Յովհաննէս Յարութիւնեան հաւաքածոյ - Հալէպ

Թրաշուշաններու պարտէզը

Հեղինակ՝ Մարուշ Երամեան, 09/11/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 09/11/20)

Կա՞յ աւելի յարմար վայր յիշատակներ պահ տալու, քան «Յուշամատեան»ը:

Եւ կա՞յ աւելի յարմար վայր, այս հայ պարտիզպանին մասին գրելու, քան «Յուշամատեան»ը, որուն էջերը, նոյնիսկ երբ կը պատմեն արեւմտահայոց գողտրիկ կեանքին մասին, մեզ ափսոսանքով եւ տխրութեամբ կը լեցնեն, որովհետեւ կորուստ եւ ցաւ կը յուշեն ...

Յովհաննէս Յարութիւնեան.

Պարտիզպան մը, որ ծաղիկներու մասնագէտ է, եւ որուն մասին գրելը պիտի պայծառացնէ «Յուշամատեան»ին էջերը:

«Հազար ու մէկ վարդ» ...

Թերեւս հազար ու մէկ եկեղեցիներու աղօտ յուշերէն ծնած այս փոքրիկ հողակտորը եւ անոր վրայ աճած ծաղիկները, հեռու եւ տկար մէկ արձագանգը եղած են լռած ղօղանջներուն եւ թլուատ զանգերուն: Թերեւս Յովհաննէս Յարութիւնեանին համար իր փոքրիկ ծաղկանոցը յիշատակի վայր մըն էր նահատակուած ծնողքին եւ բոլոր նահատակներուն համար: Հաւանաբար Յովհաննէս Յարութիւնեանը երբե՛ք մտածած չըլլայ այս բաներուն մասին, պարզապէս մոմ մը վառելու փոխարէն, ծաղիկներ աճեցուցեր է, նոր ծաղիկներ յառաջացուցեր, կարմիր, արեան գոյնով ու ճերմակ եւ ծիածանին մնացեալ բոլոր գոյներով ծաղիկներ ... Իր «Հազար ու մէկ վարդ» խանութին մէջ մէկ ու կէս միլիոն ծաղիկ աճեցուցեր է հաւանաբար Յովհաննէսը իր կեանքին ընթացքին, մինչեւ խոր ծերութիւն, երբ շարունակեր է ապրիլ իր փոքրիկ հողին վրայ եւ տնակին մէջ, ծաղիկներով շրջապատուած:

Այսօր Հալէպի մէջ «Հազար ու մէկ վարդ» խանութը դեռ կանգուն է, փոքրիկ հողին անկիւնը, թէեւ աւերակ, թէեւ միայն խոտեր կ'աճին հոն:

Մանչս իսկ կը յիշէ «հողը եւ անկիւնի պզտիկ խանութը»:

Եւ պատմութիւնը կ'ապրի մարդոց յուշերուն մէջ, եւ խորհրդաւոր կապերով աւերակ դարձած «հազար ու մէկ վարդ»ը կը կապուի հազար ու մի եկեղեցիներու աւերակներուն:

***

Երբեք չէի կարծեր, որ օր մը յիշողութիւններուս այդ պատուհանիկը պիտի բացուի եւ ես ձեւով մը ստիպուած պիտի յիշեմ «Հազար ու մէկ վարդ»ը:

Մեր տունէն կը քալէինք մինչեւ Մուշիյէ եւ հոնկէ հանրային պասը նստելով, կ'երթայինք մօրաքրոջս տունը, Մուհաֆազա կոչուած շրջանին մէջ:

Անսովոր էր հայերուն համար դուրս գալ Հալէպի քրիստոնէական թաղամասերէն՝ Նոր Գիւղէն, Սուլէմանիէէն եւ Ազիզիէէն, եւ բնակիլ ոչ քրիստոնէական շրջաններ:

Բայց հարուստ արաբ քրիստոնեաները սկսեր էին Հալէպի արուարձաններուն մէջ մենատուներ կամ քանի մը յարկանի շէնքեր շինել եւ բնակիլ այդ քիչ մը բարձր դիրքի վրայ եղած շրջանին մէջ, ուր հանդարտութիւնն ու զով օդը կը գրաւէին զիրենք:

Ճամբուն վրայ մինչեւ Մուշիէ կ'անցնէինք աղտոտ ապակիներով փոքրիկ խանութի մը առջեւէն, որուն կողքին պարտէզ մը կար. գրեթէ ոչինչ կ'երեւէր պարտէզէն, որ կորսուած էր բարձր խոտերու ետին: Օր մը նոյնիսկ մօրս ձեռքը ձգած վազեր էի, անկիւնը դարձեր եւ փորձեր էի տեսնել թէ ի՛նչ կայ ցանկապատին ետին: Նոյն բարձր խոտերն էին:

Մանկական երեւակայութիւնս ինչե՜ր կը տեղադրէր այդ ցանկապատին եւ բարձր խոտերուն ետին. թերեւս պալատը կորսնցուցած իշխանուհի՞ մը կ'ապրէր հոն, որ պէտք ունէր ընկերակիցի, իր հետ խաղցող ընկերուհիի, որովհետեւ միտքիս մէջ այդ իշխանուհին պէտք էր ինծի տարեկից, կամ ինձմէ քանի մը տարի մեծ ըլլար:

Օր մըն ալ հոն, խանութին աղտոտ ապակիներուն ետին շարուած փունջով ծաղիկներ տեսայ, իմ գիտցած մեխակներէս այնքա՜ն տարբեր, երկար ցօղուններով եւ շատ նրբագեղ ծաղիկներ: Ձգեցի մօրս ձեռքը եւ հիփնոսացած կեցայ խանութին ցուցափեղկին առջեւ:

Յետոյ այդ ծաղիկները կը տեսնէի հարսերուն ձեռքին մէջ՝ թափանցիկ թուղթով փաթթուած, մեծ ժապաւէնով մը կապուած եւ ... իրենց գեղեցկութենէն պարպուած: Ցուցափեղկին ետեւ այդ ծաղիկները, այդ կլայյէոլները շա՜տ աւելի գեղեցիկ էին (glaïeul, թրաշուշան):

Խանութը անուն չունէր, կամ ես չէի գիտեր, մինչեւ որ օր մը մայրս, երբ վայր մը կը նկարագրէր մօրաքրոջս, ըսաւ.

-Հազարումէկին առջեւէն կ'անցնիս, փողոցը կը կտրես եւ աջ կը դառնաս:

-Հազարումէկ ի՞նչ,- հարցուցի, մոռցած որ պէտք չէր մեծերուն խօսակցութեան խառնուէի:

Մայրս կ'երեւի անակնկալի եկած իմ «ոտնձգութենէս», առանց երկար-բարակ մտածելու պատասխանեց.

-«Հազար ու մէկ վարդ» ծաղիկի խանութը ...

Եւ յետոյ տեսնելով թէ իրենց զրոյցին ուշի ուշով կը հետեւիմ, անմիջապէս հրահանգեց ներս, սենեակս երթալ:

Սենեակիս առանձնութեան մէջ, երեւակայութիւնս թափ առաւ եւ խանութին անունը հաստատեց, որ հոն իշխանուհի մը պէտք էր ապրէր ...

Յետոյ տարիները անցան եւ օրերը հաստատեցին, թէ «Հազար ու մէկ վարդ»ը հայ տէր մը ունէր, գաղթականութենէն Հալէպ հասած մանչուկ մը, որ Ջարդի օրերուն հինգ տարեկան էր միա՛յն:

Յուշերուս մէջ  յանկարծ բանտարկուած իշխանուհին վերածուեցաւ ծաղիկները շատ սիրող տխուր մանչուկի մը:

Մինչ ուրիշներ իրենք զիրենք «կը թաղէին» առօրեայի աշխատանքին մէջ, կամ ամբողջովին մոռացութեան կու տային իրենց հայութիւնը, պարզապէս կարենալ տոկալու համար դէպքերուն, որոնց ականատես եղած էին եւ որոնք յուշի չէին վերածուեր ... 

