Ընտանիքիս գաղտնի լեզուն
հեղինակ՝ Անի Դուզդաբանեան-Մանուկեան, 05/10/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 05/10/2021)
Երբ երեխայ էի, ընտանիքիս չափահասները կը խօսէին գաղտնի լեզու մը, որ Քեսապի հայերէն բարբրառն էր։ Անոնք այս լեզուն կը գործածէին ամէն անգամ որ իրենց խօսակցութիւնը մեզմէ՝ երեխաներէս ծածուկ կ՚ուզէին պահել։ Այս բարբառը կը խօսէր հօրենական մեծ հայրս՝ Ցեղասպանութենէն քեսապցի վերապրող մը, ինչպէս նաեւ մեծ մայրս, որ քեսապցիի մը հարազատ կինը ըլլալով 20 տարիներու իր ամուսնութեան ընթացքին սորված էր այս լեզուն, ասոր կողքին նաեւ տեղական ճաշերը, երգերը եւ սուրճի գաւաթ կարդալը։
Մեր մականունը Դուզդաբանեան/Տիւզտապանեան է։ Թրքերէնով «տիւզ տապան» կը նշանակէ տափակ ոտք։ Շատ հաւանաբար նախահայրերէս մէկն ու մէկը այս ձեւի ֆիզիքական այլանդակութիւն մը ունեցած է։ Ըստ Յակոբ Չոլաքեանի, որ հեղինակն է Քեսապի մասին եռահատոր գործի մը, Տիւզտապանեան/Դուզդաբանեան ընտանիքը ապրած է Սեւ Աղբիւր գիւղին մէջ։ Չոլաքեան կը նշէ, որ ընտանիքս Քեսապի երեք ամէնէն մեծ ընտանիքներէն էր. 1911-ին անոնք կը հաշուէին աւելի քան 30 անդամ։ Այս թիւը կը նուազի եւ կը հասնի հինգի, երբ Ցեղասպանութենէն վերապրածները 1920-ին բնակութիւն կը հաստատեն Պէյրութի մէջ։ Բռնագաղթին ընթացքին ոմանք հարկադրուած էին քալել մինչեւ Յորդանանի անապատը, իսկ ուրիշներ ալ՝ մինչեւ Տէր Զօր։
Տարիներ ետք, բռնութեան եւ զրկանքի այս դրուագները դարձան անկողինի պատմութիւններ, որոնք կը պատմուէին Աշխէն Պապուճեան/Փապուճեանին կողմէ՝ Աւետիսին թոռնուհին եւ հօրս զարմուհին։ Ան տակաւին կը յիշէ իր մօրը դժկամութիւնը, որուն յաջորդած էր համակերպող հնազանդութիւն մը, երբ Աշխէն իրմէ ուզած էր իմանալ Աւետիսի եւ Եղիսաբէթի վերապրումի պատմութիւնը։ «Երբ Քեսապէն տարագրուելու հրամանը հասաւ, ծիրանն ու սալորը ծառերուն վրայ հասունցած էին։ Ցորենը արդէն իսկ հնձուած էր, բայց տակաւին չէր աղացուած…»։ Այսպէս կը սկսէր Ծաղիրը՝ Աշխէնին մայրն ու Աւետիսին դուստրը, իր տարաբախտ ծնողներուն պատմութիւնը։
Տարագրութեան հրամանը ստանալէ ետք, Քեսապի կաթոլիկ եւ լուսաւորչական հայերը կը հաւաքեն իրենց ինչքերը եւ ճամբայ կ՚ելլեն դէպի անծանօթը։ Այս կարաւանին մէջ էին Աւետիսն ու Եղիսաբէթը, որոնք լուր ու մունջ կը հեռանան իրենց հայրենի երկրէն իրենց դստեր՝ Ֆերտա/Վարդուհիին, ինչպէս նաեւ նորածին որդիի մը հետ, որ ճամբուն վրայ կը մահանայ։ Մեծ մեծ հայրս հմուտ կօշկակար էր։ Երբ կը հասնին Հոմս քաղաքը, տեղացի շէյխ մը կ՚իմանայ, որ Աւետիս կրնայ կօշիկ նորոգել, նոյնիսկ նորը պատրաստել։ Այս պատճառով ալ կը վճռէ զինք ու իր ընտանիքը իր պաշտպանութեան տակ առնել, այս ձեւով ալ զանոնք ստոյգ մահէ փրկել։ Աւետիս եւ Եղիսաբէթ կը մնան Հոմս՝ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտին բրիտանական զօրքերուն քաղաք մուտքը։
Երբ կ՚իմանան որ վերապրող համագիւղացիներ վերադարձած են Քեսապ, Տիւզտապանեան ընտանիքը նոյնպէս կու գայ իր հայրենի գիւղը, ուր քանդուած կը գտնեն իրենց տունը։ Կը վերակառուցեն եւ կը շարունակեն ապրիլ իրենց հայրենի երկրին մէջ։ Աշխէնին մայրը, ինչպէս նաեւ ընտանիքին միւս եօթ զաւակները կը ծնին այս վերադարձի ժամանակահատուածին։ Տարագրութեան ժամանակ, Աւետիս կը յաջողի փրկել եօթ որբացած քոյրեր, որոնք իր հետ բնակութիւն կը հաստատեն Քեսապի մէջ, ապա իր հետ կը մեկնին Հայաստան։ 1946-ին, Աւետիս, որ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ էր, կը միանայ հազարաւոր այլ հայրենակիցներէ բաղկացած դէպի Հայաստան մեկնող խումբերուն՝ աւելի բարւօք կեանքի մը յոյսով։ Աւետիս, որ իր միջավայրին մէջ այնքան յայտնի եւ յարգուած մէկն էր, քայքայուած դուրս կու գայ կեանքի այս փորձառութենէն։ Շատ արագ իրեն համար պարզ կը դառնայ, որ խորհրդային խոստումները սուտեր էին։ Ան չի կրնար յարմարիլ Հայաստանի պայմաններուն, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ իր հիւանդանալուն եւ մահուան։ Կինը՝ Եղիսաբէթը, կը սկսի տառապիլ թուլամտութենէ։ Հայրս յաճախ կը յիշէ, թէ երբ ինք ու իր ընկերները Երեւանի իրենց բակին մէջ կը խաղային, Եղիսաբէթը ձեռքին բռնած գաւազան մը կու գար եւ իրենց վրայ կը պոռար. «Կորսուեցէ՛ք, թուրքե՛ր»։
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Աւետիս Դուզդաբանեանի որդիները յաջողութիւն կ՚ունենան Հայաստանի մէջ իբրեւ քանդակագործներ եւ շինարարներ։
Յաճախ կը մտածեմ այն բոլոր հարցումներուն մասին, զորս պիտի հարցնէի Աւետիսին զաւակներուն, երբ անոնք կը հաւաքուէին մեր տան մէջ հարիսա ուտելու համար։ Այս ճաշին պատրաստութեան համար, Վահագնը՝ մեծ հայրս, ամբողջ գիշերը կը լուսցնէր փայտեայ շերեփով մը հաւու ոսկորները եւ ցորենը հալեցնելով։ Մեծ հայրս Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշակերտ էր, բայց չէր յաջողած շրջանաւարտ ըլլալ Հայաստան ներգաղթելուն պատճառով։ Մանկութեանս տարիներուն, կը յիշեմ, մայրս շարունակեց այդ շերեփը իր խոհանոցին մէջ գործածել։
Երբ տան մեծերը կը խօսէին իրենց «գաղտնի» լեզուն, ամէն ճիգ կը թափէի հասկնալու ըսածնին, բայց միակ բանը որ կը յաջողէի ըմբռնել քանի մը ծանօթ բառեր էին։
Պղինձէ ամաններ. պատրաստուած է Քեսապի մէջ։ Դուզդաբանեան/Տիւզտապանեան ընտանիքը Քեսապէն Հայաստան բերած է 1940-ական թուականներուն։ Ներկայիս կը պահուի Երեւանի մէջ՝ Ստեփան Աբաջեանի տունը։
Ստեփան որդին է Նազելի Դուզդաբանեան-Աբաջեանի եւ թոռնիկը Աւետիսի եւ Եղիսաբէթի։
Պղինձէ ամաններ. պատրաստուած են Քեսապի մէջ։ Դուզդաբանեան/Տիւզտապանեան ընտանիքը Քեսապէն Հայաստան բերած են 1940-ական թուականներուն։ Ներկայիս կը պահուի Երեւանի մէջ՝ Ստեփան Աբաջեանի տունը։