Ոտքի, ձախէն աջ՝ Հրայր, Քրիսթինէ, Աննիկ, Ժիրայր։ Նստած, ձախէն աջ՝ Տիգրան, Վարդուհի։

Տիգրան Պզտիկեան հաւաքածոյ - Աթէնք

30/11/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/11/22)։ Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Տիգրան Պզտիկեան ծնած է 1925-ին, Տրամա, հիւսիսային Յունաստանի մէջ։ Հայրը՝ Յովհաննէսը (ծանօթ էր նաեւ Օննիկ անունով) եւ մայրը՝ Վարդուհին, ծնած են Պուրսայի շրջանին մէջ, յաջորդաբար 1886-ին եւ 1896-ին։ Հօրը ապրած գիւղը կը կոչուի Ենիճէ (Yeniceköy), իսկ մօրը ապրած գիւղը՝ Ճերրահ (Cerrah). դրացի գիւղեր են, որոնք կը գտնուին Պուրսա քաղաքին հարաւ-արեւելքը։

Օննիկ/Յովհաննէս արհեստով ատաղձագործ էր։ Վարդուհին բանուորուհի էր, որ կ՚աշխատէր իր գիւղին մէջ գտնուող մետաքսի գործարանին մէջ։ Երկուքն ալ մաս կը կազմէին հայ աւետարանական համայնքին։

Ցեղասպանութեան տարիներուն այս երկու գիւղերուն հայերը կը տեղահանուին։ Կ՚ենթադրենք որ Օննիկ եւ Վարդուհի արդէն ամուսնացած էին այդ ժամանակ։ Տիգրան կը պատմէ, որ Ճերրահէն տեղահանուածներու խումբը ժանտատենդէ կը վարակուի եւ ասոր հետեւանքով ալ Վարդուհին կը կորսնցնէ երկու նորածին զաւակ։ Նոյն պատճառով կը մահանան Վարդուհիին հայրը (Պարսամը), քոյրը եւ երկու եղբայրները։

1922-ի շուրջ, Օննիկ եւ Վարդուհի ապաստան կը գտնեն Յունաստանի մէջ եւ սկզբնական շրջանին կը հաստատուին Տրամա։ Հոս կը ծնի Տիգրանը։ Նորածինը երբ միայն վեց ամսու էր, ընտանիքը կը տեղափոխուի եւ բնակութիւն կը հաստատէ Աթէնքի Տուրղութի/Ֆիքս թաղամասին մէջ, ուր բնակչութեան 80 առ հարիւրէն աւելին հայ գաղթականներ էին։ Հոս էին նաեւ Օննիկի եւ Վարդուհիի հարազատները։

Տուրղութի թաղամասին մէջ կը ծնին Տիգրանին եղբայրներն ու քոյրը. Ժիրայր, Հրայր, Անահիտ/Աննիկ։ Տիգրան հոս կը յաճախէ աւետարանական համայնքին պատկանող վարժարանը։ Աղքատ էին. դպրոցի օրերէն դուրս Տիգրան շրջուն կօշիկ ներկող էր։ Ան ունէր ներկելու իր տուփը, զոր ուսէն կը կախէր եւ Աթէնքի փողոցներուն մէջ կը պոռար՝ Γυαλίζω κύριος (Gyalízo kýrios, կը փայլեցնեմ պարոն) «կօշիկ կը ներկեմ, կօշիկ կը ներկեմ»։

