Ժորճէ Զաւէն Քիւրքճեանի հաւաքածոյ - Սաօ Փաուլօ, Պրազիլ

Ժորճէ Զաւէն Քիւրքճեանի մեզի ուղարկած լուսանկարները կը յատկանշուին աշխարհագրական իրենց զանազանութեամբ։ Հօրենական կողմը, այսինքն Ռուբէն Քիւրքճեան եւ իր ընտանիքը Խարբերդէն է, Ժորճէի ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ քանի մը պատկերներ մնացած են Խարբերդէն։ Իսկ մօր՝ Թրվանտա Տիշչէքէնեանի ընտանիքը Մարաշէն է։ Իրենց հայրենի բնակավայրերէն բռնի հեռացումէն ետք, յայտնի է որ այս երկու ընտանիքները ապրած են Լիբաբանի մէջ, ուրկէ կան քանի մը պատկերներ։ Հետաքրքրական են մանաւանդ խարբերդցիներու դաշտագնացութիւն վերնագրով երկու լուսանկարները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք նոր կեանք մը սկսելու գեղեցիկ ապացոյցներ են։ Քիւրքճեաններու եւ Տիշչէքէնեաններու այս ուղեւորութիւնը կը շարունակուի Պրազիլի մէջ, ուր անոնք բնակութիւն կը հաստատեն։ Յայտնի է որ Ռուբէնն ու անոր հարազատները համայնքային կեանքի աշխուժ մասնակիցներ կ՚ըլլան Սաօ Փաուլոյի մէջ։

Խարբերդ, 1912. Քիւրքճեան ընտանիքը։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ռութ (Ժորճէի մեծ մեծ մայրը, կը մահանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ 103 տարեկանին), Գէորգ (Ժորճէի մեծ հայրը, ծն. 1862, կը սպաննուի 1915-ին), Թագուհի (Գէորգի կինը, Ժորճէի մեծ մայրը, 1871 Խարբերդ - 1954 Սաօ Փաուլօ)։ Առաջին շարքի երկու երեխաները, ձախէն աջ՝ Արփինէ Քիւրքճեան (ծն. 1909, կ՚ամուսնանայ Երուանդ Քէշիշեանի հետ, կը մահանայ Սաօ Փաուլօ, 1979-ին), Յովսէփ Քիւրքճեան (1904-1970 Միացեալ Նահանգներ)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Էլմաս Քիւրքճեան (ծն. 1892, կ՚ամուսնանայ Չարլզ Տերանեանի հետ, կը մահանայ Միացեալ Նահանգներ 1993-ին), Գուրգէն Քիւրքճեան (1900-1917 Խարբերդ), Սուրէն Քիւրքճեան (1895-1912 Խարբերդ), Ռուբէն Քիւրքճեան (Ժորճէի հայրը, 1902-1984 Սաօ Փաուլօ), Մարիամ Քիւրքճեան (ծն. 1889, կ՚ամուսնանայ Մոսէսեանի հետ, կը մահանայ Լիբանան 1986-ին)։ Լուսանկարէն կը պակսի Բենիամին Քիւրքճեանը, որ պիտի ծնէր նոյն այս տարին (1912) եւ կը մահանայ Սաօ Փաուլոյի մէջ 2011-ին։

Քիւրքճեան ընտանիքը, Խարբերդ 1902։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ռութ եւ ամուսինը (անունը անծանօթ)։ Անոնց միջեւ կանգած եւ գլուխը ֆէսով երեխան իրենց թոռնիկն է՝ Գուրգէն (Ժորճէ Զաւէն Քիւրքճեանի հօրեղբայրը)։ Ոտքի, ամէնէն աջի աղջիկը՝ Մարիամ Քիւրքճեան (1889 Խարբերդ - 1986 Պէյրութ)։ Միւս երկու աղջիկներուն ինքնութիւնը անյայտ։

1) Սաօ Փաուլոյի հայկական Հայկազեան վարժարանը, 1945։

2) Խմբանկար. Սան Փաուլոյի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամներ։ Լուսանկարուած է կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն Սիմոն Վրացեանի (Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան վարչապետներէն) այցելութեան առիթով, 1936։ Պատկերին մէջ ծանօթ են հետեւեալ դէմքերը. նստած, ձախէն աջ 2-րդը՝ Մանուկ Սահակեան, 4-րդը՝ Սիմոն Վրացեան։ Երկրորդ շարք, ոտքի, ձախէն աջ 6-րդը՝ Գարեգին Թիւֆէնքճեան, 7-րդը՝ Ռուբէն Քիւրքճեան։ Երրորդ շարք, ոտքի, ձախէն աջ 2-րդը՝ Յովհաննէս Տիշչէքէնեան (Ժորճէի մօրեղբայրը)։ Վերջին շարք, ոտքի, ձախէն աջ 11-րդը՝ Պօղոս Չալեան (Ժորճէի մօր զարմիկը), 12-րդը՝ Թորոս Չալեան (Ժորճէի մօր զարմիկը)։

1) Մարաշ, թուականը անյայտ. Տիշչէքէնեան ընտանիքը։

2) Պէյրութ, 1930-ականներուն։ Ձախէն աջ՝ Թրվանտա Տիշչէքէնեան (Ժորճէի մայրը, ծն. Համայի մէջ, մահացած՝ Սաօ Փաուլօ), Նուարդ Տիշչէքէնեան (Թրվանտայի քոյրը), Մենուշ Թիլպեան (Տիշչէքէնեաններու մօտիկ ազգականը)։

1) Լիբանան, 1920-ականներու սկիզբը։ Խարբերդցի հայերու դաշտագնացութիւն մը։

2) Լիբանան, 1920-ականներու սկիզբը։ Խարբերդցի հայերու դաշտագնացութիւն մը։ Պատկերին մէջ յայտնի են հետեւեալ անձերը։ Ոտքի, ամէնէն ետեւի շարք, ձախէն աջ 4-րդը՝ Արփինէ Քիւրքճեան (յետագային Քէշիշեան), 5-րդը՝ Ռուբէն Քիւրքճեան (Ժորկէին հայրը)։ Ռուբէնին առջեւ կանգնած տղան՝ Բենիամին Քիւրքճեան, իսկ Բենիամինի ձախին նստած կինը՝ Թագուհի Քիւրքճեան։