաքսափող: Նոյն գործիքը նուագած է նաեւ Եանկոս Միքայէլիտեսի նուագախումբին մէջ: Ան երկար տարիներ մաս կազմած է Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցւոյ երգչախումբին:

1958-ին Տիրան կ’ամուսնանայ Արաքսի Տինքճեանի (1927–1999) հետ, որ Պէյրութէն էր եւ Մարի Տէր Աւետիսեանին (ծնեալ Տինքճեան) ազգականը: Կ’ունենան երկու դուստր. Սիրվարդ եւ Յասմիկ: Տիրան կը մահանայ 2009-ին:

Խաչատուր Տէր Աւետիսեան

Խաչատուր (1881–1956) Աւետիս Տէր Աւետիսեանի եղբայրն էր Ամուսնացած էր Վերոնիքայի հետ: Ունէին երկու դուստր եւ որդի մը. Հռիփսիմէ (1921), Ալիս (1923) եւ Գրիգոր (1924): 1921-ին իրենք ալ Կիլիկիան կը ձգեն եւ կ’ապաստանին Կիպրոս: Ալիս կանուխ կը մահանայ: Վերոնիքա ալ կը մահանայ 1925-ին: Խաչատուր կը վերամուսնանայ Վերժինին հետ եւ կ’ունենան երկու զաւակ. Սարգիս (1932) եւ Անի (1936):

Խաչատուր ժամացոյց նորոգող յայտնի վարպետ էր:

Խաչատուրի դուստրը՝ Հռիփսիմէն, Նիկոսիոյ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը աւարտելէ ետք 1942 թուականին կ’ամուսնանայ Սարգիս Ասիլեանի հետ: Սարգիս մասնագիտութեամբ յայտնի դերձակ էր: Անոնք կը բախտաւորուին երկու դուստրով. Հայկուհի (որ Սարգիս Տէր Աւետիսեանին կինն է), ծնած 1944-ին, Վերա՝ ծնած 1946-ին, Սեդրակ՝ ծնած 1948-ին: 

Տինքճեան ճիւղը (Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ)

Մարի Տինքճեան (1908–1983)

Օննիկ Տէր Աւետիսեանին կինը եւ Սարգիս Տէր Աւետիսեանին մայրը՝ Մարին, դուստրն էր Յովսէփ եւ Եղիսաբէթ Տինքճեաններուն: Անոնք կ’ապրէին Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ եւ ունէին վեց զաւակ. Մկրտիչ (կը մահանայ 1956-ին), Միհրան (1907–1956), Մարի (1908–1983), Նուարդ (1912–1960), Յակոբ եւ Տիգրան: Վերջին երկուքը մահացած են վաղ մանուկութեան հասակին` 1915–1916 թուականներուն իրենց ընտանիքին հետ տեղահանութեան ատեն. Յակոբ ժանտատենդի (typhoid), իսկ Տիգրան` թերսնման պատճառով: Յովսէփ եւ Եղիսաբէթ նոյնպէս զոհ կ’երթան ցեղասպանութեան եւ Մարի, քոյրն ու երկու եղբայրները վեց տարեկանին որբ կը դառնայ:

Վերապրող երեխաները կ’ընդունուին շատ հաւանաբար սկիզբը Հ. Բ. Ը. Մ.ի Տէօրթեոլի «Սիսուան-Քելեկեան» որբանոց, ապա կը տեղափոխուին Պէյրութի մէջ հիմնուած նոյնանուն որբանոց: Մկրտիչ 1920-ականներու սկիզբը որբանոցէն կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու: Այս կը նշանակէր մշտական բաժանում իր եղբօրմէ ու երկու քոյրերէն: Միակ տեղեկութիւնը, որ ունէին անոր մասին, 1924-ին գրուած նամակ մըն էր, որուն մէջ նշած էր, թէ պիտի ամուսնանայ Լուպինա կամ Լուպա անունով ռուս աղջկայ մը հետ: Այդ նամակէն ետք Մկրտիչին հետ կապը կը կորսուի: Մարի կը շարունակէ յուսալ անոր մասին տեղեկութիւններ ստանալ. ամէն Հայաստան մեկնողէ կը խնդրէր Մկրտիչին հետքը գտնել, ինչպէս նաեւ թերթերու մէջ յայտարարութիւններ կը դնէր: Այս ջանքերը տասնամեակներ շարունակ ոչ մէկ արդիւնք կու տան մինչեւ 1974: Այդ տարի Մարիի զաւակներէն Սեպուհ կ’այցելէ Հայաստան եւ զանազան անձեր հարցուփորձելէ ետք ի վերջոյ կ’իմանայ, որ Մկրտիչ մահացած է 1956-ին:

Մարի շատ կը սիրէր բուրդ հիւսել եւ ասեղնագործել: Անոր գլուխգործոցը Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանին համար ասեղնագործած սեղանի ծածկոցն էր, որուն ամբողջացումը մօտաւորապէս երկու տարի տեւած է:

Միհրան Տինքճեան (1907–1956)

Ծնած է Տիարպեքիր/Տիգրանակերտ: Քրոջ՝ Մարիի նման գտնուած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Սիսուան-Քելեկեան» որբանոցին մէջ: Զայն ձգելէ ետք, կը սկսի աշխատիլ. սկիզբը խաւաքարտէ տուփեր կը պատրաստէր ու կը վաճառէր, ապա բեռնակառքերով ծանր մեքենաներ կը փոխադրէր Լիբանանէն Դամասկոս եւ Հալէպ: Կ’ամուսնանայ Ովսաննային հետ: Կ’ունենան երեք զաւակ. Արաքսի, Շաքէ եւ Յովսէփ: Ովսաննա կանուխ կը մահանայ: Միհրան կը վերամուսնանայ Արուսեակին հետ, որ մեծ հոգատարութեամբ կը խնամէ ամուսնոյն առաջին կնոջմէ ունեցած երեք զաւակները:

Միհրանի զաւակներէն Արաքսին ծնած էր 1927-ին: Ան կ’ամուսնանայ Տիրան Տէր Աւետիսեանի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ. Սիրվարդ եւ Յասմիկ: Շաքէ ծնած էր 1929-ին: 1946-ին կ’ամուսնանայ Գուրգէն Սապունճեանի հետ եւ կը տեղափոխուի Պաղտատ: Ունեցած են երեք զաւակ. Միհրան, Անահիտ եւ Սիլվա:

Նուարդ Տինքճեան-Միրզայեան (1912–1960)

Տինքճեան վերապրող երեք երեխաներէն կրտսերն էր Նուարդը: Ան 1930-ին կ’ամուսնանայ Յարութիւն Միրզայեանին հետ եւ կը տեղափոխուի Պաղտատ: Կ’ունենան երեք զաւակ. Արմէն, Արշամ եւ Արփինէ: Նուարդ քաղցկեղի հետեւանքով կը մահանայ 1960-ին: