Եւնիկէ Կանիմեան (հետագային՝ Պաղտասարեան) ծնած է 1888-ին, Մարաշ: Հայրը՝ Կարապետ Կանիմեան եղած է Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանի ուսանող ու ծառայած է իբրեւ քարոզիչ Սիսի մէջ: Մայրը՝ Մարիամ եղած է տնային տնտեսուհի: Ընտանիքը բախտաւորուած է վեց զաւակներով՝ երկու մանչ եւ չորս աղջիկ՝ Էֆլաթոն, Տիգրան, Թամիձա, Եւնիկէ, Ֆլորա եւ Պէաթրիս:
Եւնիկէ, 1910-ին շրջանաւարտ Մարաշի Աղջկանց Գոլէճէն, կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ՝ դասաւանդելով անգլերէն ու յարակից նիւթեր:
Փոքր տարիքէն Եւնիկէ լուրջ հետաքրքրութիւն եւ սէր ցուցաբերած է ասեղնագործութեան հանդէպ. ան ոչ միայն ձեռք բերած է հմուտ ասեղնագործողի համբաւ, այլեւ եղած է ասեղնագործութեան ուսուցիչ: Մասնագիտացած է Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, Սվազի, Վանի ասեղնագործութիւններու ոճերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ասեղնագործ ժանեակի եւ կանեւայի մէջ:
Եւնիկէ Կանիմեան կ’ամուսնանայ վարպետ կարպետագործ եւ գորգագործ Ստեփան Պաղտասարեանի հետ, որու մասին, 1898-ին սկովտիացի միսիոնարուհի օրդ. Ակնէս Սալմոնտ կը գրէ. «... գորգագործ լաւ վարպետ մը գտանք Ստեփան Պաղտասարեան անունով, յետոյ, որբանոցին մէկ կողմը նոր շէնք մը աւելցուցինք եւ քանի մը տէսկեահներ հաստատեցինք... Քաղաքէն 40-ի չափ երիտասարդուհիներ եւ որբեւայրիներ հոն կու գային աշխատելու ...»: [1]
Ընտանիքը կը բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Ժիրայր-Ուիլսըն եւ Աստղիկ, որ ծնած է 1923-ին, Կիլիկիոյ վերջին հայաթափումէն ետք, գաղթի ճանապարհին, Սուէտիա (Սուրիա): Հայրը կը մտածէ իր դուստրը անուանել Աքսոր, ապրուած ճակատագրին որպէս արձագանգ, սակայն յետոյ կը համակերպի «Աստղիկ»-ին:
Գաղթական ընտանիքը Սուրիայէն կը տեղափոխուի Պէյրութ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Էշրեֆիէի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կից հիւղաւանի մը մէջ: Ստեփանի եւ Եւնիկէի ճգնաջան աշխատանքը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ շրջանի Ժէիթաուի թաղամասին մէջ կառուցելու միայարկ բնակարան մը իր գետնայարկով: Նոր բնակարան տեղափոխուելէ ետք, Եւնիկէ կը լծուի ձեռագործի աշխատանոցի մը կազմաւորումին: Տան գետնայարկը կը ձեւափոխէ աշխատանոցի. ծրագիրը իրագործելէ ետք, իր շուրջ կը հաւաքէ մօտ յիսուն այրի կիներ ու որբ աղջիկներ, որոնց կը սորվեցնէ տարբեր ոճի ձեռագործներ ասեղնագործել: Աշխատանոցը կը վերածուի արտադրամասի: Աշխատանոցին գլխաւոր յաճախորդն էր Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց (Near East Relief) ընկերակցութիւնը, որ պատրաստի եւ ապսպրանքով աշխատցուած ձեռագործները կը գնէ եւ կ’առաքէ Եւրոպա ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ իրենց կեդրոններուն եւ ձեռագործի խանութներուն մէջ վաճառելու:
Եւնիկէ իր քոյրերուն, ապա իր դստեր՝ Աստղիկին կը սորվեցնէ տարբեր ոճի ձեռագործներ աշխատելու հմտութիւնը: Ըստ Եւնիկէի Պէաթրիս քրոջ թոռնուհի, Եւնիկէ «մօրքուրը» անձամբ ճանչցած Հերմինէի (Ա. Մ. Ն.) վկայութեան, իր մայրը՝ Մաքրուհի Եւնիկէէն սորված է բանիլ տարբեր տեսակի ձեռագործներ, յատկապէս Մարաշի ասեղնագործութիւնը եւ կանեւայի գործը զոր կ’աշխատէին անգլիական «քէթէն»ի վրայ՝ համրանքով: Եւնիկէ նաեւ Պէաթրիսին սորվեցուցած է Մարաշի ասեղնագործութիւն, ինչի շնորհիւ քոյրը կրցած է իր օրապահիկը շահիլ եւ ընտանիքը պահել:
Եւնիկէ Կանիմեան-Պաղտասարեան իր մասնագիտական աշխատանքին զուգահեռ նաեւ աշխոյժ ծառայութիւն մատուցած է հաւատքի ուսուցման ու քարոզչութեան դաշտին մէջ. ան յաճախ իբրեւ պատգամախօս կամ դասախօս հրաւիրուած է տիկնանց միութիւններու կողմէ՝ իր շնորհն ու գիտելիքը բաժնեկցելու իր ունկնդիրներուն հետ:
Եւնիկէ Կանիմեան-Պաղտասարեան իր աչքերը այս աշխարհին կը փակէ 1955-ին, 67 տարեկան հասակին, անողոք հիւանդութեան դէմ ամիսներով պայքարելէ ետք:
Եւնիկէի դուստրը՝ Աստղիկ, ինք ալ ընտանիք կազմած է ու մայր դարձած երեք դուստրերու՝ Կրէյս, Եւնիկէ եւ Շողիկ: Աստղիկ իր ու մօրմէ ժառանգ ստացած ձեռագործները իր կարգին կը բաժնէ իր երեք դուստրերուն միջեւ: Անոնք կը բաղկանան 50 կտոր ձեռագործէ: Ընդհանրապէս բոլոր ձեռագործներն ալ 100 տարի եւ աւելի կեանք ունին:
[1] Հրազդան Թոքմաճեան, Մարաշի ասեղնագործութիւն, հրատարակութիւն Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային Միութեան, Հալէպ, 2010: