Յուշամատեանի մէջ տարիներու մեր աշխատանքին ընթացքին հանդիպած ենք աշխարհի տարածքին հայ ընտանիքներու քով գտնուող բազմատեսակ հաւաքածոներու: Նկատած ենք, որ կարգ մը ընտանիքներ շատ քիչ յուշ-իրեր ունեցած են իրենց տրամադրութեան տակ, նկատի ունենալով որ Ցեղասպանութիւնը, հիւրընկալ երկիրներու մէջ զանազան աղէտները (պատերազմ, տեղահանութիւն, եւայլն) կամ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը պատճառ եղած են անոնց փճացումին կամ անհետացումին: Ուրիշներ շատ կանոնաւոր պահպանած են իրենց նախնիներէն ժառանգ մնացած լուսանկարներ, առարկաներ, տրամադրած են մեզի այս յուշ-իրերը՝ թուայնացումի համար, եւ մեզի փոխանցած են իրենց ընտանիքին պատմութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ ցեղասպանութենէն ետք հիւրընկալ երկրի մը մէջ իրենց հաստատուիլը եւ նոր կեանքի մը սկսիլը:
Այս էջով ներկայացուած ընդհանուր նիւթը այս կանոններուն չի հետեւիր: Չենք կրցած ուղղակի կապ հաստատել այս լուսանկարներուն մէջ երեւցող անձերուն այսօրուայ շառաւիղներուն հետ: Հաւաքածոն կազմուած է հարիւրէ աւելի պատկերներէ: Անոնց վերջին սեփականատէրը մահացած է Լիբանանի մէջ: Անոր մահէն ետք այս հաւաքածոն փճացումէ փրկած է Անի Պուճիգանեան, որ նոյն ժամանակ ալ բարի գաղափարը ունեցած է զայն Յուշամատեանին փոխանցելու:
Ահաւասիկ ամփոփ պատմութիւնը թէ ինչպէս այս հաւաքածոն Պէյրութէն հասաւ Պերլին ու ապաստան գտաւ Յուշամատեանի յարկին տակ: Ընտանիքին մասին բանաւոր վկայութիւններ ամբողջովին կը բացակային: Փորձած ենք, պարզապէս, կարգ մը լուսանկարներու դարձերեսին գրուած նշումները օգտագործել՝ ընտանիքին մասին կցկտուր տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Նաեւ՝ Այնթապի հայերու վերաբերող կարգ մը սկզբնաղբիւրներու մէջ կարելի եղաւ գտնել յաւելեալ տեղեկութիւններ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ լրացնել ընտանեկան այս պատմութեան կարգ մը պակսող հատուածները:
Հաւաքածոյին մէջ ամէնէն շատ կրկնուող անունը Արմենուհի Տեյիրմենճեանն է, ինչը ենթադրել կու տայ թէ լուսանկարներուն առնուազն կարեւոր հատուածը պատկանած է անոր: Այլ կրկնուող անուններ են Յակոբ, Լեւոն եւ Ներսէս Տեյիրմենճեանները, որոնք համապատասխանաբար, Արմենուհիին եղբայրներն ու հայրն են: Տեյիրմենճեան ընտանիքը Այնթապէն է, շատ հաւանաբար Արմենուհի նոյնպէս ծնած է Այնթապ: Տեյիրմենճեան եւ Ճեպեճեան ընտանիքները իրարու ազգական ըլլալով, շատ լուսանկարներու մէջ Ճեպեճեան մականունը կրող անձեր կ’երեւին:
Լուսանկարներէն կը պարզուի, որ Արմենուհի Տեյիրմենճեան հետագային դպրոցական եղած է Հալէպի մէջ, որ Ցեղասպանութենէն եւ 1920-ականներու սկիզբին Այնթապէն վերջնական գաղթէն ետք դարձած էր իր եւ իր ընտանիքին բնակավայրը: Ան շրջանաւարտ է Հալէպի ամերիկեան գոլէճէն (Aleppo College): Լուսանկարները կը վկայեն, որ Արմենուհի 1930-ական եւ 1940-ական տարիներուն աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Հալէպի հայկական ընկերային եւ մշակութային կեանքին: Այն տպաւորութիւնն ստացանք որ Արմենուհի չէ ամուսնացած: 1947-ին ԱՄՆ-էն ստացուած նամակի ծրարի մը վրայ անոր անոր համար գրուած է «Օրիորդ Արմենուհի»: Չենք գիտեր թէ ան ե՞րբ եւ ո՞ւր մահացած է:
Հաւաքածոյին քանի մը լուսանկարները առնուած են Այնթապի մէջ: Անոնք գործն են Այնթապի ամէնէն յայտնի լուսանկարչատան՝ Հալլաճեանին: Գիտենք որ Ճեպեճեան ընտանիքէն կարգ մը անձեր 1915-էն առաջ Այնթապէն տեղափոխուած էին Գահիրէ (Եգիպտոս): Անոնցմէ է Յարութիւն Ճեպեճեանը, որ ներկայ է մէկէ աւելի լուսանկարներու մէջ:
Յարութիւն Ճեպեճեան.- 1890-ին շրջանաւարտ է Այնթապի Վարդանեան վարժարանէն: Առեւտրական էր: 19-րդ դարու վերջերուն կը հաստատուի Եգիպտոս, ուր եղբօր՝ Արմենակին հետ, կը շարունակէ եւ կը զարգացնէ իրենց առեւտրական գործը: Անոնց կեդրոնը կը գտնուէր Մանսուրա քաղաքին մէջ: Յարութիւն Ճեպեճեան 1910-ին կը վերադառնայ Այնթապ, ուր Գալուստ Ղազարեանի հետ կը հիմնէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) մասնաճիւղը: Յարութիւն Ճեպեճեան նաեւ հիմնադիրներէն է Գահիրէի «Լուսաբեր» թերթին (1904-1908), որու խմբագիրն էր Եգիպտոս ապրող այլ այնթապցի մը՝ Վահան Քիւրքճեանը (1863-1961):
Երբ Այնթապի մէջ կը կառուցուի Կիլիկեան ճեմարանը (երկրորդական վարժարան, 1912), Յարութիւն եւ Արմենակ Ճեպեճեան եղբայրները կը խոստանան նորակառոյց հաստատութեան նուիրել տպարան մը, որով վարժարանը պիտի ունենար իր սեփական հրատարակչատունը: Առաջին համաշխարհային պատերազմին բռնկումը եւ Ցեղասպանութիւնը անկարելի պիտի դարձնէին այս ծրագիրին իրականացումը:
Տեյիրմենճեան եւ Ճեպեճեան ընտանիքներու ազգականական կապին մասին, գիտենք որ Տիգրան Ճեպեճեան (1888-1962) ամուսնացած էր Անիձա Տեյիրմենճեանի հետ: Ենթադրաբար, Անիձա դուստրն է Ներսէս աղա Տեյիրմենճեանի, քոյրը այս լուսանկարներուն մէջ յաճախ կրկնուող Արմենուհի Տեյիրմենճեանի: Տիգրան Ճեպեճեան մաս կը կազմէր ինը հոգինոց ընտանիքի մը, որ 1915-ին Այնթապէն կը բռնագաղթուի Տէր Զօր: Ընտանիքի անդամներէն էին Տիգրանին հայրը՝ Գէորգ աղան, Տիգրանին քոյրը՝ Արաքսին եւ եղբայրը՝ Երուանդը, որ երիտասարդ եւ խոստմնալից ջութակահար էր: Տիգրան միակ վերապրողը պիտի ըլլար իր ընտանիքէն: Հետագային, երբ կ’ամուսնանայ Անիձայի հետ եւ կ’ապրի Հալէպի մէջ՝ իր առաջին դստեր եւ որդւոյն անունները կը դնէ Արաքսի եւ Երուանդ՝ ի յիշատակ Տէր Զօրի մէջ զոհուած քրոջ ու եղբօր:
Արաքսի Ճեպեճեան (1880-1916).- Ծնած է Այնթապ: 1894-ին շրջանաւարտ է Այնթապի Հայկանուշեան վարժարանէն: 1907-ին կ’աւարտէ Այնթապի ամերիկեան սեմինարը: Կը մեկնի Մարաշ, ուր կը հետեւի Աղջկանց ամերիկեան գոլէճի դասընթացներուն: 1909-ին կը վերադառնայ Այնթապ եւ կը ստանձնէ Աղջկանց կրթասիրաց վարժարանին տնօրէնութիւնը: 1910-ին ուսուցչուհի է Մարաշի Աղջկանց ամերիկեան գոլէճին մէջ: 1912-ին կը մեկնի Մեծն Բրիտանիա, ուր կը հետեւի Ուուտպրուք գոլէճի (Woodbrook College) աստուածաբանութեան դասընթացներուն: Կը վերադառնայ Մարաշ, ապա՝ Այնթապ: 1915-ին ընտանիքին հետ կը տարագրուի Տէր Զօր: Շրջանին կառավարիչը (մութասարրիֆ) եւ հոն կուտակուած հայոց ջարդերու գլխաւոր կազմակերպիչը Զէքի պէյն էր: Երբ ջարդերը կը սկսին, Զէքի Արաքսիին կ’առաջարկէ իսլամանալ եւ իրեն հետ ամուսնանալ: Արաքսիի մերժումին վրայ՝ Զէքի իր զէնքով կը սպանէ Արաքսին:
Ներսէս (Ներսօ) Տեյիրմենճեան.- Ծնած է Այնթապ: Եղած է Այնթապի Հայկազեան վարժարանի հիմնադիրներէն (1884): Երկար տարիներ վարժարանին հոգաբարձուներէն էր: Այնթապի մէջ մանուսայի յայտնի վաճառական էր, նոյն ժամանակ ալ՝ վարպետ մանուսայագործ:
- Գէորգ Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. հատոր, Լոս Անճելըս, 1953:
- Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, 1906-1931, Ա․ հատոր, Բարիզ, 1935:
- Գրիգոր Պողարեան, Այնթապականք, Բ հատոր, Մահարձան (մահագրութիւններ, դամբանականներ եւ կենսագրական նօթեր), տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, 1974:
Հալէպի խրախճանքներն ու դաշտագնացութիւնները
Հաւաքածոյին ամէնէն հին պատկերները եթէ Այնթապի մէջ առնուած են, այնուհետեւ կը տեսնենք որ Տեյիրմենճեան եւ Ճեպեճեան ընտանիքներու անդամներէն շատեր – ինչպէս այնթապցի վերապրողներուն մեծամասնութիւնը – հաստատուած են Հալէպ: Հաւաքածոյի լուսանկարներուն մեծամասնութիւնը այս քաղաքին կամ անոր շրջակայ բնութեան մէջ առնուած է: Ամէնէն շատ մեր տրամադրութեան ունինք Արմենուհի Տեյիրմենճեանի լուսանկարները: Ան ընդհանրապէս կ’երեւի Հալէպի մէջ կամ անոր շրջակայքը կատարուած պտոյտներու կամ դաշտագնացութիւններու խմբանկարներու մէջ: Արմինէ ընդհանրապէս զուարթ եւ երջանիկ տեսք ունի. բնութիւնը գեղեցիկ է, Արմինէ միշտ շրջապատուած է ընկերներով եւ ընկերուհիներով, ուտելիքը, խմելիքը, նուագարանները կամ ձայնարկիչ սարքը (ֆոնոկրաֆ) յաճախ անպակաս են:
Սեւ-ճերմակ այս լուսանկարները գունաւորուած է MyHeritage.comի միջոցաւ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել յօդուածին մէջ աւելի վեր կամ վար։
Հալէպէն դուրս վայրերու մէջ առնուած լուսանկարներ
Երեխաները անծանօթ են: Խորքին կ’երեւի Պէյրութի Սուրբ Նշան առաջնորդանիստ եկեղեցիին գմբէթը:
Տէօքմեճեան ընտանիք, Քալիֆորնիա
Ճորճ Տէօքմեճեան (1928-2018) որդին էր Գուրգէն եւ Ալիս Տէօքմեճեանի: Ճորճին հայրը ծնած էր Այնթապ եւ գաղթած ԱՄՆ: Մայրը՝ Ալիս ծնած էր Կարնոյ մէջ (Էրզրում): Ճորճ ծնած էր Նիւ Եորքինահանգին մէջ: Կը կոչուէր նաեւ Գուրգէն (Courken) Տէօքմեճեան Կրտսեր: Ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ յայտնի դէմք էր: 1983-1991-ին եղած է Քալիֆորնիոյ նահանգին կառավարիչը:
Այս հաւաքածոյին մէջ անոր լուսանկարներու առկայութեան տրամաբանական բացատրութիւնը այն է, որ կինը՝ Կլորիա Տէօքմեճեանը (ծնեալ Սաաթճեան) ազգական էր Տեյիրմենճեան ընտանիքին: Կը կարծենք որ Կլորիային մայրը Ներսէս եւ ՌահէլՏեյիրմենճեաններուն դուստրն էր։