Տուրղութիի իրենց տունը խրճիթ մըն էր, ինչպէս այս թաղամասի տուներէն շատեր։ Տունը ունէր միայն մէկ սենեակ, որ միաժամանակ խոհանոց-ճաշարան եւ ննջարան էր։ Կը լոգնային խոհանոցին մէջ ոտքերուն տակ դնելով մեծ տաշտ մը։ Իրիկունները երբ պիտի քնանային, անկողինները կը շարէին տան տախտակամածին վրայ. տեղի բացակայութեան պատճառով, Տիգրանն ու Ժիրայրը նոյն անկողինին մէջ կը պառկէին։ Առտուները իրենց տան առջեւէն կ՚անցնէր կաթնավաճառը իր տասը այծերով։ Ան իր յաճախորդներուն կաթը կը կթէր տեղւոյն վրայ եւ կը վաճառէր։ Տան մէջ հոսող ջուր չկար. պէտք էր աղբիւրէն ամէն օր երկու թիթեղ ջուր շալկել եւ բերել։ Ջուրով լեցուն թիթեղը կը կշռէր մօտ 12 քիլօ, իսկ աղբիւրը Տիգրանենց տունէն շուրջ 200 մեթր հեռու էր։ Այս գործը ընդհանրապէս Վարդուհին կ՚ընէր, երբ առտուները զաւակները դպրոցն էին, իսկ ամուսինը՝ աշխատանքի։ Տիգրան երբ 13 տարեկան կ՚ըլլայ, ինքն ալ տան ջրկիրը կը դառնայ։ Ջուրը ձրի չէր, ամէն մէկ թիթեղ ջուրի համար պէտք էր վճարել մէկ լէփթա (դահեկան)։

Տիգրանին հայրը՝ Օննիկը, Տուրղութիի մէջ ալ կը շարունակէ ատաղձագործութիւնը։ Ան կ՚աշխատէր ինքնաշարժի նորոգութեան աշխատանոցի մը մէջ։ Այն ատեն բեռնատարներուն եւ հանրակառքերուն արտաքին հատուածէն շատեր փայտաշէն էին։ Օրական մինչեւ 12 ժամ կ՚աշխատէր, օրավարձքը հազիւ 100 տրախմի էր, որուն միջոցաւ կարելի էր գնել 13 քիլօ հաց կամ 3 քիլօ միս։ Այսքանը անբաւարար էր վեց հոգինոց ընտանիքի մը սնունդը ապահովելու համար։ Երեկոները, ընտանեկան ընթրիքէն ետք, Օննիկ կ՚երթար մօտակայ սրճարանը, ուր թուղթ եւ թաւլի կը խաղար իր բարեկամներուն հետ։ Օննիկ Աթէնք հրատարակուող «Նոր Օր» (այժմու «Ազատ Օր» թերթին նախկին անունը) թերթին բաժանորդ էր։ Սովորութիւն ունէր «Նոր Օր»ին մէջ լոյս տեսնող թերթօնը ամէն օր կտրել, հաւաքել, աւելի ուշ ալ գիրքի նման կազմել։ Շատեր կու գային այս վէպերը Օննիկէն փոխ կ՚առնէին։ Տիգրան նոյնպէս կարդացած էր հօրը կազմած բոլոր գիրքերը։

1941-ին գերմանական բանակները կը գրաւեն Յունաստանը։ Պատերազմը եւ անոր հետեւանքով նաւային երթեւեկութեան դադրեցումը արդէն իսկ աղետալի հարուած մը տուած էր Յունաստանի տնտեսութեան։ Առաւել եւս, գերմանական իշխանութիւնները կը սկսին բռնագրաւել գործարաններ, հանքեր, ինչպէս նաեւ երկրագործական արտադրութիւններ (ձիթաիւղ, ալիւր), որոնցմէ շատեր ուղղակի Գերմանիա կ՚առաքուէին։ Գրաւեալ իշխանութիւնները կը յատկանշուէին նաեւ իրենց հաստատած կառավարման քաոսային վիճակով։ Ամբողջ Յունաստանը բաժնուած էր զանազան վարչական միաւորներու (իտալական, գերմանական, պուլկարական ռազմական գօտիներ), որոնք յաճախ կը գործէին իրարու հակառակ, առաւել եւս վատթարացնելով տնտեսական տագնապը։ Այս պայմաններուն մէջ, Յունաստանի մէջ ծայր կ՚առնէ համատարած սով մը, որ իր տեսակին մէջ ամէնէն ծանրակշիռն էր որ տեղի կ՚ունենար այդ ժամանակներուն պատերազմի մէջ գտնուող Եւրոպայի մէջ – եթէ բացառենք կեդրոնացման ճամբարներուն իրավիճակը -։

Յունաստանի սովին հետեւանքները ամէնէն աւելի նկատելի էին 1920-ական թուականներուն Թուրքիայէն եկած գաղթական ժողովուրդին մէջ։ Անոնցմէ շատեր կ՚ապրէին գաղթակայաններու մէջ եւ գործարաններու բանուորներ էին։ Այս էր պարագան օրինակ Տուրղութիի եւ Գոքինիոյ գաղթակայաններուն, ուր հայերը նկատառելի թիւ կը կազմէին։ Արդ, գրաւման այդ տարիներուն, հում նիւթի, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի բացակայութեան հետեւանքով, գործարաններէն շատեր փակած էին իրենց դռները եւ մէկ օրէն միւսը բազմահազար գաղթականներ անգործ դարձած էին։ Ի տարբերութիւն բնիկ յոյներուն, Յունաստան նոր ժամանած գաղթական այս հասարակութիւնը գիւղերու մէջ ամառանոցներ կամ ազգականներ չունէին։ Այս փաստը նոյնպէս ճակատագրական էր, նկատի ունենալով որ սովի այդ օրերուն գիւղի հետ կապը փրկութիւն էր քաղաքաբնակ ընտանիքներու համար։ Այսպէս, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, գիւղական շրջաններու մէջ տակաւին կարելի էր գտնել նուազագոյն սնունդը վերապրելու համար։ Գրաւման այս տարիներուն, Տուրղութի թաղամասին մէջ 2200 ընտանիքներու շարքին 1600-ը անմիջական կարիքը ունէր բժշկական խնամքի եւ տարրական սնունդի։ [1] Այս բոլորը որոշ պարզաբանում մը կու տան, թէ ինչու սովին մահացու հարուածը մեծապէս նկատելի էր գաղթակայաններուն մէջ։ Նոյնպէս կարելի է աւելի յստակ տեսնել, թէ ինչու հականացիական դիմադրական շարժումը շատ արագ զարգացում կ՚ապրի նոյն այս գաղթականներուն շարքին եւ անոնցմէ շատեր կը դառնան ընդյատակեայ զինեալ խումբերու անդամներ։

Տիգրան այդ ժամանակ պատանի էր. կը յիշէ թէ ինչպէս օր մը լուր կը տարածուի Տուրղութիի մէջ, թէ մօտակայ բլուրին վրայ կանաչ խոտ մը բուսած է։ Ժողովուրդը անմիջապէս կը փութայ հոն եւ կը սկսի քաղել զանոնք, հետագային ալ՝ խաշել եւ ուտել։ Տիգրան կը յիշէ նաեւ թէ ինչպէս օր մը մօրը հետ գացած էր հայ ընտանիքի մը քով, որուն մէկ ծերունի անդամը Վարդուհիին կողմէ կը խնամուէր։ Այդ տան ներքնայարկին մէջ Տիգրանին ձեռքը կ՚անցնի թուզի պատռուած տոպրակ մը, որ շատ հաւանաբար իբրեւ սնունդ նախատեսուած էր տան պարտէզին մէջ ապրող նապաստակներուն։ Անասունները շատոնց արդէն մորթուած եւ կերուած էին։ Անօթի Տիգրանը արագ-արագ կ՚ուտէ թուզերը, յետոյ կը նկատէ որ անոնք խիստ որդնոտած են. բայց հոգ չընէր, գրպանը ուրիշ թուզեր ալ կը լեցնէ եւ դուրս կու գայ տունէն։ Տիգրան կը պատմէ նաեւ որ այդ տարիներուն Աթէնքի փողոցներէն ամայացած էին կատուներն ու շուները։ Գիւղացիներ նոյնիսկ կրիայ կը բերէին եւ իբրեւ սնունդ կը վաճառէին քաղաքին փողոցներուն մէջ։ Տիգրան կը յիշէ վեց անգամ կրեայ ուտելը, բայց դիտել կու տայ որ աւելի ուշ կրիաներն ալ կը սպառին շուկայէն…

Տիգրանին հայրը՝ Օննիկը, որ յաղթահասակ մարդ մըն էր, սովի այդ օրերուն կը տկարանայ եւ 1942-ին կը մահանայ։ Օննիկ Տիգրանին համար շինած էր երկու անիւով կարգ մը, որուն միջոցով որդին Աթէնքի փողոցներուն մէջ բեռնակրութիւն կ՚ընէր։ Սովի եւ թշուառութեան այդ օրերուն, լոգանք եւ օճառ այլեւս բացակայ էին իրենց կեանքէն, այնպէս որ ոջիլները բոյն դրած էին իրենց տան մէջ։

Հօրը մահէն ետք, ընտանիքին համար սնունդ ճարելու հոգերը աւելի կը բարդանան։ 1942-ին Տիգրան 17 տարեկան էր, իսկ եղբայրը՝ Ժիրայրը՝ 14։ Այդ ժամանակ երկուքն ալ բանուորութիւն կ՚ընեն գերմանական բանակին կողմէ ճանապարհաշինութեան ծրագիրներու մէջ։ Կը փորէին գետինը, որպէսզի յետոյ անոր վրայ ասֆալթ թափուի։ Անոնց աշխատանքի վայրը Աթէնքէն մօտ 20 քլմ հեռու էր։ Երկու պատանիներուն վարձատրութիւնը իւրաքանչիւրին 100 կրամ հաց եւ ջրոտ ապուր մըն էր. ուրիշ ոչի՛նչ։

Սոյն երկու պատկերներուն մէջ կ՚երեւին հայ երեխաներ Աթէնքի Տուրղութի թաղամասին մէջ։ Շատ հաւանաբար լուսանկարուած են Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն կամ անոր աւարտէն անմիջապէս ետք, երբ սովի եւ աղքատութեան հետեւանքները զգալի եւ տեսանելի էին ամէնուրեք (Աղբիւր՝ «Արմենիքա» պարբերաթերթ, Աթէնք)։

Սովի այդ օրերուն, երեք եղբայրներով յաճախ կ՚երթային Աթէնքի շրջակայքի լեռները՝ փայտ հաւաքելու եւ յետոյ ալ քաղաքին մէջ զանոնք վաճառելու։ Երեքն ալ տկարացած, անօթի պատանիներ էին։ Պէտք էր ոտքով երթային եւ բարձրանային մինչեւ 25 քլմ հեռու գտնուող բլուրներ։ Պատահած է որ անոնք ուժասպառ ըլլան եւ՝ քալելու անկարող։

9 Օգոստոս 1944-ին, գերմանական բանակը եւ անոնց հետ գործակցող յոյն զինուորները կը պաշարեն Աթէնքի Տուրղութի թաղամասը։ Գրաւման այդ տարիներուն, ժողովրդային հոծ բնակչութեամբ յատկանշուող գաղթակայաններ դարձած էին դիմադրութեան կարեւոր կեդրոններ։ Այս վայրերէն մէկն էր նաեւ Տուրղութի թաղամասը, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը (9-էն 12 հազար) այդ ժամանակ հայեր էին։ Հոս ծնունդ առած հականացիական դիմադրութեան ընդյատակեայ խումբերուն ղեկավարներէն եւ անդամներէն շատեր նոյնպէս հայեր էին։ Նացիներուն կողմէ դիմադրութեան կեդրոններ պաշարելու եւ անոնց դէմ պատժիչ քայլեր առնելու ռազմական այս գործողութեան յունարէնով կը տրուի «պլոքօ» անունը։ Ամբողջ թաղամաս մը կամ գիւղ մը կը պաշարուէր եւ ծայր կ՚առնէր կասկածեալներուն զանգուածային ձերբակալութիւնը, ոմանց գնդակահարումը, ծեծը, բանտարկութիւնը եւ դէպի Գերմանիա տեղահանումը։

Առտուայ ժամը 5-ին պաշարող բանակը բարձրախօսով լուր կը տարածէ Տուրղութիի մէջ, թէ 14-էն 60 տարեկան անխտիր բոլոր այրերը պէտք է անմիջապէս հաւաքուին թաղամասին հրապարակը։ Տիգրան կը յիշէ, թէ իրենց ընկերը՝ Սարգիսը, այդ օրերուն թոքախտէ կը տառապէր եւ բարձր տաքութիւնով տան անկողինին մէջ քամուած էր։ Զինուորները անոր ալ կը ստիպեն որ դուրս գայ. բայց անկարելի էր զայն ոտքի վրայ պահել։ Ծնողքին բացատրութիւնները եւ պաղատանքները ապարդիւն կ՚ըլլան եւ Սարգիսը կը սպաննեն իր տան առջեւն իսկ։ 19 տարեկան Տիգրանը եւ 16 տարեկան Ժիրայրը նոյնպէս հրապարակ բերուած այրերուն մէջ էին։

Հրապարակին վրայ ամէն մէկը խիստ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուի։ Սպառնալիքով, ծեծով, հայհոյանքով կը ստիպէին որ ամէն մէկը դիմադրութեան անդամ իրեն ծանօթի մը կամ ծանօթներու անուններ մատնէ։ Ամէնէն աւելի բռնութիւն գործադրողները յոյն գործակալներն էին։ Տիգրան նոյնպէս բուռն ծեծի կ՚ենթարկուի, յոյն սպան իր վրայ կը գործադրէ ամէն տեսակ չարչարանքներ։ Տիգրան լաւ ալ ծանօթ էր դիմադրութեան անդամներու, բայց ոչ մէկը կը մատնէ։ Ծեծուած, ջարդուփշուր եղած, ան մահէն կ՚ազատի, բայց իրենց տան կողքի խրճիթը ապրող 28 տարեկան կօշկակար Խաչիկը այդ բախտը չունենար. կեղծ մատնութեան մը հետեւանքով, հարցաքննիչները կը վճռեն որ այս երիտասարդը դիմադրութեան մաս կը կազմէ եւ հրապարակին վրայ ալ զինք կը գնդակահարեն։

Բայց Խաչիկին պատիժը հոն վերջ չէր գտներ։ Ամէն դիմադրողի տունն ալ պէտք էր հրկիզուէր, այդ էր նացիական բանակներուն պատժական սկզբունքը։ Իսկ Տուրղութիի մէջ խրճիթները կողք-կողքի, մէջ-մէջի էին։ Երբ տուն մը այրէր, անպայմանօրէն հետը բազմաթիւ տուներ ալ կրակ կ՚առնէին եւ կը մոխրանային։ Այնպէս որ գերմանացի զինուորները կը հրամայեն, որ բացի Խաչիկին ընտանիքէն, կողքի տուներուն բնակիչներն ալ դուրս գան իրենց խրճիթներէն. ասոնց շարքին էին անշուշտ Վարդուհին, Հրայրը եւ Աննիկը։ Վարդուհին կը յաջողի միայն իր կարի մեքենան տունէն դուրս հանել։ Պզտիկեան ընտանիքին տունը եւ մէջի ամբողջ ունեցուածքը կը հրկիզուին եւ կը մոխրանան։

Հրապարակին մէջ հաւաքուածներէն 18-էն մինչեւ 30 տարեկան տղամարդիկը կը տարուին քաղաքէն 15 քլմ հեռու գտնուող զօրանոցներ եւ կը բանտարկուին։ Ըստ Տիգրանի յուշերուն, Տուրղութիէն տեղահանուած եւ բանտարկուած այրերուն ընդհանուր թիւը մօտ երկու հազար էր։ Այլ աղբիւրներ այս թիւը կը հասցնեն երեք հազար բանտարկեալի։ Ամէն մէկ զօրանոցի մէջ կը տեղադրեն մօտ 400 բանտարկեալ։ Զօրանոցներուն մէջ նոյնպէս մատնիչներ կը բերեն – մատնիչին գլուխը միշտ պարկ մը անցուած կ՚ըլլայ, որպէսզի ինքնութիւնը չի բացայայտուի – եւ կը փորձեն այս բանտարկեալներուն շարքին դիմադրութեան անդամներ որսալ։

Բանտարկեալները շաբաթներով ու ամիսներով արգելափակուած կը մնան, հակառակ անոր որ շատերու պարագային ոչ մէկ ապացոյց կար որ դիմադրութեան անդամ են։ Բայց աւելին ալ կար. անոնց շարքին առողջները կ՚ուղարկուէին Գերմանիա, ուր կը դառնային բռնի աշխատաւոր։ Տիգրան այս ընտրութենէն խուսափելու համար կը փորձէ աջ աչքը վիրաւորել. մատը աւազին մէջ կը թաթխէ, ապա զայն աչքին կը դպցնէ՝ աչքի բորբոքում յառաջացնելու մտադրութեամբ։ Բայց ապարդիւն. քննութեան օրը զինք առողջ կը համարեն։ Տիգրան կը պատմէ թէ որքան յուսահատած էր Գերմանիա մեկնելու այս հեռանկարին պատճառով։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւնը ընտանիքին ճակատագիրն էր, ինչպէ՞ս պիտի շարունակէին ապրիլ հարազատները առանց իր նեցուկին։ Զօրանոցին մէջ աշխատող յոյն բժիշկ մը կ՚իմանայ Տիգրանին պատմութիւնը, կը կարեկցի անոր, այնուհետեւ կը պատրաստէ հաստատագիր մը, ուր նշուած էր թէ Տիգրան աչքի թրախօմա հիւանդութիւնը ունէր։ Տիգրան կ՚ազատի եւ ինը օր զօրանոց մնալէ ետք՝ կը վերադառնայ տուն։ Բայց հօրեղբայրը՝ Սարգիս Պզտիկեանը, որ նոյնպէս Տուրղութիի ձերբակալուածներուն մէջ էր, նախ կը տարուի Հայտարիի բանտը, եօթը օր հոն մնալէ ետք զինք կը ղրկեն Գերմանիա, ուր բռնի բանուորութիւն կ՚ընէ մինչեւ պատերազմին աւարտը։

Տիգրանենց տունը այրած էր։ Յատկանշական է, որ Տիգրան իր յուշերուն մէջ ամբողջովին աւերուած այս տունէն ամէնէն աւելի կը ցաւի հօրը կազմած գիրքերուն կորուստին համար։

Աւետարանական համայնքը Պզտիկեան ընտանիքին կը տրամադրէ փայտաշէն սենեակ մը, որ կը գտնուէր Տուրղութիի դպրոցին մէջ։ Վարժարանը փակուած էր պատերազմին հետեւանքով։ Նոյն ժամանակ ալ Տիգրանն ու Ժիրայրը կը սկսին աշխատիլ ճիշդ իրենց այրած ու մոխրացած տան մօտիկ գտնուող կիսաքանդ խրճիթի մը վերանորոգութեան վրայ։ Անիկա պիտի դառնար իրենց ապագայ տունը։ Այդ օրերուն, Կարմիր խաչը սնունդ կը բաժնէր Յունաստանի սովահար ժողովուրդին։ Միջազգային այս կազմակերպութեան մէկ կեդրոնը աւետարանական դպրոցը դարձած էր. հոս ճաշ կը պատրաստուէր եւ Տուրղութիի մանուկներուն կը բաժնուէր։ Վարդուհին կը սկսի խոհարարուհի աշխատիլ Կարմիր խաչին մէջ. բան մը որ ընտանիքին համար փրկութիւն կ՚ըլլայ, քանի որ այս ձեւով Պզտիկեաններն ալ սնունդ կը ստանային։

Հոկտեմբեր 1944-ին, գերմանական բանակները կը հեռանան Յունաստանէն։ Բայց Տիգրանին տառապանքները հոս վերջ չեն գտներ։ Յունաստանի մէջ անմիջապէս ծայր կ՚առնէ քաղաքացիական պատերազմ (εμφύλιος, էնֆիլիոս, Emphýlios, եղբայրասպան կռիւներ) մէկ կողմէհամայնավարներուն եւ միւս կողմէ աջակողմեան ուժերուն միջեւ։ Տուրղութիի մէջ մեծաթիւ էին համայնավարները, այնպէս որ այս վայրը միշտ ալ աջակողմեան բանակին թիրախներէն էր։ Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Տիգրան պատահաբար կը ձերբակալուի, հարցաքննող յոյն սպաները զինք կը ստիպեն որ խոստովանի թէ համայնավար է։ Այնուհետեւ, Յունուար 1945-ին, բրիտանական նաւով մը իբրեւ համայնավար ամբաստանուած բազմաթիւ այլ բանտարկեալներու հետ կը ղրկուին Փոր Սայիտ, Եգիպտոս։ Հոնկէ ալ կ՚առաքուին Էլ-Տաապա՝ փշալարերով շրջափակուած արգելարան մը, ուր կային նաեւ բազմաթիւ գերմանացի ռազմագերիներ։ Բրիտանական բանակը նոյն բանտին մէջ արգելափակած էր իբրեւ նացի եւ իբրեւ համայնավար ամբաստանուածները… Երեք ամիս Եգիպտոս բանտարկուած մնալէ ետք, ուրիշ շատ մը յոյն բանտարկեալներու նման, Տիգրան վերստին կը ղրկուի Յունաստան։

Աթէնքի Տուրղութի թաղամաս։ Երկու կօշկակարներ աշխատանքի պահուն։ Լուսանկարիչ՝ Հանց Կերպեր (Աղբիւր՝ Gerber, Hans. Griechenlandreise, Europahilfe. N.p., 1955. Print. Copyright: ETH-Bibliothek Zürich, Bildarchiv)։
Աթէնքի Տուրղութի թաղամասի առօրեայ կեանքէն պատկեր մը 1955-ին։ Լուսանկարիչ՝ Հանց Կերպեր (Աղբիւր՝ Gerber, Hans. Griechenlandreise, Europahilfe. N.p., 1955. Print. Copyright: ETH-Bibliothek Zürich, Bildarchiv)։

Ան կը վերագտնէ ընտանիքն ու տունը։ Կը սկսի աշխատիլ իբրեւ շինարար-բանուոր։ Ասոր կողքին բազմաթիւ այլ գործեր ալ կ՚ընէ. կ՚աշխատի ընդեղէնի վաճառականի մը քով, բեռնակրութիւն կ՚ընէ, ընկերոջ մը հետ ասեղ-դերձան-ծխախոտ (եւ այլ տնային մանր պէտքեր) կը վաճառէ, եւայլն։
           
1955-ին Տիգրան կ՚ամուսնանայ Քրիսթինէին հետ, որ իր ընտանիքին հետ նոր հաստատուած էր Տուրղութի, ճիշդ Պզտիկեաններուն տան կից։ Աղջկան հայրը յոյն էր, մայրը՝ հայ։ Ամուսնութենէն ետք, երբ Քրիսթինէ յունական պետական մարմիններուն կը դիմէ Պզտիկեան մականունը պաշտօնապէս որդեգրելու համար, իրմէ կը խլեն յունական հպատակութիւնը եւ փոխարէնը իրեն կու տան գաղթականի կարգավիճակ, այնպէս ինչպէս Յունաստանի հայերուն մեծամասնութեան կարգավիճակն էր այն ատեն – ասոնց շարքին նաեւ Տիգրանին -։

Աթէնքի մէջ կը ծնին Տիգրանին եւ Քրիսթինէին երկու դուստրերը։ 1964-ին Տիգրան կը գաղթէ Գանատա, ուր արդէն հաստատուած էին իր զարմիկներէն շատեր։ Մօտ մէկ տարի ետք, Քրիսթինէն եւ երկու դուստրերն (Ռոզի/Վարդ եւ Անի) ալ կը միանան իրեն։ 1966-ին, Տիգրանին մայրը՝ Վարդուհին ալ կու գայ Գանատա եւ բոլորը կը սկսին ապրիլ Տիգրանենց տան մէջ՝ Մոնթրէալ։ Գանատայի մէջ Տիգրանն ու Քրիսթինէն կը բախտաւորուին որդիով մը՝ Տէյվիտ։ Գանատա կը գաղթեն նաեւ Տիգրանին քոյրը՝ Աննիկը, եղբայրները՝ Ժիրայրը եւ Հրայրը, իրենց ընտանիքներով։

*Այս գրութեան պատրաստութեան գլխաւոր աղբիւրն է Տիգրան Պզտիկեանին յուշերը՝ Տիգրան Պզտիկեան, Կեանքիս յուշերը, Մոնթրէալ, 2012 (37 էջ)։

[1] Mark Mazower, Inside Hitler’s Greece: The Experience of Occupation, 1941-1944, Yale University Press, New Haven/London, 1993, էջ 37։