Պաղտասարեան-Մելքիսէթեանի հաւաքածոյ - Լիբանան
Պաղտասարեան-Մելքիսէթեան հաւաքածոյի նիւթերը կը ներկայացնեն Լենա Պաղտասարեան-Մելքիսէթեանի մեծ մօր՝ Լիոնի Նալպանտեանի (ծն. Փաթանեան, Այնթապ) օժիտը։ Կ՚ամուսնանայ Այնթապի մէջ Սիմոն Նալպանտեանի հետ, որ պայտագործ էր։ Այնթապէն գաղթած են Հալէպ (Ցեղասպանութենէն առաջ), իսկ 1972-ին սուրիական այս քաղաքը կը ձգեն եւ բնակութիւն կը հաստատեն են Լիբանանի մէջ։
Հաւաքածոն կը պահուի Լենա Պաղտասարեան-Մելքիսէթեանի կողմէ, Լիբանան։
Հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ՝
- Սեւ խալաթ մը բերուած Այնթապէն, որ գործուած է Ուրֆայի ասեղնագործական դպրոցին յատուկ ոճով։
- Այնթապէն բերուած գիշերանոց մը։
- Ոսկեթել ասեղնագործուած բարձի երես մը Այնթապէն։
- Բաղնիքի մէջ լոգանքի ատեն գործածուող պղնձեայ առարկաներ. ջուրի թաս/աման, կաւ լեցնելու խորը թաս եւ բռնիչով օճառաման։ Առարկաները Այնթապի մէջ յայտնի պղնձագործ վարպետ Աւետիս Քալեմքէրեանի ձեռքի գործերն են: Թասերը կը կրեն անոր կնիքը։
Այնթապէն բերուած պղնձեայ այս օճառամանը մաս կը կազմէ բաղնիքի «սէթ»ին։ Ընդհանրապէս բոլոր կանայք կ՚ունենային բաղնիքի այսպիսի հաւաքածոյ մը։ Օճառաման ըլլալէ բացի, այս տուփը նաեւ կը ծառայէր սանտր եւ փոքր այլ առարկաներ բաղնիք տանելու։ Վարպետ Աւետիս Քալեմքէրեանի անունի սկզբնատառերով կնիքը կարելի է տեսնել կղպանքին վերը։
Բաղնիք երթալու ատեն, այս փոքր պղնձեայ թասին մէջ կը լեցնէին յատուկ տեսակի կաւ մը, որ մազերը մաքրելու կը ծառայէր եւ հեղուկ օճառի դեր կը խաղար։ Վարպետ Աւետիս Քալեմքէրեանի անունի սկզբնատառերով կնիքը կարելի է տեսնել թասին վրայ։
Այս սեւ խալաթը մաս կազմած է Լիոնի Նալպանտեանի (ծն. Փաթանեան, Այնթապ) օժիտին։ Խալաթը մետաքսեայ է, իսկ վրայի ասեղնագործ ծաղիկներն ու թռչունները գործուած են Ուրֆայի ասեղնագործական դպրոցին յատուկ ոճով։
Հաւաքածոյին մէջ կայ նաեւ 1913-ի հրատարակութիւն Սուրբ Գիրք մը (հայատառ թրքերէն), որ պատկանած է Խաչատուր Յովակիմեանի։ Այս վերջինը Լենայի կեսրոջ՝ Մարի Մելքիսէթեանի (ծն. Յովակիմեան) հայրն է, ծնած է Այնթապ։ Յովակիմեանները նոյնպէս Այնթապէն կը գաղթեն, կ՚անցնին Հալէպ, իսկ 1960-ականներուն ալ կը հաստատուին Լիբանան։