Արուսեակ Մկրտիչեան հաւաքածոյ - Պոլիս, Թուրքիա
Այս էջով ներկայացուած նիւթերը կը պատկանին Արուսեակ Մկրտիչեանի, որ ծնած է Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ։ Այս առարկաներն ու լուսանկարները ան ժառանգած է իր ծնողներէն։ Մայրը՝ Շնորհիկ Մկրտիչեան (ծնեալ Գլթեան), ծնած է 1910-ին՝ Սեբաստիոյ Քանկալ գիւղը եւ մահացած Պոլիս, 1985-ին։ Հայրը՝ Գէորգ Մկրտիչեան, ծնած է Երզնկա, 1910-ին եւ մահացած Պոլիս, 1983-ին։ Կ՚ամուսնանան 1938-ին։ Արուսեակին քով պահուող նիւթերէն ոմանք Շնորհիկին ամուսնական օժիտին կը պատկանին։
Սեբաստիա. Գլթեան ընտանիքը։ Աջին նստած՝ Յակոբ Գլթեան։ Կեդրոնը, ոտքի՝ Թագուհի Գլթեան (Յակոբի կինը)։ Միւսները Յակոբի դստրերն են՝ Պայծառ եւ Լուսիկ։ Նշենք որ իր առաջին կնոջ՝ Տիրուհիին մահէն ետք, Յակոբ կը վերամուսնանայ Թագուհիին հետ, որ այրի կին մըն էր, ունէր մանչ զաւակ մը՝ Միսաք։ Յակոբն ու Թագուհին կ՚ունենան դուստր մը՝ Շնորհիկ (Արուսեակի մայրը)։