Մարդիկ ինչո՞ւ կը լուսանկարեն. մանաւանդ գրագէտ մը ինչո՞ւ կը լուսանկարէ, երբ գիրով կրնայ պահը անմահացնել:
Կ'ըսուի թէ մարդ արարածը աւելի շատ վատ պահերը յիշելու հակում ունի, իսկ լաւերը՝ ոչ այնքան, եւ այդ իսկ պատճառով կ'ուզէ հաճելի եւ քաղցր պահերը լուսանկարելով պահ տալ, կարծես չի վստահիր իր յիշողութեան կամ պատկերները պահելու իր նայուածքին կարողութեան:
Նկարները ցոյց կու տան նաեւ թէ ի՛նչն է կարեւորը մեզի համար, մեր կեանքին ընթացքին. անոնք մաս կը կազմեն մեր ձգած ժառանգութեան եւ բարդ լեզուով մը մեզի կրնան պատմել ինչ որ յաճախ բառերը չեն կրնար փոխանցել:
Հայոց պատմութեան ընթացքին, հայերը ո՛ւր ալ որ ապրեր են, յաճախ տեղաշարժեր ունեցեր են, անհատապէս, ընտանիքով, թէ խմբովին, ինչպէս եղած է պարագան Նոր
Ջուղայի մէջ հայերու բնակեցման:
Այս տեղաշարժերուն ամենէն ծանրը անշուշտ 1915 թուականի գաղթն ու հայերու ցրուումը եղած է:
Նման տեղաշարժերու ընթացքին մարդիկ իրենց նուազագոյնն իսկ իրենց հետ տանելու կարողութիւնն ու կարելիութիւնը չեն ունենար, եւ յաճախ ափսոսանքով կը յիշեն իրենց լքուած կալուածները, հողերը, իրերը:
Սակայն տարօրինակ, գրեթէ անհասկնալի ձեւով այդ իրերը կը ճամբորդեն իրենց տէրերէն անկախ, ի վերջոյ հանգրուանելու համար եթէ ոչ իրենց տէրերուն, ապա անոնց մօտիկ, կամ այդ իրերուն հանդէպ յատուկ գուրգուրանք ունեցող մարդոց մօտ:
Նման իրեր ստացողը կամ ձեռք ձգողը անպայմա՛ն պատմութիւն մըն ալ «ձեռք կը ձգէ», այսինքն կը լսէ տուողէն կամ ծախողէն: Նման պատմութիւնները մարդիկ հակամէտ են իրենց միտքին եւ յիշողութեան վստահելու, առանց մտածելու, որ միտքը շատ յաճախ խաղեր կը խաղայ մեր գլխուն եւ մոռացութեան կու տայ բաներ, որոնք մեզի համար այնքան կարեւոր են, բայց ոչ միտքին, որ դէպք մը կը պահէ իր մէջ, որքան յաճախ այդ դէպքը յիշենք, որովհետեւ մենք երբեմն կը յիշենք ո՛չ թէ դէպքը, այլ այդ դէպքին յուշը մեր միտքին մէջ։ Այսինքն որքան դէպք մը կամ անձ մը յիշենք, այնքան աւելի կը տպաւորուի անիկա մեր միտքին մէջ, մինչ շատ կարեւոր դէպք մը, եթէ յաճախ չյիշենք, կրնանք մոռնալ, հակառակ մեզի համար ունեցած իր կարեւորութեան:
Անշուշտ կրնանք արձանագրել տեղ մը, մատիտով թուղթի վրայ, կամ թուայնացումի միջոցներէն մէկուն մէջ: Սակայն այնքան հեռացած ենք գիրէն, որ նոյնիսկ համակարգիչին կամ բջիջայինին մէջ գրել-արձանագրելը կը խուսափի մեր միտքէն:
Նման ճամբորդութիւն մը ապրած է այս էջով ներկայացուած ալպոմին մէջ ամփոփուած լուսանկարներու հաւաքածոն, որուն լուսանկարները մեր աչքերուն առաջ են. մենք այստեղ կը դիտենք վաւերական եւ շատ հին լուսանկարներու լուսանկարները, կարծէք կրկին ապրելով անոնց արկածախնդրութիւնը՝ տեղէ տեղ եւ ձեռքէ ձեռք փոխադրուիլը, մինչեւ հասնին իրենց վերջնական հանգրուանին:
