Կը ներկայացնեմ մեր ընտանիքին պատմութիւնը, այնպէս ինչպէս պատմած է մայրս՝ Զարուհի Բոլատեանը (ծնեալ Սայեան)՝ ինձ եւ եղբօրորդւոյս՝ Տոքթ. Լեւոն Փոլատեանին։ Պատումը տեղի ունեցաւ Թօրօնթոյի մէջ, հոս իր կատարած առաջին այցելութեան ընթացքին, 1988-ին։
Երբեք չեմ հանդիպած մեծ հօրս՝ Յակոբ Բոլատեանին։ Այն ինչ որ գիտենք իր մասին՝ ծնած է Ուրֆա, 1878-ին կ՚ամուսնանայ Հռիփսիմէ Սայեանի հետ (մեր մեծ մայրիկը)։ Այս վերջինը նոյնպէս Ուրֆայէն էր։ Կ՚ունենան չորս զաւակ. Ներսէս, Բերուզ, Լեւոն (հայրս) եւ Տիգրան։ Հռիփսիմէ կ՚ամուսնանայ շատ երիտասարդ տարիքին։ Ան ամէն անգամ կը թագնուէր, երբ ամուսինը տուն կը վերադառնար գործի բերմամբ կատարած ճամբորդութիւններէ ետք, որոնք երբեմն երեք ամիսէ աւելի կը տեւէին։ Չենք գիտեր թէ ինչ բնոյթի գործով կը զբաղէր, բայց այդ տարիներուն մարդիկ այսպէս կը հոգային իրենց ընտանիքներուն կարիքները։ Օր մը տուն կը վերադառնայ ծանր թանչքէ բռնուած։ Ասոր հետեւանքով ալ կը մահանայ Ուրֆայի մէջ 1900-ականներու սկիզբը։
Միւս կողմէ, շատ լաւ կը յիշեմ մեծ մայրիկը։ Ան մեզի քնացնելու պահուն կը պատմէր Ախթար Պուտարիկի հեքեաթները։ Կը յիշեմ նաեւ որ ինձմէ խնդրած էր ոտքերովս կոխել իր կռնակին վրայ՝ ողնայարի ցաւը թեթեւցնելու համար։ Հռիփսիմէ Բոլատեան կը մահանայ 18 Յուլիս 1947-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս։ Միայն քանի մը շաբաթ ետք նոյնպէս կը մահանայ իր որդին՝ Լեւոն Բոլատեանը (հայրս)։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ ծայր կ՚առնէ ներգաղթի շարժումը, Եգիպտոսի շատ մը հայերուն օրինակով՝ մենք ալ կը պատրաստուէինք մեկնիլ դէպի Խորհրդային Հայաստան։ Բայց 1947-ին պատահած հօրս մահը մեր ճակատագիրը փոխեց։ Բոլոր հօրեղբայրներս, զարմիկներս/զարմուհիներս եւ այլ ազգականներ մեկնեցան Հայաստան, ոմանք 1947-ին, ոմանք ալ 1948-ին։ Այդ ժամանակ, համոզուած էինք որ մենք ալ աւելի ուշ պիտի միանանք իրենց։ Բայց քոլերայի համաճարակին բռնկումը պատճառ կ՚ըլլայ որ Գահիրէէն ներս եւ դուրս նաւային ճամբորդութիւնները կանգ առնեն։ Այս պայմաններուն մէջ, մնացինք Եգիպտոս եւ հոս ալ հասակ առինք։
Մօրս՝ Զարուհի Բոլատեանի ընտանեկան ծառը ծայր կ՚առնէ Գրիգոր եւ Մարիամ Սայեանով։ Չենք գիտեր թէ երբ անոնք ամուսնացած են, ոչ ալ ծանօթ է մեզի Մարիամի աղջկայ մականունը։ Գիտենք սակայն որ Գրիգոր Սայեան ծնած էր Ուրֆա, հաւանաբար 19-րդ դարու վերջերուն եւ կը սպաննուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1915-ի շուրջ՝ Ցեղասպանութեան ժամանակ։ Ինչպէս ընտանեկան ծառը ցոյց կու տայ, ունէին ինը զաւակ. Հռիփսիմէ, Սրբուհի, Յարութիւն, Յակոբ, Մայրենի, Բերսաբէ, Լուսիա, Էլիզա, եւ Սարգիս։
Այս զաւակներուն շարքին, Յարութիւն հայրն էր Զարուհի Սայեանի։ Ամուսնացած էր Մարի Ուրֆալեանի հետ, ունէին որդի մը՝ Հրանդ, եւ դուստր մը՝ Զարուհի (մայրս)։ Մարի ծնած էր 1891-ին եւ կը մահանայ 1935-էն ետք։ Յարութիւն ծնած էր 1888-ին Ուրֆայի մէջ եւ կը մահանայ 1912-ին, Ատանայի մէջ։ Զարուհի Սայեան զարմուհին էր Լեւոն Բոլատեանի՝ Հռիփսիմէ Բոլատեանի (ծնեալ Սայեան) որդին։
Յայտնի չէ թէ երբ Հռիփսիմէ կը հաստատուի Եգիպտոսի մէջ։ Եգիպտոսի քաղաքացիութեան եւ հպատակութեան արխիւները ցոյց կու տան, որ հայրս այս երկիրը մուտք կը գործէ 1912-ին։
Հօրեղբայրս՝ Ներսէս Բոլատեանը, ամուսնացած էր Վարդանուշի հետ, 1920-ին։ Ունէին երկու զաւակ. Բերուզ՝ ծնած 1924-ին, Գահիրէ, Յակոբ՝ ծնած 1926-ին, Պէյրութ։
Հօրաքոյրս՝ Բերուզ Բոլատեանը, ծնած է Ուրֆա, 1900-ականներու սկիզբը։ Եգիպտոսի մէջ կ՚ամուսնանայ Միհրան Սապուճեանի հետ, կը մահանայ երիտասարդ հասակին, 1924-էն առաջ։
Հօրեղբայրս՝ Տիգրանը, ամուրի կը մնայ եւ քաղաքային հանրային փոխադրակառքի վարորդ էր։ 1948-ին Հայաստան կը մեկնի եւ կը մահանայ Երեւանի մէջ, 1970-էն ետք։
Հայրս՝ Լեւոն Բոլատեանը, ծնած է Ուրֆա, 1896-ին։ Կ՚ամուսնանայ Զարուհի Սայեանի հետ, 1930-ին, Գահիրէ։ Կ՚ունենան երեք որդի. Արթօ, Նուպար եւ Հրատ (տողերուս հեղինակը)։
Բոլատեան-Սայեան ընտանիքը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մայրենի Հալաճեան (ծնեալ Սայեան, Օվսաննա Տէր Սարգիսեանի մայրը), Լեւոն Բոլատեան, Բերսաբէ Սայեան-Կէպէնլեան (Վարուժանի մայրը), Էլիզա Գույումճեան (ծնեալ Սայեան, Վիքթորիա Միքայէլեանի մայրը), Հաճի Մկրտիչ (Էլիզայի ամուսինը)։
Նստած, ձախէն աջ՝ Յակոբ (Զմրութի ամուսինը), Գրիգոր Սայեան եւ կինը՝ Մարիամը, անծանօթ անձ մը։ Փոքր աղջիկը, որ կանգնած է առջեւի շարքին վրայ նոյնպէս անծանօթ է։