Երուսաղէմ, 1919: Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ երիտասարդներու խումբ մը: Յարութիւն Աւետեանը ոտքի, աջէն երկրորդն է:

Աւետեան հաւաքածոյ - Մոնթրէալ

05/10/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 05/10/23)

Ընտանիքին մէջ յիշատակուող եւ գրի առնուած ամէնէն հին նախնին Յարութիւն Աւետեանն է, որ աւելի շատ ծանօթ էր Աւետօղլու Արթին անունով: Աւետեանները, ըստ ընտանիքին բանաւոր պատմութեան, կը սերին Կիլիկիոյ Վահկա բերդի տէր իշխաններէն։ Յարութիւն Աւետեան ծնած է 19-րդ դարու կէսերուն: Ան կ’ապրէր Ատանայի մէջ եւ քաջ ու անձնուէր երիտասարդի համբաւ ունէր: Այդ տարիներուն Սիսէն եւ Ատանայէն դէպի Երուսաղէմ հայերու ուխտագնացութիւնը բաւական վտանգալի էր, նկատի ունենալով որ այս ուղիին վրայ աւազակներ կը գործէին եւ ուխտագնացութեան կարաւանները անոնց յարձակումներուն թիրախ կ’ըլլային: Աւետօղլու Արթին փնտռուած անձն էր այս կարաւաններուն ընկերակցելու եւ անոնց խաղաղ երթը ապահովելու համար: Զատկուայ օրերուն դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելլող ուխտագնացներու այս խումբերուն Աւետօղլու Արթին կ’ուղեկցէր իր ձիուն վրայ նստած, հրացանը ուսին: Պատահած է որ ճանապարհի վրայ ան ընդհարումներ ունեցած է աւազակներու հետ:

Աւետօղլու Արթին մեծ կալուածատէր էր: Ան 15 միաւոր երկրագործական հողեր ունէր էր Անաւարզա/Անարզափայի տարածքին մէջ: Ընտանիքին մէջ պահուող կալուածաթուղթերը ասոր ապացոյցն են: 9 Յունիս 1919 թուակիր եւ Սիս/Քոզան գաւառի ֆրանսացի կառավարիչ հարիւրապետ Թայարտայի ուղղուած նամակի մը մէջ Աւետօղլու Արթինին որդիները՝ Միսաքը, Սարգիսը եւ Տիրանը, կը խնդրեն կառավարիչին միջամտութիւնը այս արտերու սեփականութեան հարցին բարեյաջող կարգադրութեան ի նպաստ: Նամակէն կ’իմանանք, որ ժամանակին այս արտերը տէր փոխած են: Նամակին հեղինակները կը պնդեն, որ Աւետեան ընտանիքին սեփականազրկումը ապօրինի եղած է:

Աւետօղլու Արթին Ատանայի մէջ կ’ամուսնանայ Մէյմար Օղլու Աբրահամ աղայի դստեր՝ Եղիսաբէթ Մէյմարեանի (Աղսա հանըմ) հետ: Մէյմարեանները Ատանայի յայտնի եւ մեծահարուստ ընտանիքներէն էին: Սայենի Պալեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ անոնց տան մէջ կը գործէր ֆրանսուհի դաստիարակ մը, որ այս պաշտօնով Մարսէյէն եկած էր Ատանա: Ըստ Սայենի Պալեանի, Մէյմարեանները ռահվիրաներ եղած են Ատանայի առօրեայ կեանքին մէջ եւրոպական սովորոյթներ ներմուծելու առումով: Օրինակ, անոնք առաջինը կ’ըլլան որ սեղանի շուրջ նստած կը ճաշեն. ընդհանրացած սովորութիւնը քուրսիներու (ցած սեղան) շուրջ ծալլապատիկ տեղաւորուիլն էր: Կը պատմուի նաեւ, որ Եղիսաբէթը, կամ ինչպէս զայն կը կոչէին՝ Աւետօղլու Աղսա հանըմը, եւրոպական ոճի կնոջական հագուստ առաջին հագուողներէն կ’ըլլայ քաղաքին մէջ (Ատանացի կիները ընդհանրապէս կը հագուէին շալվար եւ մէջքերնին կը կապէին քանի մը անգամ մարմնին շուրջ փաթթուած քիրմա շալ): Երբ Եղիսաբէթ իր նորաձեւ հագուստով առաջին անգամ փողոց դուրս կու գայ, երախաները անոր շուրջ վազվզելով կը սկսին թրքերէն պոռալ՝

Մատամա, մատամա,
Հէչ պէնզէնէզ ատամա: 


(Տիկին, տիկին / Բնաւ մարդու չէք նմանիր)

Եղիսաբէթ տուն դարձին կ’որոշէ երբեք չկրել այս հագուստը: Բայց կարճ ժամանակ ետք, Ատանայի վերնախաւին պատկանող կիներ կը հետեւին այս «ալաֆրանկա» նորաձեւութիւններուն:

Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Միսաք էֆենտի Աւետեանին, հայրանուն՝ Արթին Աղա: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Միսաք էֆենտի Աւետեանին, հայրանուն՝ Արթին Աղա: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Էօժէնի Աւետեանին, հայրանուն՝ Միսաք էֆենտի: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Էօժէնի Աւետեանին, հայրանուն՝ Միսաք էֆենտի: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Սայենի Աւետեանին, հայրանուն՝ Միսաք էֆենտի: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Սայենի Աւետեանին, հայրանուն՝ Միսաք էֆենտի: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:

Եղիսաբէթ ունեցած է Պետրոս անունով եղբայր մը, որ երիտասարդ հասակին թոքախտէ կը վարակուի եւ կը մահանայ:

Ատանայի մէջ Արթին էֆենտի կը դառնայ Պարսկաստանի հիւպատոսին ներկայացուցիչը: Անոր գործունէութենէն յայտնապէս գոհ էր Պարսկաստանի կառավարութիւնը. իբրեւ գնահատանքի ապացոյց անոր նուիրած են թաւշեայ ոսկեթել օձիք եւ թեզանիք: Բայց աւելի յատկանշական նուէրը թանկարժէք կլկլակն (նարկիլէ) էր. ան ունէր մէկ մեթր բարձրութիւն, իսկ ծխամորճին բաժինը ոսկեպատ էր: Կլկլակը շատ արագ մեծ համբաւ կը ստանայ Արթին էֆենտիի շրջանակին մէջ: Մարդիկ անոր տունը կ’այցելէին տեսնելու համար այս անսովոր կլկլակը: 1909-ի Ատանայի կոտորածին ժամանակ, այս կլկլակն ալ ուրիշ առարկաներու հետ կը թալանուի:

Եղիսաբէթ եւ Արթին կ’ունենան 7-8 զաւակ, որոնք իրենց ծնունդէն անմիջապէս ետք կը մահանան: Ի վերջոյ կ’ունենան չորս այլ զաւակ, որոնք ողջ կը մնան: Անոնցմէ մէկը Ապտիւլ Մեսիհն է, միւսը՝ Սայենին: Հաւատացեալ քրիստոնեայ ընտանիք մը, ինչպիսին էին Աւետեանները, վստահաբար պիտի նախընտրէին իրենց զաւակներուն սուրբգրային անուններ տալ:

Յատկանշական է այս անուններու ընտրութեան պատմութիւնը:

Այսպէս, Ատանայի բարեկեցիկ հայերը սովորութիւն ունէին ամառները տեղափոխուելու Կիւվլէկ Եայլասը կոչուող օդասուն վայրը, որու բնակիչները արաբ ալեւիներ էին (ֆելլահ): Ֆելլահ կին մը երազին մէջ կը տեսնէ ծերունի մը, որ իրեն հետեւեալ պատգամը կ’ընէ. «Աղսա հանըմ պիտի ունենայ որդի մը եւ դուստր մը: Անոնց անունները յաջորդաբար պէտք է դնէ Ապտիւլ Մեսիհ եւ Սայենի: Ապա զանոնք պէտք է ուխտի տանի Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանքը: Այս բոլորը ընելէ ետք, նորածինները կրնան երկար ապրիլ»: Երազը երեք անգամ կը յայտնուի ֆելլահ կնոջ: Վերջինս կը գտնէ Աղսա հանըմը եւ անոր կը պատմէ իր կրկնուող երազը: Աղսա հանըմ կ’ոգեւորուի եւ բազմաթիւ նուէրներով ճամբու կը դնէ արաբուհին:

Այնուհետեւ, ետեւ-ետեւի կը ծնին Ապտուլ Մեսիհը, Սայենին, Սարգիսը եւ Տիրանը, որոնք բոլորն ալ կ’ապրին:

Սայենի Պալեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ թէ քրիստոնէական աւանդական պատմութեան մը հերոսներն են Սայենին եւ Ապտիւլ Մեսիհը: Անոնք քոյր ու եղբայր էին եւ եղած են Պաղեստինի առաջին քրիստոնեաներէն: Սակայն իրենց հաւատքին պատճառով հալածանքի ենթարկուած են եւ նահատակուած: Անոնց մահացած վայրին մէջ ցայտած է աղբիւր մը, որ դարձած է ուխտատեղի:

Կատարուած էր ֆելլահ կնոջ երազին առաջին պատգամը՝ նորածիններուն անուանակոչումը: Բայց, ճամբաներու անապահովութեան պատճառով, ընտանիքը չի կրնար իրագործել Մուշի Սուլթան Ս. Կարապետ ուխտագնացութեան վերաբերող երկրորդ պատգամը: Անոր փոխարէն, ուխտի կ’երթան Երուսաղէմ: Բայց Աղսա հանըմ շատ ազդուած էր այս ձախողութենէն: Հետագայ տարիներուն ընտանիքին մէջ ամէն անյաջողութիւն կամ դժբախտութիւն ան կը վերագրէր դէպի Մուշ ուխտագնացութիւնը չիրականացնելուն:

Աղսայի դուստրը թէեւ մինչեւ վերջ կը կրէ Սայենի անունը, բայց եղբայրը՝ Ապտիւլ Մեսիհը, կը սկսի անուանուիլ Միսաք: Ապտիւլ Մեսիհ/Միսաքին ծնունդը անսահման ուրախութիւն կը շնորհէ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ ազգականներու եւ բարեկամներու շրջանակին: Ընտանիքին բարեկամներէն էր նաեւ Մանուկ պէյը, որ երբ նորածինը տեսնելու կու գայ, նուէր կը բերէ նաեւ զմրուխտ քարերով շինուած զարդասեղ մը, որ ընտանիքը կոչած է էլմաս չիչէք (ադամանդէ ծաղիկ): Հակառակ ընտանիքը հարուածած զանազան բռնագաղթերուն, ջարդերուն, քանդումներուն, էլմաս չիչէքը միշտ կրցած են պահել իրենց քով: Ան մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ Աւետեան ընտանիքի շառաւիղներուն քով:

Սայենի 16 տարեկանին թոքախտէ կը բռնուի ու կը մահանայ: Արթին աղա կը գրէ իր վաղամեռիկ դստեր նուիրուած ոտանաւոր մը, որ յաճախ կ’արտասանէր.

Հէյ կիւզէլլէր, սէրֆիրազը մահթապանըմ չոճուք
Սէն ճէֆաքեարըն էլինտէն պիւքիւլտիւ պէլիմ, չոճուք:
Հէյվախ սէնի կէճ պուլուպ թէզ եիթիրէն աննէ պապաեա…:
Հէյ Ֆելէք, չարխըն գըրըլսըն, պու պանա նիսպէ՞թ մի տիր,
Պէնի կիւլտիւրմէտին, կիւլտիւրմէ, պրաք էօմրիւմ վերան օլսուն…:

Հայերէն թարգմանութիւն՝
Հէ՜յ, գեղեցիկ բարձրագլուխ իմ լուսին զաւակ
Քու՝ տանջողի ձեռքը ծռեց մէջքս, զաւա՛կ։
Ափսոս այն մօր ու հօր, որոնք քեզ ուշ գտան, բայց վաղ կորսնցուցին։
Հէ՜յ, ճակատագի՜ր, կոտրի՛ անիւդ, ասիկա իմ գէշութեա՞ն համար է,
Զիս չխնդացուցիր, թո՛ղ, մի՛ խնդացներ, կեանքս ըլլայ աւերակ։

Միսաք Աւետեան (1862-1941) իր նախակրթութիւնը Ատանայի մէջ կը սկսի, աւելի ուշ կը ղրկուի Պոլիս, ուր կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան, զոր կ’աւարտէ: Սարգիս եւ Տիրան կը յաճախեն Ատանայի Ազգային Աբգարեան վարժարան: Միսաք հետագային երկրաչափ-ճարտարապետ կը դառնայ: Անծանօթ կը մնայ թէ ո՞ր համալսարանէն վկայեալ է ան. կայ վարկած, թէ Կեդրոնականը աւարտելէ ետք Միսաք ճարտարապետութիւն ուսանած է Պոլսոյ պետական համալսարանին մէջ:

Միսաք Աւետեան կ’ամուսնանայ Ստեփան եւ Խանըմ Արապեաններու դստեր՝ Ռեպեքա Աւետեանի հետ: Կ’ունենան չորս զաւակ՝ Յարութիւն (ծնած է 1902-ին), Էօժէնի (ծնած է 1904-ին), Սայենի (ծնած է 1909-ին) եւ Սիոն (ծնած է 1913-ին):

1909-ի Ապրիլին, երբ Ատանա քաղաքին մէջ ծայր կ’առնէ հայոց ջարդերուն առաջին փուլը, Աւետեան եւ անոնց դրացի ու ազգական Մէյմարեան ընտանիքներուն անդամները ապաստան կը գտնեն իրենց տուներուն դիմացը գտնուող Յիսուսեաններու (Jesuit) դպրոցը, ուր կը մնան մինչեւ որ օսմանեան բանակը կը միջամտէ եւ խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի քաղաքին մէջ: Կոտորածներու այս առաջին փուլին կը սպանուին Աւետեաններու ազգականներէն Ստեփան եւ Սողոմոն Արապեաննները (Միսաքի աներն ու աներորդին), Նազարէթ Տագէսեանը, Կարապետ, Սամուէլ եւ Մարթա Տոմպուրեանները:

Երկու շաբաթ ետք ծայր կ’առնէ կոտորածին երկրորդ փուլը, որուն ուղղակի իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ պետական բանակը: Այս փուլը տակաւին չէր սկսած, երբ Աւետեաններուն տունը կու գայ Ահմէտ անունով թուրք չաւուշ (ենթասպայ) մը, որ Միսաք էֆենտի Աւետեանի բարեկամն էր: Ան խորհրդապահաբար կը յայտնէ ծրագրուած կոտորածին լուրը եւ կը յանձնարարէ, որ Աւետեան ընտանիքը անմիջապէս հեռանայ քաղաքէն: Ահմէտ մաս կը կազմէր Ատանա գործուղուած օսմանեան բանակին: Ան կը յաջողի Աւետեանները հայկական թաղամասէն դուրս հանել եւ հասցնել մինչեւ քաղաքին երկաթուղային կայարանը: Հոս Աւետեանները շոգեկառք կը նստին եւ կ’ուղղուին դէպի Մերսին, ուր դէպի Եգիպտոս գացող նաւ կը մտնեն:

Միսաք Ահմէտին ծանօթացած էր, երբ իբրեւ երկրաչափ գործուղուած էր Ատանայի նահանգի լեռնային շրջանները: Հոս օր մը իրեն կը ներկայանայ մուրացկան մը, որ Ահմէտն էր: Միսաքին օգնականները կ’ուզեն զայն հեռացնել, բայց Միսաք կը միջամտէ, կը լսէ Ահմէտին պատմութիւնը ու զայն աշխատանքի կ’առնէ իբրեւ իր ծառան: Շուտով կը մտերմանան եւ աշխատանքային այդ ժամանակաշրջանը կ’ապրին «իբրեւ մեծ ու փոքր եղբայրներ»: Միսաք երբ կը վերադառնայ Ատանա, Ահմէտին հետ իր կապը կը խզուի: Ահմէտ հետագային կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին եւ կը բարձրանայ հարիւրապետի աստիճանին: Երբ զօրքին հետ Ատանա կը հասնի, ան իր կեանքն ու պաշտօնը վտանգի տակ դնելով, առաջին առիթով կ’ուզէ օգնութեան փութալ Միսաքին եւ անոր ընտանիքին:

Որոշ ժամանակ Եգիպտոս մնալէ ետք, Աւետեանները կը վերադառնան Ատանա, ուր հրկիզուած կը գտնեն իրենց տունն ալ, ինչպէս հայկական թաղամասին մեծ մասը:

Աւետեան ընտանիք կը շարունակէ Ատանա ապրիլ մինչեւ 1915 թուականը:

Ցեղասպանութիւնը ծայր կ’առնէ: Ատանայի հայութիւնն ալ կը ստանայ տարագրութեան հրամանը: Սարսափի այդ օրերուն, երբ ընտանիքը կը պատրաստուէր մեկնելու դէպի մեծ անորոշը, ոստիկան մը կը ներկայանայ Աւետեաններուն տունը եւ կը յայտնէ թէ հրաման ունի Միսաք Աւետեանը առաջնորդելու տեղ մը: Ընտանիքը կը կարծէ, թէ Միսաքը պիտի տանին բանտ, ապա պիտի սպանեն: Միսաք կը մեկնի, բայց կը պարզուի, որ զինք տեսնել ուզողը միրալայ (գնդապետ) Համտին էր:

Ժամանակին, Միսաքին հայրը՝ Արթին աղան, բարեկամացած էր Համտիին հետ: Օր մը Համտի մարդ մը կը սպաննէ եւ մահուան կը դատապարտուի: Արթին աղա կաշառք տալով զայն կ’ազատէ մահապատիժէն: Ցեղասպանութեան օրերուն, ռազմական բարձր պաշտօնի հասած Համտի կ’որոշէ Աւետեան ընտանիքը իր պաշտպանութեան տակ առնել: Միսաք Համտիին կը յայտնէ թէ հեռագիր մը ղրկած է 4-րդ բանակի հրամանատար, Ատանայի նախկին վալի (նահանգապետ) Ահմէտ Ճեմալ փաշային, որպէսզի զինք նշանակէ ռազմական ճանապարհներու շինութեան վերակացու: Համտի կը յայտնէ, թէ ինք շուտով Հալէպ պիտի մեկնի, այդուհանդերձ երբ Միսաք կարիքը ունենայ՝ կրնայ իրեն դիմել:

Ճեմալ փաշա Միսաքի հեռագիրին դրական կը պատասխանէ եւ Աւետեանները Ատանայէն ճամբայ կ’ելլեն դէպի Պաղեստին: Դէպի Հալէպ ճանապարհը կը կտրեն հայ տարագիրներու կարաւանին հետ: Աւետեաններու սայլին վրայ սայլապանի կողքին նստած էր թիկնապահ մը, իսկ սայլին վրայ տեղադրուած էր օսմանեան դրօշը: Այս երկու փաստերով, Աւետեանները կը զանազանուէին մնացեալ գաղթականներէն: Եօթը հոգիէ բաղկացած ընտանիքը այս ձեւով ճամբայ կ’ելլէ դէպի Հալէպ:

Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Ախսէին [Աղսա, Եղիսաբէթ], հայրանուն՝ Աբրահամ: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Ախսէին [Աղսա, Եղիսաբէթ], հայրանուն՝ Աբրահամ: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Փերքիին [Ռեպեքա], Միսաք էֆենտիի կինը, հայրանուն՝ Ստեփան, մայրանուն՝ Խանըմ: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:
Օսմանեան ինքնութեան վաւերաթուղթ (նուֆուս թեզքերեսի): Կը պատկանի Փերքիին [Ռեպեքա], Միսաք էֆենտիի կինը, հայրանուն՝ Ստեփան, մայրանուն՝ Խանըմ: Ծնած է Ատանա: Թաղամաս՝ Թէքքէ-ի Զէմեան:

Կը հասնին Գաթմայի կեդրոնացման ճամբարը: Միսաք միշտ իր ձեռքին ունէր Ճեմալ փաշային հեռագիրը, որ փրկութեան երաշխիք էր, քանի որ տեղահանեալներէն շատեր Գաթմայէն կը ղրկուէին դէպի Տէր Զօր: Շնորհիւ այս հեռագիրին, Աւետեան ընտանիք Գաթմա շատ կարճ ժամանակ կը մնայ եւ շուտով կը հասնի Հալէպ: Հոս կը մնան Օթէլ Պարոնի մէջ: Բայց թուրք ոստիկանները (ժանտարմա) իրենց հանգիստ չէին ձգեր: Մինչ մէկ կողմէ Միսաք կը պատրաստուէր ընտանիքով մեկնիլ Պաղեստին, թուրք ոստիկաններ ամէն քայլափոխի հարց ու փորձ կ’ընէին ընտանիքին անդամները: Ամէն անգամ Ճեմալ փաշային հեռագիրը զիրենք ձերբակալութենէ կ’ազատէր: Բայց անգամ մը թուրք ոստիկան մը այս հեռագիրը կեղծ կը համարէ եւ կ’որոշէ ընտանիքը ձերբակալել: Ասոր վրայ, Միսաք կը դիմէ միրալայ Համտի պէյին, որ անմիջապէս կը միջամտէ եւ կը կազմակերպէ Միսաքի ու անոր հարազատներուն Երուսաղէմ երթը:

Այսպէս, ութը օր Հալէպ մնալէ ետք, Աւետեանները շոգեկառքով կ’ուղղուին Դամասկոս, հոնկէ ալ՝ Երուսաղէմ, ուր կը հաստատուին Սրբոց Յակոբեանց վանքին մէջ:

Պատերազմի տարիներուն Միսաք կը զբաղի օսմանեան բանակին համար խրամներու, կամուրջներու եւ ճամբաներու կառուցման գործով: Ան յաճախ աշխատանքի կ’ընդունէր հայ տարագիրներ, որոնք այսպիսով սնունդ կը ստանային եւ կ’ազատէին այլ վայրեր տարագրուելու սպառնալիքէն: Միսաք իր գործերուն մէջ իբրեւ օգնական կ’ունենայ տակաւին պատանի որդին՝ Յարութիւնը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Աւետեան ընտանիք կրկին կը վերադառնայ Ատանա: Քաղաքի իրենց տունը թէեւ նոյնութեամբ պահուած էր, բայց իրենց այգիի տունը ամբողջովին քանդուած էր, ծառերն ալ՝ սղոցուած:

Յարութիւն որոշ ժամանակ կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմ: Զինադադարէն ետք ան կը յաճախէ տեղւոյն Սեն Ժոզեֆ գոլէճը: 1919-ին ան ալ կը վերադառնայ Ատանա, ուր կը յաճախէ Կիլիկեան Կեդրոնական վարժարան, ապա Ազգային Աբգարեան վարժարան: Յարութիւն մաս կը կազմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատանայի պատանեկան, ապա երիտասարդական միութիւններուն:

Աւետեանները շուրջ երեք տարի կ’ապրին Ատանայի մէջ: 1921-ին ծայր կ’առնէ Կիլիկիոյ հայութեան վերջին գաղթը: Աւետեան ընտանիքին անդամները 1921-ի Դեկտեմբերին կը մեկնին Կիպրոս, ուր կը մնան Նիկոսիա քաղաքին մէջ: Միսաք Աւետեան պաշտօն կը ստանձնէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան շինարարութեան աշխատանքներուն մէջ եւ հետագային կը դառնայ հաստատութեան մթերապետը: Յարութիւն մաս կը կազմէ Հ. Յ. Դ.ի Նիկոսիոյ կոմիտէին: Ան 1926-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր երկրաչափութիւն-ճարտարապետութիւն կ’ուսանի Հանրային Շինութեանց Յատուկ Դպրոցին (École Spéciale des Travaux Publics) մէջ: 1931-ին կ’աւարտէ ուսումը եւ երեք տարի իբրեւ երկրաչափ կ’աշխատի Փարիզի մէջ:

Աւետեանները եօթը տարի Կիպրոս մնալէ ետք կը տեղափոխուին Պէյրութ: 1934-ին Յարութիւնն ալ Փարիզէն կու գայ եւ Պէյրութի մէջ ընտանիքին կը միանայ: Լիբանանի մէջ Յարութիւնի կառուցած շէնքերէն են Ժամհուրի Յիսուսեան հայրերու գոլեճը եւ Պիքֆայայի հայոց վանքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Ան 1937-ին կ’ամուսնանայ Մարի Կապրաշի հետ: Կ’ունենան երեք զաւակ` Միրելլա, Ասթրիտ եւ Տիրան: Յարութիւն կը մահանայ 9 Դեկտեմբեր 1969-ին, Պէյրութ:

Յարութիւնի քոյրը՝ Էօժենի Աւետեան (հետագային՝ Պալեան) կը յաճախէ Ատանայի Աշխէնեան վարժարան, աւելի ուշ՝ Ատանայի Հռիփսիմեանց վարժարան: 1922-1931-ին ուսուցչութիւն կ’ընէ սկիզբը Նիկոսիոյ Մելիքեան վարժարանին, ապա Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ: Ուսուցչական ասպարէզը կը շարունակէ երբ ընտանիքով կը տեղափոխուին Պէյրութ, ուր 1932-1935-ին կը ծառայէ Ազգային Ս. Նշան վարժարանին մէջ: Էօժենի անդամ էր Հայ Օգնութեան Խաչին: Երկար տարիներ մաս կազմած է նաեւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան վարչութեան: Կ’ամուսնանայ Հայկ Պալեանի հետ: Կ’ունենան երեք զաւակ՝ Արծուիկ, Անահիտ եւ Ալենուշ: Էօժենի կը մահանայ 1981-ին:

Սայենի, Պէյրութ գալէ ետք, իր քրոջ նման ուսուցչութիւն կ’ընէ Ազգ. Ս. Նշան վարժարանին մէջ: 1934-ին կ’ամուսնանայ Մելիտոս Պալեանի հետ: Կ’ունենան երկու որդի՝ Վաչէ եւ Զարեհ: 1946-ին Սայենի եւ ընտանիքը կը ներգաղթեն Խորհրդային Հայաստան եւ բնակութիւն կը հաստատեն Կիրովականի մէջ (ներկայիս Վանաձոր): 1978-ին արտօնութիւն կը ստանան դուրս գալու Խորհրդային Միութենէն եւ կը գաղթեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կ’ապրին Լոս Անճելըսի մէջ: Սայենի կը մահանայ 2000-ին:

Սիոն Պէյրութի մէջ հօր շինարարական գործերուն օգնականը կ’ըլլայ: 1945-ին կ’ամուսնանայ Ֆիմի Պետրոսեանի հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝ Միսաք եւ Սիլվանա: Կնոջ մահէն ետք, Սիոն կը վերամուսնանայ Էմիլիի հետ: Կ’ունենան որդի մը՝ Շահան:

Միսաք Աւետեան կը մահանայ Պէյրութի մէջ 1941-ին, իսկ կինը՝ Ռեպեքա Աւետեան (ծնեալ Արապեան)՝ 1949-ին:

Աղբիւրներ

  • Սայենի Պալեան, Յուշեր ստալինեան օրերից, Լոս Անճելըս, 1988:
  • Սայենի Պալեան, Աւետեան գերդաստանին յուշագրութիւնը (անտիպ):
  • Բիւզանդ Եղիայեան (խմբ.), Ատանայի հայոց պատմութիւն, տպարան Կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 1970:
  • «Յարութիւն Աւետեան (մահուան քառասունքին առիթով)», Ազդակ օրաթերթ, Պէյրութ, 43-րդ տարի, թիւ 266 (11531), 17 Յունուար 1970, էջ 3:
  • Տիրան Աւետեանի (Մոնթրէալ) բանաւոր վկայութիւնները: