Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեանը իր մեծ մօր՝ Հանա Պօղոսին գիրկը, 1975-ին, Տէրիքի մէջ։

Պօղոս-Տէր Պետրոսեան հծոյ. – Լոս Անճելես

Պօղոս ընտանիքին պատմութիւնը Թիլէն մինչեւ Քամիշլի

Հեղինակ՝ Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեան, 18/11/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/11/2021)

Շատախ (Արեւելեան Տիգրիս) եւ Պոհթան գետերը ճեղքելով Արեւելեան հայկական Տաւրոսի լեռները կը միանան Տիգրիս գետին։ Ճիշդ այս կէտին վրայ կը գտնուի Թիլ գիւղը (ներկայիս Չաթթեփէ), որ բնական արգելք մը կը հանդիսանայ Տիգրիսի զօրաւոր հոսող ջուրերուն։ Այս գիւղին մէջ ծնած է մեծ մայրիկս՝ Հանան, 1906 թուականին։ Թիլը կը գտնուի Սղերդ քաղաքին հարաւը։ Թրքական պետութեան կողմէ այս շրջանին մէջ կառուցուած Ըլըսու ամբարտակին պատճառով, ներկայիս Թիլը, ինչպէս նաեւ շրջակայ բազմաթիւ այլ գիւղեր, ամբողջովին ողողուած են գետին ջուրերուն մէջ։ Այս ձեւով պրոնզէ դարերէն մնացած մարդկային ամբողջ հարուստ ժառանգութիւն մը ոչնչացուած է։

Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն, Հանային մեծ հօրը՝ Պետրոս Սարգոյին կը պատկանէին Թիլ գիւղին մշակելի հողերը։ Պետրոսին դուստրը եւ Հանային մայրը Հռիփսիմէն էր։ Ան բարձրահասակ էր, կանաչ աչքերով եւ դեղին մազերով. իր հրապուրիչ գեղեցկութեան համար գիւղին բնակիչները զինք «Շէրինէ» կը կոչէին։ «Շէրին» քրտերէնով գեղեցիկ կը նշանակէ։ Տարիներ ետք, երբ կը հասնին ջարդի եւ տեղահանութեան տարիները, Շէրինէին անունին կից «եատէ» (քրտերէնով՝ մայրս) անունը պիտի աւելնար, որովհետեւ նոյն այս կինը ապաստան տուողն ու հովանին պիտի ըլլար աղքատութեան, սովի եւ համաճարակներու հետեւանքով որբացած իր թոռնիկներուն։

Հզօր այս կինը՝ Հռիփսիմէն, ապրեցաւ 100 տարի։ Եատէ Շէրինէն կինն էր մեծ-մեծ հօրս՝ Պօղոսին։ Բոլորն ալ բողոքական միսիոնարներէն դաստիարակուած, յաճախ Ս. Գիրք կը կարդային։ Բողոքականութիւն քարոզող միսիոնարներ աշխուժ էին այդ շրջաններուն մէջ։ Հակառակ անոր որ մենք առաքելական էինք, միսիոնարները իրենց խօսքը կը տարածէին ամէն կողմ։ Հետաքրքրական էր, որ հայատառ քրտերէնով գրուած էր ընտանիքիս մէջ պահուող Ս. Գիրքը։

Պօղոսը մահացած է Թիլ գիւղին մէջ, նախքան ցեղասպանութիւնը։ Իր զաւակներն են՝ Մինասը, Վանէսը, Հաննան եւ Հանան։ Պօղոսին ընտանիքին արհեստը բրուտագործութիւնն էր. կը պատրաստէին կաւէ կարասներ եւ կուժեր։ Գիւղին աշխարհագրական դիրքին բերումով, բնակիչները առատ ջուրերու եւ գետերու կողքին կ՚ապրէին, բոլորն ալ լաւ լողորդներ էին, նոյնիսկ մեծ մայրս՝ Հանան, լաւ կը լողար։ Իսկ Պետրոս Սարգոյին սեփականութիւնը եղող արտերուն շնորհիւ, մեր ընտանիքը այդ ժամանակաշրջանի պայմաններով ունեւոր կը սեպուէր։

Մեծ մեծ մայրս՝ Հռիփսիմէն, կամ «Եատէ Շէրինէ»-ն, 1970-ին, երբ հարիւր տարեկան էր։ Լուսանկարուած է իր մահէն քանի մը ամիս առաջ, Տէրիքի մէջ, Սուրիա։ Հռիփսիմէն իր կեանքի վերջին տարիները անցուց Տէրիքի մէջ եւ հոն ալ մահացաւ։

Յաճախ մօրմէս լսած եմ հետեւեալ գիւղերուն անունները. Հազրօ, Ռիտուան (Ռնտվան), Քէրպորան, Չելիք (Չալեկ)։ Ասոնք Տիգրիս գետի հովիտին մէջ գտնուող գիւղեր են, ուր գիւղէ գիւղ թափառելով բնակած են հօրենական ու մօրենական կողմի նախնիներս։

Գիտենք որ Ցեղասպանութեան տարիներուն Հռիփսիմէն եւ ընտանիքը Թիլէն փախած եւ բնակութիւն հաստատած են քիչ մը հարաւ՝ Տիգրիսի հանդիպակաց ափին գտնուող Չելիք գիւղին մէջ, ուր ինծի անյայտ պատճառներով աւելի ապահով էին։ Նախնիներս կը պատմէին, որ այս փախուստը կարելի եղած է Հռիփսիմէի հնարամտութեան շնորհիւ։ Շատ հաւանաբար ընտանիքին կեանքը վտանգի տակ էր այն ատեն։ Բայց Հռիփսիմէն կը յաջողի իր երիտասարդ զաւակները մէկ առ մէկ գիւղէն դուրս հանել եւ տանիլ Չելիք։ Ամէն օր, Հռիփսիմէն, պղինձէ խոշոր դոյլը ձեռքին, իր գիւղի քիւրտերուն առջեւէն կ՚անցնէր, առանց յայտնի ընելու որ զաւակներուն ճաշ կը տանէր Չելիք։ Աւելի ուշ ինքն ալ անոնց կը միանայ։

Չելիքի մէջ մեծ մայրս՝ Հանան, հասակ կը նետէ եւ աչքառու երիտասարդուհի մը կը դառնայ։ Հռիփսիմէն եւ եղբայրները զայն շուտով կը նշանեն եւ կ՚ամուսնացնեն ցեղասպանութենէն փրկուած 30 հոգինոց ընտանիքի մը միակ վերապրած անդամին՝ երիտասարդ Սոլէյման Մքսիին հետ։ Սոլէյմանն ու ընտանիքը Հազրօ գիւղէն էին։ Ցեղասպանութեան տարիներուն քիւրտերը սպաննած էին իր եղբայրը, առեւանգած էին իր հօրաքոյրերը՝ Խաթունը, Ռէյհանը եւ Սրբուհին, իսկ Սոլէյմանին ալ վիրաւորած էին։ Սոլէյմանին չորրորդ հօրաքոյրը՝ Կիւլիզարը, իր ընտանիքով կը բնակէր Սղերդ քաղաքին մէջ։ Կիւլիզարին ամուսինը Սղերդի հայկական դպրոցին մէջ վարժապետ էր։ 1915-ին, քիւրտերը քաղաքին մէջ իսկ կը սպաննեն զինք, իսկ Կիւլիզարն ու իր զաւակները կը սպաննուին իրենց փախուստի ճամբուն վրայ

Հռիփսիմէ Սարգիսին պատկանած պղինձէ ամաններ, որոնք ներկայիս կը պահուին ծոռնուհիին՝ Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեանին քով, Լոս Անճելըս։

Ճակատագիրի մէկ բարի դիպուածով Սոլէյման ողջ կը մնայ։ Այսպէս, ընտանիքին մէջ կը պատմուի, որ քիւրտեր կը բուժեն իր վէրքը, երբ կ՚իմանան որ Սոլէյման կօշիկ կարելու արհեստին կը տիրապետէ եւ իրենց համար սօլ (կօշիկ) կրնայ պատրաստել։ Իսկապէս ալ, Սոլէյման արհեստով կաշեգործ եւ վարպետ կօշկակար էր։ Ան կը պատմէր նաեւ, որ այս անցքերէն ետք ուզած է փախիլ այս վայրերէն եւ միանալ Անդրանիկին ղեկավարած հայ զօրքերուն։ Սակայն վիրաւոր վիճակով չէ համարձակած այս քայլը առնել։ Ինք իր լեզուով ու յատուկ ոճով այս անցքերը կը պատմէր, յայտնելով թէ Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկներու յեղափոխութիւն տեղի ունեցած էր, այնպէս որ ռուս կայսրը չէր կրնար օգնել հայ Ֆետայիներուն։

Այնուհետեւ, Սոլէյմանը Տիգրիսի ափերուն հետեւելով կը հասնի Չելիք գիւղ, ուր հոն կը ծանօթանայ Պօղոս ընտանիքի անդամներուն հետ եւ կը պսակուի Հանային հետ։

Քանի մը տարի ետք, 1923-ին, մեծ մօրս ընտանիքը եւ մեծ հայրս կը փախին Չելիքէն, կ՚իջնեն աւելի հարաւ գտնուող Իտիլ գիւղը (Ազըխ, Ազախ) եւ հոն կը հաստատուին։ Այնպէս ինչպէս Չելիքը, Իտիլ նոյնպէս կը գտնուէր նորաստեղծ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ եւ շատ մօտիկ էր ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ։ Իտիլի մէջ Կը ստեղծեն տուն, այգի եւ ախոռ։ Բայց կեանքը հոս կարճատեւ կ՚ըլլայ։ 1925 թուականին կը ծագի Շէյխ Սայիտի ղեկավարած քրտական ապստամբութիւնը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ այս տարածքները։ Թրքական բանակները կը յաջողին ճնշել այս ըմբոստութիւնը, որմէ ետք պետութիւնը լուրջ քայլեր կ՚առնէ այս տարածքներէն հեռացնելու հայ բնակչութեան մնացորդները։ 1927-ին Իտիլ/Ազըխի մէջ կը ծնի մեծ քեռիս՝ Շիւքրին։

Այս տարիներուն տեղի ունեցած է ընտանիքին գաղթը Թուրքիայէն Սուրիա։ Ճշգրիտ թուականը անյայտ է, միայն թէ գիտենք որ 1930-ականներուն անոնք արդէն կը հաստատուին Այն Տիուար, դարձեալ Տիգրիս գետի ափին, որ նոյն ժամանակ ալ ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ ամէնէն հիւսիս-արեւելքը գտնուող կէտն էր։ Հոս եւս կը կառուցուի նոր տուն, կը մշակուի նոր այգի, կը շինուի նոր ախոռ։

Մեծ հայրս՝ Սոլէյման Մքսին եւ իր ասորի ընկերը՝ Սոլքարին, 1965-ին, Սուրիա։

Այն Տիուարի մէջ կար Այն ըլ Ասքարիէն (Զինուորական աղբիւր), ուրկէ մեծ մայրս մէկ պտոյտով կը կրէր ջուրի երկու թիթեղները (թանաքա)։ Կը կրէր նաեւ փայտեր եւ ճիւղեր՝ տան օճախը վառ պահելու համար։ Ան կը կթէր կովերը եւ այծերը, նոյնիսկ ոչխար կը մորթէր։ Լուացքը ճերմակ էր. չուիթ (լուացքի համար յատուկ կապոյտ նիւթ) կը գործածէր լուացքը ճերմկցնելու համար։ Հացին խմորը առտու կանուխէն կը շաղէր եւ ամէն մարդ կ՚ուզէր Հանային թխած թոնիրի հացը ուտել։ Պանիրի կարասները հողին մէջ կը թաղէր՝ պաղ եւ թարմ պահելու համար։ Ձաւար պատրաստելը արարողութիւն մըն էր։ Ցորենը մարդու մը հասակէն աւելի բարձր տակառի մը մէջ կը խաշէին թաղին խաչմերուկին ճիշդ մէջտեղը։ Դրացիները կը հաւաքուէին եւ գործը կը յառաջանար՝ երգելով, կատակելով եւ պատմութիւններ պատմելով։ Աշխատանքը զուարճանքի կը վերածուէր եւ անցեալի ծանր հոգերը կը թեթեւնային։ Հանային պէս աշխոյժ էր նաեւ հօրս մայրը՝ Սեւէն, որուն եգերը եւ անուշ ձայնը կարծես աշխատանքի այդ կենդանի պատկերին ընկերակցող երաժշտական բաժինը կը լրացնէր։

Այն Տիուարէն յիշատակները յաճախ կը պատմուէին երկրորդ սերունդի անդամներուն կողմէ։ Հոն կը ծնին միւս քեռիներս եւ հայրս, քանի որ մեծ մօրս եղբայրներն ալ այստեղ հանգրուանած էին։ Կը պատմուի որ ֆրանսացի զօրավար Շարլ տը Կոլը Այն Տիուար այցելած է 1944-ին։ Միջնեկ քեռիս՝ Մանսուրը, դրօշակի արարողութեան ընթացքին, Ֆրանսայի քայլերգը երգած է, անոր համար իրեն հինք ղուրուշ նուիրած են, սակայն Տէր Հայրը այդ հինգ դահեկանը ձեռքէն խլած է…

Այդ ժամանակներուն քիւրտերը հալածանքի կ՚ենթարկուէին Թուրքիոյ մէջ։ Այս պայմաններուն մէջ, մեծ թիւով քիւրտեր կը սկսին ապաստան գտնել Թուրքիոյ հետ սահմանակից սուրիական այս քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ։ Անոնք բնակութիւն կը հաստատեն նաեւ Այն Տիուարի մէջ։

Մօրս քեռիներուն մեծ մասը մէկը միւսին ետեւէն կը մահանան համաճարակներու եւ առողջական վատ պայմաններու հետեւանքով։ Այնպէս որ որբութեան կը մատնուին թոռնիկներու շարան մը, որոնց հոգածութիւնը յանձն կ՚առնէ Հռիփսիմէն ու կը դառնայ բոլորին մայրը՝ «եատէ»ն։ 1938-ին, Հռիփսիմէին ընտանիքը կը տեղափոխուի սուրիական նոյն տարածքին մէջ գտնուող Քամիշլի քաղաքը եւ բնակութիւն կը հաստատէ քաղաքին Ղարպի (Արեւմտեան) թաղամասին մէջ։

Հօրենական կողմէ մեծ հայրս՝ Հաննան, ֆրանսական բանակի զինուոր էր։ Ան նաեւ շատ լաւ լողորդ էր։ Տիգրիս գետին մէջ լողալով՝ կը հաւաքէր գետին հոսանքով եկած կոճղերը եւ զանոնք կը ծախէր։ Գետին պաղ ջուրերուն մէջ այս յաճախակի լողալներուն հետեւանքով՝ երիկամները կը վնասուին ու երիտասարդ տարիքին ալ կը մահանայ։

1938-ին, մեծ մօրս՝ Հանային ընտանիքը կը տեղափոխուի Տէրիք։ Հայրս՝ Սապրի, կանուխ տարիքին կորսնցուցած էր հայրը, համաճարակներու հետեւանքով ալ կը մահանան եղբայրները եւ քոյրը։ Սապրի դպրոց չի յաճախեր, իր նման որբ մնացած հօրեղբօր որդիին հետ կ՚աշխատի այդ ժամանակ Քամիշլիի մէջ հռչակաւոր «Կարպիս Սրճարան»ին մէջ։ Հռիփսիմէին հովանաւորութեամբ, երկու այս որբերը կը ստեղծեն տուն եւ ընտանիք, յետոյ կը սկսին պետական հաստատութիւններու մէջ վարել պարզ պաշտօններ։ Հռիփսիմէն եւ Հանան կը դասաւորեն հօրս՝ Սապրիի եւ մօրս՝ Վարդիի ամուսնութիւնը։ Անոնք իրարու նկատմամբ քեռիի տղայ եւ հօրաքրոջ աղջիկ էին։ Պսակը տեղի կ՚ունենայ 1957-ին եւ մայրս այս ձեւով Տէրիքէն Քամիշլի հարս կ՚երթայ։ 1963-ին, կը փոխադրուին Դամասկոս՝ հօրս առողջական խնդիրներուն պատճառով։ Հոս է որ 1975-ին կը ծնիմ։ Զիս Սեւան կը կոչեն, հօրենական մեծ մօրս՝ Սեւէ անունին յիշատակով։ Սեւէ քրտերէնով խնձոր կը նշանակէ։ Մեր ընտանիքին առաջին եւ երկրորդ սերունդի անդամներուն անունները յաճախ արաբական կամ քրտական էին։ Բայց տան մէջ խօսուող լեզուն այլեւս քրտերէնը չէր, այլ դարձած էր արաբերէնը, քանի որ Ազըխի, Այն Տիուարի, Տէրիքի եւ Քամիշլիի այն ատենուայ բնակիչներուն կարեւոր մէկ հատուածը արաբախօս ասորիներ էին։ Ապագային, երրորդ սերունդն էր, որ կրցաւ հայկական դպրոց յաճախել եւ հայերէնով հաղորդակցիլ։

Տէրիք, 1947։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Շիւքրի քեռիս, Մանսուր քեռիս, Պօղոս զարմիկը։ Նստած, ձախէն աջ՝ մեծ հօրս հօրաքոյր Խաթունը։ Ցեղասպանութեան տարիներուն, ան առեւանգուած էր քիւրտերու կողմէ։ Քովը աջին՝ Լիոնա քեռկինս, մեծ մայրս՝ Հանան, Էյուպ քեռիս։ Աւելի փոքր տարիքի երկու երեխաները դրացիներու զաւակներ են։

Հռիփսիմէն ապրեցաւ մինչեւ 1970 թուականը, երբ բոլորեց իր 100-րդ տարեդարձը։ Կ՚ըսեն, որ մինչեւ իր մահը պահած էր բնական իր գեղեցկութիւնը։ Իրմէ ժառանգեցի իր մէկ հատիկ լուսանկարը, հաւանը, երկու պղինձէ կաթսաներ, ամաններ, մի քանի կարպետ (քիլիմ), մէկ մէճիտիէ եւ մէկ անգլիական ոսկի։ Այժմ Պօղոս եւ Մքտիսի (Սողոմոնեան) ընտանիքները սփռուած են աշխարհի զանազան կողմերը. Շուէտ, Գերմանիա, Հոլանտա, Դանիա եւ Միացեալ Նահանգներ, ուր կը գտնուիմ։ Սողոմոնեան (Մքտիսի) ընտանիքին նորագոյն անդամը ծնաւ Հոկտեմբեր 2021-ին, Տէրիքի մէջ եւ կոչուեցաւ Խաչիկ։

Մեծ մայրս՝ Հանան, կը մահանայ 1987-ին։ Ան, ընտանեկան այս պատումիս գլխաւոր դերակատարներէն միակն է, որուն անձնապէս ճանչցած եմ։ Ինչպէս նշեցի, ընտանիքս Սուրիոյ մէջ զանազան վայրերու մէջ բնակած է։ Ուր որ ալ հաստատուած են, անոնք նոյն ձեւով շարունակած են իրենց ամենօրեայ սովորութիւնները եւ աւանդոյթները։ Մեծ մայրս մինչեւ իր մահը եազման կապեց եւ երկար սպիտակ շապկընկեր հագաւ։ Երկու սնտուկներ ունէր. մէկը տախտակէ եւ միւսը պղինձէ պատրաստուած։ Անոնց մէջ կը պահէր իր լաչակները եւ փոշի թութունը՝ «էնֆիէն»։ Ամէն օր՝ առտու, կէսօր եւ իրիկուն քրտերէնով «Հրաշքէ Շնորհ» շարականը կ՚երգէր։

Արդարեւ, մենք բնաւ մեծ մօրմէս չամչցանք, ո՛չ ալ անոր կերպարը փոխել ուզեցինք։ Ինքն իր անկիւնը նստած, միշտ կ՚աղօթէր, կու լար եւ կը յիշէր անցած կեանքի ուղին՝ Թիլ գիւղէն մինչեւ Տէրիքի իր վերջին հանգրուանը…

Հռիփսիմէին թոռնիկներէն՝ Պօղոսին ընտանիքը, Հայաստան, 1967։ Ընտանիքը Հայաստան ներգաղթած էր 1967-ին։ Նստած, ձախէն աջ՝ Կարպիս, Շիրազ, Սիլվա, Ռէյհան (Պօղոսին կինը) եւ Պօղոս։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Պետրոս, Գէորգ, Սիրանուշ, Մինաս։

Սոլէյմանի եւ Հանայի ընտանիքը, Տէրիք, 1968։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մանսուր քեռիս, Էյուպ քեռիս, մեծ հայրս՝ Սոլէյմանը, Ապլահատ՝ մեծ մօրեղբօրս Մինասին որդին։ Մէջտեղի շարք, նստած, ձախէն աջ՝ Մաճիտա քեռկինս, Նուարդ քեռկինս, Նուարդին գիրկը՝ նորածին Մարալը, մեծ մայրս՝ Հանան։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Սրբուհի, Հայկ, Հայկանուշ, Յասմիկ (Հանային գիրկը), Խաթուն։

Մեծ մայրս՝ Հանա Պօղոսը եւ ես, 1975-ին, Տէրիքի մէջ։ Ամառները Դամասկոսէն կու գայինք Քամիշլիի այս շրջանը մեր հարազատներուն այցելութեան։

Սարգիս եւ Պօղոս ընտանիքներուն մէջ գործածուող հայատառ քրտերէն կրօնական երգարան, հրատարակուած է Հալէպ, 1938-ին։

1. Օսմանեան մէճիտիէ, որ պատկանած է Սարգիս ընտանիքին։
2-3. Անգլիական ոսկի, որ պատկանած է Սարգիս ընտանիքին։

1. Հռիփսիմէ Սարգիսին պատկանած հաւան, որ իր հետը տեղափոխած է Թիլէն մինչեւ Քամիշլի։ Լուսանկարիչ՝ Այլին Տէր Աւետիսեան:
2. Հռիփսիմէ Սարգիսին պատկանած կազօճախ։

1. Հռիփսիմէ Սարգիսին կողմէ կարուած քիլիմ, որ ներկայիս կը պահուի ծոռնուհիին՝ Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեանին քով, Լոս Անճելըս։
2. Հռիփսիմէ Սարգիսին կողմէ կարուած քիլիմներ։

Վերի քիլիմի լուսանկարներուն մեծցուած տարբերակը։