Այս էջին մէջ կը ներկայացուին Գալֆայեան ընտանիքին պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտանիքին քով պահուող բազմաթիւ լուսանկարներ եւ զանազան իրեր: Պատմութիւնը կարելի է բաժնել երկու ճիւղի. Թալաս ապրած Գալֆայեանները եւ սկիզբը Թալաս ապրած, ապա Թոգաթ տեղափոխուած Ղազարեանները: Երկու ճիւղերն ալ երեւելի ընտանիքներ էին այս քաղաքներուն մէջ: Ղազարեաններէն Կարապետը 19-րդ դարու վերջերուն կը տեղափոխուի Սելանիկ, երբ քաղաքը տակաւին մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան:
1915-ի ցեղասպանութիւնը մահացու հարուած կու տայ երկու ընտանիքներուն. անոնցմէ շատ քիչեր կը վերապրին: 1920-ականներուն, Յունաստանի Սելանիկ քաղաքը նոր սկիզբ մը կ’ըլլայ վերապրողներուն համար: Գալֆայեան եւ Ղազարեան ընտանիքները կը միանան ամուսնական կապով եւ կեանքը կը շարունակուի նոր եռանդով ու նոր յաջողութիւններով:
Այս էջով ներկայացուած բանաւոր նիւթերուն եւ յուշ-իրերուն մէկ մասը հաւաքուեցաւ Յուշամատեանի (Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին հետ գործակցաբար) 13 եւ 14 Նոյեմբեր 2021-ին Սելանիկի մէջ տեղի ունեցած աշխատանոցին ընթացքին: Աւելի ուշ Յուշամատեանի խումբը հեռակայ հարցազրոյցներ վարեց Արսէն Գալֆայեանի եւ Տիրուհի Կալիլէասի (ծնեալ Գալֆայեան) հետ: Մեր շնորհակալութիւնները Նուարդ Կալիլէասին եւ Վերոնիքա Մահտեսեանին՝ լուսանկարներու հաւաքման աշխատանքին իրենց մասնակցութեան համար:
Գալֆայեան ճիւղը
Ծագումը Թալաս քաղաքէն է: Անոնց ամէնէն հին նախնիներէն ծանօթ է 1820-ական թուականներուն ծնած Աւետիս Գալֆան/Գալֆայեանը: Ընտանիքին արհեստն էր զարդարուն տպածոներու կաղապարներ շինելն ու զանոնք կերպասներու վրայ տպելը: Աւետիս ինքն ալ գեղանկարելու տաղանդ ունէր: Հետագային ան կը դառնայ վարպետ ճարտարապետ. նշանաւոր էր, մանաւանդ,տուներու եւ պալատներու զարդարանքներ աւելցնելու արուեստին մէջ իր հմտութեամբ: Անոր զարդարանքները տեղ գտած են Պոլսոյ Չրաղանի (Çırağan Sarayı) եւ Պէյլերպէյի (Beylerbey Sarayı)պալատներուն մէջ: Աւետիս Գալֆայի շինութիւններէն է Կեսարիոյ շրջանին մէջ Կէրմիր գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որ նշանաւոր էր իր գմբէթով: Տարսոնի Սուրբ Պօղոս հայկական եկեղեցին նոյնպէս իր գործն է: 1867-ին ան Ատանա կը հրաւիրուի տեղւոյն հայկական եկեղեցին կառուցելու համար: Իրեն հետ կը տանի Տիւրկէր Սահակ Ուստան (ըստ Ալպոյաճեանի), որ այն ատեն տակաւին սկսնակ ճարտարապետ մըն էր: Աւետիս կը մահանայ եւ Ատանայի եկեղեցիին շինութեան գործը կը շարունակէ Տիւրկէր Սահակը [1]:
Աւետիս Գալֆայի զաւակներն էին Փեբրոնէ, Մատթէոս (ծնած 1870-ին), Արսէն (ծնած 1859-ին), Յարութիւն (ծնած 1871-ին), Ռուբէն, Հելէն եւ Սերովբէ:
Մատթէոս Գալֆայեան Թալասի մէջ ոչ-վկայեալ փաստաբան էր: Յարութիւն կանուխէն կը ղրկուի Պոլիս, ուր կը ստանայ իր երկրորդական ուսումը, ապա իրաւաբանութիւն կ’ուսանի օսմանեան պետական համալսարանին մէջ: Արսէն նոյնպէս իրաւաբանութիւն կ’ուսանի եւ միւս եղբայրներուն նման կը դառնայ փաստաբան: Արսէն եւ Յարութիւն սուլթան Ապտուլ Համիտի գահակալութեան ժամանակաշրջանին կը յատկանշուին իրենց յեղափոխական գործունէութեամբ: Արսէն սկիզբը մաս կը կազմէ Հնչակեան կուսակցութեան եւ իբրեւ յեղափոխական Էնկիւրիի դատարանին կողմէ կը դատապարտուի եօթը տարի բանտարկութեան: Նախ կը ղրկուի Պոլսոյ կեդրոնական բանտը, ուր քանի մը ամիս մնալէ ետք կ’աքսորուի Ռոտոս կղզի: Արսէն հոս կը մնայ երկու տարի, ապա, 1890-ականներուն, Մատթէոս արք. Իզմիրլեան պատրիարքին եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանին դիմումներուն շնորհիւ՝ անպարտ կ’արձակուի ու կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կ’ապրէր Յարութիւն եղբայրը: Արսէն աւելի ուշ կը միանայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան:
Յարութիւն Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին սերունդի գործիչներէն է: Ծածկանունը եղած է Վահրամ: 1896-ին, երբ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենան Պոլսոյ Պանք Օթոմանի յարձակումն ու գրաւումը, Ապտուլ Համիտ անմիջապէս կը հակադարձէ Պոլսոյ մէջ զանգուածային ջարդերով եւ ձերբակալութիւններով: Պոլիս հաստատուած Արսէն Գալֆայեանն ալ կը ձերբակալուի ու կը ղրկուի Թալաս, իսկ Յարութիւն կը փախի Պուլկարիա, հոնկէ կ’անցնի Եգիպտոս, ապա Զուիցերիա: Թալասի մէջ Արսէն կը շարունակէ գործել իբրեւ փաստաբան, այս անգամ իր միւս եղբօր՝ Մատթէոսի հետ գործակցաբար: Արսէն անդամ էր Թալասի հայկական համայնքի Քաղաքական ժողովին: Յարութիւն կը վերադառնայ Պոլիս երիտթուրքերու 1908-ի յեղափոխութենէն ետք: 1912-1915-ին ան եղած է Պոլսոյ Մաքրը Քէօյ եւ Այ-Սթեֆանօ թաղամասերուն թաղապետը:
Աւետիս Գալֆայի եօթը զաւակներէն Մատթէոսը կ’ամուսնանայ Վեհանուշի հետ: Կ’ունենան երկու որդի եւ հինգ դուստր՝ Ռուբէն (ծնած 1902-ին), Սերոբ (ծնած 1906-ին), Մայրենի (ծնած 1902-ին), Զարուհի, Արաքսի, Փեբրոնէ եւ Անահիտ (ծնած 1910-ին): Մայրենի եւ Ռուբէն երկուորեակ էին: Այլ զաւակ մը՝ Գրիգորը, կը մահանայ երեխայ հասակին:
Աւետիս Գալֆայի որդիներէն Արսէն Գալֆայեան կ’ամուսնանայ Մաքրուհի Կիւլպէնկեանի հետ (հօր անունը՝ Գասպար): Կ’ունենան վեց զաւակ՝ Ռուբէն, Ագապի, Աւետիս (1900-1977), Սուրէն, Միսաք (ծնած 1909-ին) եւ Վերժին (1892-1944):
Յարութիւն կ’ամուսնանայ (կնոջ անունը անյայտ է) եւ կ’ունենայ որդի մը՝ Աւետիս: Սերովբէի զաւակներն էին Աւետիս ու Եփրաքսի, մինչ Հելէն կ’ունենայ չորս զաւակ՝ Հայկուհի, Իսկուհի, Աբէլ եւ Տիգրան:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, Պոլիս ապրող Յարութիւնը 24 Ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած հայ երեւելիներու շարքին էր: Ան կ’աքսորուի Այաշ, ուր կը սպանուի: Ընտանեկան բանաւոր պատմութեան մէջ կայ անոր սպանութեան վերաբերեալ այլ տարբերակ մը, ըստ որու՝ Յարութիւն մինչեւ Այաս չի հասնիր, այլ՝ թուրք ոստիկաններու կողմէ կը սպանուի Պոլսոյ իր տան բակին մէջ:
Յունիս 1915-ին Թալասի մէջ ծայր կ’առնէ քաղաքի հայ երեւելիներուն ձերբակալութիւնը: Կը կալանաւորուին 22 հայեր, որոնց մէջ՝ Մատթէոս եւ Արսէն Գալֆայեան եղբայրները: Անոնք մօտ մէկ ամիս կը մնան Թալասի բանտին մէջ՝ տանջանքներու ենթարկուելով: Ապա խումբը կը ղրկուի Հալէպի բանտը, ուր կը մնան մօտ 25 օր: Արսէն եւ խումբ մը այլ հայեր հոսկէ շղթայակապ կը տարուին ենթադրաբար Ուրֆայի ուղղութեամբ եւ կը սպանուին ճամբուն վրայ տեղ մը: Մատթէոսի մահուան պայմանները յստակ չեն: Գիտենք որ ան ցեղասպանութեան տարիներուն կը մահանայ ենթադրաբար ժանտատենդով (թիֆուս) վարակուելէ ետք:
Գալֆայեան ընտանիքին մնացեալ անդամներն ալ կ’ապրին ցեղասպանութեան արհաւիրքները: Մատթէոսի ընտանիքը (կինը՝ Վեհանուշը եւ զաւակները) նոյնպէս կը տարագրուի ու կը հասնի Հալէպ: Դուստրերէն Անահիտը (1910-1941) այդ ժամանակ փոքր աղջիկ մըն էր: Հալէպցի ընտանիք մը զայն կ’որդեգրէ եւ իր մօտ կը պահէ: Հետագային այդ ընտանիքը կը տեղափոխուի Լիբանան, հոնկէ ալ՝ Մարսէյ, ուր Անահիտ կ’ամուսնանայ Գույումճեանի մը հետ եւ կ’ունենայ չորս զաւակ՝ Վեհանուշ/Ռոզ (1929-2006), Մոնիքա (ծնած 1931-ին), Ալիս (1933-2010) եւ Ռեմոն (1940-2017): Գալֆայեան ընտանիքի դուստրերէն Արաքսին Հալէպի մէջ կը մահանայ տարագրութեան տարիներուն: Արսէնի ընտանիքը (կինը՝ Մաքրուհին եւ զաւակները) նոյնպէս կ’աքսորուի եւ մեծ դժուարութիւններէ ետք կը հասնի Հալէպ: Հոս երկար չեն կրնար մնալ եւ կը տեղահանուին Հաուրան, ուր հաւաքուած տարագիր հայութիւնը ենթակայ էր սովի եւ համաճարակներու: Անոնք բախտը կ’ունենան այս վայրէն դուրս գալու եւ հասնելու Դամասկոս, ուր պայմանները յարաբերաբար աւելի տանելի էին: Արսէնի եւ Մաքրուհիի որդի Աւետիս Գալֆայեանի կենսագրութեան մէջ նշուած է, որ ցեղասպանութեան տարիներուն Հալէպ մնացող Վեհանուշ Գալֆայեանը եւ զաւակները նոյնպէս գաղտնաբար եկած ու հաստատուած են Դամասկոս, ուր մնացած են մինչեւ պատերազմին աւարտը:
1918-ի զինադադարէն ետք, Մատթէոսի որդիներ Ռուբէնն ու Սերոբը կը ղրկուին Թարսուս/Տարսոնի (Կիլիկիա) մէջ գործող Սեյնթ Փոլ ամերիկեան գոլէճ, իսկ Մատթէոսի կինը՝ Վեհանուշը եւ մնացեալ երեք դուստրերը՝ Մայրենին, Զարուհին ու Փեբրոնէն, կ’որոշեն վերադառնալ Թալաս: Անոնք մաս կը կազմեն հայրենի տուն վերադարձող հայ գաղթականներու խումբի մը: Կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են այս ուղեւորութեան մասին: Այսպէս, ճամբուն վրայ գիւղի մը կամ քաղաքի մը մէջ հայկական եկեղեցի մը կ’ուզեն մտնել եւ աղօթել: Տեղաբնիկ թուրքերը եկեղեցիին դռները անոնց վրայ կը փակեն եւ եկեղեցին կրակի կու տան: Այս ձեւով կը սպանուին Վեհանուշն ու դուստրերը:
Գալֆայեան ընտանիքի բանաւոր պատմութիւններուն մէջ պահուած է Կարապետ Գալֆայեանէն վկայութիւն մը: Ան 1962-ին Հալէպ եւ Դամասկոս կը մեկնի, ուր հրաւիրուած էր իբրեւ Հայաստանի Անկախութեան (Մայիս 28) տօնակատարութեան հանդիսութիւններու գլխաւոր բանախօս: Մեկնելէ առաջ, հայրը՝ Ռուբէն Գալֆայեանը, իրմէ կը խնդրէ այցելել Հալէպի երկաթուղիի կայարանը եւ կ’ըսէ. «Երբ հասնիս այդ վայրը, աչքերդ յառէ աջ կողմ եւ նայիր հեռուն. հոն տեղ մը թաղուած է հայրս՝ Մատթէոսը»: Կը պատմուի նաեւ, որ երկու որդիները՝ Ռուբէնն ու Սերոբը, գետինը ձեռքով փորած են իրենց հայրը թաղելու համար:
Փաստօրէն Գալֆայեան ընտանիքէն ո՛չ մէկը կը վերադառնայ Թալաս: Անյայտ կը մնայ թէ ինչ կ’ըլլան այնտեղի իրենց տունն ու կալուածները:
Ռուբէն եւ Սերոբ Թարսուսի Սեյնթ Փոլ ամերիկեան գոլէճին մէջ աշակերտելէ ետք, 1922-ին կու գան Յունաստան: Երկիրը իրենց ամբողջովին անծանօթ էր, չունէին ազգականներ կամ ծանօթներ: Անոնք նախ կը հաստատուին Քսանթի: Երկուքն ալ անգլերէնին տիրապետած ըլլալով, Ռուբէն կը սկսի իբրեւ թարգմանիչ աշխատիլ Քսանթիի ծխախոտի գործարաններուն, գլխաւորաբար American Grand Tobacco ընկերութեան մէջ: Զուգահեռաբար, Ռուբէն 1923-1926-ին հայերէնի ուսուցիչ կ’ըլլայ տեղի հայկական վարժարանին մէջ, մինչ Սերոբ Քսանթիի մէջ թաքսիի վարորդի մը քով կ’աշխատի:
Սելանիկի մէջ կ’ապրէր ծագումով Թալասէն եւ Թոգաթէն Ղազարեան ընտանիքը: Ռուբէն լսած էր, որ Գալֆայեանները ազգականական կամ խնամիական կապ ունին Ղազարեաններուն հետ, ուստի կապ կը հաստատէ անոնց հետ: Կարապետ Ղազարեան երբ կ’իմանայ Քսանթիի մէջ այս տղոց գոյութեան մասին, անմիջապէս զանոնք կը հրաւիրէ Սելանիկ:
Ռուբէն եւ Սերոբ Գալֆայեան եղբայրներուն առաջին հանդիպումը Ղազարեան ընտանիքին հետ տեղի կ’ունենայ Սելանիկի մէջ: Ռուբէն հետագային պիտի ամուսնանար Նուարդ Ղազարեանի հետ, որ Կարապետի եւ Տիրուհիի դուստրն էր: Սերոբ կ’ամուսնանայ Ալիս Պողտաճեանի հետ.: Կ’ունենան երեք զաւակ՝ Մատթէոս (ծնած 1944-ին), Վեհանուշ (ծնած 1946-ին) եւ Զապէլ (ծնած 1954-ին): Մատթէոս կ’ամուսնանայ Նանսի Պէճեանի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Ճորճ եւ Լիզա: Վեհանուշ կ’ամուսնանայ Նուրհան Պլէճեանի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Տիգրան եւ Նեքթար: Զապէլ կ’ամուսնանայ Միքայէլ Նինիի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Քոսթիս եւ Ալիս:
Ղազարեան ճիւղը
Կարապետ Ղազարեան (1865-1931) հաստատուած էր Սելանիկ: Ան ծանօթ վաճառական մըն էր, ամբողջ Յունաստանի տարածքի ափիոնի վաճառքի մենաշնորհն ունէր:
Կարապետ ծնած էր 1865-ին, Թալասի մէջ: Հայրը՝ Թորոսը յայտնի կալուածատէր էր եւ աւելի ծանօթ էր Հաճի Ղազարեան Էֆենտի անունով: Կարապետի մայրն էր Էլմոնիան: Երբ Կարապետ երեք տարեկան էր, ամբողջ ընտանիքով կը տեղափոխուին ու կը հաստատուին Թոգաթ: Կարապետ երիտասարդ տարիքին յայտնի վաճառական կը դառնայ: Ան ծանօթ էր նաեւ Հաճի Աղա Ղազարեան անունով: Կարապետ կը գործակցէր ապրանքներու արտածումով զբաղուող Կիւլպէնկեան վաճառատան հետ: Կարապետ մեծագոյն գնորդն էր գաւառներու մէջ արտադրուող ափիոնի բերքին, զոր Թոգաթի մէջ մէկտեղելէ ետք՝ կ’արտածէր Պոլիս: Ան ունէր երկու քոյր. մէկուն անունը Ֆիլոր էր (ծնած 1878-ին), որ հետագային կ’ամուսնանայ Կարապետ Շահպենտէրեանի հետ (կը սպանուի 1915-ին): Կ’ունենան չորս զաւակ՝ Ներսէս (1890-1983), Վեհանուշ, Վերժին եւ Պատրիկ (ծնած 1912-ին): Ֆիլոր հետագային կը մեկնի Պուքրէշ (Ռումանիա): Կարապետի միւս քրոջ անունը անյայտ է, բայց գիտենք որ ան կ’ամուսնանայ Սեբաստիոյ մէջ Մխիթարեանի մը հետ: Կ’ունենան երեք զաւակ՝ Սաթենիկ, Աստղիկ եւ Մուրատ: Ամուսինը կը մահանայ ցեղասպանութեան ժամանակ, իսկ Աստղիկ կը հաստատուի Ռումանիոյ մէջ:
Կը պատմուի որ Թորոս Ղազարեանի մէկ թուրք ընկերը 1886-ին կամ 1888-ին զայն խորհրդապահաբար կը տեղեկացնէ, թէ կայսրութեան տարածքին հայերուն վիճակը շուտով պիտի վատթարանայ, բռնութիւններ ծայր պիտի առնեն, այնպէս որ կը յանձնարարէ որդին՝ Կարապետը, հեռացնել երկրէն: Կարապետ Թոգաթը կը ձգէ եւ 1892-ի շուրջ կը հասնի Սելանիկ, որ մինչեւ 1912 մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան: Ղազարեան ընտանիքը Թոգաթի մէջ ունէր ընդարձակ կալուածներ եւ արտեր: Կարապետ ամէն ջանք կը թափէ ծնողները նոյնպէս Սելանիկ բերելու, բայց Թորոս կը մերժէ եւ ամէն անգամ կը կրկնէ թէ իր հայրենիքը Թոգաթն է: Ցեղասպանութեան սկիզբը Թորոս կը ձերբակալուի Թոգաթի մէջ, կը գլխատուի հանրութեան առջեւ եւ գլուխը ցուցադրութեան կը դրուի: Կինը՝ Էլմոնիա եւ այլ ազգականներ կը տեղահանուին ու կը սպանուին բռնագաղթի ուղիներուն վրայ:
Ղազարոս Ղազարեանի Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիրը: Տրուած է Պոլսոյ մէջ Հ. Հ.ի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի (ֆրանսերէնը) եւ հիւպատոս Մատթէոս Էպլիղաթեանի կողմէ (հայերէնը)՝ 24 Հոկտեմբեր 1921-ին: Այս անցագիրով Ղազարոս Սերպիա ճամբորդած է:
Թորոս Ղազարեանի ոսկի մետաղադրամ համրելու սարքը, զոր գործածած է Թոգաթի մէջ: Հետագային բերուած է Սելանիկ:
Կարապետ Թոգաթի մէջ ամուսնացած էր նոյն քաղաքին մէջ 1868-ին ծնած Տիրուհի Կիւլպէնկեանի հետ: Տիրուհիի հայրն էր Պատրիկը (կամ Սարգիսը), իսկ քոյրն էր Մաքրուհին, որ ինչպէս տեսանք, Թալասի մէջ ամուսնացած էր Արսէն Գալֆայեանի հետ: Կարապետ եւ Տիրուհի կ’ունենան երկու զաւակ՝ Ղազարոս (ծնած 1888-ին) եւ Վերոն (1892-1965): 1892-ի շուրջ, Կարապետ նախ առանձին կը մեկնի Սելանիկ, իսկ որոշ ժամանակ ետք Տիրուհին եւ երկու զաւակները իրեն կը միանան: Սելանիկի մէջ կը ծնի երրորդ զաւակը՝ Նուարդը (1900-1971): Փաստօրէն Տիրուհի Սելանիկէն վերադարձած է Թոգաթ, նկատի ունենալով որ չորրորդ զաւակը՝ Երմոնէն, ծնած է Թոգաթի մէջ, 1908-ին (կը մահանայ 1984-ին): Այս չորս զաւակներէն զատ Ղազարեան ընտանիքը որդեգրած է 1900-ին Թոգաթի մէջ ծնած եւ ցեղասպանութենէն վերապրած որբուհի Վարդուհի Գարիպեանը: Անոր հայրը Կարապետ Ղազարեանի բարեկամն էր: Վարդուհիի ծնողները սպանուած էին Թոգաթի մէջ հակահայ բռնութիւններու ժամանակ (տարին անյայտ է): Ղազարեանները կը գտնեն Վարդուհիին հետքը, զայն բերել կու տան Սելանիկ, այնուհետեւ իրենց հարազատ զաւակին նման կը պահեն:
Կարապետ Ղազարեան աշխուժ մասնակցութիւն բերած է Սելանիկի հայկական համայնքային կեանքին: Երբ Սելանիկի հայերը կ’որոշեն եկեղեցի մը կառուցել, Կարապետ Ղազարեան կը յաջողի օսմանեան իշխանութիւններէն ձեռք ձգել կառուցման արտօնագիրը՝ իր անունով: Եկեղեցին կը կառուցուի 1903-ին: Ղազարեաններէն բացի, այդ ժամանակ Սելանիկ ապրող հայ երեւելի տուներէն կը յիշուին Փիւսքիւլեան, Ամատունեան, Ղազարեան, Ասլանեան, Ռուբինեան, Զիփչի (յայտնի լուսանկարիչ) ընտանիքները: Բոլորը կ’ապրէին նորակառոյց եկեղեցիին շուրջ՝ կողք-կողքի տուներու մէջ: Նախապէս հայկական համայնքը ունեցած էր միայն մատուռ մը, որու խորանը կը փոխադրուի եւ կը տեղադրուի նոր եկեղեցիի խորանի ձախին գտնուող սենեակը՝ մկրտարանը:
Բացի ափիոնէն, Կարապետ Ղազարեան կը զբաղէր նաեւ գորգի վաճառականութեամբ: Սելանիկի մէջ ան ունէր գորգի երկու արհեստանոց, ուր կը գործէին քսանէ աւելի տազկեահներ (ոստայն, հոր):
Կարապետ Ղազարեան կարեւոր դերակատարութիւն կ’ունենայ Սելանիկի «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան» վարժարանի հիմնադրութեան մէջ: 1924-էն առաջ Սելանիկի մէջ հայկական դպրոց չկար. գոյութիւն ունէր միայն մանկապարտէզ մը: Կը գործէր նաեւ աղջկանց երգչախումբ մը, ինչպէս նաեւ ձեռագործի դասարան մը: 1922-էն վերջ, հայ գաղթականներու Յունաստան հոսքը մեծապէս կը բազմացնէ Սելանիկի հայութեան թիւը: Կ’որոշուի նոր վարժարան մը հիմնել: Կարապետ Ղազարեան կը յաջողի համոզել Նիւ Եորքի Կիւլպէնկեան ընտանիքը, որ այս վարժարանի հիմնադրութեան նիւթապէս նեցուկ կանգնի: 1924-ին, նոր վարժարանը կը բացուի քաղաքէն քիչ մը հեռու գտնուող տեղ մը: Ան կը կոչուի «Կիւլլապի Կիւլպէնկեան»՝ ի յիշատակ Կիւլպէնկեան ընտանիքի հանգուցեալ այս անդամին (1865, Թալաս – 1918, Նիւ Եորք): Շէնքը անյարմար էր, այնպէս որ երկու տարի ետք վարժարանը կը տեղափոխուի աւելի յարմար վայր մը (Պէշ Չինար), ուր կը սկսին յաճախել 250-է աւելի աշակերտներ: Կարապետ մաս կը կազմէր վարժարանի խնամակալութեան: Ան 1920-էն 1924 եղած է նաեւ թաղական խորհուրդին ատենապետը:
Տիրուհի կը մահանայ 1918-ին՝ սպանական տենդի համաճարակին հետեւանքով: Տիրուհիի եւ Կարապետի որդի Ղազարոսը կ’ամուսնանայ Վերժին Գալֆայեանի հետ, որ իր մօրաքրոջ՝ Մաքրուհի Գալֆայեանի (ծնեալ Կիւլպէնկեան) դուստրն էր: Վերոն կ’ամուսնանայ Զաքարիա Աւետիքեանի հետ: Կ’ունենան որդի մը՝ Սուրէն: Երմոնէ կ’ամուսնանայ Գէորգ Պոյաճեանի հետ: Վարդուհի կ’ամուսնանայ Պարտիզակ ծնած Սեդրակ Բարաղամեանի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Վահագն (ծնած 1927-ին) եւ Ալիս (ծնած 1937-ին):
Ռուբէնի եւ Նուարդի ամուսնութիւնն ու ընտանիքը
Երբ Ռուբէն ու Սերոբ Սելանիկ կը հաստատուին, Կարապետ Ղազարեան իրենց համար 1928-ին կը բանայ փայտի վաճառականութեան գործարան մը: Հոս կը ծախուէր փայտ, կը շինուէին սայլերու փայտեայ մասեր, օրինակ՝ փայտեայ անիւ:
Ռուբէն ու Սերոբ յաճախ Ղազարեան ընտանիքի ճաշի հիւրն էին: Հոս է որ Ռուբէն կը հանդիպէր Նուարդին, որու հետ կ’ամուսնանայ 1929-ին: 1931-ին կը ծնի անոնց առաջնեկը, որու անունը կը դնեն Մատթէոս՝ ցեղասպանութեան զոհ մեծ հօր յիշատակին: Բայց նորածինը երկար չապրիր եւ կը մահանայ: Երկրորդ զաւակը 1933-ին ծնած Կարապետն է: 1942-ին կը ծնի Տիրուհին:
Ռուբէն Գալֆայեան 1940-1944-ին եւ 1946-էն մինչեւ իր մահը 1971-ին, եղած է Սելանիկի հայկական եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ատենապետը:
Կարապետ Գալֆայեան կ’ամուսնանայ Անահիտ Եաղճեանի հետ: Կ’ունենան երկու որդի՝ Ռուբէն եւ Արսէն: Տիրուհի կ’ամուսնանայ Քոզմա Կալիլէասի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Նուարդ-Վերոն եւ Խրիսթոս:
Աղբիւրներ
- Արշակ Ալպոյաճեան, Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց. տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական տեղեկութիւններով, տպ. «Նոր աստղ», Գահիրէ, 1952:
- Արշակ Ալպոյաճեան, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Ա. եւ Բ. հատորներ, տպ. «Յ. Փափազեան», Գահիրէ, 1937:
- Հին եւ նոր Կեսարիա, յուշամատեան, հրատարակութիւն Կեսարիոյ եւ Շրջանի Հայրենակցական Միութեան Փարիզի մասնաճիւղի, տպ. «Ազետ», Փարիզ, 1989:
- Ասատուր Յ. Մակարեան, Յուշագիրք Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութներու, տպ. «Հորիզոն» օրաթերթի, Սելանիկ, 1929:
- Հրաչ Տասնապետեան, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. Ժողով (1890-1924), «Դրօշակ»ի տպարան, Աթէնք, 1988:
- Յունահայ տարեգիրք, Ա. տարի, 1927, հրատարակութիւն «Նոր օր»ի, Աթէնք:
[1] Այլ աղբիւր մը կը նշէ որ Աւետիս Գալֆայի հետ Ատանա գացող ճարտարապետը Սահակ գալֆա Պալըգճեանն էր (Հին եւ նոր Կեսարիա, յուշամատեան, Փարիզ, 1989, էջ 254): Բիւզանդ Եղիայեան իր կարգին բոլորովին այլ անուններ կը նշէ իբրեւ Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցիներու ճարտարապետներ. Յակոբ Խալֆէ, Վարդան Խալֆէ եւ Քիրէշճեան: Բայց Եղիայեան կ’աւելցնէ թէ Յակոբ Խալֆէ այս եկեղեցիներուն կառուցումը իրականացուցած է 19-րդ դարու սկիզբին: Կ’ենթադրենք թէ Եղիայեանի նշած անուններուն ճարտարապետական ներդրումը աւելի հին ժամանակներու եկեղեցական կառոյցի մը մասին է, մինչ Աւետիս Գալֆա Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան կը ձեռնարկէ 1867-ին (Բիւզանդ Եղիայեան (խմբ.), Ատանայի հայոց պատմութիւն, տպ. Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1970, էջ 607):