Այլազան - Կիպրոս

Արմիկ Նաճարեան Լիվի հաւաքածոյ - Նիկոսիա, Կիպրոս

Այս հաւաքածոն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Արմիկ Նաճարեան Լիվի, Մայիս 2016-ին Կիպրոսի մէջ Յուշամատեանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին։ Արմիկի հօրենական եւ մօրենական նախնիները ատանացի են։ Այս հաւաքածոյին մաս կազմող որոշ նիւթեր Ատանայէն են։ Հաւաքածոն այժմ կը գտնուի Արմիկ Նաճարեան Լիվիի քով, Նիկոսիա։ Արմիկի մայրը՝ Նուրիցա Նաճարեան (ծնեալ Շահապեան), ծնած է Նիկոսիա, 1928-ին։ Իր հայրը՝ Վահագն Նաճարեան, նոյնպէս Նիկոսիա ծնած է 1925-ին։ Իսկ Արմիկի մօրենական եւ հօրենական մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը Ատանա ծնած են։ Արմիկի հօրենական մեծ հօր անունն է՝ Լեւոն Նաճարեան (ծն. Ատանա, 1884-ին) եւ մեծ մօր անունն է՝ Զարուհի Նաճարեան։ Մօրենական մեծ հայրն է՝ Արմենակ Շահապեան, իսկ մեծ մայրը՝ Լուսիա Շահապեան։

Ձեռագործ բարձի երես Ատանայէն։

Ընտանեկան հաւաքածոյէն ճարմանդ մը։

Այս լուսանկարները Արմիկ Նաճարեան Լիվիի հաւաքածոյին մաս կը կազմեն։ Լուսանկարուածներուն ինքնութիւնը անյայտ է։

1. Վահագն Նաճարեանի կիպրական ծննդեան վկայականը։ Վահագն հայրն է Արմիկ Նաճարեան Լիվիի։ Ան ծնած է Կիպրոս 1925-ին։ Ատանացի ծնողներու զաւակն է։

2. Արթին Շահապեանի կիպրական ինքնութեան թուղթը. ան Արմիկի ազգականն է մօրենական կողմէն։ Ինքնութեան թուղթին վրայ նշուած է թէ Արթին ծնած է Ուրֆա, 1891-ին։

3. Լուսանկարին մէջի անձերուն ինքնութիւնը անյայտ է։

Ձեռագործ բարձի երեսէն կտոր մը։

Ընտանեկան հաւաքոյթներու առիթով գործածուող եւ Ատանայէն բերուած հետաքրքրական առարկայ մը, որ կրօնական-քրիստոնէական բնոյթ ունի։ Սոյն փայտեայ տուփին մէջ գտնուող իւրաքանչիւր թերթիկ կը բովանդակէ Աստուածաշունչէն հատուած մը։ Առարկային գործածութեան բացատրութիւնը ներկայացուած է առանձին թերթիկով մը (տեսնել աջին)։ Ահաւասիկ բացատրութեան արտագրութիւնը՝

«Ինչո՞ւ են այս համարներու [թերթիկ] տուփերը՝

«Զատկի, Ծնունդի եւ ուրիշ օրերու մէջ տուները այցելողներուն համար լաւագոյն բանը այս է։ Աշխարհայինները սիկարներ եւ ուրիշ բաներ կու տան, հաւատացեալներն ալ իրենց ունեցածը կու տան։ Գործք. 3. 6։

«Այսպէս, տունդ այցելողներուն հետ կրնաս հոգեւոր խօսակցութիւն մը բանալ Աստուծոյ Խօսքէն, փոխանակ անկարեւոր խօսակցութիւններու։

«Համարները կարդացողներուն

  1. 1-Իւրաքանչիւր համար կարդացուելէ յետոյ նորէն տեղը դրուելու է։
  2. 2-Համարները՝ բաղդը հասկնալու համար գործածուելու չեն։
  3. 3-Ոեւէ համարը կարդալէ յետոյ, ջանացիր անկէ օրհնութիւն մը քաղել։

  1. Եթէ կեանքիդ մէջ կատարուած է, փառք տուր։
  2. Եթէ ներկայ վիճակիդ կը յարմարի, ընդունէ զայն։
  3. Եթէ ապագայիդ կը վերաբերի, մի մոռնար զայն։

«Սուրբ գիրքէն շատ անգամ գլուխ մը կամ հատուած մը կը կարդանք, սակայն միայն մէկ համար առնել եւ միայն անոր վրայ մտածել, աւելի մեծ օրհնութիւն կրնայ ըլլալ։ Այս համարները այդ կերպով գործածէ։

«Եւ այս խօսքերը զորոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ ըլլան, ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին եւ կրկին անգամ սորվեցնես, եւ թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ, եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ադենդ, անոնց վրայով խօսիս»։ Բ Օրին. 6. 6, 7»։

Տուփին մէջի թերթիկներէն օրինակ մը՝

«Ամէն ով որ այդ ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ով որ խմէ այն ջուրէն զոր ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի»։ Յովհ. 4. 13

Փայտեայ տուփը, որուն մէջ տեղադրուած են Սուրբ գիրքէն տպագիր հատուածներ բովանդակող ոլորաձեւ թերթիկներ։

Ձեռագործ բարձի երես։ Վերի ձախ անկիւնը ստորագրուած է՝ Ռօզա Ըպրեքճեան։ Նախորդ բարձի երեսին նման, այս մէկուն թուականը նոյնպէս 1915 է։ Կ՚ենթադրուի թէ Ռօզա Ըպրեքճեանն է ձեռագործին հեղինակը, զայն պատրաստած է 1915-ին։ Ակնյայտ է թէ մելանով ստորագրութիւնը յետագային աւելցուած է։

Անի Սարգիսեան-Տէմիրճեան հաւաքածոյ - Նիկոսիա, Կիպրոս

Այս լուսանկարը եւ խուրջինը պատկանած են Անի Սարգիսեան-Տէմիրճեանի նախնիներուն, որոնք կեսարացի են։ Այժմ լուսանկարը եւ խուրջինը կը պահուին Անի Սարգիսեան-Տէմիրճեանի քով Նիկոսիա, Կիպրոս։ Անին այս նիւթերը մեզ տրամադրեց Մայիս 2016-ին Կիպրոսի մէջ Յուշամատեանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին։

Գույումճեան ընտանիքը, Կեսարիա։ Ձախէն աջ, ոտքի՝ Գառնիկ Գույումճեան եւ Օննիկ Գույումճեան։ Ձախէն աջ, նստած՝ Հաճիկիւլ Գույումճեան (ծնեալ Գասարճեան) եւ Սուլթան Սարգիսեան (ծնեալ Գասարճեան)՝ Անիին հօրենական մեծ մայրը։

Հաճիկիւլ Գույումճեան (ծնեալ Գասարճեան) Անի Սարգիսեան-Տէմիրճեանի մեծ մօր (Սուլթան Գասարճեան-Սարգիսեանի, ծնեալ Կեսարիա 1898-ին) մեծ քոյրն է։ Իսկ Գառնիկ եւ Օննիկ Գույումճեանները Հաճիկիւլի զաւակներն են։

Խուրջին՝ հիւսուած գորգէ եւ կաշիէ, Կեսարիա։

Այս խուրջինը, թրքերէնով հէյպէ, պատկանած է Անի Սարգիսեան-Տէմիրճեանի մեծ մօրը եւ մեծ հօրը՝ Սուլթան եւ Գրիգոր Սարգիսեաններուն։ Անոնք հիւսած եւ կարած են զայն, եւ Կեսարիայէն իրենց հետ տարած են Կիպրոս, երբ հոս փոխադրուած են 1932-ին։

Խուրջինէն մանրամասնութիւններ՝ կարը, հիւսքը եւ կղպանքը։

Դալար Գույումճեան եւ Ճորճ Թորոսեան հաւաքածոյ - Նիկոսիա, Կիպրոս

Այս հաւաքածոն Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դրաւ Դալար Գույումճեանը, որ կ՚ապրի Կիպրոս։ Հաւաքածոյին մէկ մասը կը պատկանի իր նախնիներուն, իսկ միւս մասը կը պատկանի իր ամուսինին ընտանիքին։ Գույումճեանները (Դալարին հօրենական ընտանիքը) ատանացի են, որոնք Բալուէն եկած են Կիլիկիա, իսկ Այնէճեանները (Դալարին մօրենական ընտանիքը) ատանացի են. անոնք բամպակի դաշտեր ունէին Ատանայի հարաւը գտնուող Ապտողլու գիւղին մէջ։

Դալար Գույումճեանի մօրենական մեծ մեծ մայրը՝ Վիքթորիա Մանուկեան (ծնեալ Այնէճեան) ծնած է Ատանա 1904-ին եւ մահացած՝ Նիկոսիա, Կիպրոս 1986-ին։

Դալար Գույումճեանի մօրենական մեծ մեծ հայրը՝ Նազար Մանուկեան, նոյնպէս Ատանա ծնած է, եւ մահացած՝ Կիպրոս, 1958-ին։

Դալար Գույումճեանի մօրենական մեծ մայրը՝ Արտեմիս Մանուկեան (յետագային Լիպարիտեան), ծնած է Ալէքսանտրէթ/Իսքէնտերուն, 1927-ին եւ մահացած՝ Նիկոսիա, 2015-ին։

Ոսկեայ կախազարդի երկու երեսները, որոնց վրայ եկեղեցական տեսարաններ նկարագրուած են։

Կախազարդը Վիքթորիա Մանուկեանէն (ծնեալ Այնէճեան) նուէր է իր ծոռնուհիին՝ Դալար Գույումճեանին, իր կնունքին առիթով։

1. Ձախէն աջ, նստած՝ Վիքթորիա Մանուկեան (ծնեալ Այնէճեան) եւ Նազար Մանուկեան։ Իրենց դուստրը՝ Արտեմիս, Դալար Գույումճեանին մօրենական մեծ մայրը, հազիւ մէկ տարեկան է եւ Վիքթորիային եւ Նազարին միջեւ աթոռակի մը վրայ ոտքի կանգնած է։ Աջին, ոտքի կեցած տղան Կիրակոսն է՝ Արտեմիսին եղբայրը։ Ձախին, ոտքի կեցած երիտասարդ աղջիկը Մարին է («Մարի քոյրիկ»), որ որբ էր, Վիքթորիան եւ Նազարը զինք կ՚որդեգրեն։ Նազար Ատանայի մէջ մահուան դատապարտուած էր (թուականը անյայտ) եւ կախաղան պիտի բարձրացուէր։ Մահուան ճիրաններէն կ՚ազատի եւ կ՚ուխտէ հայ որբի մը կեանքը փրկել։ Այս որբուհին կ՚ըլլայ Մարին։

Լուսանկարին մէջ Վիքթորիա Մանուկեան (ծնեալ Այնէճեան) կը կրէ այս հաւաքածոյին մէջ ներկայացուած ոսկի խաչը։

2. Այս լուսանկարը Թագուհի Գույումճեանին հասցէագրուած է։ Ետեւի կողմի գրութիւնը հետեւեալն է՝

  1. Ազնուափայլ Տիկին Թագուհի Գույումճեան,
  2. Ազնիւ քոյրիկս
  3. Ընդունեցէք մեր այս ընտանեկան լուսանկարը իբր յիշատակ անկեղծ սիրով
  4. Կարօտակէզ քոյրդ,
  5. Վիգթորիա Մանուկեան
  6. 28 Փետրուար, 1928

Մետաղեայ հոլի տարբեր երեսակները, որոնք կը կրեն հայերէն ցուցմունքներ։

Իւրաքանչիւր խաղացող կ՚ունենայ իր հոլը։ Երբ իր կարգը կը հասնի, ան իր հոլը կը դարձնէ եւ երեւցող երեսակին վրայ գրուած հրահանգին պէտք է հետեւի։ Կ՚ենթադրենք թէ այս հոլերուն կողքին պէտք է ըլլան նաեւ այլ պզտիկ քարեր, որոնք կը գործածուին կա՛մ գետնին վրայ գծուած կա՛մ ալ սեղանի խաղին համար նախատեսուած հարթակին վրայ։

Հոլի տարբեր երեսակները հետեւեալ հրահանգները կը կրեն. 1 դիր, 1 առ, 2 դիր, 2 առ, ամէնը առ, մէյ-մէկ դրէք։

Այս մետաղեայ հոլին հասակը մօտաւորապէս 3 սմ է։

Թորոսեաններուն հօրենական կողմը (Դալար Գույումճեանի ամուսինին ընտանիքը) Պիրէճիքէն են, իսկ մօրենական կողմը՝ Թարսուսէն։

Այս արծաթահիւս շալը (կրնայ նաւ սեղանի ծածկոց ըլլալ) պատկանած է Շաքէ Թորոսեանի (Ճորճ Թորոսեանի մեծ մայրը) մեծ մօր (Ճորճ Թորոսեանի մեծ մեծ մայրը)։ Շաքէ այս շալը նուէր ստացած է իր մեծ մօրմէն, որ թարսուսցի էր։ Շալը Թարսուսէն է եւ այժմ կը պահուի Դալար Գույումճեանի քով, Կիպրոս։

Եղնիկներու պատկերներով փորագրուած ոսկի ապարանջան։

Ճորճ Թորոսեան հօրենական եւ մօրենական կողմէն Թորոսեան մականունը կը կրէ։

Ճորճ Թորոսեանի մայրը՝ Ազնիւ Թորոսեանն է, իսկ անոր մայրը՝ Շաքէ Թորոսեան։ Շաքէի հայրը՝ Սամուէլ Թորոսեանն է, իսկ անոր կինը՝ Պահար Թորոսեան։ Այս ապարանջանը պատկանած է Պահարի մեծ մօր։

Շաքէ Թորոսեան ծնած է Թարսուս 1918-ին եւ մահացած՝ 2003-ին, Պէյրութ։ Շաքէի հայրը՝ Սամուէլ Թորոսեանն ալ Թարսուս ծնած է։

1. Ճամբորդական արտօնագիր, որ տրուած է Ատանայի մէջ գտնուող սպանական փոխ հիւպատոսարանի կողմէ Նազար Մանուկեանին (Դալար Գույումճեանին մօրենական մեծ մեծ հայրը, որ Ատանա ծնած է) եւ իր կնոջ, 8 Նոյեմբեր 1921-ին։ Նազար Մանուկեան Պոսթոնէն կրկին վերադարձած էր Կիլիկիա ֆրանսական բանակին յարակից գործող Հայկական Լէգէոնին մէջ ծառայելու համար։

2. Այս լուսանկարը 1920-ականներու վերջերէն է։ Արտեմիս Մանուկեան (աջին) այստեղ մօտ երկու տարեկան է, իսկ ձախին՝ Կիրակոս Մանուկեան (Արտեմիսի եղբայրը)։

Ոսկի խաչ։

Այս ոսկի խաչը Վիքթորիա Այնէճեան նուէր ստացած է Նազար Մանուկեանի (ատանացի) հետ իր ամուսնութեան առիթով։ Անոնք յետագային ընտանեօք կը փոխադրուին Ալէքսանտրէթ/Իսքէնտերուն։ Վիքթորիայի եւ Նազարի դուստրը՝ Արտեմիս (յետագային Լիպարիտեան), ծնած է Ալէքսանտրէթ 1927-ին։ Վիքթորիա այս ոսկի խաչը Արտեմիսին նուիրած է, ան ալ իր կարգին նուիրած է իր թոռնուհիին՝ Դալար Գույումճեանին։