Լուսանկարներու այս շարքը կեդրոնացած է Մոնա Սէլեանի հօր ընտանիքի անդամներուն վրայ։ Անոնք պարտիզակցի էին (այսօրուան Պահչեճիքը)։ Հոս կան Պարտիզակ գիւղի հազուագիւտ լուսանկարներ, Մոնայի հօր ընտանիքին Թորոնթոյի մէջ հաստատուելու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հայ համայնքի առաջին անդամներէն ոմանց լուսանկարները։
Բոլոր տեղեկութիւնները տրամադրած են Մոնա Սէլեանի մայրը՝ Ազատ (Ազատուհի) Սէլեանը (որ ծնած էր Քոքինիս (Փիրէաուս, Յունաստան) 1931-ին) եւ Մոնայի հայրը՝ Արթուր Մինաս Սէլեանը (ծնած Թորոնթօ (Գանատա) 1929-ին)։ Բոլոր նիւթերը պատրաստուած են անոնց հետ՝ համակարգելու սկզբունքով։
Մոնայի հօրենական մեծ հայրը՝ Յարութիւն «Արթին աղա» Սէլեանը, ծնած էր Պարտիզակ 1888-ին։ Պարտիզակի ամերիկեան վարժարանէն շրջանաւարտ էր եւ Պոսթոն (Մասաչուսեց, ԱՄՆ) գաղթած էր։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն ծառայած էր ԱՄՆ ծովուժին մէջ։ Հետագային կտրեր էր ԱՄՆ-Գանատա սահմանը եւ գացած Սէյնթ Քաթարինես (Օնթարիօ) 1920-ին, ապա անցած Թորոնթօ։ Քիչ անց Յարութիւնը ամուսնացեր էր Անահիտ Ուզունեանին հետ (1904 Ամասիա-1992 Թորոնթօ)։ Անահիտին ծննդեան անունը Նազենիկ էր, Յարութիւնին հետ պսակուելէ առաջ փոխած էր Հանզայի։ Անահիտը որբուհի էր. տարիներով ապրած էր Լիբանանի Թռչնոց Բոյն որբանոցին մէջ եւ վայելած դանիուհի միսիոնար Մարիա Եաքոպսէնի խնամքը։ Հետագային Ճորճթաունի աղջկանց ծրագիրին մէջ ընդգրկուած եւ Գանատա բերուած էր Գանատայի Հայ օգնութեան միութեան կողմէ։ Յարութիւնին ծանօթացեր էր Թորոնթոյի մէջ։ Իրենց առաջնեկը՝ Արթուրը Մինաս Սէլեանը, ծնած էր 1929-ին, իսկ երկրորդ զաւակը՝ Տալիթա Սէլեանը, ծնած էր 1930-ին։ Արթուր Մինասը անուանակոչուած էր անուններովը իր հօր՝ «Արթին» Յարութիւնի եւ մեծ հօր՝ Մինաս ՍԷլեանի (վերջինս մահացել էր Պոլսոյ մէջ 1920-ին՝ Գոնիա աքսորէն վերադարձին)։

Կարապետ (վարի շարք՝ աջին), Մինաս մեծ հայրիկ (ամենաաջին, ֆէսով, մահացած 1920-ին), Տալիտա մայրիկը (մէջտեղի շարքի ձախ ծայրին։ Վերի շարքը ձախէն աջ՝ Սիրվարդ Գուպիքեան, Զուարթ Սէլեան-Պոտուրեան, Նուարդ Սէլեան-Գուպիքեան, երեք անծանօթ, Սիրանուշ Գուպիքեան, Քիւրքճեան (՞)։ Երկրորդ շարք ձախէն աջ՝ Տալիթա Գուրեան-Սէլեան, Օննիկ Գուպիքեան, անծանօթ մը, Սարգիս Գուպիքեան, Քիւրքեան, Մինաս Սէլեան։ Երրորդ շարք ձախէն աջ՝ Հռիփսիմէ (Ալիս) Գուպիքեան-Պասմաճեան, Նուպար Գուպիքեան, անծանօթ մը, Յասմիկ Գուպիքեան-Շալքեան, Կարօ Քիւրքճեան, Թագուհի Գուպիքեան-Ամիրայեան։ Վարի շարք, ձախէն աջ՝ Յակոբոս Գուպիքեան, Կարապետ Պոտուրեան, երկու անծանօթ, Հազարոս (Ղազարո՞ս) Գուպիքեան։
Մինասը եւ Տալիթան հասակ առած էին Քապէճթաունի կեդրոնը՝ Տերմոթ հրապարակին վրայ գտնուող երկյարկանի տան մէջ, իրենց մեծ մայրիկին՝ Տալիթա Սէլեանին (1858, Պարտիզակ-1945, Թորոնթօ (Օնթարիօ)) եւ իրենց հօրեղբօր՝ Երուանդ «հօպար» Սէլեանին հետ (1898, Պարտիզակ-1985, Թորոնթօ)։ Փողոցին մէկ կողմէն իրենց դրացիներն էին իրենց հօրեղբայր Մկրտիչ Սէլեանին (1879, Պարտիզակ-1965, Օթաուա) ընտանիքը՝ Մկրտիչը, տիկինը՝ Ովսաննա Դերձակեան-Սէլեանը (1884-1954) եւ անոնց երկու զաւակները՝ Արփինէն (1911, Պոսթոն-1997, Օթաուա) եւ Էտին (1914, Պոսթոն-2006, Քըրքլանտ)։ Փողոցին միւս կողմէն դրացի էին Իսրայէլ Սեֆերեանին ընտանիքին։ Իսրայէլը դաշնակցական էր (ՀՅԴ անդամ), եւ Թորոնթոյի ոստիկանութեան կողմէ երկու անգամ յանդիմանութիւն ստացած էր իր տան վրայ հայկական եռագոյնը ծածանելու համար։
Քանի որ իրենց պաշտամունքային պաշտօնական կեդրոնը չունէին, բազմաթիւ հայեր կը յաճախէին Թորոնթոյի անգլիքան եկեղեցիները, որոնք զգեստներու, խունկի եւ թափօրի իրենց կիրարկութեամբ հարազատ կը թուէին։ 1930-էն 1953 հայ համայնքին տրուեր էր իրաւունք սուրբ Երրորդութեան անգլիքան եկեղեցիին մէջ (այժմու Իթոն կեդրոնին ետեւը գտնուող) հայկական եկեղեցական ծէս կատարելու ամիսը անգամ մը, եւ այլ ծուխերու հոգեւոր հովիւները՝ Պատուելի Զքոն Չարքուկեանը եւ հայր Վազգէն Թաթոյեան ծայրագոյն վարդապետը, պատարագ կը մատուցանէին։ 1953-ին վերջապէս նոր եկեղեցի մը պիտի կառուցէիր Եոնկէ փողոցին եւ Ուուտլոն պողոտային անկիւնը եւ պիտի կոչուէր սուրբ Երրորդութեան հայկական եկեղեցի՝ ի պատիւ անգլիքան եկեղեցուոյ, որ այդքան տարի տուն տուեր էր հայ համայնքին։ Մինասը պիտի դառնար սուրբ Երրորդութեան եկեղեցուոյ դպրապետը, որովհետեւ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն մեծ մասին անդամ եղած էր սուրբ Թովմասի անգլիքան եկեղեցուոյ մանչերու երգչախումբին։
Այդ օրերուն Թորոնթոյի հայ համայնքը փոքրաթիւ էր, բայց վճռակամ։ Այն կազմուած էր գլխաւորաբար Ցեղասպանութենէն վերապրողներէ եւ Ճորճթաունի մանչերէն ու աղջիկներէն՝ որբերէ, որոնք 1923-էն 1927 Գանատա բերուած էին գանատական կառավարութեան եւ Գանատայի Հայ օգնութեան միութեան հանգանակած գումարներուն շնորհիւ։ Հայերը ձեռք-ձեռքի տուած էին եւ ստեղծած սփիւռքեան եզակի համայնք մը։ Եւ Սէլեան ընտանիքը այս աճող համայնքին գործունեայ անդամներէն դարձած էր շատ արագ։ Յարութիւնը Թորոնթոյի հայ համայնքի առաջին ատենապետը ընտրուած էր։ Ան իր զականերուն մէջ սերմանած էր սէր առ ընտանիք, դասական երաժշտութիւն եւ հայկական ամեն ինչ։ Հայկական առաջին երգչախումբը կազմուած էր 1927-ին։ Խմբավարը Երուանդ հօպարն էր, որ Պոլսոյ մէջ Կոմիտաս վարդապետին երգչախումբէն երգած էր։ Հայկական պարախումբը հայկական տարազ հագած հայկական պարեր կը պարէր։ Ընկերային հաւաքոյթներ եւ դաշտահանդէսներ կը կազմակերպուէին Թորոնթոյի «Սենթըր այլընտ» (կեդրոնական) կղզիին վրայ, եւ Օնթարիոյի տարբեր վայրերէ (Համիլթոն, Պրանթֆորտ, Կուէլֆ, Կալթ եւ ս. Քաթարինս) եկող հայ համայնքի անդամները կը պարէին, կը ծանօթանային իրարու, կ՚եղբայրանային։
Յարութիւնը հնակարկատի արհեստանոց կը բանայ ի վերջոյ Քապէճթաունի մէջ եւ հովանաւոր կ՚ըլլայ, որ պարտիզակցի իր ընկեր Բիւզանդ Գուրեանը դառնայ իր գործընկերը։ Յարութիւնը կը յաջողի զինուորներու մոյկերու ներբանները փոխելու պայմանագիր կնքել Փրկութեան բանակին հետ եւ այդպէսով համեմատաբար հանգիստ նիւթական պայմաններու մէջ անցընելու Մեծ ճգնաժամի տարիները։ Այս ընթացքին Մինասը ուսման զուգահեռ կ’օգնէ հօրը եւ Մկրտիչ հօրեղբօրը վերջիններուս մաքրութեան գործին մէջ։ Հնակարկատի գործը կը փակուի 1939-ին։ Քիչ ժամանակ անց Յարութիւնը կը հիւանդանայ հաշմեցնող հիւանդութեամբ մը, որ անշարժութեան կը մատնէ զինք եւ ի վերջոյ 1948-ին կը հասցնէ մահուան։ Հօրմէն վաղաժամ զրկուիլը եւ իր սիրելի Տալիթա մեծ մայրիկին մահը 19-ամեայ Մինասը կը գլտորեն կատարեալ չափահասի կեանքին մէջ։ Երբ իր Երուանդ հօպարը գորգի իր անձնական ընկերութիւնը՝ «Selyan’s Oriental Rugs»-ը կը բանայ, Մինասը կը սկսի հոն աշխատելու եւ հոն կը մնայ երկար տարիներ, մինչեւ 1970-ի վերջերը, երբ հօրեղբօրմէն կը գնէ ընկերութիւնը։ Այսօր Մինասը տակաւին ամեն օր կը նստի իր ինքնաշարժը եւ քշելով կ’երթայ գործի։

1. Վերջին շարք, ոտքի ձախէն աջ՝ Յարութիւն Սէլեան, Մկրտիչ Սէլեան։ Մէջտեղի շարք, նստած ձախէն աջ՝ Արփինէ Սէլեան, Տալիթա մայրիկ Սէլեան, Ալիս Պասմաճեան, դր. Չէյմպրզ կրտսեր, Երուանդ։ Առաջին շարք՝ Էտ Սէլեան. նկարուած Կանանոքի մէջ (Օնթարիօ), Չէյմպրզներու ընտանեկան կալուածին մէջ, 1920-ականներ։
2. Երկրորդ շարք, ոտքի՝ Էտի Սէլեան, Յարութիւն Սէլեան, Երուանդ հօպար Սէլեան, Արփինէ Սէլեան. վարի շարք, ձախէն աջ՝ Մկրտիչ Սէլեան, Ովսաննա Դերձակեան (Մկրտիչի կինը, մահացած 1954-ին), Տալիթա մայրիկ Սէլեան)։
3. Ձախէն աջ՝ անծանօթ մարդիկ Տալիթա մայրիկ Սէլեանի (կեդրոն) աջ կողմին, ձախ կողմը՝ Վիքթորիա եւ Ալիս Պասմաճեան, Պարտիզակ (՞), 1910-ականներ։
4. Պարտիզակ (՞), 1910-ականներ։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Նուարդ կամ Զուարթ (՞)։ Վարի շարք ձախէն աջ՝ անծանօթ մը, Տալիթա մայրիկ Սէլեան, Մաքրուհի Շմաւոնեան։
Ուզունեանը իր դուստրերուն՝ Ժագլինին եւ Սիւզանին հետ 1950-ականներուն սկիզբը Սէնթ Էթիէնէն (Ֆրանսա) Թորոնթօ կը գաղթէ։ Մատթէոսը եւ Էլիզապէթը իրարու ծանօթացեր էին Սէնթ-Էթիէնի հայկական որբանոցին մէջ, ուր երկուքն ալ փոխադրուած էին Մերձաւոր Արեւելեան որբանոցներէ։ Մատթէոսը Քորֆուի (Յունաստան) «Աքիլեսեան պալատ» հայկական որբանոցի սան եղած էր ատեն մը, յետոյ գացած էր Ֆրանսա։ Էլիզապէթը ծնած էր Մարզուան/Մերզիֆոն նահանգին մէջ։ Մատթէոսը եւ քոյրը՝ Անահիտը (ծն. Ուզունեան) ութ եւ տասը տարեկան հասակին որբ մնացած էին Ցեղասպանութեան օրերուն, զիրար կորսնցուցած էին դէպի սուրիական անապատներ մահուան երթերուն ատեն եւ տարիներ իրարմէ անջատ ապրելէ ետք զիրար վերագտած էին Գանատայի մէջ։
Այս գերդաստանը միասին կ’ապրէր մէկ տան մէջ, եւ Սէլեաններուն օճախը դարձած էր Թորոնթոյի հայ երիտասարդութեան գործունէութեան սիրտը, ուր տեղի կ’ունենային ժողովներ, հաւաքոյթներ, եւ ուր պտոյտներ կը կազմակերպուէին։ Աւելի ուշ, 1953-ին, Մինասը կը հանդիպի իր ապագայ կնոջը՝ Ազատուհի Եզեկէլեանին, որ Փիրէասէն (Յունաստան) էր եւ նոր Թորոնթօ եկած էր՝ իր բարերար Սեդրակ Թաթարեանին այցելութեան։ Իրենց ընտանիքներուն եւ ընկերներուն աջակցութեամբ՝ ամոլը կը պսակուի 1955-ին։ 1957-ին կը ծնի Մոնան, իսկ եղբայրը՝ Արան, լոյս աշխարհ կու գայ 1960-ին։

1. Յարութիւն Սէլեան (կեդրոնը) ընկերներու հետ, կրնայ ըլլալ ԱՄՆ-ի մէջ, թուականը յայտնի չէ։
2. Սէլեան ընտանիքը՝ հայկական աւանդական տարազ հագած։ Լուսանկարը եւ «Toronto Star»-ի մէկ լուսանկարահանումը նոյն ժամանակ նկարուած են Թորոնթոյի մէջ 1920-ականներուն։ Ձախէն աջ՝ Յարութիւն Սէլեան, Ալիս Պասմաճեան (Նուարդ Գուպիքեանի դուստրը), Արփինէ Սէլեան եւ Երուանդ հօպար Սէլեան։
3. Սէլեան ընտանիքը 1920-ականներուն, վայրը անյայտ է։ Վերի շարք ձախէն աջ՝ Կարապետ Պօղոսեան, անծանօթ անձ։ Վարի շարք, ձախէն աջ՝ Էտի Սէլեան (՞), Տալիթա մայրիկ Սէլեան, Մաքրուհի Շմաւոնեան, Երուանդ հօպար Սէլեան։
4. Սէլեան ընտանիք, Փիս Պրիճ, Նիակարա ջրվէժ, 1920-ականներ. ձախէն աջ՝ Ալիս Պասմաճեան, Արփինէ Սէլեան, Յարութիւն Սէլեան, Էտի Սէլեան, Ովսաննա եւ Մկրտիչ Սէլեան։
1. Յարութիւն Սէլեան (՞) ձախէն երկրորդը, նստած, գլխարկով, Թորոնթօ, 1920-ականներ։
2. Սէլեան ընտանիքի պտոյտ բնութեան մէջ, Թորոնթօ, 1920-ականներ. ձախէն աջ՝ անծանօթ անձ, Մկրտիչ Սէլեան, Ռուբէն Շմաւոնեան, Էտի Սէլեան (մանուկ), Արփինէ Սէլեան (աջ ծայրին՝ մեկնուած), Ովսաննա Դերձակեան-Սէլեան (ամենաաջին)։
3. Սէլեան ընտանիք, Թորոնթօ, 1920-ականներ. ձախէն աջ՝ Ովսաննա Դերձակեան-Սէլեան, Արփինէ Սէլեան, Յարութիւն Սէլեան, Էտի Սէլեան եւ «Model T» ինքնաշարժը։
4. Ձախէն աջ՝ յոյն հոգեւորական (՞), Մկրտիչ Սէլեան (՞), անյայտ վայր, 1920-ականներ։
5. Յարութիւն Սէլեան (ձախին) զատկուան հաւկթախաղ, Թորոնթօ, 1920-ականներ։
6. Թորոնթոյի հայ համայնքի դաշտահանդէս, պարան քաշելու խաղ, Թորոնթօ, 1928։ Ձախէն աջ՝ Մկրտիչ Սէլեան (ամենաձախին, գլխարկով), Սեդրակ Ատուրեան (աջէն երկրորդը)։

Նշենք, որ Սեդրակ Ատուրեանը իսկապէս սուզուած էր գանատական կեանքին մէջ. Թորոնթոյի թիավարելու հաւաքականին անդամ էր, «Georgetown Boy» անունով յայտնի Մերձաւոր Արեւելքէն Գանատա հայ որբեր հիւրընկալող Գանատայի մարդասիրական առաքելութեան շնորհիւ անոր գործունէութեան երկրորդ տարուան ընթացքին Գանատա ժամանած էր եւ իր զարմուհին՝ Ակնէսը եւ վերջինիս ամուսինը՝ Յակոբ Օնանեանը բերել տուած էր Խարկովէն (Ուկրաինա), «Ատուրեան գորգեր» ընկերութեան նախագահն էր։ Յովսէփ Օնանեանը Թորոնթոյի «աշուղն» էր, իր քամանչան նուիրեր է Օնթարիոյի արքայական թանգարանին։ Սեդրակի ամենամտերիմ ընկերը՝ Լէս Քալէնը (յաճախած էր «Upper Canada college» համալսարանը) քաղաքական երգիծանկարիչ էր, կ’աշխատակցէր Toronto Star լրագիրին, զինուրագրուած էր գանատական բանակին եւ Ֆրանսա գացած իբրեւ զինուորական թղթակից։ Լէսը օժանդակած էր, որ Անահիտի եղբայրը՝ Մատթէոս Ուզունեանը (ֆրանսաբնակ) Թորոնթոյի մէջ միանար քրոջը՝ Անահիտին։

«Առաջին հայ երգչախումբը Թորոնթոյի մէջ։ Յունիս 1927»։
Մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Սեդրակ Թաթարեան (ձախէն երկրորդը) երկու անծանօթ, Յարութիւն Սէլեան (Երուանդին ետեւը աջին), Յակոբ Շիշմանեան (աջէն երրորդը), միւսները ծանօթ չեն։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Ալիս Պասմաճեան, (ձախէն երրորդը), Երուանդ հօպար Սէլեան, Արփինէ Սէլեան, մնացեալը ծանօթ չեն։

1. Սէլեան ընտանիք, Թորոնթօ, 1930-ականներ։ Ետեւի շարքին ձախէն աջ՝ Ովսաննա Դերձակեան Սէլեան (Մկրտիչ Սէլեանի տիկինը), Տալիթա մայրիկ Սէլեան, Անահիտ Սէլեան։ Առջեւի շարք՝ Արփինէ Սէլեան (Մկրտիչի եւ Ովսաննայի դուստրը), Տալիթա եւ Արթուր Մինաս Սէլեան։
2. Տալիթա մայրիկ Սէլեան, Տալիթա եւ Արթուր Մինաս Սէլեանները երբ մանուկ էին, Թորոնթօ, 1930-ականներ։
3. Տալիթա Արթուր Մինաս Սէլեանները մանուկ հասակին, Թորոնթօ, 1930-ականներ։ Մեծ հայրիկ Մինաս Սէլեանին լուսանկարն է պատին։ Մինասը մահացեր էր 1920-ին Պոլսոյ մէջ, Գոնիա աքսորէն վերադարձին։ Ան Պարտիզակ ծնած էր։
4. Սէլեան ընտանիք, Թորոնթօ, 1930-ականներ։ Ձախէն աջ՝ Յարութիւն Սէլեան, Տալիթա Սէլեան, Արթուր Մինաս Սէլեան, Անահիտ Սէլեան, Տալիթա մայրիկ Սէլեան եւ Երուանդ հօպար Սէլեան (Երուանդը ընտանիքին լուսանկարիչն էր եւ ամենայն հաւանականութեամբ լուսանկարչական գործիքը նախապէս տեղադրած էր)։

Խորքի շարք՝ Սեդրակ Ատուրեան (մէջտեղը), Յակոբ Շիշմանեան (Սեդրակին ձախին) Սեդրակ, Յարութիւն Սէլեան (աջէն երկրորդը) Անահիտ Սէլեան (երկրորդ շարք, ամենաաջին), Արփինէ Սէլեան (Անահիտին առջեւի շարքը, ձախին)։ Մէջտեղի շարք՝ հայր Չարքուկեան (կեդրոնը, շրջանի վարդապետը/քահանան), Յակոբ Սուին (Չարքուկեանին դիմացը, քիչ մը վար), Տիկին Պապայեանը (ձախէն երրորդը) եւ ամուսինը (լուսանկարի կեդրոնը)։ Առաջին շարք, ամենաձախին՝ Յակոբին տիկինը՝ Մարզին Սուինը, անոր աջին՝ Էտուարտ Սէլեան, եղբայր Կարապետ Պէնլեան (՞), Ճորճ Սեմէրճեան (Յակոբ Սուինի աջին), Փայլինէ՝ Մարզինէի քոյրը (աջին երկրորդը, ակնոցաւոր), Նուրիձա (՞) կղերականին դուստրը, Մարի Բալուեցիեան, մանուկ (Արթուր Մինաս Սէլեան).
1. Սէլեաններու ընտանեկան պտոյտ, Սենթըր Այլընտ, Թորոնթօ, 1930-ականներ։ Ձախէն աջ՝ Ալիս Պասմաճեան (ամենաձախին). միւսները անծանօթ են։
2. Ձախէն աջ՝ Երուանդ հօպար Սէլեան, Սեդրակ Ատուրեան, Գէորգ Սեմէրճեան եւ Յակոբ Շիշմանեան, անյայտ վայր, 1930-ականներ։
3. Ձախէն աջ՝ անծանօթ մը, Յակոբ Շիշմանեան (ժայռին վրայ), Էտի Սէլեան, Գէորգ Սեմէրճեան, Սենթըր Այլընտ, Թորոնթօ՞, 1930-ականներ։
4. Ձախէն աջ՝ Սեդրակ Թաթարեան, Էտի Սէլեան, Ալիս Պասմաճեան, Արփինէ Սէլեան, Երուանդ հօպար Սէլեան, Թորոնթօ (՞), 1920-ականներ։
