Անսըրլեան հաւաքածոյ – Լոս Անճելըս/Պէյրութ
Հեղինակ՝ Սեւան Պօղոս-Տէր Պետրոսեան, 16/06/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 16/06/23)
Այս գրութիւնը հիմնուած է Պետրոս Անսըրլեանի վկայութիւններուն վրայ: Ան Այնթապ ծնած Յակոբ Անսըրլեանի եւ Լուսին Անսըրլեանի (ծնեալ Իսկէնեան) երէց որդին է: Ընտանիքին պատմութիւնը վառ պահելու նպատակով, Պետրոս վերապրող անդամներէն տարիներու ընթացքին հաւաքած է տեղեկութիւններ, կենսագրական տուեալներ եւ հետազօտած է եկեղեցիներու արխիւները: Այս բոլորին հիմամբ հրատարակած է ընտանիքին պատմութեան մասին գիրք մը՝ Bedros Anserlian, Anserlian Dynasty, Los Angeles, 2022:
Պետրոսի ընտանիքին նախնիները Անսուր կամ Անսիր գիւղէն են: Այստեղէն ալ սերած է ընտանիքին «Անսըրլը»եան մականունը, որ կը նշանակէ անսուրցի: Անսուրը (ներկայիս Պուզլուք, Buzluk) Մալաթիա քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը, Եփրատ գետէն ոչ շատ հեռու գտնուող գիւղ մըն է: Ըստ Պետրոս Անսըրլեանի հաղորդած տեղեկութիւններուն, ընտանիքը Այնթապ տեղափոխուած է 18-րդ դարուն: Հոն ալ կը մնան մինչեւ 1920-ականներու սկիզբը:
Ընտանիքին ամէնէն հին նախնիներէն ծանօթ է Մովսէս Անսըրլեանը, որ կ’ենթադրուի, թէ ծնած է 18-րդ դարու վերջին տասնամեակին: Իրմէ ետք կը յիշուին Հաճի Աւետիս Անսըրլեան (որ ծնած պէտք է ըլլայ 1840-էն 1850-ի միջեւ) ու անոր եղբայրները՝ Օհաննէս եւ Յակոբ/Եագուպ: Նշուած բոլոր անձերը արհեստով քարկոփ եւ որմնադիր էին: Ասոնցմէ ետք եկող նախնիներու մեծ մասին արհեստներն եղած են պղնձագործութիւնն ու կլայագործութիւնը (ղալայճի): Իբրեւ կլայագործ, անոնք Այնթապի մօտակայ քաղաքներն ու աւանները կը ճամբորդէին քանի մը օրուան համար: Փոխադրութիւնը էշով կ’ըլլար: Արու զաւակները երբ կը հասնէին 8-9 տարեկանի, կը սկսէին իբրեւ աշկերտ պղնձագործութիւն կամ կլայագործութիւն բանիլ իրենց հօր քով: Այնթապի պղնձագործներուն մեծ մասը հայեր էին. 50-է աւելի աշխատանոց գոյութիւն ունէր քաղաքին մէջ՝ իւրաքանչիւրը 4-էն 10 գործաւորով: Անսըրլեաններէն բացի, Այնթապի մէջ ծանօթ պղնձագործներ էին Գալեմքեարեան, Արսլանեան, Փաթանեան, Կիւլեսէրեան, Գնաճեան, Մաղաքեան ընտանիքները:
Անսըրլեանները աւելի շատ ճանչցուած էին խոհանոցային պղնձեղէնի արտադրութիւնով: Լաւ կը տիրապետէին նաեւ պղնձեղէնը հմտօրէն փայլեցնելու արհեստին: Իրենց պատրաստած պղնձեղէնէն շատեր այնթապցի վաճառականներու միջոցով կ’արտածուէին Ատանա, Զէյթուն, Մալաթիա, Ուրֆա, Հալէպ ու Դամասկոս:
Հաճի Աւետիս Անսըրլեան ամուսնացած էր Աննային հետ եւ ունեցած վեց զաւակ. երկու որդի՝ Մովսէս եւ Պետրոս, չորս դուստր՝ Մայրիկ, Սիրանուշ, Նուսիա եւ Ովսաննա: Աննայի մահէն ետք, Հաճի Աւետիս կը վերամուսնանայ Ֆերիտէին հետ եւ կ’ունենայ եւս երկու դուստր՝ Հայկուհի եւ Տիգրանուհի:
Հաճի Աւետիսի Օհաննէս եղբայրը ամուսնացած էր Սոնային հետ: Ամուսնութեան առաջին շրջանին զաւակ չեն ունեցած, ուստի որդեգրած են երկու մանչ՝ Յովհաննէս եւ Գէորգ: Այնուհետ Հաճի Յովհաննէս ու Սոնա կ’ունենան երեք զաւակ. երկու դուստր՝ Մարի/Մերում եւ Արշալոյս, մէկ որդի՝ Նազար: Տարիներ ետք, որդեգրեալներէն Գէորգը կ’ամուսնանայ իր խորթ քրոջ՝ Մարիին հետ:
