Քէօսէեան ընտանիքը Արաբկիրէն է: Ամէնահին նախնիներէն մեզի ծանօթ է Յարութիւն/Արթին Քէօսէեանը, որ ծնած է 1800-ի շուրջ: Անոր որդին է Փիլպոս Քէօսէեանը (ծնած 1822-ին), որ ունեցած է երեք զաւակ՝ Ղազար, Նարդուհի եւ Կարապետ (1854-1902): Գոյութիւն ունի 19-րդ դարու սկիզբը Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանին ուղղուած հանրագրութիւն մը, որուն մէջ կը հանդիպինք Քէօսէ Փիլիքօղլու անուանաձեւին:
Այս էջով ներկայացուած պատմութիւնը կը ներկայացնէ Կարապետ Քէօսէեանի ճիւղը: Ան կը յաճախէ Արաբկիրի հայկական վարժարանը եւ կանուխ տարիքին կը դառնայ Արաբկիրի եկեղեցւոյ լուսարարը: 1886-ին քահանայ կ’օծուի Արաբկիրի առաջնորդ Եզնիկ եպիսկոպոս Ապահունիի ձեռամբ եւ կը դառնայ տէր Եզնիկ քհնյ. Պալունի: Տէր հայրը ամուսնացած էր Աննա Տեմիրճեանի (1861-1936) հետ, որմէ կ’ունենայ եօթը զաւակ. Փեբրոնէ (հետագային կ’ամուսնանայ Ղազար Տեւէճեանի հետ), Արմենուհի (հետագային Քէնտիքեան), Մաքրուհի (ծնած 1880-ականներուն, հետագային կ’ամուսնանայ Գէորգ Տէօվլեթեանի հետ), Արաքսի (ծնած 1880-ականներուն, հետագային կ’ամուսնանայ Մուշեղ Խերպէկեանի հետ), Փիլպոս (ծնած 1883-ին), Վարդանուշ (հետագային կ’ամուսնանայ Սահակ Թիւրապեանի հետ), Էլիզա (ծնած 1891-ին, հետագային կ’ամուսնանայ Գէորգ Թերզիպաշեանի հետ):
Սուլթան Ապտուլ Համիտի իշխանութեան տարիներուն, տէր Եզնիկ քհնյ. Պալունի իբրեւ յեղափոխական կ’ամբաստանուի 1894-ին եւ կ’աքսորուի ծննդավայրէն: 1895-ին ընտանիքին հետ կը հաստատուի Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր կը ծառայէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Արաբկիր կը մնան տէր Եզնիկի եւ Աննայի դուստրերէն Փեբրոնէն եւ Արմենուհին, որոնք արդէն ամուսնացած էին եւ ընտանիք կազմած: Փեբրոնէի ամուսինը՝ Ղազար Տեւէճեան, վաճառական էր: Ան 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ Արաբկիրի առաջին հայ ձերբակալուողներէն կ’ըլլայ եւ կը սպանուի բանտին մէջ: Ունէին երեք զաւակ՝ Տիգրան, Եզնիկ եւ Տիգրանուհի, որոնք ցեղասպանութենէն կը վերապրին, հետագային կ’անցնին Հալէպ, հոնկէ ալ՝ Պէյրութ:
Գահիրէի մէջ Տէր Եզնիկ հայերէն կը դասաւանդէր տեղւոյն Խորէնեան վարժարանին մէջ: Ան նաեւ հայերէնի անձնական դասեր կու տար եգիպտահայ երեւելի դէմքերէն Պօղոս Նուպարի զաւակներուն: Տէր Եզնիկ աշխուժ կը մասնակցէր սուլթան Ապտուլ Համիտի 1894-1896-ի հակահայ ջարդերուն տուժած արաբկիրցիներու օգնութեան աշխատանքներուն: Այս նպատակով Եգիպտոսի մէջ դրամահաւաք կը կազմակերպէր եւ ձեռք բերուած գումարները կ’առաքէր Արաբկիր:
Տէր Եզնիկ այցելու քահանան էր Գահիրէէն եւ Աղեքսանդրիայէն հեռու վայրերու մէջ ապրող եգիպտահայոց: Իր պաշտօնին բերումով, 1902-ի մարտին ան կը սկսի շրջագայիլ զանազան հայաբնակ վայրեր, ինչպէս Կիրկէ, Ասուան, Շէլլալ, Պենի-Սուէֆ, Ֆայյում, Մինիա, Ասիութ, Լուքսոր: Վերջինի կայարանին մէջ արեւահար կ’ըլլայ եւ տեղւոյն վրայ կը մահանայ: Մարմինը կը փոխադրուի Գահիրէ եւ կը թաղուի Մար Մինայի հայկական գերեզմանատան մէջ:
Տէր Եզնիկ հարուստ գրադարան ունէր: 1930-ականներու սկիզբը երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոր հաստատուած էր Անթիլիասի մէջ (Լիբանան), տէր Եզնիկի գիրքերու հարուստ հաւաքածոն կը փոխադրուի կաթողիկոսարանի նորաբաց մատենադարանը:
Տէր Եզնիկի մօտիկ ազգականներէն են Աղաւնի եւ Մարիամ Քէօսէեան քոյրերը: Ազգականական կապը կարելի չեղաւ ճշդել, բայց հաւանական է որ զարմիկ-զարմուհիներ եղած են: Աղաւնի եւ Մարիամ ծնած էին Արաբկիրի մէջ՝ 1877-ին եւ 1881-ին: Հայրերնին՝ Մահտեսի Կարապետ աղա Արաբկիրէն կը գաղթէ Պոլիս եւ կը զբաղի ցորենի վաճառականութեամբ: Ընտանեօք կը հաստատուին Պալաթ թաղամասին մէջ, ուր երկու քոյրերը կը յաճախեն տեղւոյն Խորէնեան վարժարանը: Աղաւնի եւ Մարիամ իբրեւ գթութեան քոյր կը սկսին գործել Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ: Հոս կը հանդիպին Մայր Քրիստինէ Փափազեանին եւ անոր միջոցով կը միանան 1866-ին հիմնուած Գալֆայեան Ուխտին, որ հայ կրօնաւորուհիներու միաբանութիւն մըն էր՝ ենթակայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան:
Ուխտի հիմնադիր Մայրապետ Սրբուհի Գալֆայեանի (1822-1889) մահէն ետք, ուխտին պատկանող եւ Խասգիւղ թաղամասին մէջ գտնուող Գալֆայեան որբանոցը (հիմնուած նոյնպէս 1866-ին) կը պարզէր քայքայուած վիճակ: 1902-ին, որբանոցին տնօրէնութիւնը կը յանձնուի Մայր Քրիստինէ Փափազեանին, Քէօսէեան քոյրերն ալ կը նշանակուին անոր օգնական: Հաստատութիւնը նոր կեանք կ’առնէ: Մայր Քրիստինէի մահէն ետք (26 յուլիս 1919), Աղաւնի կը դառնայ Գալֆայեան Ուխտին մայրապետը: 1955-ին անոր վախճանումէն ետք մայրապետութիւնը կը ստանձնէ Մարիամը, մինչեւ իր մահը 1970-ին: 1932-ին երկու քոյրերը կ’այցելեն Երուսաղէմ եւ Գահիրէ: Շատ հաւանական է, որ Գահիրէի մէջ անոնք հանդիպած են Պալունի ընտանիքի անդամներուն: Յամենայն դէպս գիտենք որ անոնց միջեւ նամակագրական կապ կար: Մարիամ նաեւ գեղանկարիչ էր: Իրեն կը պատկանի Մայրապետ Սրբուհի Գալֆայեանի մէկ իւղանկարը: Գահիրէի իր ազգականներուն ուղարկած է Գալֆայեան որբանոցի մատուռի խորանին պատկերը, որուն ետեւը գրած է, թէ հոն երեւցող Աստուածամօր գեղանկարը իր գործն է: Մայր Մարիամ 1961-ի յուլիսին Սթամպուլ այցելող Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.էն արժանացած է ադամանդակուռ լանջախաչ կրելու բացառիկ պատիւին, զոր իրեն ղրկած է նոյն ինքն կաթողիկոսը՝ Կոստանդնուպոլսոյ նորընտիր պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանի միջոցով:
Տէր Եզնիկի եւ Աննայի դուստրերէն Էլիզայի ամուսինը՝ Գէորգ Թերզիպաշեան ոսկերիչ էր: Անոր մայրն էր Ոսկի Թերզիպաշեանը (ծնեալ Պաղտիկեան): Երկուքն ալ Արաբկիր ծնած էին եւ իրենց ընտանիքէն 1895-ի ջարդերէն միակ վերապրողներն էին: Անոնք Գահիրէ կը հասնին 1899-ին: Անոնց կ’ընկերակցէին Գէորգի տարեկից երկու տղաք, շատ հաւանաբար որբեր՝ Սահակ Թիւրապեան եւ Մուշեղ Խերպէկեան: Էլիզա կ’ամուսնանայ Գէորգի, Վարդանուշ՝ Սահակի եւ Արաքսի՝ Մուշեղի հետ: Սահակ եւ Վարդանուշ Թիւրապեաններու ընտանիքը հետագային Խորհրդային Հայաստան պիտի ներգաղթէր:
Գէորգ եւ Էլիզա որոշ ժամանակ կ’ապրին Խարթումի մէջ, ուր կը գտնուէր արաբկիրցի հայերէ կազմուած փոքր գաղութ մը: Հոս էր նաեւ Գէորգի մէկ ազգականը՝ ժամագործ Արթին Առաքելեանը: Վերջինս անզաւակ էր եւ կը փափաքէր որ իր մականունը յարատեւէր: Այս ցանկութիւնը կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ Գէորգի երկու երէց որդիները կը կրեն Առաքելեան մականունը:
Գալֆայեան որբանոցի բակի մատուռին խորանը, Պոլիս: Լուսանկարը Մայր Մարիամ Քէօսէեան ղրկած է Պալունի ընտանիքին, Գահիրէ: Ան կը նշէ թէ խորանին վրայ գտնուող Աստուածածինին պատկերը իր գործն է: 1889-ին կառուցուած մատուռը երկու անգամ հիմնական նորոգութիւններու ենթարկուած է. առաջինը 1923-ին՝ Մայր Աղաւնիի եւ Քոյր Մարիամի ճիգերով, իսկ երկրորդը՝ 1962-ին՝ Մարիամի մայրապետութեան շրջանին:
Էլիզա եւ Գէորգ կ’ունենան չորս զաւակ՝ Վահէ Առաքելեան (1917-2001), Նուպար Առաքելեան (1919-1985), Վարդգէս Թերզիպաշեան (1922-1994) եւ Մանուշակ Թերզիպաշեան (ծնած է 1931-ին): Մանուշակ կ’ամուսնանայ Ալպերթ Չոփուրեանի հետ եւ կ’ունենայ երկու զաւակ՝ Ժանին եւ Կարէն: Ընտանեկան հաւաքածոյին այս նիւթերը եւ անոնց մասին տեղեկութիւնները մեզի տրամադրողն է Ժանինի ամուսինը՝ Տոմենիք Մասոթթի:
Աղբիւրներ
- Յակոբ Չինար եւ Պերճ Էրզիեան, Հարիւրամեայ յիշատակարան Գալֆաեան Տան 1866-1966, Իսթանպուլ, 1966:
- Վաթսունամեակ (1866-1926) Գալֆաեան աղջկանց որբանոցի, Խասգիւղ, Կ. Պոլիս, տպ. Յ. Մ. Սէթեան, 1926:
- Յ. Սէթեան, «Հոգեշնորհ տէր Եզնիկ քհնյ. Պալունի», Արշալոյս, Գահիրէ, Գ. տարի, թիւ 275, 18/31 մայիս 1902:
- Սարգիս Բախտիկեան (խմբագիր), Ոսկեգետակ տարեգիրք, Գ. հատոր, Պէյրութ, 1948:
- Անդրանիկ Լ. Փոլատեան (կազմող եւ երկասիրող), Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, տպ. «Պայքար», 1969:
- Շնորհակալութիւններ Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեանին եւ Միհրան Մինասեանին: