Այս պատկերին կիներն ու երեխաները սերած են երեք եղբայրներէ՝ կեսարացի Բարսեղ, Տիգրան եւ Միհրան Աշըգեաններէն։ Հաւանաբար կը գտնուին Անթիլիաս գետին ափին (Պէյրութի հիւսիսը) սրճարանի մը մէջ, ուր ծառերուն վրայ դափնեվարդեր կան. 1930-ի շուրջ։

Աշըգեան/Իյնէճեան/Պագալեան/Պօհճէլեան հծոյ, մաս 1

Հեղինակ՝ Անի Պագալեան, Նիւ Եորք, 02/09/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/09/19), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Ներածական

Ահա պատմութիւնը կեսարացի Աշըգեաններու գերդաստանին, անոր նահապետին՝ Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանին, Աշըգեանի խնամիին՝ Յարութիւն Իյնէճեանին եւ անոնց սերունդներուն 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը։ Պատմութիւնը հիմնուած է Կարապետ Բ. Աշըգեանի «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» գիրքին վրայ (Պէյրութ, տպարան Տօնիկեան, 1968։ Վաչէ Ղազարեանի թարգմանութեամբ անգլերէն տարբերակը լոյս տեսած է 2013-ին «History of Uzun Ashekian Clan» անունով (Monterey, CA)։

1) 1911. Կարապետ Աշըգեան, հեղինակը՝ «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» գիրքին (Պէյրութ, տպարան Տօնիկեան, 1968։ Վաչէ Ղազարեանի թարգմանութեամբ անգլերէն տարբերակը լոյս տեսած է 2013-ին «History of Uzun Ashekian Clan» անունով (Monterey, CA)։
2) Կարապետ Աշըգեանի գիրքին կողքը։

Ըստ Կեսարիայի (Քայսերի) բնակիչ Աշըգեան ընտանիքի ժամանակագրին՝ Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանը (այդպէս կ’ըսէին Բարսեղին բարձր հասակին համար, «ուզուն» թրքերէն բարձրահասակ կը նշանակէ), հոն հաստատուած էր խուսափելով 18-րդ դարու վերջերու պարսկական հալածանքներէն։ Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանը ծագումով պատմական Հայաստանի այն տարածքներէն էր, որոնք կը գտնուէին Պարսկական կայսրութեան հակակշիռին տակ։ Ստոյգ գիւղը կամ քաղաքը, սակայն, որ տոհմի նահապետին հայրենի բնակավայրն էր, անյայտ է։

Պարսկաստանի մէջ ղաճարեան հարստութեան տիրապետութեան ժամնակաշրջանը կը սկսի Աղա Մոհամմատ Շահով (1789-1797). այս ատեն է որ Պարսկաստանը կը տիրանայ Կովկասին։ Կրծանիսի ճակատամարտին (1795 սեպտեմբեր) ղաճարական զօրքերը կը կտրեն Արաքս գետը, իրենց կ’ենթարկեն Երեւանի խաները, կը գրաւեն Թիֆլիսը եւ զայն կ’անուանեն Խորասան։ Ռուսիոյ հեղինակութիւնը վերահաստատելու համար Եկատերինա Բ (Մեծն Եկատերինան) ցարուհին պատերազմ կը յայտարարէ, բայց նոր ցարը՝ Պաւել Ա-ը, որ 1796 նոյեմբերին յաջորդեր էր Եկատերինային, շուտով կը հրաժարի պատերազմ մղելէ։ Քիչ անց կը սպաննուի Աղա Մոհամմատ Շահը, երբ Վրաստանի դէմ երկրորդ արշաւանքը կը պատրաստէր Շուշիի մէջ (Արցախ) 1797-ին։ Այս տարածքը նոյնպէս եղած է Պարսկաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմներու թատերաբեմ։

Տոհմի նահապետը ի Կեսարիա ունէր երկու որդի՝ Հաճի [1] Պետրոսը եւ Հաճի Կարապետը։ Բարսեղը կրնայ այլ զաւակներ ալ ունեցած ըլլալ, բայց անոնց ով ըլլալը յայտնի չէ։ Որդիները վաճառական էին. հայ եւ թուրք հեծեալներու կարաւաններ կ’առաջնորդէին Իրաք եւ Իրան եւ կը բերէին եզան եւ գոմէշիկոտոշ, որ կը գործածուէր լծասարք պատրաստելու համար։ Բերքահաւաքի օրերուն անոնք նաեւ իրենց կարաւանները փոխ կու տային Կապադովկիոյ հողագործներուն, որովհետեւ այդպէսով իրենց գիները կ’աւելնային։ Եղբայրները իրենց հօր պարգեւած էին 18 թոռ, որոնք իւրաքանչիւրը իրենց հերթին մեծ ընտանիքներ կազմած էին։

Պետրոս Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 1810-ի կողմերը եւ մահացած Կեսարիա 1890-ի կողմերը) նահապետի անդրանիկ որդին էր՝ հօր նման բարձրահասակ եւ գեղեցիկ իր երիտասարդութեան օրերուն։ Ամուսնացած էր կնոջ մը հետ, որուն մականունը չենք գիտեր։ Բարսեղը, Եղիսաբէթը եւ Մարիամը անոնց զաւակներն էին։ Առաջին կնոջ մահէն ետք Պետրոսը ամուսնացած էր Մարիամ Մերտինեանին հետ, որ Կեսարիոյ երեւելի ընտանիքներէն մէկուն կը պատկանէր։ Մարիամը ութ զաւակ պարգեաւծ էր Պետրոսին՝ Աննան, Ստեփանը, Նուրիձան, Յովհաննէսը, Ֆիլորը, Սիման, Շէմսին եւ Շահմիրը։ Պետրոսը հանրագումար տասնմէկ զաւակ ունէր։

Նահապետին երկրորդ որդին՝ Կարապետ Բարսեղ Ուզուն Աշըգեանը (ծնեալ Կեսարիա 1818-ին, մահացած Ատանա 30 յունուար 1903-ին) ուսում ստացած էր Կեսարիոյ մէջ, կրնար կարդալ Աստուածաշունչը եւ տօնացոյցերը։ Ունէր մատեան մը, որուն մէջ բծախնդրօրէն կ’արձանագրէր իր զաւակներուն ծննդեան եւ մկրտութեան թուականները, անոնց կնքահայրերուն անունները, ինչպէս նաեւ իր վճարելիք եւ ստանալիք գումարները։

Կարապետը ամուսնացած էր Հռիփսիմէ Մուրատ Թէքէեանին հետ, որ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի (ծնեալ Պոլիս 1878, մահացած Գահիրէ 1945) հօրաքոյրն էր։ Ունէին վեց որդի՝ Բարսեղը, Յարութիւնը, Տիգրանը, Նազարէթը, Միսաքը, Միհրանը եւ դուստր մը՝ Նեւրիկը, որ իրենց վերջին զաւակն էր։

Պետրոս Ուզուն Աշըգեանի դուստր Մարիամը ամուսնացած էր Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանին հետ (ծնեալ Կեսարիա, 1825-ի շուրջ եւ մահացած Պոլիս 1915-ի շուրջ)։ Անոր անձնական գործը մետաքսեայ թելերու արհեստն էր։ Յարութիւնը նաեւ Կեսարիոյ հայկական թաղամասի ղեկավարն էր։ Յարութիւնը եւ Մարիամը ունէին չորս դուստր՝ Կիւլտուտուն, Տիգրանուհին, Տիրուհին, Նեւրիկը, եւ երեք որդի՝ Յովհաննէսը, Նազարէթը եւ Պետրոսը։ Եւ այսպէսով, Աշըգեան եւ Իյնէճեան ընտանիքներու մէջ այս առաջին ամուսնութիւնը մեկնարկած էր կեսարացի այս երկու ընտանիքներուն ազգակցութիւնը 19-րդ դարու վերջաւորութեան/20-րդի դարասկզբին։

Կեսարացի Աշըգեան գերդասատանէն քիչ թիւով մարդիկ զոհ գացած են Հայոց ցեղասպանութեան Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, որովհետեւ Աշըգեանները բարեկեցիկ էին եւ ամուր կապեր ունէին Միութիւն եւ առաջադիմութիւն կուսակցութեան քաղաքական գործիչներուն հետ։ Աշըգեաններուն Ատանայի ալիւրաղացը ռազմավարական նշանակութիւն ունէր, եւ այդպէսով հոն աշխատողներէն շատերու կեանքը փրկուած էր։ Կեանքի թոհ ու բոհը Աշըգեաններէն ոմանք պիտի նետէր Լիբանան, իսկ ոմանք ալ՝ Ռումանիա։

19-րդ դարուն ընթացքին գերդաստանին երէցները նախընտրած են ամուսնութիւն կնքել տոհմին պատկանողներու հետ, մօրենական գծով ըլլայ թէ հօրենական, եւ նախընտրած են բնիկ կեսարացիներու հետ ամուսնանալ։ Այր մարդու պատասխանատւութիւնը ընտանիքին ապրուստը ապահովելն էր։ Գերդաստանի այրերուն մեծ մասը առեւտուրով կը զբաղէր կամ անշարժ գոյքի մէջ ներդրումներկ’ընէր մինչեւ 20-րդ դարասկիզբը։ Տոհմի երէցները կը նմանէին մերօրեայ ապահովագրական կազմակերպութիւններուն. օրինակ՝ օգտակար կ’ըլլային երբ տաղանդաւոր մանուկ մը ուզէր իր ուսումը շարունակել կամ պէտք ունենար արհեստ մը սորվելու, երիտասարդներուն գործ մը բանալու համար սկզբնական դրամագլուխ մը կը տրամադրէին եւ կ’օգնէին գերդասատանին այրիներուն եւ որբերուն։

Օճախին տէրն ու տիրականըկիներն էին. զաւակ կը մեծցնէին, հիւանդները կը խնամէին, ծերերուն հոգ կը տանէին։ Կիները ուտելիքին պատասխանատուն էին. եփել-թափել եւ մանաւանդ ձմեռուան համար պատրաստութիւն տեսնել՝ բանջարեղէն պահածոյացնել, պտուղ, կանաչեղէն, ընդեղէն ամբարել, հաւաքել կաթնամթերքի եւ մսամթերքիպաշար (արաբերէն՝ մունէ, թրքերէն՝ քարշըլըք)։ Շատ այլ գործեր ալ՝ կարել-կարկտելը, հիւսելը, հագուստ թէ անկողինի ճերմակեղէն կարելը, լուացք ընելը, տունը մաքուր եւ ապահով պահելը կնոջ պարտականութիւնն էին։ Կիները նաեւ կը ձգտէին իրենց տունը հրապուրիչ դարձնել ի գործ դնելով ձեռագործի, հելունի եւ ասեղնագործի իրենց տաղանդը։ Աւելին. կիները իրենց մայրերէն, հօրաքոյրներէն ու մօրաքոյրներէն կը սորվէին թէ տնական բուժումներով ինչպէս կարելի էր խնամել հիւանդները, բուժել վէրքերը եւ հիւանդութիւնները՝ պաղառութեան պարագային «շիշ քաշելը», հազի դէմ սերկեւիլի կորիզով թէյ խմելը, կոկորդի ցաւի պարագային մանիշ ցօղելըեւ ակնագարիկ բուժելու համար աչքի լուացումի տնական լուծոյթներ պատրաստելը։ 20-րդ դարու երկրորդ կէսեն ետք այս կենսական բաներուն մէկ մասը (մանել, կերպաս գործել, եւ այլն), գործարաններու մէջ կ’ըլլային, եւ այդպէսով կիները իրենց անհաճոյ պարտականակութիւններուն մէկ մասէն ազատած էին։

Եւ այսպէս, Աշըգեան, Ալավերտեան, Այանեան, Պագալեան, Պալթայեան, Պօղոսեան, Պօհճէլեան, Գազանճեան, Իյնէճեան, Օհանեան, Ուրֆալեան, Փամպուքճեան, Սալաթեան ընտանիքներուն երէցները կ’ապրէին այնպէս, կարծես իրենց ընտանեկան կեանքը ըլլար առեւտրական ընկերութիւն մը կամ պետութիւն մը։ Շատերը պիտի վերապրէին Ցեղասպանութենէն, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն, Խորհրդային վարչակարգէն, այլ պատերազմներէ եւ տնտեսական տագնապներէ, որովհետեւ այս ընտանեկան ցանցին ընդմէջէն ձեռք կը մեկնէին իրարու։ 21-րդ դարուն է որ ի վերջոյ տոհմը պիտի սկսէր ապրելու ընտանեկան արդիական օրինաչափութիւններուն համաձայն։ Այսօր նիւթական աջակցութիւնը եւ ընտանիքի անդամներու հետ գործընկերութիւնը շատ աւելի նուազ յաճախակի են, իսկ արիւնակիցներու հետ ամուսնութիւնը գրեթէ խարանային բան է։ Ասոնց փոխարէն զգացական կապերն են որ ազգականները իրարու կապուած կը պահեն՝ այցելութիւններու, Ամանորի եւ ս. Ծննդեան շնորհաւորանքներու ու ամուսնութիւններու եւ յուղարկաւորութիւններու ներկայ ըլլալու ճամբով։

Չորս հրապարակումներով պիտի պատմենք պատմութիւնը այս ընտաննիքներուն՝ գրութիւններով, լուսանկարներով, իրերու նկարներով եւ 19-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ 20-րդի կէսերը հասնող ընտանեկան ծառերով։

Ա հրապարակում. Կեսարացի Բարսեղ Աշըգեանի Լիբանան հաստատուած սերունդը

Ա հրապարակումը կը ծանօթացնէ սերունդները Կարապետ որդի Բարսեղի Աշըգեանի եւ նոյնինքն նահապետը՝ անձին եւ մասնագիտութեան վերաբերող պատմութիւններով եւ լուսանկարներով։ Տրուած ըլլալով որ Ատանան առեւտրական շատ աւելի լայն հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէր քան Կեսարիան, Կարապետի աւագ որդին հոն հաստատուած էր, եւ իր քոյրն ու հինգ եղբայրները հետեւեր էիր իրեն։ Տիգրան Աշըգեանը եւ Սարգիս Պագալեանը, աներձագ եւ քեռայր, 1908-ին Ատանայի մէջ ելեկտրական ալիւրաղաց գնած էին. գնելու որոշումը կենսականորոշում մըն էր։ Ալիւրաղացին հետ առնչութիւն ունեցող այրերու մեծամասնութիւնը զինուորական ծառայութենէն զերծ պիտի կացուցանուէր եւ ծեր թէ երիտասարդ պիտի չտեղահանուէին, որովհետեւ գործարանը Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն զինուորական իշխանութեան կը ծառայէր։ Աշըգեան տոհմի անդամներէն շատերը պետութեան հետ իրենց կապերը եւ իրենց հարստութիւնը պիտի գործածէին գոյատեւելու համար, ի տարբերութիւն բազմաթիւ հայերու, որոնք անապատները պիտի քշուէին եւ մահանային։

1920-ին Կարապետ Աշըգեանի ժառանգորդները կը փոխադրուին Կիպրոս, ապա կը հաստատուին Լիբանան։ Սարգիս Պագալեանը Պէյրութի մէջ իր ալիւրաղացը կը հիմնէ։ Աշըգեանները իրենց զաւակները համալսարան կը ղրկեն, եւ վերջիններս մասնագիտութիւն ձեռք կը ձգեն։ Կը սորվին արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, բայց նաեւ կը շարունակեն հայերէն եւ թրքերէն խօսիլ։ Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը (1975-1990) Աշըգեան տոհմի արդէն հինգերորդ սերունդը ներգրաւուած էր լիբանանեան եւ լիբանանահայկական գործարար, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։

Բ հրապարակում. Կեսարացի Յարութիւն Իյնէճեանի սերունդները. անոնք, որոնք անցան Պոլիս եւ անոնք, որոնք մնացին Իսթանպուլ

Բ հրապարակումը կը ներկայացնէ Յարութիւն Իյնէճեանի ընտանիքին անդամները (Աշըգեաններուն խնամիները), անոնք որոնք ապրած են Պոլիս եւ անոնք, որոնք այս քաղաքէն անցած են։ Գլխաւորաբար կեդրոնացած է Լոզանի դաշնագրէն ետք (24 յուլիս 1923) հայերուն կեանքին մէջ եղած մեծ փոփոխութեաններուն վրայ, այն դաշնագրին որ ճանչցաւ «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը»։ Լոզանի դաշնագրի ստորագրումէն քիչ անց Անգարան հռչակուեցաւ մայրաքաղաք (13 հոկտեմբերին) եւ Մուսթաֆա Քեմալը դարձաւ հանրապետութեան առաջին նախագահը։ 1923-ը թուրքերուն համար փառապանծ տարի մըն էր, իսկ հայերուն եւ երկրին միւս փոքրամասնութիւններուն համար՝ երկիւղալի ու վերապահութիւններով լի։ Եկան արմատական փոփոխութիւններ. օրինակ՝ կեդրոնացուած կրթութեան դրութիւնը 1924-ին, ֆէսի եւ գլուխը ծածկելու [արեւելեան] այլ հագ ու կապի արգելումը 1925-ին, գրիգորեան օրացոյցի եւ միջազգային ժամագօտիներու դրութեան հաստատումը 1925-ին, «Հայրենակի՛ց, թրքերէն խօսէ՛» (Vatandaş Türkçe konuş!) քարոզարշաւը 1928-ին, Կոստանդնուպոլսոյ Իսթանպուլ անուանումը 1930-ին, ընտանեկան մականուններու օրէնքին ընդունումը 1934-ին եւ թրքերէնի նոր այբուբէնի որդեգրումը 1928-ին։ Հայ մը՝ Յակոբ Մարթայեանը, պիտի հնարէր նոր գիրերը (լատին տառերու հիման վրայ)։ Իսկ Մուսթաֆա Քեմալը Մարթայեանը պիտի վերաանուանակոչէր «Տիլաչար» (լեզու բացող)անունով։

Այս բոլորը հայերուն հանդէպ պատժական քայլեր էին։ Անհատներու վերաբերող փոփոխութիւններէն բացի պիտի փոխուէին աշխարհագրական անունները (օրինակ քաղաքներու եւ գիւղերու, փողոցներու, լիճերու, գետերու եւ լեռներու). հայերէն, ասորերէն, յունարէն եւ քիւրտերէն անունները պիտի փոխարինուէին թուրքերէն անուններով։

Մեր հերոսներուն Պոլիս փոխադրուած ազգականներուն շարքին էին Յարութիւն Իյնէճեանին դուստրերը՝ Տիգրանուհին, Նեւրիկը եւ անոնց կրտսեր եղբայրը՝ Պետրոսը։ Պետրոս Ինճէյեանին տիկինը՝ Փերուզը, թոքախտաւոր էր։ Պետրոսը ընտանիքը կը տանի Լոզան (Զուիցերիա)։ Մինչեւ այսօր «Rue de Bourg» փողոցին վրայ կայ «B. Iynedjian Tapis D’Orient» խանութը։ Նեւրիկին որդին՝ Գէորգ Ալավերտեան/Ալլահվերտին իր կեանքին մեծ մասը ապրած է Պոլիս/Իսթանպուլ, բացառութեամբ առաջին աշխարհամարտի տարիներուն։ Գէորգին դուստրը՝ Սոնա Ալլահվերտի-Պագալեանը Թուրքիոյ քաղաքացի էր մինչեւ Լիբանան փոխադրուիլը։

Գ հրապարակում. Կեսարացի Աշըգեան գերդասատանին Ռումանիա հաստատուած սերունդները

Գ հրապարակումը կը կեդրոնանայ առաւելաբար այն ընտանիքներուն վրայ, որոնք 1900-էն 1950 կը հաստատուին Ռումանիա։ 1896-ին արդէն Կիւլտուտու Իյնէճեան-Պոհճէլեանին որդիները՝ Աւետիս եւ Արմենակ Պոհճէլեանները Ռումանիա հաստատուած էին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք հոն հաստատուող ազգականներուն թիւը կը մեծնայ. հոն կը հաստատուի իր ընտանիքով, օրինակ, Կարապետ Աշըգեանը՝ «Ուզուն Աշըգեան գերդասատանին պատմութիւնը» հեղինակը ։ 1947-ին Ռումանիան կը դառնայ համայնավար պլոքի երկիր։Համայնավար կուսակցութեան կողմէ ղեկավարուող կեդրոնացուած վարչակարգը քաղաքացիներուն կեանքերը կը դժբախտացնէ։ Սպառողական ապրանքները, ներառեալ սնունդ, հագուստ-կապուստ, կօշկեղէն եւ առտնին առարկաները, բաւարար քանակով չէին արտադրուիր, եւ հաւասարապէս չէին հասնիր բոլորին։ Աւելին. անձնական սեփականութիւնները, օրինակ տուները, խանութները եւ գործարանները կը գրաւուին եւ պետականացուին։ Ոմանք պիտի մեղադրուէին «ոսկեղէն պահելու» եւ «կեղտոտ պուրժուա» ըլլալու մէջ եւ երկար տարիներու բանտարկութեան դատապարտուէին։ Ի վերջոյ տոհմի բոլոր ընտանիքները պիտի լքէին Ռումանիան եւ Պէյրութի վրայով, ուր իրենց մուտքի արտօնագիրերու խնդիրը պիտի լուծէին, անցնէին ԱՄՆ։ Շնորհիւ «ANCHA»-ին (Անտուն հայերու օգնութեան ամերիկեան ազգային յանձնախումբ) այս ընտանիքները նախ պիտի երթային Պէյրութ եւ հոն մնային մէկ-երկու տարի որ ստանային Հիւսիսային Ամերիկա երթալու իրենց արտօնագրերը։ Ոմանք գացին Ֆիլատելֆիա, Լոս Անճելես, Նիւ Եորք, իսկ Պարոյր Կարապետ Աշըգեանը գնաց Մոնրէալ (Գանատա)։

1) 1927-ի շուրջ. Աւետիս Պօհճէլեան, կինը՝ Ռոզիկա, որդին՝ Պերճը եւ Ռոզիկայի քոյրը Սեւ Ծովի ափին։
2) 1937-ի շուրջ, դաշտագնացութիւն Ռումանիոյ մէջ Բարսեղ Աշըգեանի շառաւիղներուն ներկայութեամբ։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ տեղացի կին մը (թերեւս ընտանիքին օգնականը), Կարապետ Աշըգեան, Արամ Պօհճէլեան, Ստեփան Համբարձում Ալավերտեան, Յարութիւն (Արթին) Ալավերտեան։
Նստած, ձախէն աջ՝ Կարպիս Գարեգին Այանեան, Մարի (ծնեալ Տիլսիզեան) Ստեփան Ալավերտեան, Մաննիկ (ծնեալ Պօհճէլեան) Ալավերտեան, անծանօթ կին մը, Արմենակ Պօհճէլեան, Պատրիկ Պօհճէլեան, Կիւլտուտու (ծնեալ Իյնէճեան) Պօհճէլեան։
Նստած, երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Էլէնա Յարութիւն Ալավերտեան, Լուիզ Ալավերտեան, Աղաւնի (ծնեալ Էրանոսեան) Արմենակ Պօհճէլեան, Հռիփսիմէ (ծնեալ Ալավերտեան) Գարեգին Այանեան, Հերմինէ Այանեան (հօր եւ մօր միջեւ)։
Գետին նստած, ձախէն աջ՝ Ստեփան Ալավերտեան, Դանիէլ Ալավերտեան, Սերգօ Այանեան, Այտա Կարապետ Աշըգեան, Պարոյր Կարապետ Աշըգեան։

Դ հրապարակում. Պետրոս Բարսեղ Աշըգեանի սերունդները

Այս հրապարակումը կը պատմէ Պետրոս Աշըգեանի սերունդներուն մասին։ Պետրոսը որդին էր տոհմի նահապետ Բարսեղին, որ Կեսարիա հաստատուած էր 19-րդ դարու սկզբին։ Պետրոսը 11 զաւակ ունէր։ Ոմանց մասին յիշատակեցինք Ա, Բ եւ Գ հրաարակումներուն մէջ՝ Աշըգեան եւ Իյնէճեան ընտանիքներուն ազգականական կապերուն բերումով։ Օրինակ Մարիամին, Յարութիւն Իյնէճեանին կնոջ եւ մայրը իրենց չորս դուստրերուն (Կիւլտուտուին, որ Ռումանիա գնաց, Տիգրանուհին, որ Պոլիս գնաց, Տիրուհին, որ Ռումանիա եւ յետոյ Լիբանան գնաց, Նեւրիկը, որ Իսթանպուլ գնաց) եւ երկու որդիներուն (Յովհաննէսը որ Ռումանիա հաստատուեցաւ եւ Պետրոսը որ Զուիցերիա հաստատուեցաւ)։ Պետրոս Աշըգեանը, որ տոհմի նահապետի որդի Պետրոսին թոռնիկն էր, Լիբանան կ’ապրէր կնոջը՝ Մարինային եւ դուստրերուն՝ Շաքէին եւ Սիրարփիին հետ։ Պետրոսին քոյրը՝ Ազնիւ Աշըգեան-Պուլտուգեանը ունէր որդի մը՝ Վահէն, որ համբաւաւոր լուսանկարիչ էր Պէյրութի մէջ։

Պարտական ենք Կարապետ Աշըգեանի գիրքին՝ Եգիպտոս, Իրաք, Պաղեստին, Սուրիա, Անգլիա, Պուէնոս Այրէս եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ազգականներուն ուղիներուն հետեւելու համար։

Յուշամատեանին շնորհիւ այս հրապարակումները ապագայ սերունդներուն պիտի ցոյց տան՝ իրենք կեսարացի Աշըգեաններու տոհմէն ե՞ն, թէ՞ ոչ. պիտի ցոյց տան կեանքը հայ ընտանիքի մը եւ անոր սերունդներուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, Ցեղասպանութենէն ետք, մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը։

Եթէ մեր այս «Կը փնտռուի»-ին համապասխանող ազգական մը յայտնուի, թող գրէ Յուշամատեանին։