Յովհաննէս Յարութիւնեանը ինքզինք կը նուիրէր ծաղիկներու մշակումին, այդ փոքրիկ հողակտորին վրայ, որ թէ՛ իր աշխատավայրն էր, թէ՛ իր տունը ...

Առաջին ծաղկամշակն ու ծաղկավաճառն էր Հալէպի մէջ, որ այդ օրերուն թէեւ կարեւոր, բայց տակաւին գաւառական քաղաք մըն էր: Ի՛նքն էր, որ առաջին անգամ կ'աճեցնէր, մեխակներուն կողքին, թրաշուշաններ եւ տալիաներ (լուսանկարներուն մէջ երեւցող տալիաներ):

Ինչպէ՞ս կրցեր էր ունենալ այդ փոքրիկ հողակտորը քաղաքին լաւագոյն թաղամասին մէջ (այսօր ալ Ազիզիէն կը համարուի Հալէպի հին ու ազնուական գրեթէ միակ շրջանը), յստակ չէ. թերեւս Հալէպ հասած որբ ու գաղթական բոլոր մանչերուն պէս, ինքն ալ տարբեր տեսակի աշխատանքներով կրցեր էր գնել այդ հողը ...

Հող ...

Տէօրթեոլցի մանչուկին համար հողը կարեւոր էր, ինչպէս իր յուշերուն մէջ իրենց տան հողը, ուր մայրը կանաչեղէնին կողքին նաեւ ծաղիկներ ցաներ էր, որոնց բոյրը կը լեցնէր իրենց տունը եւ որով կ'արթննար պզտիկ Յովհաննէսը ամէն առաւօտ, երբ մայրը պարտէզը ջրէր ...

Յետոյ, գաղթի ճամբուն վրայ միս-մինակ մնացած մանչուկը կ'որդեգրուի քիւրտ ընտանիքի մը կողմէ, որուն քով կը մնայ մինչեւ պատանութիւնը, մինչեւ վտիտ սրունքները զօրանան եւ զինք Հալէպ հասցնեն:

Երախտագիտութի՞ւնն է, թէ՞ զուտ մարդասիրութիւնը, որ կը ստիպէ զինք, մինչեւ կեանքին վերջը իր կարելին ընել քիւրտերուն օգնելու համար, երբ առիթը ներկայանայ: Հաւանաբար երախտագիտութիւնը, բայց նաեւ, բայց անշո՛ւշտ նաեւ մարդասիրութիւնը, որովհետեւ ծաղիկները այսքա՜ն սիրող Յովհաննէսը չէր կրնար մարդասէր չըլլալ ...

Գաղթին կորսնցուցած իր քրոջ՝ Լուսաբերին կը հանդիպի Հալէպի մէջ:

Լուսաբեր կը վերամուսնանայ Սինան Պալեանի հետ (Սինանին ալ երկրորդ ամուսնութիւնն էր)։ Կ'ունենան չորս զաւակ՝ Յարութիւն (ծն. 1924), Արտեմիս (ծն. 1924?), Պերթա (ծն. 1927), Մարի (ծն. 1929)։ Լուսաբերին ընտանիքը կ'ապրի Պէյլանի մէջ մինչեւ 1939 թուականը։

Քրոջ ընտանիքը կը դառնայ նաեւ իրը, ինք որ մանկութեան կորսնցուցած էր ծնողքը եւ չէր կրցած կազմել իր ընտանիքը:

Մահացած է անցեալ դարու 90-ականներուն: 

Շատերու միտքին մէջ յամեցող «Հազար ու մէկ վարդ»ի յիշատակներուն կողքին, Յովհաննէս Յարութիւնեանէն կը մնայ փունջը այս լուսանկարներուն, որոնցմէ, զարմանալի կախարդանքով մը, ծաղիկներուն բոյրը կը հասնի լուսանկարները դիտող իւրաքանչիւր մարդու ռունգերուն:

Գահիրէ, Սեպտեմբեր 2020

* Այս էջի բնատիպ պատկերները սեւ-ճերմակ են, գունաւորուած են DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած են Յուշամատեանի կողմէ։