Ուրեմն հիմա աչքերուս առջեւ է - տասնամեակ մը առաջ թերեւս ըսէի՝ ձեռքերուս մէջ է- հիմա սակայն շատ աւելի դիւրին է, թուայնացումի դիւրութիւններուն պատճառով, աչքերուն առջեւ ունենալը - աչքերուս առջեւ է շատ հին եւ դժբախտաբար անխնամ մնացած հաւաքածոյ մը վաղուց քաշուած կամ առնուած լուսանկարներու:
Այս արտայայտութիւնն ալ կը տարբերի մեզի համար, նայած թէ ուրկէ՛ եկած ենք. Օրինակ պոլսահայոց համար «պատկեր մը առնենք»ը եկած է մինչեւ Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա, մինչ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայերը պիտի ըսէին՝ «նկարուինք» կամ տասնամեակներ առաջ՝ «նկար մը քաշուինք»:
Լուսանկարողները, ըլլան անոնք մասնագէտ լուսանկարիչներ, թէ սովորական մարդիկ, ընդհանրապէս խնամքով կ'ընտրեն լուսանկարին պահը, դիրքը, յստակութիւնը, փորձելով գեղեցկացնել պատկերը:
Այս հաւաքածոյին մէջ սակայն նման ճիգ չկայ. կայ աճապարանք մը, պահը կամ վայրը չփախցնելու եւ անմիջապէս արձանագրելու մտահոգութիւն մը:
Երկու դիմանկարներ կ'երեւին այս հաւաքածոյին մէջ՝ Տոքթ. Խ. Պօղոսեանի եւ Ֆիլիփ Արփիարեանի: Ինչո՞ւ միայն այս երկուքը կան. նկարողին մտերիմնե՞րն են, թէ՞ պատահաբար առնուած են:
Իւրաքանչիւր անհատ նոյն տեսարանը կամ դէպքը իր ուրոյն ձեւով կը լուսանկարէ, անպայմանօրէն ի՛ր դրոշմը դնելով լուսանկարին վրայ:
Ո՞վ է հեղինակը այս ալպոմին լուսանկարներուն եւ ո՞ւր է լուսանկարիչին դրոշմը պատկերներուն վրայ:
Կ'ըսուի թէ ալպոմը պատկանած է պոլսահայ երկու եղբայրներու՝ Ստեփան եւ տոքթ. Հենրի Արսլանեաններուն, որոնց քրոջ`Ռեժինա Արսլանեան-Թորոսեանի մօտ մնացած է, որ աւելի ուշ, այդ քրոջ անզաւակ ըլլալուն պատճառով անցեր է իր ներոջ աղջկան՝ Շաքէ Թորոսեան-Թորոսեանին եւ անկէ Շաքէին աղջկան՝ Ազնիւ Թորոսեան-Թորոսեանին, որմէ ալ անցեր է Նանի Թորոսեան-Թնճուկեանին, որուն քով ալ հանգրուաներ է այս յոգնատանջ ալպոմը:
Այս ամբողջ պատմութեան մէջ Վաղինակ Բիւրատի անունը մէկ անգամ կը յիշուի, լուսանկարներէն մէկուն տակ յստակօրէն ի՛ր ձեռագրով գրուած՝ «Ես ինքս» (ձեռագրի այս հաստատումը կու գայ Վ. Բիւրատի թոռնիկէն՝ Հայկ Բիւրատէն, որ այսօր ԱՄՆ կը բնակի: Սակայն ասիկա Վ. Բիւրատի մէկ կատակը ըլլալու է, որովհետեւ այդ նշուած նկարին մէջ երեւցածը միայն ... գրաստ մըն է:
Կ'ըսուի նաեւ, որ Արսլանեան երկու եղբայրները բարեկեցիկ եւ շատ ճամբորդող մարդիկ եղած են, կարծես ատով հաստատուէր նկարներուն պատկանելիութիւնը:
Բայց երբ նկատի առնենք, որ Վաղինակ Բիւրատ ի՛նք եւս, իր կենսագրութենէն դատելով, ոչ միայն բաւական ճամբորդած է, այլ նաեւ եղած է մէկը այն անձերէն, որոնք փրկուած են «Թայթանիք» նաւուն արկածէն, կը հասկնանք որ ինք եւս շատ ճամբորդած մէկը եղած է:
Այս մասին կը կարդանք Վաղինակ Բիւրատի հրատարակուած յուշերուն մէջ, որուն յառաջաբանը գրած է Շահէն Խաչատրեան, որ, ըստ իր պատմածին, եղած է մտերիմ ընկերը Վաղինակ Բիւրատի զաւկին:
Գիրքը կարելի է կարդալ հետեւեալ յղումով՝ https://arar.sci.am/dlibra/publication/279330/edition/256230
Հակառակ այս բոլորին, կը դժուարանանք վերջնականապէս ճշդելու ալպոմին պատկանելիութիւնը, որ սակայն այնքան էական չէ, որքան անոնց գոյութիւնը եւ հոն պահ տրուած տեղեկութիւնները:
Ճիշդ է որ ալպոմին կարգ մը նկարները արձանագրութիւններ ունին, սակայն անոնք միայն լուսանկարուած վայրին անունը կը յիշեն, բայց ոչինչ կ'ըսեն լուսանկարիչին, լուսանկարելու հանգամանքին կամ թուականին մասին:
Եթէ ընդունինք, որ ալպոմը պատկանած է Վաղինակ Բիւրատին, ուրեմն ինչպէ՞ս հանգրուանած է Արսլանեան եղբայրներուն մօտ, ա՛յս է գլխաւոր առեղծուածը: Այս երեքը կապ ունեցա՞ծ են իրարու հետ, կամ արդեօ՞ք իրենց կեանքի որոշ մէկ շրջանին Հալէպ գտնուած են միաժամանակ եւ առիթ ունեցած նկարուելու եւ նկարներ քաշուելու:
Կայ տակաւին պարագան կատուներու նկարին, որուն տակ գրուած է՝ «Հալէպի կատուներս». այս երեքէն՝ Արսլանեան եղբայրներէն եւ Վաղինակ Բիւրատէն ո՞ր մէկը Հալէպ ապրած է, որովհետեւ կատուներ պահելու համար պէտք է տեղ մը ապրիլ:
Պատկանելիութենէն անդին սակայն, երբ կը դիտենք թիւով 46 նկարները, նախ անոնք անմիջապէս իրենք զիրենք կը խմբեն չորս բաժիններու մէջ.
- Դիմանկարներ.
- Տեսարաններ.
- Գիւղեր, աւաններ եւ քաղաքներ.
- Կատուներ՝ «Հալէպի կատուներս»:
Այս չորս խմբաւորումներուն մէջ, բացի առաջինէն, կան բազմաթիւ անխորագիր նկարներ:
Որո՛ւն ալ որ պատկանած ըլլայ այս ալպոմը, անոր նկարները, մանաւանդ անձերուն նկարները առիթ են մեզի անգամ մը եւս յիշելու այն մարդիկը, որոնք կարեւոր կամ որոշ դեր մը ունեցած են արեւմտահայոց կեանքին մէջ եւ ապա մոռացութեան մատնուած: Զիրենք մոռացութենէն հանելու կերպ մըն է պահպանումը այս ալպոմին:
Վաղինակ Բիւրատ
Վաղինակ Բիւրատ անդրանիկ զաւակն է արեւմտահայ գրագէտ վիպագիր Սմբատ Բիւրատի, Մեծ Եղեռնի զոհերէն մէկը: Կրտսերը կը կոչուէր Հայկ Բիւրատ:
Վաղինակ Բիւրատ ծնած է Զէյթուն, 1886-ին: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք տեղւոյն դպրոցէն ներս, կը շարունակէ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի դպրոցներուն մէջ, ուր ընտանիքը կ'ապրէր այդ օրերուն:
1903 թուականին Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան կ'ընդունուի, ուր կը սորվի ոչ միայն փայլուն արեւմտահայերէն, այլ նաեւ լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ խմբագրութիւն եւ վիմագրութիւն:
Պոլսոյ, թէ Սփիւռքի կարգ մը գաղութներուն մէջ, Վաղինակ Բիւրատ հրատարակչական գործին մէջ ինքզինք հաստատած կարեւոր անուններէն մէկն է, որ իրապէ՛ս մեծ աշխատանք տարած է ոչ միայն իր հօր՝ Սմբատ Բիւրատի գրեթէ բոլոր գիրքերը, այլ նաեւ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող գրագէտներու գործերը հրատարակելու, որովհետեւ ապրած եւ աշխատած է Հռոմ, Փարիզ եւ Մարսէյ:
1907-ին կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը հիմնէ “Modern Lithography” հրատարակչատունը: Կատարած է թարգմանութիւններ, հրատարակած զանոնք եւ տարածած Պոլսէն դուրս, տարբեր երկիրներ: Այս շրջանին է, որ Ամերիկայի ճամբուն վրայ փրկուած է Թայթանիքի նաւաբեկութենէն:
Կրցած է խոյս տալ Ջարդի ընթացքին եւ 1925-1946 ապրած է Սուրիա, Լիբանան եւ Եգիպտոս:
1946-ին Հայաստան կը ներգաղթէ եւ հոն ալ կը մահանայ 1972-ին, ափսոսանքով լեցուն, որ չէր կրցած հօր վերջին, Այասէն հասած փափաքը իրագործել՝ «Մեռած եմ արդէն. մոռցէք մարմինս եւ փրկեցէք գրութիւններս»:
Այսօր, Եգիպտոսի ՀԲԸՄիութեան Երուանդ Գ. Աղաթօն գրադարանին մէջ կարելի է գտնել Վաղինակ Բիւրատի հրատարակութիւններէն մեծաթիւ հատորներ:
Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան
Բժիշկ Խաչիկ Պօղոսեան, նոյնքան նշանաւոր դէմք մը եղած է։ Ծնած է 1875-ին Կէրմիրի մէջ (Կեսարիոյ շրջան), ուր եւ ստացած է իր նախակրթութիւնը, ապա Պոլիս գալով կը մտնէ օսմանեան բժշկական վարժարանը, որուն ընթացքը կիսաւարտ կը թողու եւ կը հաստատուի Լոզան. հոն կ'աւարտէ տեղւոյն բժշկական համալսարանը եւ կը մասնագիտանայ հոգեբուժութեան մէջ:
Կը վերադառնայ Պոլիս եւ 1906 թուականին կը կարգուի Ազգային Հիւանդանոցին հոգեբուժական բաժնի պետ:
Ծառայած է Օսմանեան բանակին:
1923-էն Հալէպ հաստատուած է, ուր տարած է հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն եւ հոն ապրած մինչեւ իր մահը՝ 1955:
Անդամ եղած է Զուիցերիոյ եւ Փարիզի հոգեբուժական ընկերութիւններուն:
1913 թուականին ընտրուած է Պոլսոյ հայկական Ազգային Ժողովի երեսփոխան Էնկիւրիւ/Անգարայէն եւ մինչեւ վերջ պահած է այս պաշտօնը:
Եղած է անդամ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ինչպէս եւ Հալէպի «Եփրատ» օրաթերթին (սկիզբը՝ եռօրեայ) արտօնատէրը:
Եղած է գլխաւոր հինադիրներէն մէկը Հալէպի Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցին:
Ֆիլիփ Արփիարեան
Ֆիլիփ Արփիարեան Արփիար Արփիարեանի եղբօր որդին է: Ծագումով ակնցի:
Ծնած է Պոլիս, ուր առած է իր կրթութիւնը եւ երկրաչափութեան վկայականը:
Բնածին տաղանդ ունեցած է երգիծանկարչութեան:
Բնակութիւն հաստատած է Եգիպտոս:
Եղած է Հալէպի նշանաւոր, մինչեւ այսօր կանգուն եւ գործող հիւանդանոցին՝ Ալ Քալիմէի (արաբերէն՝ Բառը) երկրաչափը:
* * *
Գալով քաղաքներու եւ գիւղերու նկարներուն, անոնք որոշ գաղափար մը կու տան կարգ մը գիւղերու՝ ինչպէս Թէֆթէնէզի, չէրքէզ գիւղի մը, աւաններու՝ Իտլիպի եւ քաղաքներու՝ Այնթէպի, Հալէպի եւ Պոլսոյ այդ ժամանակաշրջանի վիճակին մասին: