Արսլանեան/Պէրպէրեան/Առաքելեան հաւաքածոյ - ԱՄՆ
Սոյն նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրին Մէրի Անն եւ Էտուարտ Գազանճեաններ։ Մէրի Անն Եոզկատի երեւելիներէն՝ Օհան ամիրա Արսլանեանի (1784-1874) շառաւիղէն է։ Մէրի Աննի մեծ մայրը՝ Շնորհիկ Առաքելեան (ծնեալ Պէրպէրեան), Օհան ամիրայի ծոռնուհին է։ Այս էջով ներկայացուած նիւթերն ալ կը պատկանին Օհան ամիրայի յաջորդող սերունդներու ներկայացուցիչներուն, բոլորն ալ Եոզկատի ծնունդ։
Եոզկատ, 1901: Երեք քոյրեր, ձախէն աջ՝ Աղաւնի Պէրպէրեան (յետագային Շափճեան), Լուսինէ Պէրպէրեան (յետագային Փափազեան) եւ Շնորհիկ Պէրպէրեան (յետագային առաքելեան)։ Շնորհիկը մեծ մայրն է Մէրի Անն Գազանճեանի։
Եոզկատ, 1912. Լուսանկարին մէջտեղը կանգնած ձեռքը գլխարկ բռնած պզտիկ տղան Պատրիկ Առաքելեանն է։ Ան հայրն է Մէրի Անն Գազանճեանի, որդին՝ Շնորհիկ եւ Առաքել Առաքելեանի։ Միւս երկու տղաքը իր զարմիկներն են։ Պատրիկի ձախին եւ աջին նստած են իր մօրենական մեծ մայրը՝ Սասէտէ Պէրպէրեան (ծն. Արսլանեան) եւ մեծ հայը՝ Ռուբեն Պէրպէրեան։ Պատրիկենց ընտանիքը 1912-ի շուրջ կը տեղափոխուի Սամսոն։ Մեծ հայրն ու մեծ մայրը նոյնպէս կը տեղափուխուին Սեւ Ծովու ափին գտնուող այս քաղաքը, ուր քանի մը տարի վերջ ալ կը մահանան նախքան Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումը։
Պատրիկ Առաքելեան (Շնորհիկ եւ Առաքել Առաքելեանի որդին) – Եոզկատ, 1910։ Պատրիկ ծնած է 1909-ին։ Քրոջ անունն է Արմենուհի, իսկ եղբօրը՝ Յարութիւն։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Պատրիկի ծնողները կը սպաննուին, քոյրն ու եղբայրը անյայտ կը կորին, իսկ ինք կ՚ուղարկուի Մարզուանի թրքական որբանոցը, որ հաստատուած էր ամերիկեան գոլէճի շէնքերուն մէջ։ Նոյն ժամանակ Պոլսոյ մէջ ունէր մօրեղբայր մը, որ կ՚իմանայ Պատրիկի Մարզուան գտնուիլը։ Բարեկամներու միջոցով կը յաջողի Պատրիկը փախցնել որբանոցէն եւ երկար արկածախնրութիւններէ ետք Սամսոնի ճամբով նաւով հասցնել զայն Պոլիս։ 1920-ին Պատրիկ իր հօրաքրոջ հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ, կը հաստատուի Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր արդէն կ՚ապրէին իր մօրեղբայրը՝ Վահան Պէրպէրեան, եւ հօրեղբայրը՝ Լեւոն Առաքելեան։
Առաքել Առաքելեանի (Շնորհիկին ամուսինը, Պատրիկին հայրը) կեանքի ապահովագինը։ Առաքելեան ապահովագրուած էր ամերիկեան New York Life Insurance ընկերութեան քով, իսկ սոյն հաստատագիրը իր հասցէին՝ Եոզկատ, ուղարկուած է նոյն ընկերութեան Փարիզի մասնաճիւղին կողմէ։
New York Life Insurtance-ի հաստատագիր նամակին ծրարը, ղրկուած Եոզկատ՝ Առաքել Առաքելեանի հասցէին։ Իբրեւ հասցէ ֆրանսերէնով նշուած է՝ Monsieur Arakel Arakelian, quincaillier, rue Tekké, Yozgat (Պրն. Առաքել Առաքելեան, տնային ապրանքներու վաճառորդ, Թեքքէ փողոց, Եոզկատ)։ Առաքել Առաքելեանն ու իր ընտանիքը 1912-ի շուրջ կը տեղափոխուին Սամսոն, ուր ան կը զբաղի վաճառականութեամբ։ Առաքել եւ իր կինը՝ Շնորհիկ, կը սպաննուին Ցեղասպանութեան ընթացքին։
Նամակ գրուած Վահան Պէրպէրեանին իր հօրմէն՝ Ռուբէն Պէրպէրեանէն, 25 Մարտ 1913 թուակիր։ Վահան այդ ժամանակ կ՚ապրէր Միացեալ Նահանգներ, իսկ Ռուբէն արդէն տեղափոխուած էր Սամսոն, ուր կարճ ժամանակ ետք պիտի մահանար։ Նամակը գրուած է հայատառ թրքերէնով։
Ընտանեկան ծառ, պատրաստուած Վահան Պէրպէրեանի կողմէ, որ Մէրի Անն Գազանճեանի հօր՝ Պատրիկի մօրեղբայրն է (Շնորհիկի եղբայրը)։ Տոհմածառը ծայր կ՚առնէ Օհան ամիրա Արսլանեանի սերունդէն։ Վահան ծնած է Եոզկատ 1888-ին, կը մահանայ 1993-ին, Միացեալ Նահանգներ։ Ան իր կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն հայկական ազգային վարժարանին մէջ, որմէ ետք կը յաճախէ նոյն քաղաքի հայկական բողոքական վարժարանը, ապա թրքական իտատիյէ (idadiye) երկրորդական վարժարանը։ Այնուհետեւ ծնողքը զինք կը ղրկէ Անգարա, ուր կը յաճախէ տեղւոյն յիսուսեաններու (jesuit) վարժարանը։ Փաստաբանութիւն կ՚ուսանի Պոլսոյ մէջ, որմէ ետք կը զինուորագրուի Օսմանեան բանակին մէջ։ Ծառայութենէն փախուստ կու տայ եւ 1911-ին կը յաջողի մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ։
Օհան Արսլանեանի (1784-1874) տապանաքարը, որ ներկայիս կը գտնուի Եոզկատի իրենց պատմական տան շրջափակին մէջ։ Տունը վերածուած է Եոզկատի ազգագրական թանգարանին։
19-րդ դարու երկրորդ կէսին, Օհան ամիրա Արսլանեանի բարերարութեամբ Առաջնորդարանի բակին մէջ կը հիմնուի Եոզկատի հայկական վարժարանը, որ աւելի յայտնի է Մայր-վարժարան անունով։ Բարերարը նաեւ շինել կու տայ եկեղեցիէն մինչեւ Թաշ Խանի կամուրջը երկարող ճամբուն երկու կողմերը գտնուող խանութներ, որոնց բերած եկամուտը կը գործածուի եկեղեցւոյ եւ դրպոցին ծախսերը հոգալու։ Օհան Արսլանեան Եոզկատի տարածքին մէջ երեւելի անձնաւորութիւն մըն է։ Ան հարստութեան, ուժի եւ դիրքի կը տիրանայ Եոզկատի Չափանօղլու տէրէպէյ (աւատապետ) ընտանիքին հովանիին տակ։ Չափանօղլուները ամբողջ այս տարածքին մէջ կը համարուին ամէնէն մեծ կալուածատէրերը։ Արսլանեան չորպաճիի դիրքին հասած էր, այսինքն ինքն էր որ տէրէպէյ այս ընտանիքին եւ Եոզկատի հայերուն միջեւ միջնորդութիւն կ՚ընէր այլազան հարցերու շուրջ։ Քաղաքին մէջ շինարարական բազմաթիւ ձեռնարկներու հեղինակն է։ Կը յիշուի նաեւ որ Եոզկատի ամբողջ կուսակալութեան տասանորդի տուրքը (աշար) ինք կը գնէր պետութենէն։ Այս ազդեցիկ դիրքը ան յաճախ ի սպաս դրած է հայկական զանազան ձեռնարկներ յաջողցնելու համար, ինչպէս օրինակ եկեղեցիի կամ դպրոցի շինութիւն։
Եոզկատ քաղաքը, իւղանկար։ Այս մէկը Վահան Պէրպէրեանի գործն է։ Ամբողջապէս յիշողութեան վրայ հիմնուած իւղանկար մըն է, քանի որ Վահան Եոզկատը ձգած է 1911-ին եւ երբեք չէ վերադարձած այնտեղ։ Այս իւղանկարը ան պատրաստած է մօտաւորապէս 1911-ին, երբ Ֆիլատելֆիա կ՚ապրէր։ Չափ՝ 28սմ x 35սմ (11" x 14")։ Անիկա կը պահուի ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ, Միացեալ Նահանգներ։