Այս էջով ներկայացուած հաւաքածոն առաւելաբար կազմուած է որբանոցի լուսանկարներով: Անոնք պատկանած են Կարապետ (Կարօ) Յակոբեանին, որ ծնած է Արաբկիր, 1910-ի շուրջ, եւ մաս կը կազմած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած հայ երեխաներու սերունդին:
Այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Լոս Անճելըս ապրող Աննա Յակոբեան՝ Կարապետի թոռնուհին, որ մեզի ներկայացուց նաեւ իր ընտանիքին պատմութիւնը:
Կարապետ Յակոբեան շատ բան չէր յիշեր իր սեփական ընտանիքէն: Գիտէր որ ծնողներուն անունը եղած է Յակոբ եւ Խաթուն, իսկ քրոջ անունը՝ Թրֆանտա: Ունեցած է նաեւ ուրիշ քոյր մը եւ եղբայր մը, բայց անոնց անունները չէր յիշեր: Կարապետ եւ Թրֆանտա կը վերապրին Ցեղասպանութենէն, միւս բոլոր հարազատները կը սպանուին:
Յայտնի չէ թէ սկզբնական շրջանին Կարապետ եւ Թրֆանտա ո՞ր որբանոցը մնացած են: Բայց գիտենք որ այդ որբանոցին պատասխանատուները հետագային Թրֆանտան ուղարկած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր հաւանաբար ազգականներ ունէր: Կարապետն ալ պէտք է ուղեկցէր քրոջը, բայց նաւահանգիստին մէջ կը պարզուի որ կը տառապի աչքի հիւանդութենէ մը (հաւանաբար թրաքոմա), որու պատճառով ալ անոր կ’արգիլուի նաւ բարձրանալ: Թրֆանտա կը մեկնի, այնուհետեւ քոյր ու եղբօր կապը վերջնականապէս կը խզուի: Հետագային, Թրֆանտային հետքը գտնելու Կարապետի բոլոր ճիգերը ապարդիւն կ’անցնին:
Կարապետ կը տեղափոխուի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի (Near East Relief, NER) Անթիլիասի որբանոցը: Որբանոցային այս կեանքի սկզբնաւորութեան է, որ Կարապետին մականունը կը դառնայ Յակոբեան: Ան իր իսկանան մականունը չէր յիշեր, գիտէր միայն հօր Յակոբ կոչուիլը. այս պատճառով ալ կը սկսի կոչուիլ Յակոբեան:
Որբանոցի տարիներուն Կարապետի մէջ նկարչութեան յատուկ տաղանդ կը յայտնաբերուի: Անթիլիասի որբանոցին մէջ անոր նկարչութեան ուսուցիչն էր Միհրան Սէրայլեանը (1867, Կեսարիա – 1957 Սան Ֆրանսիսքօ): Այս տարիներուն է որ մտերմութիւն կը հաստատէ տաղանդաւոր գեղանկարիչ որբի մը` Յարութիւն Հարմանտարեանի հետ, որ հետագային հռչակ պիտի շահէր Կալենց անունով (1910–1967): Պէյրութ եղած տարիներուն, Կարապետ թղթակցութեամբ գեղանկարչութեան դասեր առած է նաեւ ֆրանսացի արուեստագէտէ մը (անունն անծանօթ է):
Կարապետի հաւաքածոյի գեղանկարներէն ոմանք Լիբանանի մէջ ստեղծուած գործեր են: Անոնցմէ է, օրինակ, Պէյրութի գաղթակայանին նկարը: Այլ գործ մըն է Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին գեղանկարը: Երկուքն ալ ջրաներկ են եւ կերտուած են 1946-ին՝ ընտանեօք Կարապետի հայրենադարձութեան տարին: Կ’ենթադրենք թէ Կարապետ ուզած է իրեն հետ տանիլ իրեն հարազատ եւ յիշատակելի վայրերու՝ իր իսկ ձեռքով պատրաստուած նկարները:
Կարապետ Յակոբեան իր գեղանկարները ստորագրած է Կոփեան, որ շատ հաւանաբար Յակոբեան մականունին կրճատումն է:
1940-ականներու սկիզբին, Կարապետ Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ Կեսարիա ծնած Աննա Կիւրունիլեանի (Կիւրիւնլեան) հետ: Հօր անունն էր Սարգիս: Եղբայրը հալէպաբնակ Լեւոնն էր: Կարապետ եւ Աննա կ’ունենան երեք զաւակ: Հայկուհին եւ Քնարը ծնած են Պէյրութ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը ծնի որդին՝ Սարգիսը (Աննա Յակոբեանի հայրը):
Ընտանիքը կ’ապրի Երեւանի մէջ, ուր Կարապետի ջանքերով կը շինուի իրենց առանձնատունը: Տարիներ ետք պետութիւնը կը քանդէ տունը եւ տեղանքին վրայ կը կառուցէ Նկարիչներու միութեան շէնքը (Նիկող Դումանի փողոց, թիւ 1): Յակոբեան ընտանիքը կը սկսի ապրիլ այս շէնքին մէջ: Աննա Յակոբեան կը յիշէ, որ իր մեծ հօր՝ Կարապետին այցելութեան կու գային Անդրանիկ Ծառուկեանը եւ Յարութիւն Կալենցը, որոնք նոյնպէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի որբանոցներուն մէջ ապրած են: Կը պատմուի, որ Կալենցի թաղումին ժամանակ (9 մայիս 1967) Կարապետ ամբողջ մարմինով նետուած է դագաղին վրայ եւ ողբացած իր ընկերոջ կանխահաս մահը:
Կարապետ չի յաջողիր գեղանկարիչի կարգավիճակ ստանալ Հայաստանի մէջ: Ան կը սկսի աշխատիլ իբրեւ արհեստաւոր ներկարար. զայն կը կոչէին «վարպետ Կարօ»: Բայց իր ազատ ժամերուն անդադար կը շարունակէր կիրառել իր սիրած արուեստը՝ գեղանկարչութիւնը:
Երեւանի մէջ մարտ 1985-ին տեղի ունեցած Կարապետ Յակոբեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը: Կարապետը լուսանկարներուն կեդրոնը, պերէ գլխարկովն է:
Երեւանի մէջ մարտ 1985-ին տեղի ունեցած Կարապետ Յակոբեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին հրաւիրատոմսը եւ վկայականը:
Մարտ 1985-ին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Կարապետ Յակոբեանի գեղանկարներուն առաջին ու միակ ցուցահանդէսը:
Աննա Յակոբեան կը վկայէ, որ իր մեծ հայրը սովորութիւն ունէր նկարչական գործիքներու հետ շրջելու Հայաստանի զանազան կողմերը եւ տեսարժան վայրեր նկարելու: Ան իր ետին ձգած է հարիւրաւոր գեղանկարներ: Անոր մահէն ետք, այս գործերը բաժնուած են ընտանիքի եւ հարազատներու շրջանակին մէջ: Անոնցմէ մաս մը կը գտնուի Երեւան, ուրիշներ՝ Լոս Անճելըս, Գերմանիա, եւայլն:
Կարապետ կը մահանայ 1997 թուականին՝ Երեւանի մէջ: