Մատթէոս Աջապահեանի ընտանիքը Սիսէն է։ Մատթէոսի եղբայրը Կիլիկիոյ երբեմնի կաթողիկոս Կիրակոս Բ Աջապահեանն էր (ծնած 1823-ին)։
Աջապահեան ընտանիքին յունարէն պաշտօնական արտօնագիրը (թիւ 280)՝ յունական Խիոս կղզիէն Աթէնք ճամբորդելու։ Թուական՝ 4 Նոյեմբեր 1922։ Արտօնագիրը շնորհուած է այս ընտանիքէն Գրիգոր Աջապահեանին, որուն տարիքը 40 է եւ ծնունդով Ատանայի շրջանէն է (Սիս քաղաքը մաս կը կազմէ Ատանայի նահանգին)։ Գիտենք որ ընտանիքը Իզմիրէն հասած է Խիոս կղզի. հետագային ալ, ինչպէս արտօնագիրը ցոյց կու տայ, Աջապահեանները անցած են Աթէնք։
Արտօնագիրին մէջ նշուած են հետեւեալ անունները. Գրիգոր Աջապահեան (40 տարեկան), Մատթէոս (90 տարեկան), Վառվառ (65 տարեկան), Շուշան (25 տարեկան), Աչինէ (2 տարեկան), Հռիփսիմէ (1 տարեկան), Զարուհի (35 տարեկան), Գրիգոր (5 տարեկան), Ալիս (3 տարեկան), Կիրակոս (15 տարեկան), Լուսընթագ (17 տարեկան), Աբրահամ (11 տարեկան)։
Ոսկեզօծ տփիկ
Պատարագի զգեստի գօտիի արծաթեայ եւ սատափեայ ճարմանդ
Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանի պատկանած փղոսկրէ սանտր եւ իր մետաքսեայ պահպանակը։ Կը կրէ 1861 թուականը եւ Ն. եւ (՞) սկզբնատառերը։
Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանի պատկանած փղոսկրէ սանտր եւ իր մետաքսեայ պահպանակը։ Կը կրէ 1861 թուականը եւ Ն. եւ (՞) սկզբնատառերը։
Կիրակոս Բ Աջապահեան կաթողիկոսին փղոսկրէ եւ սաթէ ծխամորճը եւ անոր տուփը
Աջապահեան գերդաստանը յայտնի անուն էր Սիսի մէջ։ Այս ընտանիքէն սերած ինը անձեր յաջորդաբար բազմած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին վրայ՝ 1731-էն մինչեւ 1866։ Այս շարքէն վերջինն էր Կիրակոս Բ-ը, որ կաթողիկոսի պաշտօնը կը վարէ 1855-էն 1866։ Աջապահեան անունը կը ստուգաբանուի իբրեւ «աջ» եւ «պահ». ինչ որ կը նշանակէ, թէ ընտանիքին յանձնուած էր Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին մասունքները պահելու պատասխանատուութիւնը։
Օրհնութեան կոնդակ. գրուած է Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոսի կողմէ (1818–1840) եւ ողղուած է Գրիգոր Վարդապետին, այս վերջինին կատարած նուիրատւութեան համար։
Կիլիկիոյ Եփրեմ Աջապահեան կաթողիկոսի ստորագրութիւնը կրող կաթողիկոսական կոնդակ։ Կիլիկիոյ Աթոռը ունեցած է երկու կաթողիկոս Եփրեմ անունը կրող։ Եփրեմ Ա-ը գահակալած է 1771-էն 1784, իսկ Եփրեմ Բ-ը՝ 1823-էն 1833։ Յայտնի չէ թէ այս կոնդակը ո՞ր Եփրեմին ստորագրութիւնը կը կրէ։
Կիրակոս Բ.ի նախաձեռնութեամբ Սիսէն երեք երիտասարդներ Պոլիս կ՚ուղարկուին տեղւոյն Շահնազարեան վարժարանին մէջ (Խասգիւղ Hasköy) աշակերտելու համար։ Կաթողիկոսին նպատակն էր Սիսը օժտել անհրաժեշտ մտաւորական մարդուժով տեղական դպրոցներ հիմնելու համար։ Պոլիս ղրկուած այս աշակերտներէն մէկն էր Մատթէոս Աջապահեան՝ Կիրակոս Բ.ի եղբայրը։ Ահաւասիկ Մատթէոսի ընտանիքին մէջ պահուած նիւթերն են, որոնք կը ներկայացուին այս էջով։
1920-ականներու սկիզբը Աջապահեան ընտանիքը կը գտնենք Իզմիրի մէջ։ Անոնք շատ հաւանաբար Կիլիկիան ձգած էին երբ տեղւոյն ֆրանսական գրաւեալ ուժերը որոշում առած էին քաշուելու այս տարածքէն եւ անիկա յանձնել քեմալական Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։ Իզմիրը այդ ժամանակ յունական բանակներուն կողմէ գրաւուած էր։ Բայց այստեղէն ալ շուտով յոյներու եւ հայերու զանգուածային գաղթ մը ծայր պիտի առնէր դէպի Յունաստան, երբ յունական բանակները պարտութիւն կը կրէին թրքական ուժերէն։
Պատարագի զգեստի ոսկեթելով պատրաստուած ղենջակ
Սատափէ կափարիչով սրբատուփ, որ պատկանած է Եփրեմ կաթողիկոս Աջապահեանի։ Կը կրէ Եփրեմի փորագիր հայատառ անունը։
Ճարմանդներ
Կնիք
Կնիքներ եւ զգեստի զարդարանքներ
Այսպէս, 1922-ին, Մատթէոս Աջապահեանի ընտանիքը կը գաղթէ Յունաստան։ Ճամբորդական անցագիրին լուսանկարը ցոյց կու տայ, թէ Յունաստան գաղթող Աջապահեան այս ընտանիքը կազմուած էր 12 անդամներէ։ Հոս էին արդէն իսկ 90 տարեկան դարձած Մատթէոս Աջապահեանը եւ կինը՝ Վառվառ Աջապահեանը (ծնեալ Աբարթեան, 65 տարեկան), անոնց որդիներէն Գրիգոր Աջապահեանը (40 տարեկան) եւ կինը՝ Շուշանը (ծնեալ Ներետեան), Լուսնթագ Աջապահեանը եւ Կիրակոս Աջապահեանը։
Ընտանիքը սկիզբը ապաստան կը գտնեն Խիոս կղզին։ Ապա հոսկէ կը տեղափոխուին Աթէնք։ Այս բոլոր տեղափոխումներուն եւ գաղթերուն ընթացքին իրենց հետ կը տանին նաեւ ընտանեկան եւ կաթողիկոսական գանձեր. կոնդակ, ճարմանդ, կնիք, պատարագի զգեստ, մետաղեայ դրամ, լուսանկար, ճամբորդական եւ կալուածային վաւերաթուղթ, ընտանեկան պատմութեան ձեռագիր մատեան մը, եւայլն։
Յունաստանէն սկսեալ ընտանիքը կը սկսի սփռուիլ ողջ աշխարհի մէջ։ Այսպէս, մէկ ճիւղը կը մեկնի Հայաստան, ուրիշ մը՝ Ֆրանսա եւ ճիւղ մըն ալ՝ Հարաւային Ամերիկա։
Կնիքներ եւ զգեստի զարդարանքներ
Թանկագին քարերով զարդարուած խաչ
Արծաթէ խաչ որ կը կրէ հայատառ գրութիւն
Արծաթէ եռանկիւն զարդ
Այս նիւթերը երկար ժամանակ պահուած են Արմենուհի Պաղճեանի (ծնեալ Աջապահեան) քով։ Ան ծնած է Աթէնք, բայց հետագային գաղթած է Արժանթին։ Աթէնք կատարած իր յաճախակի այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին կը ծանօթանայ Աթէնքի, Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեանի։ Համաձայնութիւն կը գոյանայ Արմենուհիի քով գտնուող նիւթերը յանձնելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ տեղադրելու կաթողիկոսարանի թանգարանին մէջ (Անթիլիաս, Լիբանան)։ Ծրագիրը կ՚իրականանայ 2004-ին, երբ Տէր Նարեկը, ընկերակցութեամբ Երէցկինին՝ Լուսի Օննիկեան-Շահինեանին, կը հանդիպին Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ին եւ մեծարժէք այս նիւթերը կը յանձնուին Վեհափառ Հայրապետին անձամբ։
Ընտանեկան այս հաւաքածոյին կարեւորագոյն նիւթերէն են երկու ձեռագիր տետրակներ։ Անոնցմէ մէկը աշխատութիւն մըն է, որ կը կոչուի «Ազգաբանութիւն Աջապահեանց ազնիւ գերդաստանին»։ Հեղինակն է Առաքել Ա եւ գրուած է Սիսի մէջ, 1865-ին։ Երկու ձեռագիրները կը բաղկանան մօտ 70 էջերէ եւ գրուած են գրաբար հայերէնով։
«Ազգաբանութիւն Աջապահեանց ազնիւ գերդաստանին»։ Սեղմել վերի նկարին վրայ ձեռագիրին բոլոր էջերը PDF ձեւով տեսնելու համար։
Սեղմել վերի նկարին վրայ ձեռագիրին բոլոր էջերը PDF ձեւով տեսնելու համար։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մայք Չիլինկիրեանին, Տէր Նարեկ Շահինեանին եւ Հայր Պարոյր Շերնէզեանին այս էջին պատրաստութիւնը հնարաւոր դարձնելու համար։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ Թոլկա Ճորային, որ ստանձնեց օսմանեան վաւերաթուղթերուն թարգմանութիւնը։
Աջապահեան ընտանիքը, 1922-ի շուրջ։
Նստած, ձախէն աջ՝ Գրիգոր Աջապահեան, Շուշան Աջապահեան (Գրիգորի կինը, ծնեալ Ներետեան), Շուշանի եւ Գրիգորի գիրկերը նստած են իրենց զաւակները՝ Հռիփսիմէ եւ Աչինէ, Մատթէոս Աջապահեան (90 տարեկան), Վառվառ Աջապահեան (Մատթէոսի կինը, ծնեալ Աբարթեան), Զարուհի Աջապահեան, Վառվառի եւ Զարուհիի առջեւ կանգնած երկու երեխաները հայ որբեր են՝ Գրիգոր եւ Ալիս, որոնք որդեգրուած էին Աջապահեան ընտանիքին կողմէ։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աբրահամ Կէօքճեան (նոյնպէս Աջապահեան ընտանիքին կողմէ որդեգրուած պատանի մը), Կիրակոս Աջապահեան, Լուսնթագ Աջապահեան։
Աջապահեան ընտանիքին պատկանող օսմանեան վաւերաթուղթեր
Կալուածային փաստաթուղթ [tapu senedi], Սիս, 21 Սեպտեմբեր 1874։ Կալուածը կը պատկանի Գաբրիէլի եւ Մատթէոսի [Աջապահեան]։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Պին Տամը(՞), 1878-1879։ Կալուածը կը պատկանի Մատթէոսի եւ Օհաննէսի [Աջապահեան]։
Կալուածային փաստաթուղթ, Սիս, 1874-1875։ Կալուածը կը պատկանի Աբրահամի, Գաբրիէլի եւ Մատթէոսի [Աջապահեան]։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani], Սիս, 9 Հոկտեմբեր 1909։ Կալուածը կը պատկանի Պէրպէրօղլու Արթինի զաւակներուն՝ Յակոբին, Արթինին, Կիւզէլին եւ Սաքինէին։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Ինճէ Պէյ [İnce Bey(?)], 1893-1894։ Կալուածին կէսը կը պատկանի Մատթէոսի եւ Օհաննէսի [Աջապահեան], միւս կէսը՝ Լեւոնի եւ Սանթուրի։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani], Սիս, 1893-1894։ Կալուածին կէսը կը պատկանի Մատթէոսի եւ Օհաննէսի [Աջապահեան], միւս կէսը՝ Լեւոնի եւ Սանթուրի։
Կալուածաթուղթ։ Կալուածի վայր՝ Քոզան/Սիս, Քարինճա(՞)։ Թուական՝ 1823։ Կը հաստատէ որ կալուածը Տէլի Եուսուֆէն եւ Ապտուլլահէն կը փոխանցուի Աբրահամ Քէշիշի։
Ճիզիէի (ոչ-իսլամներէն գանձուող տուրք) վճարման ստացագիր։ Թուական՝ 1842-1843։ Վաւերաթուղթին մէջ կը նշուի Կարապետ անունը։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani], Քոզան, 8 Յունուար 1885։ Կալուածը կը պատկանի Մատթէոսի եւ Օհաննէսի եւ անընթեռնելի անունով երրորդ անձի մը [Աջապահեան]։
Շուշան Ներետէօղլուի [Ներետեան] օսմանեան անձնաթուղթը։ Շուշանի հօր անունն է՝ Կարապետ, մօր անունը՝ Մէրիէմ։ Ծնած է Մուշեղկա գիւղ (Ակնի շրջան), 1901-1902-ին։ Նշենք որ Շուշան կինն է Մատթէոս եւ Վառվառ Աջապահեանի որդիներէն՝ Գրիգորի։
Գրիգոր [Աջապահեան]ի՝ որդին Յակոբի եւ Զարուհիի, օսմանեան անձնաթուղթը։ Ծնած է 1 Մարտ 1917-ին, Սիս։
Պարտաթուղթ։ Թուական.- իսլամական (հիճրի) օրացոյց՝ 1241, նոր օրացոյց՝ 1825-1826։
Կալուածի գնման փաստաթուղթ։ Թուական՝ 1823-1824։
Փաստաթուղթ, ուր նշուած է որ Հոռոմսիմ՝ Մանուէլ Քէշիշի [քահանայ] դուստրը պարտէզ մը ստացած է Սիսի մէջ։ Թուական.- իսլամական (հիճրի) օրացոյց՝ 1266, նոր օրացոյց՝ 1849-50.
Վաւերաթուղթ, որ կը վերաբերի Մանուէլ Քէշիշի կողմէ Քարընճայի մէջ կալուածի մը տիրանալուն։ Թուական.- իսլամական (հիճրի) օրացոյց՝ 1252, նոր օրացոյց՝ 1836-37։
Հողային կալուածի պատկանելիութեան վերաբերող վաւերաթուղթ։
Աղերսագիր՝ 7 Մայիս 1908 թուակիր. ուղղուած քաղաքապետական դատարանին՝ ժառանգութեան վէճ մը լուծելու համար։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Քարընճա, 1882-1883։ Ջաղացքի եւ կալուածի սեփականութեան վաւերաթուղթ։ Անոնք կը պատկանին Աբրամի [Աբրահա՞մ], Մատթէոսի, Օհաննէսի, ինչպէս նաեւ երկու այլ անձերու որոնց անունները անընթեռնելի են։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani], Քոզան, 1872-1873։ Կը պատկանի Մանուէլի որդիներ Աբրահամի եւ Գաբրիէլի։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Պին Տամը [՞]. Թուական՝ 1881-1882։ Փաստաթուղթը կը հաստատէ թէ կալուածին սեփականատէրը դարձած է Մանուէլը, նկատի ունենալով որ հայրը՝ Աբրահամը մահացած է։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածային ժառանգութեան փաստաթուղթ՝ Աբրահամէն իր որդիներուն։ Ժառանգութիւնը պիտի գործադրուի Աբրահամի մահէն ետք։ Թուական՝ 1880-1881։
Հարկային գրանցման վաւերաթուղթ։ Թուական՝ 1887-1888 եւ 1888-1889։ Կը պատկանի Մանուէլի որդի Աբրահամ աղայի։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Պին Տամը(՞)։ Փաստաթուղթը կը հաստատէ թէ կալուածին սեփականատէրը դարձած է Մանուէլը, նկատի ունենալով որ հայրը՝ Աբրահամը մահացած է։ Թուական՝ 1880-1881։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Քըզըլ Եազը (՞) (Kızıl yazı?)։ Թուական՝ 1887։ Կալուածային ժառանգութեան փաստաթուղթ՝ Գաբրիէլէն իր որդիներուն։ Ժառանգութիւնը պիտի գործադրուի Գաբրիէլի մահուան պատճառով, որ պատահեցաւ 1880-1881-ին։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Եարըմ օղլու (Yarım oğlu)։ Կալուածային փաստաթուղթի վերահաստատում։ Կալուածին կէսը կը պատկանի Մանուէլի զաւակներ՝ Լեւոնի եւ Սանթուրի, միւս կէսը՝ Մատթէոսի, Մանուէլի եւ Օհաննէսի։
Կալուածային վէճի մասին փաստաթուղթ մը։ Վէճին ներգրաւուած է Մանուէլ Քէշիշը։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Պին Տամը(՞) (Bin Damı?)։ Թուական՝ 1883։ Կալուածը կը պատկանի Մատթէոսի եւ Օհաննէսի [Աջապահեան]։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Պին Տամը(՞) (Bin Damı?)։ Թուական՝ 1883։ Կալուածը կը պատկանի Աբրահամի, Մատթէոսի եւ Օհաննէսի [Աջապահեան]։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Պին Տամը(՞) (Bin Damı?)։ Թուական՝ 1883։ Փաստաթուղթը կը հաստատէ թէ կալուածին սեփականատէրը դարձած է Մանուէլը, նկատի ունենալով որ հայրը՝ Աբրահամը մահացած է։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Քոզան/Սիս, Քարինճա(՞)։ Թուական՝ 8 Յունուար 1885։ Կալուածը կը պատկանի Աբրահամի, Մատթէոսի, Օհաննէսի եւ Գաբրիէլի [Աջապահեան]։
Կայսերական կալուածի գրանցման վաւերաթուղթ [sened-i hakani]։ Կալուածի վայր՝ Սիս, Եարըմօղլու(՞) (Yarımoğlu?)։ Թուական՝ 1 Ապրիլ 1899։ Կալուածին կէսը կը պատկանի Մանուէլի զաւակներ՝ Լեւոնի եւ Սանթուրի, միւս կէսը՝ Մատթէոսի, Օհաննէսի եւ Մանուէլի։
Գրիգոր [Աջապահեանի] օսմանեան անձնաթութը [nüfus tezkeresi]։ Կ՚ապրի՝ Սիս, Եարըմօղլու(՞) (Yarımoğlu?) թաղամաս։ Հայրանուն՝ Մատթէոս, մայրանուն՝ Վառվառ։ Ծնած է՝ 1882-1883-ին։
Աջապահեան ընտանիքին պատկանող օսմանեան այլ փաստաթուղթեր (առանց որեւէ բացատրութեան)