Հաճի Աւետիսի միւս եղբայրը՝ Յակոբը որմնադիր էր, մանաւանդ յայտնի էր իբրեւ ջրհոր շինող: Իր արհեստին կողքին ան նաեւ ծանօթ էր իբրեւ երգիչ: Կ’երգէր Այնթապի եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ, նաեւ քաղաքի մէկ մզկիթին մուէզզինն էր (իսլամները օրական հինգ անգամ երգեցիկ ձայնով աղօթքի հրաւիրող անձը): Զաւակ չունէր, որդեգրած էր իր զարմիկին՝ Պետրոս Անսըրլեանի որդին՝ Յակոբը:
Անսըրլեան ընտանիքին մէջ կիները ընդհանրապէս զօրաւոր անձնաւորութիւններ էին: Անոնցմէ յատկապէս կը յիշուին Հաճի Աւետիսի եւ Աննայի դուստրերէն Նուսիա պաճին եւ Մայրիկ պաճին, Հաճի Յովհաննէսի եւ Սոնայի դուստրերէն Մարի/Մերումը, ինչպէս նաեւ Հաճի Աւետիսի եւ Աննայի Պետրոս որդիին կինը՝ Ազնիւ պաճին: Հաճի Աւետիսի եւ Ֆերիտէի Հայկուհի դուստրը յաճախած է Այնթապի Ամերիկեան գոլէճը:
Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը, Անսըրլեանները տուներու եւ խանութներու սեփականատէր էին Այնթապի մէջ: Կեանքը հաստատած էին իրենց ժառանգած հօրենական կալուածներուն վրայ: 1915-ին, Այնթապի հայութեան մեծամասնութեան նման, Անսըրլեան ընտանիքն ալ կը տարագրուի: Անոնք կը ղրկուին Հալէպի կողմերը:
Տարագրութեան առաջին փուլը շոգեկառքով Այնթապէն Հալէպ երթալն էր: Անսըրլեան եւ Պէյնէրճեան ընտանիքները, երկուքն ալ Այնթապէն, նոյն շոգեկառքին մէջ կը գտնուէին: Ընտանիքին մէջ կը պատմուի, թէ հոս է որ Պետրոս (Հաճի Աւետիսի եւ Աննայի որդին) առաջին անգամ կը ծանօթանայ Ազնիւ Պէյնէրճեանին: Շոգեկառքը ծայրէ ծայր լեցուն էր տարագիրներով: Այս բազմութեան մէջ, Պետրոս՝ ծնկաչոք, ձեռքերը եւ ծունկերը գետնին վրայ աթոռի ձեւ տալով, առիթ կու տայ Ազնիւին շոգեկառքէն դուրս դիտելու: Սիրահարուած էին... Տարագրութենէն անմիջապէս ետք երբ կը վերադառնան Այնթապ, Պետրոս եւ Ազնիւ կ’ամուսնանան:
Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Այնթապ վերադարձած հայոց համար 1919-էն սկսեալ նոր կեանք մը ծայր կ’առնէ ֆրանսական տիրապետութեան տակ: Բայց 1 Ապրիլ 1920-ին թրքական զօրքերը կը յարձակին Այնթապի հայկական թաղամասերուն վրայ: Այդ ժամանակ, ֆրանսական բանակը մեծ մասով արդէն հեռացած էր քաղաքէն: Ծայր կ’առնէ հայկական ինքնապաշտպանութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ 17 Ապրիլ 1920, երբ ֆրանսական երկու գունդեր մուտք կը գործեն քաղաք: Այնուհետեւ կը կնքուի կարճ զինադադար մը, որմէ ետք, 1920 Յունիսի վերջը, դարձեալ կը սկսին զինեալ բախումներ այս անգամ ֆրանսական եւ թրքական զօրքերուն միջեւ: Կռիւները կը շարունակուին մինչեւ 9 Փետրուար 1921, երբ Այնթապի թրքական ուժերը կը յանձնուին ֆրանսացիներուն եւ կեանքը կրկին իր բնական ընթացքը կ’առնէ քաղաքին մէջ: 1921-ի կէսերուն ֆրանսական զօրքերը վերջնականապէս կը հեռանան Այնթապէն: Միաժամանակ կը ծաւալի տեղւոյն հայոց զանգուածային գաղթը, որ ծայր առած էր զինեալ բախումներու սկիզբէն: 1920-էն 1921-ի միջեւ, Անսըրլեան ընտանիքի անդամները կը հեռանան իրենց հայրենի Այնթապէն եւ Հալէպ կը հաստատուին:
Այնթապի հայոց դիմադրութեան ժամանակ, նորապսակ Պետրոսին եւ Ազնիւին տունը կը ռմբակոծուի ու կը քանդուի: Ընտանիքը կը ստիպուի անմիջապէս փախիլ եւ ապաստանիլ ուրիշ տուն մը, բայց աւերակներուն տակ կը մնայ իրենց որդին՝ Յակոբը: Կը կարծէին թէ վերջինս մեռած է: Բայց յաջորդ օր երբ ծնողները կը վերադառնան աւերակուած տունը, կը լսեն Յակոբին լացը, կը գտնեն զայն ու կը փրկեն: Յակոբ վերապրեր էր շնորհիւ լոխումի պատառի մը, որ լաթի կտորի մը մէջ փաթթուած ու կախուած էր վիզէն: Սնունդի տագնապի այդ օրերուն, լոխումը կը գործածուէր երեխաներուն համար որպէս դիեցնելու եւ ծծելու միջոց: Այս փոքրիկ Յակոբը սոյն վկայութիւնները մեզի փոխանցող Պետրոս Անսըրլեանի հայրը պիտի ըլլար:
Հալէպի մէջ Անսըրլեան ընտանիքը կը հաստատուի Տաուուտիէ թաղամասին մէջ: Կ’ապրէին մէկ սենեակնոց տան մը մէջ, որ սկզբնական շրջանին ծածկուած էր թիթեղով եւ խաւաքարտով: Պետրոս եւ Ազնիւ ունէին չորս զաւակ՝ Յակոբ, Ալիս, Ճորճ եւ Աբրահամ: Անսըրլեան մեծ ընտանիքին տղամարդիկը հոս կը վերսկսին նոյն հմտութեամբ բանիլ իրենց ծանօթ արհեստը՝ պղնձագործութիւնը: Անոնց աշխատանոցները հաստատուած էին նոյն փողոցին մէջ՝ Ճըտէյտիի Ղազանճը Չարշըսըի կամ Սուք ալ-Նահհասինի մէջ (Պղնձագործներու շուկայ): Հօրեղբայրներ, եղբայրներ, զարմիկներ կը գործէին կողք-կողքի:
Հալէպի մէջ Անսըրլեան ընտանիքի շատ անդամներ դպրոցական կրթութենէն ետք կը մասնագիտանան զանազան ասպարէզներու մէջ: Անոնցմէ ոմանք կը դառնան մանկավարժ, պետական պաշտօնեայ, ոսկերիչ, էլեկտրագէտ, մեքենագէտ, անշուշտ՝ նաեւ պղնձագործ վարպետ:
Հալէպը Անսըրլեաններուն վերջին հանգրուանը չէր: Հոսկէ ոմանք կը մեկնին Երուսաղէմ, Պէյրութ, Ամման եւ Քուէյթ: Պէյրութի մէջ Աւետիս Պալապանեան (Սիրանուշ Անսըրլեան-Պալապանեանի կրտսեր որդին) կը հաստատէ մետաղեայ պահարաններ արտադրող աշխատանոց մը: Աւետիս, Պարգեւ եւ Ճորճ Անսըրլեան եղբայրները կը հիմնեն արծաթազօծ պղինձէ ամաններու աշխատանոց մը: Հալէպի Երկաթուղիի Ընկերութեան մէջ աշխատող Յակոբ Անսըրլեան (Պետրոսին հայրը) 1945-ին գործով կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը դառնայ տեղւոյն երկաթուղիի ընկերութեան մէջ շոգեկառք նորոգող, ապա նոյն ընկերութեան մէջ՝ պաշտօնեայ:
Անսըրլեան ընտանիքին արհեստաւորները յատկապէս ծանօթ են իրենց պղնձեայ արտադրութիւններով: Անոնք կրնային պղինձի մէկ թերթը մուրճի հարուածներով քանի մը ժամուան մէջ վերածել գեղեցիկ կաթսայի, գաւաթի, պնակի, դգալի, պատառաքաղի, դանակի, տաշտի, եւայլն: Ամանեղէն եւ ոգելից խմիչքի թորիչներ իրենց առօրեայ արտադրանքներն էին: Կը պատրաստէին նաեւ մանկական պղնձեայ խաղալիքներ: Անոնց գլուխ-գործոցը մէկ մեթր բարձրութեամբ կրակարաններն էին. անոնք ունէին կափարիչ, վրանին մանր փորագրութիւններ ու զարդարանքներ: Այս վառարանները կը դրուէին տան մէջտեղը: Այլ գլուխ-գործոց մը Պարգեւ Անսըրլեանի պատրաստած բաժակն է, որ գեղեցիկ փորագրութիւններ ունի հռչակաւոր մարդոց դէմքերով՝ Անասթաս Միկոյեան, Մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեան եւ Լենին: Բաժակը պատրաստուած էր հայոց զանգուածային հայրենադարձութեան ժամանակ, 1946-ին, իբրեւ նուէր Ներգաղթի կոմիտէին, բայց մնացած էր Պէյրութ, իսկ վերջը հանգրուանած՝ Պոսթըն: