Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 13 Նոյեմբերին 2021-ին Սելանիկի մէջ
տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին
եւ «Համազգային» միութեան Սելանիկի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։
Պլէճեան ընտանիքին վերաբերող այս նիւթերը մեզի տրամադրեց Տիգրան Պլէճեանը։ Տիգրանին հօրենական մեծ մեծ հայրը Սերոբ Պլէճեանն է, որ կ՚ապրէր Սեբաստիա/Սիվաս։ Սերոբ ամուսնացած էր Շամուէլ Տաղաւարեանի հետ (1864-1933)։ Երկու զաւակ ունէին. Տիգրան (ծնեալ 1885-ին) եւ Յակոբ (ծնեալ 1888-ին)։ Անդրանիկ որդին՝ Տիգրանը, մեզի այս նիւթերը տրամադրող Տիգրանին մեծ հայրն է։
Սերոբին եւ Շամուէլին կրտսեր որդին՝ Յակոբը, կը մահանայ 1912-ին, Օսմանեան բանակին մէջ ծառայութեան ընթացքին։ Տիգրան Պլէճեանին մասին գիտենք, որ յաճախած է Սեբաստիոյ Յիսուսեան հայրերու «Քառասուն մանկունք» երկրորդական վարժարանը։ Կրթական այս հաստատութիւնը հիմնուած էր 1880-ականներու սկիզբը։ Հոս գործող ուսուցիչները մեծամասնութեամբ հայեր էին, դասաւանդման գլխաւոր լեզուն ալ հայերէնն էր։ Երկրորդական այս վարժարանը իր լաւագոյն օրերուն ունեցած է մօտ 500 աշակերտ, որուն մօտ 20-ը յոյն ուղղափառներ էին, իսկ մնացեալը՝ հայեր։ Տիգրան այս դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ իբրեւ ուսուցիչ որոշ ժամանակ հոս աշխատած է։
Տիգրան այնուհետեւ կը մեկնի Զմիւռնիա եւ կ՚աշխատի ծխախոսի արտադրութեան մարզին մէջ։ Ան իր քով կը բերէ նաեւ մայրը՝ Շամուէլը (կամ Շամօ)։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Տիգրան ծառայած է Օսմանեան բանակին մէջ, մինչ նոյն ժամանակ Սեբաստիա գտնուող ընտանիքը ջարդի եւ տեղահանութեան ենթարկուած է։ Շատ քիչեր կը վերապրին այս ընտանիքէն. փրկուածներէն է Տիգրանին մէկ զարմիկը՝ Յովհաննէս Պլէճեանը։
1918-ի զինադադարէն ետք Տիգրան կը ձգէ Զմիւռնիան եւ կ՚երթայ Պոլիս։ Իր քով կը յաջողի բերել նաեւ Շամուէլը եւ Յովհաննէսը։ Պոլսոյ մէջ է, որ Տիգրան կը հանդիպի Մսըրլեան եղբայրներուն, որոնք կը զբաղուէին ծխախոտի արտադրութեամբ։ Կը սկսի գործակցիլ անոնց հետ, կարճ ժամանակ ետք Պոլիսը կը ձգեն եւ 1923-ին կը հաստատուին հիւսիսային Յունաստանի մէջ գտնուող Գավալա քաղաքը, ուր զարկ կու տան ծխախոտի մշակութեան եւ արտադրութեան գործին։ Գավալա կը հաստատուին նաեւ Տիգրանին մայրը եւ Յովհաննէսը։
Գավալայի մէջ Տիգրան կ՚ամուսնանայ Նեքթարին հետ եւ հոս կ՚ունենան երեք զաւակ. Նուրհան, Իրմա եւ Ալիս։ «Մսըրլեան» գործարանին մէջ Տիգրանին տարիներու գործակիցը կ՚ըլլայ Յակոբ Պողտաճեանը։ Երկուքն ալ տեսուչի պաշտօն կը վարէին։ Կ՚ենթադրենք որ Յակոբ Պողտաճեան Զմիւռնիայէն էր եւ արդէն այս քաղաքին մէջ բարեկամական սերտ կապ մը հաստատուած էր Յակոբին եւ Տիգրանին միջեւ։ Յակոբ եւ կինը՝ Զապէլ, երկու զաւակ ունէին. Ալիս եւ Գարեգին։ Տիգրանին որդին՝ Նուրհանը 1960-ականներուն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը մասնագիտանայ ծխախոտի արտադրութեան մէջ։ Գավալա վերադարձէն ետք կարճ ժամանակ ետք, Նուրհան կը տեղափոխուի Սելանիկ։ Կ՚ամուսնանայ Վեհանուշ Գալֆայեանին հետ, որ Յակոբ Պողտաճեանին թոռնուհին էր (Ալիսին դուստրը)։ Ամուսնութիւնը տեղի կ՚ունենայ Գավալայի հայկական եկեղեցիին մէջ։ Նորաստեղծ ընտանիքը վերջնականօրէն կը հաստատուի Սելանիկի մէջ, ուր կը ծնին իրենց զաւակները՝ Տիգրանը (այս նիւթերը մեզի տրամադրողը) եւ Նեքթարը։
Գավալայի մէջ «Մսըրլեան» ծխախոտի գործարանը միակն է, որ մինչեւ օրս կը գործէ։
Սիվաս/Սեբաստիա, Պլէճեանը ընտանիքը։ Ոտքի, ետեւի շարք՝ Տիգրան Պլէճեան։ Հօրը (անունը անյայտ) գիրկը նստած երեխան՝ Յովհաննէս Պլէճեան։ Ընտանիքին միւս անդամներուն անունները չենք գիտեր։
Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող երեք զինուորական։ Ձախին նստողը Տիգրան Պլէճեանն է։ Պատկերին կռնակի գրութենէն կ՚իմանանք, որ լուսանկարուած է Փենտիքի մէջ, որ նեկայիս Պոլսոյ թաղամասերէն մէկն է։ Շատ հաւանաբար Տիգրան հոս կ՚ընէր զինուորական իր ծառայութիւնը։ Պատկերը ղրկած է մօրը՝ Շամուէլին, 22 Հոկտեմբեր 1917 թուականով։
1. Յակոբ Պողտաճեան լուսանկարուած Զմիւռնիոյ մէջ, 1919-ին։ Ան Վեհանուշ Պլէճեանին (ծնեալ Գալֆայեան) մօրենական մեծ հայրն էր։ Տիգրան Պլէճեանի գործակիցն էր, երբ Տիգրանն ու Յակոբը միասին կ՚աշխատէին Գավալայի «Մսըրլեան» ծխախոտի գործարանին մէջ։ Պատկերը նուէր է Տիգրան Պլէճեանին։ Մակագրութեան թուականն է՝ 1 Յունուար 1919։
2. Գավալա, 1926։ Ընտանեկան պատկեր։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Նեքթար, Յովհաննէս, Տիգրան։ Նստած՝ Շամուէլ Պլէճեան (ծնեալ Տաղաւարեան)։
Աղօթքի գորգ, Սիվաս/Սեբաստիա։ Կարուած է մետաքսեայ թելով։ Չափ՝ 158սմ × 112սմ։ Պատկանած է Պիլէճեան ընտանիքին։ Սեբաստիոյ իրենց տան մէջ առանձին սենեակ մը կար, որուն յատակին տեղադրուած էր այս գորգը։ Սերոբ Պիլէճեան հոս կ՚առանձնանար աղօթելու համար։ Գորգին նախշերէն դատելով շատ հաւանաբար անիկա գործուած է Սեբաստիոյ հայ վարպետներուն կողմէ։
Թալաս, 17 Դեկտեմբեր 1908։ Սոյն օրը Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած էր Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին (Meclis-i mebusanin) բացման հանդիսութիւնը, որ պատմական իրադարձութիւն մըն էր սահմանադրական կարգերու վերահաստատումէն ի վեր։ Ինչպէս պատկերին մէջ կը տեսնենք, Թալասի մէջ այս օրը հայերը տօնած են մեծ շուքով։ Խմբանկարը հաւանաբար Թալասի եկեղեցիներէն մէկուն առջեւ է։ Կը տեսնենք երեւելի անձնաւորութիւններ, երաժիշտներ, աշակերտներ, թրքերէն եւ հայերէն գրուած են սահամանադրական նոր կարգերուն լոզունգները։ Պատկերին մէջ կ՚երեւի նաեւ Մատթէոս Գալֆայեանը, որ մեծ հայրն է Վեհանուշ Գալֆայեանին։ Վեհանուշ Գավալայի մէջ կ՚ամուսնանայ Նուրհան Պլէճեանին հետ (Տիգրան Պլէճեանին որդին)։ Մատթէոս Գալֆայեան զոհ կ՚երթայ հայոց Ցեղասպանութեան։
Տիգրան Պլէճեանի վկայականը Սեբաստիոյ Յիսուսեան հայրերու «Քառասուն մանկունք» երկրորդական վարժարանէն։ Թուականն է 12 Յուլիս 1907։ Ստորագրուած է հաստատութեան տնօրէն Հայր Պիառի կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ Սիվասի մէջ Ֆրանսայի փոխ-հիւպատոսին։
Նուրհան Պլէճեանի նախակրթարանի առաջին դասարանի պետականօրէն վաւերացուած վկայականը։ Հոս կը հաստատուի, որ 9-ը տարեկան Նուրհանը 1937-1938 տարեշրջանին բարեյաջող աւարտած է Գավալայի հայկական երկսեռ վարժարանի առաջին դասարանը։ Թուականն է՝ 18 Յունիս 1939։ Վկայականը կը կրէ նաեւ հայկական վարժարանին կնիքը։ Յատկանշական է, որ այս պաշտօնաթուղթին վրայ նշուած է թէ Նուրհանին հայրը ծխախոտի գործ կ՚ընէ եւ Alodapos է, այսինքն՝ օտար։
Պլէճեան ընտանիքը, Գավալա, 1943-ին։ Ձախէն աջ՝ Շամուէլ Պլէճեան (ծնեալ Տաղաւարեան), Նուրհան, Նեքթար (Տիգրանին կինը), Ալիս, Իրմա, Նուրհան։
1. Տիգրան Պլէճեան եւ այլ աշխատակիցներ Գավալայի «Միսիրեան» գործարանին մէջ, 1960-ական թուականներուն։ Պլէճեանը քիչ մը աջին երեւցող անձն է, որ թիւթիւնի տերեւներ կը հոտոտայ։
2. Տիգրան Պլէճեան եւ այլ աշխատակիցներ Գավալայի «Միսիրեան» գործարանին մէջ, 1960-ական թուականներուն։ Պլէճեանը առջեւի շարք, քիչ մը աջին է, մէկ ձեռքը երկարած դիրքով։